Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
       Կը հրաւիրեմ ընթերցողի ուշադրութիւնը այս վերջին Բրդուճին վրայ, որոյ նիւթը թէպէտ ըստ ինքեան չնչին, բայց բանահիւսութեան ճարտար ձեւը իւր յեղյեղումով եւ արուեստաւոր կապերով գեղեցիկ ու վայելուչ ոճ մը տուած է շարադրութեան, միանգամայն եւ ներդաշնակ։
       Որոնք հանդիպած են այն հագներգութեան, որ տպագրուած է արդէն երգարանաց մէջ.
       «Ելէք տեսէք զի՞նչ կայր ծովուն,
       Որ նաւն ուռմամբ գայր»։
       Դիտած են, թէ միեւնոյն բազմայեղանակ ոճն ունի այս Բրդուճն ալ. ինչպէս նաեւ բաւական շատ կայ այդ ոճով զրոյց կամ հագներգ Վանայ ժողովրդեան բերանը։ Որոց մէկն է այն խաղը, որոյ սկսուածքն է.
       «Որ՞ն է կերեր մեր էծ‚
       Գէլն է կերեր մեր էծ»։
       Կ՚արժէ որ ընդհանուր հաւաքում մը շինուի այսպիսի խօսից եւ հիւսից, իրենց բնական կերպարանքով տպագրել տալով զանոնք, որոց հարստութիւնը, ինչպէս ինձ կը թուի, Վասպուրականի եւ Սիւնեաց գաւառի հայոց մէջ առատ կայ։
       Իրաւ է, որ Հայաստանի հայք բառերու հնչմանց այլեւայլութիւն մը տուած են. զորօրինակ, մայր՝ մէր հնչելով, եղբայր՝ աղբէր, մարգարէ՝ մարգարայ, անկաւ՝ ինկաւ‚ որոց մէջ կը տեսնուի այ՝ է , ե ՝ ա , է՝ ա -ի‚ ա՝ ի փոխուած. եւ՝ ուրիշ շատ տառափոխութիւններ ալ ունին, բայց եւ այդ ալ լեզուի մը յատկութիւնն է։ Ունին բառեր ալ, որ ըստ մեծի մասին կրճատ կ՚արտասանեն, բայց արմատները հարազատ կը պահպանեն. ըսածիս օրինակները շատ կան Սասունցի Դաւիթին եւ Բրդուճին մէջ։ Խօսք մը կազմելու համար բառերու ամէնէն կարեւոր մասն է բայն։ Դարձունելով ուշադրութիւն գաւառացւոց լեզուին վրայ՝ կը տեսնենք, որ բաղիշեցին այսպէս կը կազմէ կամ կը խոնարհէ այն.
       «Ես եմ շիներ եմ այս տունը»,
       «Դու ես կոտրեր ես մեր ծառը»,
       «Մարգարն էր տարեր էր հացը» եւ այլն։
       Դաւրիզեցին այսպէս. «Գնացիմ, տեսամ, ասամ, էկամ» այսինքն է՝ գնացի, տեսայ, ըսի, եկայ։
       Ղարաբաղցին այսպէս. «Գամ եմ, գամ ես, գամ է», այսինքն է՝ գամ, գաս, գայ, եւ այլն։
       Մշեցիք բայի հայցական խնդիրի զ նախդիրը մինչեւ անգամ յատկացուցչի վրայ ալ չեն զանց ըներ դնել, օրինակ. «Զքո պապու մեռլի գլխու վարշամակն…», - կ՚ըսէր մշեցի մը մշեցւոյ մը։
       Ինչպէս բայերուն, նոյնպէս բառերուն հոլովներն ալ այլ իմն են ժողովրդեան բերանը. զորօրինակ, եզակի բացառականներ գաւառացին ից, ուց յոգնականացուցիչ մասնիկերով կը կազմէ։ Օրինակ, տընից՝ ի տանէ, Աստըծուց՝ յԱստուծոյ, մարդուց՝ ի մարդոյ եւ այլն։ Մէկալ հոլովներն եւս այլափոխութիւն ունին։
       Իսկ անցեալ դերբայի ձեւն ու նշանակութիւն տուող բառերը, կրաւորականն ու չէզոքը, գրեթէ մեծաւ մասամբ ՈՒԿ լծորդով կամ մասնիկով գործ կ՚ածեն։ Օրինակ. պառկուկ՝ պառկած, ցանուկ՝ ցանուած, հասուկ՝ հասունցած, բիծուկ՝ բիծած, սատկած եւ այլն։
       Ունին գեղեցիկ ոճ զեղջման, աւելադրութեան‚ բակառութեան, կրկնութեան եւ փոխաբերութեան՝ համաձայն մեր գրական լեզուին։
       Գաւառական լեզուի ոճերուն եւ բառերուն վրայ ընդարձակ գաղափար առնուլ ուզողը պէտք է ընթեռնու Սէյադ Նովայի երգարանի սկիզբն, նոյն երգոց հրատարակիչ գիտնական պ. Գ. Հախվէրդեանցի հմտալից գրածները, որ թիֆլիզցւոց հայերէն լեզուին վրայ քերականութիւն մ՚ ալ յօրինած է. գործ՝ արդարեւ հանճարեղ եւ իմաստասէր անձին, բայց ափսո՜ս, որ այնքան ընդհանրացած չէ Տաճկաստանի Հայ բանասիրաց մէջ։
       Իմ փափագս եղած է, որ բանասէրք ուշադրութիւն դարձունեն Հայաստանի մէջ բնակած հայոց ժողովրդական լեզուաց եւ այն լեզուներով հրատարակեն վէպեր, տրամախօսութիւններ եւ այլն. եւ այսպէսով սիրելի եւ ծանօթ կացուցանեն զանոնք գրագիտաց, որպէսզի նոցա ձեռքով հետզհետէ ի կանոնաւոր գործածութիւն վերածին այն լեզուները. եւ ժամանակին մաշող ժանիքէն զերծանին ազգային դարաւոր բանից եւ աւանդից յիշատակները, որոց արժէքը կորսուելէն յետոյ կ՚զգանք, զանոնք աւաղելու համար միայն։