Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Մենք կը շուարինք՝ տեսնելով նաւի մը կազմածքը այնքան մասունքներէ եւ տեսակներէ, որոց բառարանը նաւապետն ու նաւաստիքն են։ Բայց Նարեկացին ընթերցողաց յայտնի է անոնց յատուկ հայերէն բառերով անունները։ Գնա նաեւ Վանայ Աւանց գիւղը, այն տեղի գեղացի նաւավարներուն մտիկ արա եւ տե՛ս ու ուսի՛ր բառեր։
       Հետաքրքիր եղողին զարմանալի է տեսնել հօտաղ մը ու մաճկալ մը, երբ գարունը գետին հերկելու, ամառը հնձելու եւ սայլով կրելու, աշունը դիզելու, կալսելու, ամբարելու աշխատութեանց միջոցին քանի՞ մասերէ ու տեսակներէ գործիքներու անուններ կուտան. ամէնն ալ հայերէն։ Գիւղացիի տունն իւր միջի կահ-կարասեաց եւ շէնքի ձեւին, ամէն մէկ կտորին ու տեսակին զատ անուն կուտայ, թէպէտ ամէնն ալ պարզ հողէ ու փայտէ շինուած են։ Անոր ստաքանը, որով ջուր ու գինի կը խմէ, հողէ կուռիկ է, անոր թոնիրը ակ ունի եւ ակուկայ, ուստի օդը կը մտնէ եւ կրակը կ՚արծարծէ, ու այդ օդը բուրբոք կը կոչեն։ Անոր պուտուկն ու ճլօրն թոնիրին վրայ դնելու համար խաչերկաթ ունի երկաթէ, եւ փայտէ անթրոց կամ պողվատէ շիշ, որով կրակը կը խառնէ. եւ միանգամայն այս խաչերկաթն ու շիշն պատրաստական զէնք է իրեն համար. երբ մթան թոյլ գող մը բռնէ տան մէջ, ատոնցմով կը զինի ու կը զարնէ, ինչպէս նաեւ իրեն հող վարող խոփն, խոտ ու հատ քաղող գերանդին եւ մանգաղն ալ իրեն իբրեւ զէնք կը գործածէ, երբ դաշտի մէջ կամ տնէն դուրս յափշտակիչներու հանդիպի։ Մեծ կարասներ կամ ամբրոցներ ՝ ունի հողաշէն, որոց մէջ ալիւր, ծաւար, կորկոտ, սիսեռ, գլուլ, բագլայ եւ այլ ուտելու չոր արմտիք կը լեցընէ. կարաս եւ տուճիկ, որոց մէջ գինի կը լեցընէ, եւ նուկանոցն , որ գինւոյ չափամանն է. կաթալիք, սեռիկ, կթոց, բղեկ, տլուզ, որոնք գործ կ՚ածէ կաթի, եղի, մածնի, թանի, պանրի, ժաժկի, մաստրոնի, պինդ թանի կամ թանհատի պահելու համար եւ զանազան բանջարեղինաց եւ պտղոց թթու բռնելու համար։ Սախ, քասայ, մաթրաթ, եղահալ որք կերակուրի ամաններ են։ Կուժ, փարչ, յամալիք, պողիկ, բղբղիկ‚ ջուր խմելու համար։ Տաշտ հողէ կամ փայտէ, հալաւը եւ անձը լուալու աման։ Կոտ, որ կլոր փայտէ փորուած կը լինի, մեծ եւ փոքր, կիսագանգի ձեւով, զոր ջուր խմելու եւ այլ զանազան իրաց ի պէտս կը գործածեն։ Գրդնակ, որով խմորի գունտերը սեղանտախտակի վրայ կը բանայ եւ պատուական բարակ լօշ հաց կը շինէ եւ մազրակայի վրայ դնելով՝ թոնիրի կողը կը թխէ կ՚եփէ։ Ջնջոցը այն լաթն է, որով ամանները կը լուայ, կը մաքրէ։ Թնթոց, որով ճաշ կամ հարիսայ կը խառնէ։ Փարատիկը այն շորն է, որով իւր թոնիրը կը փարատէ, կը սրբէ։ Դմփիկը, որ իւր թոնիրի շուրթը կը ձգէ մինտարի տեղ եւ վրան կը նստի։ Փայտէ տաշտն այն է, որոյ մէջ խմոր կը շաղախէ եւ եփած հացերը անոր մէջ կը դնէ, կը պահէ։ Եփուած հացին զանազան ձեւերուն զանազան անուններ կուտան, փուռնիկ, կլօճ, թափթափայ, տօղիկ, լօլիկ եւ այլն։