Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԱ
       Խնուսայ մէջ՝ Հարամիկ գեղին մօտ, դարափի մը վրայ, կ՚երեւան պրակ մը ծառեր, զորս Կայէնի ծառեր կ՚անուանեն բնակիչքը, եւ Խնուսայ դաշտի հարաւը մէկ բարձր եւ մեծ լեռ կայ, զոր Ղամէքայ բերդ կ՚անուանեն. իսկ Քիւրդն ու տաճիկը՝ Խամուռ ղալայ։ Այս լեռը մեծ բազկով մը կը կցուի Բինգէօլին։ Ժողովրդոց պատմածներէն սա կը հետեւի, թէ. «Բինկէօլն է եղեր Ադամայ դրախտը, որմէ կը բղխին գետերը Երասխն ու Եփրատը, եւ Խնուսայ դաշտն է այն երկիրը, զոր վարեր ու ցաներ է Ադամ։ Ղամէքայ բերդն է Աբէլի խաշնարածութեան վայրը. եւ երկրագործ Կայէնը Կայէնի ծառերու տակն է բնակեր։ Ադամայ որդիք բնակեր են այս սարի եւ դաշտի վրայ։ Կայէնի շինած քաղաքը այս սարի ստորոտն է եղեր, ուր է այժմ Քաղքիկ գեղը։ Քաղքիկայ մօտն է այն կլորաձեւ, բայց ամենապարարտ եւ վայելչադիր փոքրիկ հովիտը՝ Ախըր չիման (յաւէրժադալար) անունով, ուր սպաննուած է եղեր Աբէլը։ Որսորդ Ղամէքը իւր բերդէն այս սարէն շրջելու իջած ատենը հանդիպեր է Կայէնին ու սպաններ»։ Բլրակ մըն ալ ցոյց կուտան, զոր Կայէնի գերեզման կ՚անուանեն։