ԻԲ
Աղջամելիք
գիւղը
մօտ
է
Քաղքիկու,
որ
Ղամէքայ
բերդի
ստորոտն
է
շինուած։
Այս
գեղէն
դէպ
ի
լեռը
բարձրանալով
մէկ
քառորդ
ժամու
ճանապարհ՝
հեղեղատի
մը
փոս
կայ
բացուած։
Այս
հեղեղատին
բերանը,
ասկէց
իբր
քսան
տարի
յառաջ
գեղի
հովիւներ
եւ
եզնարածները
գտան
մէկ
տարօրինակ
մեծութեամբ
գլխու
մը
ոսկոր,
որոյ
գանգը,
ծնօտները
եւ
կզակը
ամբողջութեամբ
միացեալ
էին,
ինչպէս
մորթով
ողջ
գլուխ
մը
կենդանի
եղած
ժամանակ։
Գեղացիները
իրենց
քննութեամբ
հիանալով
ադոր
անհեթեթ
մեծութեան
եւ
ձեւոյն՝
վճռեր
են
իրենց
մէջ,
թէ
սա
դեւի
մը
կամ
ազնաւուրի
մը
գլուխ
է։
Միջոցէ
մը
զկնի
գեղացիները
կ՚երթան
այն
փուլէն
կաղճին
հող
հանելու՝
իրենց
համար
թոնիր
եւ
պուտուկ
շինելու
համար։
Քիչ
մը
կը
փորեն
եւ
կը
տեսնեն
շարք
մը
մեծամեծ
ոսկերաց։
Գեղի
կտրիճները
կը
ժողովին,
յարդի
սակառները
կ՚առնուն
կուգան,
եւ
քանի
մը
հատ
ալ
չուան,
կը
ժողվեն
ոսկորները
կը
բերեն
գեղը։
Ամէն
մէկը
իւր
բերածն
իւր
տունը
կը
տանի,
կը
պահէ։
Այն
միջոցին
Մշոյ
Ս.
Կարապետի
վանքէն
իւղ,
մատաղ,
պտղի
եւ
այլ
հոգեւոր
նուէրներ
հաւաքելու
համար
եկող
նուիրակ
վարդապետը
կը
հանդիպի
այն
գեղը։
Գեղացիք
կը
պատմեն
եւ
կը
ցուցընեն
հայր
սուրբին
այդ
գիւտը
եւ
իրենց
ունեցած
կարծիքն։
Ոսկորներէն
մէկ
կտորը
կ՚ընծայեն
հայր
սուրբին,
ու
հայր
սուրբն,
առանց
իրմէն
դիտողութիւն
մը
աւելցընելու,
«Գուցէ
ձեր
ասածն
ուղիղ
է»,
-
կ՚ասէ
եւ
այդ
ոսկորը
իւր
հաւաքած
պտղիներուն
հետ
Սուրբ
Կարապետի
վանքը
կը
խրկէ,
որոյ
մէջտեղէն
բեւեռ
մը
անցընելով՝
վանքի
բակին
մեծ
դրան
ճակատին
կը
մխեն.
եւ
ամէն
տեսնողք
հետաքրքրաբար
կը
հարցընէին,
միաբաններն
ալ
իրենց
գիտցածը
կը
պատմէին։
Եղան
օրեր,
որ
վար
առնելով
դրան
ճակատէն
այդ
ոսկորը,
իբրեւ
աննշան
եւ
անպէտ
բան,
ձգեցին
ասդին
անդին։
Եւ
մէկ
տարի
ալ
տեսայ,
որ
վանքի
մէջ
ուխտաւորաց
բազմութեան
օրերը
մշեցի
մրգավաճառները
իբրեւ
կշեռքի
քար
գործ
կ՚ածէին՝
երկու
նուկոյ
կշիռ,
այսինքն՝
մէկ
օխայ։
Հազիւ
կորզեցինք
ձեռքերնէն
եւ
մեր
օրով
յարգանօք
պահել
տուինք
թանգարանի
մէջ։
Մեկնածս
ժամանակն
ալ,
իբրեւ
առաջնորդարանի
թանգարանի
մէկ
նիւթ,
գրուեցաւ
ցուցակին
մէջ։
Այս
կտոր
ոսկորը,
վանքեցիք
կ՚ըսէին,
որ
ծունկի
խուփն
է,
բայց
աւելի
նման
է
մէջքի
ողնաշարի
ոսկորներէն
մէկին։
1875
յունուար
ամսուն
Աղջամէլիք
գեղը
հանդիպեցայ,
բաւական
հետաքրքիր
եղայ
գեղացիներէն,
որոց
պատմութիւնն
է
այս։
Թէ՝
«Այդ
մեծ
գլուխը
եւ
շատ
մը
ոսկորները
գեղը
բերելէն
ետք,
ձայն
տարածուեցաւ։
Թէ՝
Էրզրումէն
ղրկեցին
ուզեցին
մէկ
քանի
կտոր
ոսկոր
ու
բերնի
ակռաներէն։
Թէ՝
ամէն
մէկ
ակռան
մեզ
պէս
մարդու
ձեռաց
բոյթ
մատէն
մեծ
էին։
Թէ՝
ամէն
մէկ
ակռան
վեց
ճիւղ
ունէր։
Թէ՝
անոր
մէկ
ոտքի
սրունքի
ոսկորը
երեսփոխանի
տանը
մէկ
գոմշու
մսրակապ
շինեցին։
Թէ՝
մէկալ
սրունքի
ոսկորն
ալ
տիրացու
Մխէենց
դրան
կշտանոց
ըրին։
Թէ՝
միջոց
մը
անցնելէն
ետքը
Էրզրումայ
փաշայէն
ղավազներ,
Խնուսայ
միւտիւր
եւ
երկու
ալ
ինգլիզ
եկան,
գեղացիները
տարին
այդ
գօռը
փորել
տուին,
երկայնութիւնը
յարեւելս
էր
թաղուած,
ոսկերտանք՝
ամէնքն
ալ
հանին։
Ու
մէկ
հաստ
ու
երկար
ինգլիզ
կար,
չափ
ու
կշեռք
ունէր
ձեռք,
կը
չափէր
ու
կը
գրէր
թղթին
վրայ։
Թէ՝
այդ
փուլի
բերան
ուրիշ
շատ
տեղեր
էլ
փորեցին,
բան
չգտան.
մինակ
իրենց
ձեռք
ինկած
ոսկորները,
քիչ
մըն
ալ
գեղացիներու
հանածէն
ու
գլուխը,
առին
տարին։
Եւ
թէ՝
մեր
ձեռք
մնացած
ոսկորներէն,
որ
մանր
կտորներ
էին,
հորերու
մէջ
թաղեր
ենք»,
եւ
այլն։
Սաստիկ
եւ
թանձր
ձիւն
կար
գեղը,
եւ
ես
շտապաւ
պիտի
անցնէի։
Գեղացիները
միայն
իրենց
հողային
յափշտակութեանց՝
բլկցի
Քիւրտ
Շահոյի
հարստահարութեանց
վրայ
կը
խօսէին
եւ
անոնց
դարմանը
կը
հարցընէին։
Չկրցայ
ժամանակ
ունենալ
աւելի
մանրամասն
տեղեկութիւններ
առնելու
եւ
տեսնալու,
միայն
խնդրեցի
եւ
մէկ
կտոր
այն
ոսկորներէն
տուին
ինձ,
զոր
ըսին,
թէ
կողի
ոսկորին
կտորն
է,
ղաբուռղայ։
Ուզեցի
իմանալ,
թէ
արդեօք
չորքոտանւո՞յ
ձեւ
ունէր,
թէ
մարդու,
ակռաներէն
եւ
ձեռքի
ու
ոտքի
ոսկորներու
դիրքէն
մակաբերելով,
-
չկրցան
գոհ
ընել
հետաքրքրութիւնս։
Եւ
թէ
ո՞վ
եւ
ի՞նչ
անուն
էր
այդ
եւրոպացւոց,
չկրցան
պատմել
վերոգրեալէն
աւելի։
Հայաստանի
կողմերը
այդպիսի
գիտնական
եւրոպացիները
ի՛նչ
ազգէ
կը
լինին
թո՛ղ
լինին,
առհասարակ
ֆրանսըզ
ու
ինգլիզ
կը
կոչուին։
Ո՞ր
դարերէն
մնացեալ
կմախք
է
այս։
Հսկայ
մարդու
մը
լինի,
թէ
վիթխարի
կենդանւոյ
մը,
ատոնց
սերունդը
չեն
տեսնուիր
այժմ։
Ո՜վ
հողեր,
արդեօք
ձեր
խաւերու
եւ
անդունդներու
տակ
ի՞նչ
յաւիտենական
գիտութիւններ
ու
ծանօթութիւններ
կը
պահէք
մարդոց,
կենդանեաց
եւ
ամէն
կարգի
արարածոց
վրայ,
որոց
հետքը
մշուշատես
կը
նշմարուի
տակաւին
երկրի
ժողովրդոց
բերնէ
բերան
հասած
վէպերուն
եւ
աւանդութեանց
մէջ։
Կը
յիշեմ
հոս
նաեւ,
որ
իբրեւ
14
տարի
յառաջ
Վանայ
Վարագայ
սարի
ստորոտները՝
Կարմրւորայ
վանքի
առջեւը,
գտնուեցաւ
մէկ
անհեթեթ
մեծութեամբ
գլուխ
մը՝
վանահայր
ծեր
Բարդուղիմէոս
վ.
-ի
ձեռքով,
այն
տեղը,
ուր
այգի
փորեց
ու
տնկեց
եւ
այդ
գլուխը
նոր
շինած
ջաղացքին
մօտը
անյայտ
թաղեց։
Եթէ
քրքրուէին
հոն
եւ
շատ
մը
տեղեր
յայտնի
երեւցած
դերբուկները,
ինչե՞ր
պիտի
դուրս
գային
գիտութեան
ի
պէտս։