Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԶ
       Զիզեռն կամ Ծիծեռն աւան մի է՝ յիշատակուած Տարօնոյ պատմութեան մէջ։ Մինչեւ ցայսօր ալ Զիզեռն կ՚անուանեն այն աւերակին‚ որ Ս. Կարապետի վանքի ստորոտը՝ Մշոյ դաշտի ծայրը, Զիարաթ գեղին եւ Խարաբէգ գեղին մէջտեղը կ՚իյնայ։ Զիարաթու բնակիչները կը պատմեն, թէ. «Գիշերները սանդի քար մը կ՚երեւայ Ծիծեռնի աւերակին մէջ, եւ շատերս տեսեր եմք, երբ ամառ գիշերները այն տեղերը լուսնակի լուսուն խոտ կը քաղեմք, բայց ցերեկները չտեսնուիր. քանի մը անգամ գնացեր եմք սայլ բերելու, որ բառնանք այդ սանդը, տանինք գեղը, անտես եղեր է», եւ իբր թէ աւանդութիւն կայ եղեր, թէ այդ տեղը գանձ կայ թաղուած, բայց անոր թըլըսըմը գիտնալու է, որ հանուի։ Այս կարծիքը ամէն գաւառի բնակիչներն ունին. ուր որ բլրակ մը, կամ աւերածակոյտ մը տեսնաս, անոր վրայ կ՚սկսին պատմութիւն ընել, թէ գանձ կայ, բայց թըլըսըմը գիտնալու է, ռամ ձգելու է, որ գտնուի։ Ռամն ու թըլըսըմը մէկդի թողլով, որ խաբէութեան խօսք եւ հնարք մի է, բայց, գանձ կայ ըսելէն, այս ընդհանուր կարծիքէն, կարելի է հետեւցընել, թէ նախնիք իրենց ոսկին ու արծաթը, դրամն ու ակունք, զարդեր եւ թանգ նիւթերը նշանով տեղ մը կամ իրենց տանց հիմերու տակը, կամ գերեզմանները կը խորէին, ինչպէս պատմագրութեանց մէջ ալ ըսածիս վկայութիւնը կը տեսնուի շատ տեղ։ Զորօրինակ, Վասակայ համար կ՚ըսէ Սուրբ Եղիշէն. երբ Յազկերտի բանտը ձգուած էր եւ անոր ամէն զարդն ու հարստութիւնը կողոպտեցին, կ՚ստիպէին, որ եթէ նախնեաց գերեզմանները թաղուած գանձ մնացեր է, հանել բերել տայ։ Ընդհանրապէս ալ այս կարծիքն էր Պարսից, երբ Երիզու Անի ամրոցէն, Թիլէն եւ Թորդանէն Արշակունի թագաւորաց գերեզմանները կը կրկտէին ու ոսկորները կը հանէին։ Ցայսօր ալ նշանաւոր շիրիմ մը եւ դամբարան մը ուր որ գիտեն Հայերը, կը կարծեն, թէ գանձ կայ անոր մէջ կամ անոր կից։ Այս սովորութեան առիթ տուած է կա՛մ բարբարոսաց ու յափշտակողաց երկիւղը, կա՛մ ագահութիւնը։ Ես գիտեմ, որ 1872-ին Վանայ պարսպէն դուրս հին գերեզմաննոցի մը մէջէն տղաքները, գետնափոր խաղալով, պուտուկ մը լեցուն արծաթէ դրամ գտան։ Մշոյ Փողրկով գեղի առջեւ մեծ առուի մը շուրթն դարափուլ մը կար, ուր հորթարածները բղիկով մը ոսկի գտած էին. եւ Կնճայ լեռներուն ամրոցներու աւերակներէն հին ոսկիներ գտած էին Քրդերը, որոցմէ քանի մը հատ գնած էր Զիարաթ գեղի ոսկերիչ Ովէն։
       1869 թուին Գլակայ վանքի միաբան իննսունամեայ Մեսրովբ վարդապետը վախճանեցաւ, որ հողէ բղիկ մը լցուն արծաթ մէճիտիյէ եւ ռուսի արծաթ մանէթները անշէն սենեկի մը մէջ ընդ հողով թաղած էր։ Կայ մարդ, որ իւր տանը պատին մէջ կը դնէ իւր գանձը եւ քարով աղիւսով կը շարէ, կայ, որ սենեկի կամ բակի յատակի աղիւսին կամ սալի մը ներքեւ կը փորէ, կը խորէ եւ այլն։