Լ
Զորօրինակ։
Մշոյ
Սուրբ
Կարապետի
վանքը
կայ
մի
կաղ
դեւ,
որ
վառուած
կրակներու
մոխիրը
կը
շալակէ,
գետնի
տակով
կը
տանի
երկու
աւուր
ճանապարհ
դէպ
ի
Տիգրանակերտ։
Փրէբաթման
գեղին
մօտ
կը
թափէ,
որմէ
մեծ
բլուր
մը
ձեւացեր
է։
Ահա
աշուղներու
այս
մասին
շինած
երգը.
«Լուսաւորիչը
ժողվեց
դիւան
լըցեց
զընդան։
Կաղ
Դեւն
եկաւ
ասաց,
եաման.
Զիս
մի՛
դներ
զընդան.
Ես
կ՚եղնիմ
Սուրբ
Կարապետու
փոշեհան,
Տանիմ
թափեմ
Փրէբաթման,
Մինչ
օր
Քրիստոս
գայ
դատաստան»։
Դիւաց
ահագին
բանակ
մ՚
ալ
սուրբ
Կոնոնոսի
վանքը
կայ՝
կարասներու
մէջ
լցած
ու
գետնի
տակը
թաղած,
բերանները
զմռած
մինչ
օրն
դատաստանին։
Իսկ
Հոգւոց
վանքը,
որ
Վասպուրականի
մէջն
է,
հոն
ալ
Ղուդրաթ
խաթուն
անունով
դեւ
մը
կայ,
որ
նոյնպէս
թոնիրի
մոխիրները
կը
թափէ,
եւ
շատ
անգամ
ալ
փափագողաց
կ՚երեւի
եղեր
եւ
այլն։
Վանայ
Արտամետու
մօտ
Կռնկու
վանքին
պատմութիւնը
կ՚ըսէ,
թէ
կռունկի
մը
կոտրած
ոտքը
վարդապետն
ողջացուցեր
է,
եւ
կռունկը
Համբարձման
տօնին
ողկոյզ
մի
հասած
խաղող
բերեր
է
վարդապետին,
որ
պատարագ
պիտի
ընէր
ու
բաժակացու
չունէր։
Եւ
թէ՝
օր
մը
վանքի
մշակաց
դաշտի
մէջ
ցորեն
հնձելուն՝
հարիսայ
եփել
տուեր
է
վանահայրը։
Օձ
մը
մէջն
ինկեր,
առանց
գիտնալու
պիտի
ուտեն
եղեր,
կռունկը
զինքն
զարկեր
հարիսային
մէջ
օձը
հանելու,
ինքն
ալ
մէջը
մնացեր
մեռեր
է,
ու,
հարիսան
թափելով,
օձէն
թունաւորուելէ
ազատուեր
են։
Փութկու
Սուրբ
Գէորգի
վանքը,
որ
Մոկաց
բարձր
ամայի
եւ
ձիւնոտ
լերան
մը
վրայ
շինուած
է,
ուր
անցորդները
բքարգել
կը
մնան
շաբաթներով
եւ
կը
խնամուին՝
Ալբեան
լերան
Դոմինիկեանց
վանքին
պէս։
Հոս
ագլոր
կայ,
որ
գուշակողի
պաշտօն
կը
վարէ.
երբ
նա
խօսի,
ուղեւորները
կը
վստահին
ճամբայ
ելլելու։
Երբ
օդը
վտանգաւոր
թուի,
քանի
մ՚
օր
բոլորովին
անխօս
կը
մնայ
եւ
այլն։
Ես
չյիշեցի
Կարճկանից,
որ
Կորճեայք
կամ
Կորդուաց
լերինքն
են,
ու
Մոկաց
եւ
Շատախու
լերանց
պէտ-պէտ
քարերաց
վրայ
եղած
հին
զրոյցները։
Ոչ
Կաճէտայ
աղբիւրը,
որոյ
ջուրը
խմողները
խելաթափ
կ՚ըլլան
եղեր,
եւ
այդ
Կաճէտայ
գեղացւոց
վրայ
շինուած
հազար
առասպելներ,
Կապուտկողայ
վրայ
խօսուածները։
Արտամե
տու
Ծամքար
ըսուած
ահագին
ապառաժը,
զոր
Շամիրամ
իւր
ծամերուն
կապեր
եւ
Վանայ
բերդէն
պարսէտի
պէս
նետեր
է
մինչեւ
հոն։