ԼԵ
Թէպէտ
ճիգ
կ՚ընեմ
շտապել
հասնիլ
վերջաբանիս
կամ
բուն
գրքիս
նպատակին,
բայց
նիւթերու
առատութիւնը
հարկ
կը
դնեն
երկարել
խօսքը։
Հիմա
նորէն
միտքս
եկաւ,
քանի
որ
մեր
մտադրութիւնն
է
ժողովրդական
կեանքէ
ծանօթութիւններ
յիշել,
որոնք
լոյս
կարող
են
տալ
մեր
ազգային
պատմութեան
եւ
լեզուին
կամ
գրականութեան,
ուշադրութեան
առնելու
է
ուրեմն
անոնց
մէջ
եղած
տնական,
գեղջկական‚
քաղաքական
եւ
կրօնական
արարողութիւնները,
առածները,
երդումները,
անէծքները,
օրհնէնքները,
երգերը,
պարերը,
տղայոց
խաղերը,
որոնք
առհասարակ
կեանքի
եւ
լեզուի
պատմութիւնը
կը
կազմեն։
Օրինակ.
փեսային
թագաւոր
կ՚ըսեն,
անոր
գլուխը
փետուրէ
ջղաց
կը
զարնեն։
Պսակի
ժամանակ
մէկը
թուր
կը
բռնէ՝
իբրեւ
մաղխազ
կամ
զինակիր
թագաւորին,
մէկը
թագաւորին
հալաւ
կը
հագցընէ,
մէկը
բոլոր
հարսանեաց
սեղանին
կերուխումը
կը
տնօրինէ,
խաղն
ու
հանդէսը
կը
կարգադրէ։
Փեսայն
ժամէն
ելած
ժամանակ
ձի
կը
նստեցընեն
եւ
այն
տեղը
իւր
ափերով
դրամ
կը
սփռէ,
աղքատներ
եւ
մանկտին
հրճուելով
կը
հաւաքեն՝
«Աստուած
շատ
արեւ
տայ
մեր
թագաւորին
ու
թագուհւոյն»
բօռալով՝
ի
յիշատակ
«Տեղ
ոսկի
տեղալոյն
ի
փեսայութեան
Արտաշիսի
եւ
Սաթինկան…»։
Զուռնայի
եւ
նաղարայի
ձայնով
եւ
պարողաց
առաջնորդութեամբ
կ՚ընթանայ
փեսայն։
Եւ
երբ
տան
առջեւը
կը
հասնի,
շեմին
վրայ
մէկ
խոյ
կը
մատաղեն,
եւ
թագուհւոյն
թեւէն
բռնած
ներս
կը
մտնեն։
Այս
վայրկենիս
տէրտէրն
ու
տիրացուն
«Արեգականն
արդարութեան
ծագման
արուսեակդ»
շարականը
կ՚երգեն,
զուռնան
կը
փչէ,
պարողք
կը
պարեն,
թագաւորի
մայրն
ալ
քաղցր
փոխինդ
ու
եղով
բաղարջ
եւ
զանազան
միրգեր
կը
հանէ
եկաւորաց
առջեւ՝
վառած
մոմերով։
Ուրիշ
մէկը
«Թագուորի
մէր
դուրս
ելիր,
քեզ
ի՛նչ
ու
ի՛նչ
եմ
բերեր»
խորհրդաւոր
խաղը
կ՚երգէ,
որուն
մէջ
հարսի
տնական
պաշտօնները
կը
թուեն։
Թագաւորի
մայրը
խանդաղատեալ,
արտասուալից
կը
համբուրէ
իւր
թագաւորեցեալ
որդին
եւ
հարս
թագուհին,
որ
գլխէն
մինչ
ոտքը
քօղարկեալ
ծածկուած
է։
Եւ
յայլ
շատ
արարողութիւններ
կան,
զորս
չգրեցի
մանրամասն։