ԼԸ
Բանասիրաց
հետաքրքրութիւնը
գոհացընելու
փափագով
կը
փութամ
ծանուցանել,
թէ
վանեցի
Տ.
Սարգիսեան
գեր.
Երեմիա
եպիսկոպոս,
արժ.
Ղեւոնդ
վարդապետ
Փիրղալէմեան
եւ
արժ.
Գրիգորիս
վարդապետ
Աղուանեանն
քանի
մը
տարիէ
հետէ
նախանձելի
աշխատութիւն
մը
ստանձնած
են,
որոնք
իրենց
հանդիպած
տեղերու
հնութեանց
ստորագրութիւնը,
վանքերու
եւ
եկեղեցեաց
կամ
տուներու
եւ
աւերակաց
մէջերը
գտնուած
խաչքարերուն,
հին
ձեռագիր
մատեաններու
յիշատակագրութիւնները
օրինակած
ունին
եւ
ասոնց
հետ
մէկտեղ
ժողովրդեան
մէջ
խօսուած
հէքեաթները,
անէծքները,
առասպելները
եւ
գաւառական
շատ
մը
բառեր
հաւաքած
ունին
ի
գիր՝
անշուշտ
օր
մը
ի
լոյս
հանելու
համար։
Սոյնպէս
եւ
տրապիզոնցի
գիտնական
Պօղոս
պատուելին
Թովմայեանց,
որ
Տրապիզոնի
եւ
Տարօնոյ
ստորագրութիւնները
աշխատասիրած
է
յանձնարարութեամբ
Ս.
Հայրիկին,
հանդերձ
կարեւոր
լուսաբանութեամբ
հին
աւանդութեանց
եւ
անուանակոչութեանց
զանազան
վայրաց,
որք
կը
գտնուին
այդ
երկու
աշխարհին
մէջ,
եւ
հանդերձ
նկարագրութեամբ
Տարօնոյ
բնակչաց
սովորութեանց
եւ
լեզուին։
Դեռ
տպագրուած
չեն
այս
գործքերը։