Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Բ.

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՍԵՌԵՐ. - ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

 

Այս ընդհանուր մուտքէն յետոյ՝ զուգակշիռը կը շարունակեմ գլխաւոր սեռերուն վրայ:

Ամէնէն աւելի երկու գրականութեանց ներգոյակ (inhérant) [1] հակադրութիւնը շեշտուած ձեւով մենք կը տեսնենք քնարերգութեան վրայ: Նոր ժամանակներու սեմին՝ գրական այս սեռը երկու հատուածներուն մէջ ալ փորձուած է բացառիկ ուշադրութեամբ: Շրջանի ազդեցութիւնը, ցեղային բնազդը, դարը եւ իր բարեխառնութիւնը, կեանքի կոհակը, որ անցաւ մեր ժողովուրդին վրայէն, անշուշտ իրենց կնիքը թողած են երկուքին ալ վրայ: Ասոնցմէ անկախաբար, երբ երեք քառորդ դար ետք յետահայեաց ակնարկ մը նետենք կատարուած ճիգին ու նուաճուած արդիւնքներուն վրայ, մենք մեզ կը գտնենք որոշ եզրակացութիւններու առջեւ:

 

Ա. Արեւելահայ քերթողութիւնը [2]

 

1. Անիկա, գրաբարէն հազիւ  ազատագրուած, ենթակայ է քաղաքական բարեխառնութեամբ մտայնութեան մը:

«Վէրք Հայաստանի»ն, մեծ դիւզացներգութիւն մը, ունի տաղաչափուած ալ մասեր, որոնց մէջ նախնական բանաստեղծութիւնը` ամրօրէն օգտապաշտ՝ զետեղելի է արուեստի կալուածին մէջ: Հանճարեղ դիւցազներգակը իր ոտանաւորներուն մէջ չէ կրցած ինքզինքը ազատագրել եւ բանալ ակօս մը անոնց քնարերգութեան մէջ, ինչպէս պիտի ընէր ասդին Դուրեան: Աբովեանի ոտանաւորները հայրենասիրական քարոզներ են, որոնց աւելի ծաւալուն եւ moderne մէկ եղանակը մենք կը գտնենք Նալբանդեանի, Շահազիզի եւ Պատկանեանի քնարերգական կտորներուն մէջ: Այդ մարդիկը կը քերթեն՝ իրենց ժողովուրդին խօսելով, տաղաչափական բարբառով, այն ամբողջ գեղեցիկ բաներուն վրայ, որոնք այդ ժողովուրդին նիւթական եւ բարոյական բարօրութիւնն ու բարգաւաճումը ունին ի նկատի: Այս տեսակէտը տիրական է՝ խեղդելու չափ ուրիշ ամէն բան իր ճնշումին տակ: Բանաստեղծական ըմբռնումին այս աստիճան նիւթացումը, բարոյական նպատակներու այս աստիճան ենթարկումը դպրոց պիտի կազմէ անոնց մօտ, ա՛յնքան՝ որ աւելի ետքը ուրիշ սերունդներ, ուրիշ հանգանակներու ուխտաւորներ, երբեմն նոյնիսկ արուեստին հաղորդ, պիտի չկրնան թօթափել սկզբնական այս շրջանը եւ պիտի ենթարկուին պատգամին: Գրական տգիտութիւնը, նեղմտութիւնը, [3] պատճառներ չեն այս զառածումին: «Լեւոնի վիշտը»ի հեղինակը արեւմտեան մշակոյթը խորապէս ճանչցող միտք մըն է: «Ազատն Աստուած» երգող յեղափոխականը յառաջադէմ գաղափարներով սնած մեծ միտք մըն է: Մարդ հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս եւրոպական ռոմանթիզմէն անցնող եւ ԺԹ. դարու կէսի ռեալիզմը խորապէս ուսումնասիրած իմացական [4] սերունդ մը մօտեցած չըլլայ [5] արուեստի հարցին, որ տիրականն է գրական սերունդի մը մտահոգութիւններէն ամէն ժողովուրդի մէջ:

 

Դժբախտութիւն է, որ այս հանգանակը փոխանորդած ըլլայ արուեստի միւս ստորոգելիները եւ զառածէ այդ իսկապէս օժտուած միտքերը, զանոնք լծելով քարոզչական փրոփականտի անփառունակ առաքելութեան:

 

Աւելի յետոյ, երբ Թումանեան կ՚ուզէ արդիացնել դիւցազնավէպը, ազդեցութեան տակ ռուս դպրոցին (Պուշկինի պոեմները գլուխ-գործոցներ են ժողովուրդին զգայնութեան, արեւելեան երանգի, pathétique գործողութեանց, նախնական պատմումի յատկութիւններ, որոնք հաշտ են դեռ երիտասարդ ռուս ժողովուրդի հոգիին. յատկութիւններ, զորս տակաւին չէ պարզած հայ ժողովուրդը, երբ իր գոյութեան քսան դարերը սպառած է նիւթական մարզին վրայ՝ անաղարտ եւ մանուկ պահելով իր հոգին, որմէ կը բխի արուեստի ամէն գործ), կը մոռնայ modèleներու առողջ անտարբերութիւնը եւ կ՚ենթարկուի «Հիւսիսափայլ»եան մղումին: Ամէն պատեհութիւն ունէր այս մարդը՝ մեր գեղը, հոգիին գագաթները եւ անդունդները, մեր երկրին զմայլելի համայնապատկերը (panorama), մեր բարքերուն շքեղ տախտակները զետեղելու իր պոեմներուն մէջը, եթէ երբեք տարուելու տեղ Շահազիզէն՝ հասկնար Պուշկինը կամ գոնէ ռուսերուն վրայով ճանչնար Արեւմուտքի ստեղծագործութիւնները:

 

Յովհաննիսեանի, Իսահակեանի, նոյնիսկ Դեմիրճեանի փորձը՝ այդ ոտանաւորը [6] ազատագրելու քարոզչական, պարսաւագրական [7], բարոյախօսական եւ պատմողական նկարագիրներէն, անոր մէջէն դուրս բերելու համար բուն իսկ քննադատական տարրը, մնաց դարձեալ կիսատ, վասնզի երաժշտական մոթիֆներով խանդավառ այդ դպրոցը խորքին մէջ հաւատարիմ է սկզբնական մղումին: Ան ալ քարոզեց:

 

Պզտիկ բացառութիւն մը յանձին Վահան Տէրեանի, որուն գործին մէջ պզտիկ մաս մը զերծ է քարոզչական մեղքէն: Թէեւ ոգին քիչ մը եղանակաւորուած համամարդկային տարազներու ամբարձումով [8], նոյն քարոզն է դարձեալ, որ կը կրկնէ իր գործին ստուար մէկ մասին մէջ: Տէրեանի դէպի Մեծամասնական (բոլշեւիկ) բանաստեղծութիւնը մէկ է. այսօր 30-40 տաղաչափներ նոյն քարոզն է, որ կը կարդան մեր գլխուն՝ Հայ ազգը փոխանակելով մարդկութեան, տաճիկին տեղը քաղքենի եւ կապիտալիստ կարգերը, մեր երազը սպաննելով վատօրէն, երկու-երեք tracteurներու հանած մշուշին մէջ:

 

 

2 Ազգային երգ.

Ինծի պէտք եղած չափով ծանօթ չէ տաղաչափական երգերու այն գրականութիւնը, որ ասդին [9] այնքան անիրաւ յաւակնութիւններով ողողեց մեր հրապարակը՝ մեր լաւագոյն տաղանդներն իսկ լծելով իր տարապարհակին: Գամառ-Քաթիպայի երգերը, Շահազիզի մէկ-երկու բեկորներն ու դպրոցական կնիքով մէկ-երկու ուրիշ երգեր տաղաչափուած՝ անշուշտ աւելի քիչ յանցաւոր են, քան անոնք, որ մեծ համբաւի հասան արեւմտահայ հատուածին մէջ: Գոնէ զերծ են լեզուական այն emphaseէն (պոռոտութիւն) ու ոգիի պղտոր տաղաչափութենէն, որով ծանրաբեռնուած կը ներկայանան Ալիշանի եւ Պէշիկթաշլեանի եւ անոնց ուղիով ընթացող տաղաչափական կարաւանին մեծ գործերը: Յետոյ, բացի Գամառ-Քաթիպայէն, միւսները եղած են պարկեշտ, աւելի իրատես եւ գրած են անշուշտ հանդիսական առիթներու, բայց պահած են համեմատական ողջմտութիւնը: Ինչ փաստ, երբ անոնց վէպը մեծ խանդավառութեամբ չափագործեց ազգային երանգը, անոնց բանաստեղծութիւնը աննշան քանակով կտորներ միայն արձանագրեց մինչեւ մեր օրերը այդ գծով, եւ սակայն մեզմէ աւելի տառապեցան մեզի հետ եւ երբ  այդ բանաստեղծութիւնը անցաւ հոյակապ բանաստեղծութիւններ տուող անոնց ամէնէն մեծ բանաստեղծին գրչին տակ, Թումանեանին սովորական տողերը միայն տուաւ:

 

 

3 Հռետորութիւն.

Այդ բանաստեղծութեան մէջ փորձուածը խորապէս կը տարբերի արեւմտահայոց մէջ դիտուածէն: Փոխանակ ըլլալու այս վերջինին պէս գրական, բառական, գրագիտական (վերագրումներ, որոնք խորապէս վիրաւորեցին արեւմտահայ քերթողներու յաջողագոյն գործերն անգամ), է մեծ չափով մը ժողովրդական, դիւրահաղորդ եւ ուժգին, հերարձակ եւ սրտառուչ: «Հիմի՞ էլ լռենք»ը նմոյշ մըն է այդ սեռին եւ այդ ոգիին: Ես չէ որ նիւթ կ՚ընեմ այդ կտորներուն մէջ խտացած ցեղային թերութիւնը: Դիւրաբորբոք, բայց դիւրին ընկճուող այն հոգեբանութիւնը, որով այս ժողովուրդը շիներ է իր պատմութիւնը տկարութեան եւ խանդավառութեան տարօրինակ խառնուրդ, անհասկնալի է իր տկարութեանց եւ պայքարներուն մէջ, որ գիտնայ, թէ մահուան կը վազէ՝ պաշտպանելու համար իր հաւատքը եւ անկարող կը դառնայ երկու օր ետքը իր տունն ու տեղը պաշտպանելու նոյն այդ թշնամիին դէմ: Հոգեկան այս հռետորութիւնը, նոր բառով մը՝ ռոմանթիզմը, արեւելահայ քերթողութեան մէջ փոխարինուած է սոցիալիզմ կառուցանելու մեծ մեղքով: Հարիւրամեայ իր շրջափոխութեան [10] ընթացքին՝ արեւելահայ բանաստեղծութիւնը զերծ մնաց ձեւի հռետորութենէն: Խորքը չէր կրնար փոխուիլ երկու հատուածներուն մէջ ալ, քանի որ նոյն արեան գնդիկներն են, որ կը թաւալին մեր ամէնուն երակներուն մէջ:

 

 

4. Ռոմանթիզմ.

Ի պատիւ իրենց՝ պէտք է վերցնել ռոմանթիզմին պակասը այդ քերթողութեան մէջ: Յղացքին մէջ մուտք ունեցող մէկ-երկու կողմեր վերի paragrapheներուն մէջ աչքէ անցուեցան արդէն: Յղացքին ամէնէն ազնուական մասը՝ անձնական վշտին եւ յոյզերուն պոռթկումը, որով կը պիտակուի ժամանակակից ռոմանթիզմը ամէնէն հարազատ կերպով եւ որմէ գլուխ-գործոցներ հանեցին արեւմտահայ քերթողներ, արեւելահայոց մէջ գրեթէ մշակող չունի: Արդարեւ, անոնց բանաստեղծութիւնը տկար ձգող մեծագոյն մեղքը անոնց բացակայութիւնն է իրենց գործէն: Ի զուր պիտի փնտռէք Պատկանեանը, Թումանեանը իրենց ոտանաւորին մէջ այնպէս՝ ինչպէս որ են անոնք իրենց հոգիին անվերծանելի ծալքերուն մէջ: Պէշիկթաշլեանի մէկ քերթուածը ամբողջ այդ մարդը կը պարզէ մեր հոգիին առջեւ: Անոնց ամէնէն լիրիք բանաստեղծը՝ Տէրեան, քանի մը գիրքերով մեզի մատչելի չէ:

 

Եթէ երբեք ես դիմեմ անձին չափազանց զեղծումին, եսին ուռեցուոր ցուցադրումին, եթէ երբեք չտաքնամ այլեւս մաշած յոյզերու ետեւէն երեւակայական արշաւներու հետ, եթէ երբեք լուսիններու, սոխակներու, արշալոյսներու, վերջալոյսներու, զեփիւռի, լողի [11] եւ ժամանակի համանուագը չի խօսիր ինծի, չեմ կրնար սակայն իմ զգացումս սակարկել ամէն անգամ, որ ինծի տրուի պատեհութիւնը հանդիպում [12] ընել քերթուածին, որ [13] կը զարնէ բիւրեղէ բաժակը մարդերու սրտին, մատներուն տակը յաւիտենական յուզումներու:

 

Ես չէ, որ պիտի հարցնեմ գեղեցկութիւնը վերը հերքուած մոթիֆներու՝ բոլոր անոնցմէ, որոնք պիտի կրնան զեփիւռ մը պլլել իրենց հոգիին, վիշտ մը անձնաւորել կամ վերջալոյսի մը մէջ անհասկնալի ցաւի մը պէս ընկղմել  իրենց սիրտը, ինչպէս բաժակը կարմրաջուրի մը յատակին: Ռամանթիզմը անհուն է: Առանց անոր բանաստեղծութիւն ըմբռնելի իսկ չէ: Պայմանաւ, որ անիկա չըլլայ բառերու տուրքը կամ կառոյցը, այլ՝ գմբէթը վաւերական հոգիի մը տառապանքին, ձգտումներուն, այլ՝ հանգոյցը մեր խեղճ եսին, հազար ու մէկ երազներուն, որոնք շողի նման կը բացուին մեր հոգիին ջուրերուն վրայ եւ մեր կարճատեւ կեանքին մէջ յաւիտեաններու ճամբան կ՚ուրուագրեն: Այս ռոմանթիզմը բանաստեղծութիւնն իսկ է:

 

Ազգերու մեծագոյն բանաստեղծները ուրիշ բան չեն ըրած, եթէ ոչ այս քանի մը մոթիֆները անձնաւորել: Կրնամ ըսել, որ առանց անոր բանաստեղծութիւն մը չի կրնար ապրիլ: Վկայ օրէնքի ճշդութեան՝ արեւելահայ բանաստեղծութիւնը, որ չկայ: Ինծի համար անարժէք ճիգեր են Ծատուրեանի, Կուրղինեանի, Յակոբեանի, Իսահակեանի, Յովհաննիսեանի եւ ժամանակակից Մեծամասնական կարաւանին փորձերը՝ մարդկային տառապանքէն գեղեցկութիւն ստեղծելու: Կայ այդ տառապանքը, բայց չէ նուաճուած, անհանճար այդ մարդերէն:

 

 

5 Անցեալի հանդէպ ընդվզում.

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ արեւելահայերը շատ շուտով կռնակ են դարձուցած Աբովեանի ակօսին: Չի բաւեր ժխտել Հայկն ու Արամը ու պաշտել հողը, հողագործութիւնը, ժողովուրդը: Բանաստեղծութիւնը մեծ չափով իր արմատները թաղած կը պահէ ժողովուրդի հոգիին խորագոյն ալքերուն մէջ: Եւ հոգին ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ հազարամեակները մեր ժողովուրդին: Ինչպէ՞ս կարելի է պարպուիլ իր պապերին, ինչպէս կարելի է պարպուիլ իր արիւնէն: Երեւոյթները նոյնն են: «Հիւսիսափայլ»ի ընդվզումը այդ անցեալին դէմ բանաստեղծութեան սահմանը նեղցնել միայն կը նշանակէ: Ասդին՝ ես չեմ զբաղիր այդ զգացումին արտակարգ աճումովն ալ, որով անիկա մթագնեց ամէն ինչ, սկսեալ Բագրատունիէն մինչեւ Վարուժան: Դիտել կու տամ միայն, թէ անցեալին զգացումը տրուած էր համեմատական ուժգնութեամբը պարունակին, որ արեւմտահայ հատուածին մէջ ստեղծեց մեր անմահ քերթուածներուն գրեթէ ստուար տոկոսը: [14] Նոյնիսկ իրենց մօտ, հակառակ իր խորունկ թերութեանց, [15] «Արաքսի արտասուքը» քերթուած մըն է, որ կը յուզէ մեզ մինչեւ այսօր: Գամառ-Քաթիպայէն ասդին զայն ուրացան «Հիւսիսափայլ»ինները, բրտօրէն դիրք բռնելով անոր դէմ: Զայն բարձիթողի ըրին միւսները բոլորը միասին: Ոչ Թումանեանը եւ ոչ իրմէ վերջը աշուղականները, ոչ արդիականները (Յակոբեան, Կուրղինեան, եւ այլն) եւ ոչ ալ պողպատի երգիչները եւ ռատիոյի հռետորները չունեցան մէկ երկու սրտէ բխող խօսք այդ անցեալին դէմ: Ասիկա խորունկ մեղադրանք մըն է, քանի որ արդիւնք է գիտակցուած sabotageի մը: Կարելի չէ արեւելահայ բանաստեղծութենէն որեւէ կտոր աւելցնել, թերեւս անոր համար, որ անոր խարիսխները չեն եղած կամ չեն կռթնիր մեր անցեալին:

 

 

6. Տաղաչափութիւն.

Զուր տեղը չէ, որ դիւցազնավէպը անոնց մօտ յաջողած ըլլայ: Ռուսական դպրոցին մէջ կէս դիւցազնական, կէս արդի պատմում մը, ԺԹ դարու միակ յաջողած ժանր կը նկատուի, այն որ երկար դարեր ցանկութեան առարկան կազմեց ազգերուն, մեծագոյն բանաստեղծներուն եւ մնաց աննուաճ (Միլտոն [16], Թասսօ, Ռոնսար [17], Վոլթէր, Բագրատունի): Եւ որովհետեւ արեւելահայ քերթողութիւնը  կը հպատակի իբրեւ թեքնիք ռուսականին, ձեռք ձգեց պատմումի դիւրութիւն մը, որուն վրայ մեծ յոյսեր զետեղեցինք ատենին: Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»ը գեղեցիկ խոստում մըն է, բայց այդքան միայն: Աւելի՛ն: Զառածեցաւ դէպի տափակ, անարուեստ պատմում, որուն մէկ փառաւոր նմոյշն է Աղայեանցի «Արեգնազան»ը, օրինակի մը համար: Ո՛չ միայն այդքան, այլեւ պատճառ դարձաւ, որպէսզի ստեղծումը շփոթուի տաղաչափելուն հետ: Իրաւ ալ տասնէ աւելի անոնց մեծ բանաստեղծներուն մօտ (երանելի բառ) մարդ դժուար կը գտնէ ստեղծումին նախապայմանը կազմող ըսուածքի թարմութիւնը, զգացման ինքնութիւնը, խորութիւնը, նորութիւնը, պատկերելու, երեւակայելու, հիմնական գիծեր սեւեռելու շնորհը, տարրեր, որոնք ամէն բանաստեղծի գործը կ՚ընեն տարբեր՝ արձակ պատմումէ: Պէտք պիտի ըլլայ մինչեւ Տէրեան բարձրանալ՝ հաստատումը ընելու համար անոնց մօտ տողերու [18], որոնք պատմութիւն կամ տաղաչափութիւն չըլլան, որոնց մէջ որոշ չափով բաբախեն մէկ քանին վերը նոթուած գիծերէն: Անոնց քնարերգութեանց դժբախտութիւնը յառաջ կու գայ այս մեծ աղէտէն եւ ենթակայ է անոր: Հոն մարդիկ վանկուած ամէն տող միամիտ են քերթողութիւն ընդունելու չափ: Յետ-Հոկտեմբերեան (1917) բանաստեղծութեան մէջ օրէնքը ի զօրու է դարձեալ այս տափակութեան: Անոնց տաղաչափական այս մեղքը տարբեր է արեւմտեան հատուածին մէջ դիտուածէն: (Իր կարգին պիտի խօսուի արեւմտահայ տաղաչափութեան caractèreներուն ալ վրայ: Բառին մէջ պէտք է դնել հիմակուընէ ոչ-բանաստեղծ յղացքը):

 

 

7 Հետեւակութիւն (trivialité ou banalité).

Այդ ամբողջ քերթողութիւնը զետեղելի է այս դժբախտ պարունակին մէջ: Ի՛նչ պարունակութիւն, ի՛նչ կտրուածք, ի՛նչ գնացք, որ ունին Աբովեանի ոտանաւորները, գրեթէ նոյնը ունին մինչեւ անգամ այսօրուան քնարերգակ ները [19] (Չարենց): Բացի Տէրեանի փոքր շեղումէն դէպի մոթիֆներու նորութեան եւ նիւթերու նրբութեան, [20] քիչ բան ունիմ նշանակելիք այս ուղղութեամբ, որակելու համար այս հետեւապատումը, բոլոր գրականութեանց [21] հասարակ տեղիքներէն կազմուած այդ բարոյախօսութիւնը, հասարակ իմաստ միայն եղող տողերու այդ բաշխումը, որուն անունն է արեւելահայ քերթողութիւն:

 

Այս խստութիւնը մի վերագրէք ո՛չ աղանդաւոր կեցուածքի, ո՛չ ալ արեւմտեան միտքի մը պահանջքներուն: Տաղաչափութիւնը տափակութիւն է ի վերջոյ Նալբանդեանի մը՝ ինչպէս Ալիշանի մը գրչին տակ: Վտանգը կը սկսի այն ատեն, երբ մարդիկ անոր գիտակցութիւնը չունին հակազդելու, նորոգելու համար խաթարուած սա ըմբռնումը արուեստին: Յանցանքը հոն է թերեւս, որ Վ. Տէրեան Դուրեանէն 50 տարի վերջը երեւցաւ անոնց մէջ: Եթէ այսօր յետ - Հոկտեմբերեան քերթողներուն մօտ քիչիկ մը ջանք կը հաստատենք սա տափակութիւնը հերքելու բանաստեղծներուն մօտ, ատիկա արդիւնքն է Վ. Տէրեանին:

 

 

8 Sժգունութիւնը այդ բանաստեղծութեան.

Յիշել մեծ օրէնքը, որ գոյնը [22] կը յատկացնէ նկարչութեան: Քերթուածի մը մէջ գոյներու շատութիւնը fausse position կը ստեղծէ: Չմոռնալ նոյն ատեն, որ մինչեւ Ռոմանթիզմ, բանաստեղծները ժուժկալ եղած են գոյնին հանդէպ: Ի՜նչ դժբախտութիւն, որ արեւելահայ քերթողութիւնը ռոմանթիզմ չունեցաւ, կամ իր ռոմանթիզմը եղաւ վարդապետական, ազգայնական, բայց երբեք գրական: Թերեւս հոն է բանալին խոշոր սա anomalie-ին: Ըլլալ ժողովուրդը ամենախոր զգայնութեամբ մը, ունենալ երկիր մը, գիծ ու կարկառ, կանաչն ու դեղինը, կապոյտն ու ճերմակը խառնուին իրարու անորակելի գեղեցկութեանց ընդմէջէն (մեր երկիրը այցելողներ անոր նկարագրութենէն հանած են զմայլելի քերթուածներ: Լինչի «Հայաստանը» կը կարդացուի հիանալի գեղեցկութեամբ՝ իբրեւ մեծ արձակ քերթուած մը), ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ հարիւր տարուան քերթողութեան մը մէջ մեզի զլացուի վայելքը մեր երկրին պատկերացումին, գոյներու եւ գիծերու տիրական հարազատութեամբ մը: Ո՞րն է քերթուածը, ուր ինծի տրուէր հաստատել այն անփոխարինելի շքեղութիւնը ստեղնաշարներու (գոյներէն կ՚ուզեմ խօսիլ), որով կը թրթռալ «Արեւելեան [23] Հայաստանը» Լինչին: Չկայ:

 

Եթէ Տէրեանով քերթողութիւնը քայլ մը առաւ դէպի նրբութիւն եւ նիւթերու ինքնատպութիւն, Զարեանին էր վերապահուած գոյներուն մեծ հարցին լուծումը: Միայն թէ՝ Զարեանը ոչինչ կը պարտի արեւելահայոց: Զայն կազմած են Եւրոպան եւ արեւմտահայը: Իր լեզուն իսկ աննշան յարդարումով մը ենթակայ է մեզի: Գրեթէ բանաձեւի վիճակ ունի այս հարցը անոնց քերթողութեան մէջ: Բոլորին մօտն ալ այս զգայարանքին բացարձակ չգոյութիւնը կը թուի գալ հիմնական նկատումէ մը, որով քերթուածը կը դառնայ վարդապետական կամ իմացական կառոյց՝ առանց զգացական տարրի: Մարդիկ հոն կը գրեն ոտանաւոր՝ բան մը ապացուցանելու կամ սորվեցնելու համար: Ամէնէն նկարչագեղ բնութեան ծոցին ապրող սա զանգուածը, ո՞ր հրաշքին գնովը այսքան կոյր կ՚ըլլայ այդ գեղեցկութեանց դէմ: Կ՚ըսեն, թէ հրաշագեղ Լոռին անդրադարձ մը չունի Թումանեանի գործին մէջ ու ճիշդ է ասիկա: Չշփոթել գոյնը շարժումին զգայնութեան հետ:

 

Վահան Միրաքեան «Լալւարի որսը» քերթուածին մէջ (որ դժբախտաբար մինակ մնաց) տեսակ մը նախնական հովուերգութիւն կ՚ուրուագծէ՝ գոյնի հարցը լուծել  կարծելով պատկերացմամբ: Ուրիշ անուն մը չունիմ յիշելիք: Նկատի ունենալ անոնց զզուանքը բառէն: Կ՚արհամարհեն մեր բանաստեղծութիւնը, զայն նկատելով բառակոյտ: Այս սարսափը թերեւս պզտիկ դեր չունենայ այդ [24] անկարողութեան մէջ:

 

Քերթողութեան արուեստին զօրաւորագոյն տարրերէն մէկը կազմող աչքի զգայութեան այս տարտամութիւնը, չըսելու համար անգոյութիւնը, անոնց մօտ չի թուիր դարմանուիլ նոր սերունդին ալ կողմէ, որ հաւասար արհամարհանք ունի նկարագրելու արուեստին դէմ:

 

  9 Խժութիւն.

Ամբողջ 50 տարի արեւելահայ ոտանաւորը պատմեց կամ սորվեցուց առանց կասկածելու, թէ բանաստեղծական ուժին երկրորդ մեծ զգայարանքը լսողութիւնն է: Եւ ձայնական պատկերները նոյնիսկ տիրական եղած են բանաստեղծութեան նախնական օրերուն: Իր անունը՝ lyrisme, կու գայ երաժշտական բառէ մը: Առանց ձայնական յուզումի՝ տողը ունենալով հանդերձ զգացում ու պատկեր՝ թերի պիտի մնայ [25]: Այն դարերուն, ուր պակս ած [26] է այս մտահոգութիւնը ձայնին, գոյութիւն ունի բանաստեղծական տագնապ: Չշփոթել տաղաչափական ճշդութեան, հատածներու կանոնաւորութեան, յանգերու հարստութեան կապուած, բայց գուլ՝ թէեւ կատարեալ քերթուածներու հետ:

 

Ռոմանթիզմը ԺԹ. դարուն ձայնի հարցը դրաւ նոյն գիծի, ուր որ դրած էր գոյնի ու պատկերի հարցը: Սեմպոլիսթ շարժումը ոտանաւորի համար ուզեց երաժշտութիւն: Վերլենի յաջող phrase-ը՝ “De la musique avant toute chose”, իր բացարձակ պահանջկոտութեամբ հակահարուած մը չէ օրէնքին բռնաբարումին: Մեր օրերուն յաջող անխառն բանաստեղծութեան հարցը երեւոյթին արդիացումն է միայն:

 

Այս բոլոր մտահոգութիւնները երջանիկ իրենց պակասով կը պատուեն արեւելահայ ոտանաւորր: Երկու շարժում ունիմ միայն ձեր ուշադրութեան յանձնելու:

 

ա. Յովհաննիսեան-Իսահակեան փորձը՝ ժողովրդական մոթիֆները օգտագործելու.

 

բ. Տէրեան, որ յունական հին մեղեդիին, ֆրանսական սեմպոլիսթներուն, արեւմտահայ ոտանաւորին յաջողակ մէկ խառնուրդը փորձեց իր մէկ - երկու քերթուածներուն մէջ: Առաջին շարժումը քանի մը անուշիկ քերթուածներ ստեղծեց ու կործանեցաւ, վասնզի calqué էր: Իսահակեանի ոտանաւորներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այսօր աղաղակ մըն է ձայնի, աններդաշնակ եւ զուրկ ներքին կշռոյթէ: Նորերուն մօտ երաժշտական զգայարանքին պակասը նոյնքան ակնբախ է դժբախտաբար: Ասոնց համար ալ ոտանաւորը ճիչ մըն է, եւ այդքան:

 

Արեւելահայ քերթողութեան մէջ ձայնի անցեալ [27] այն մեղաւոր անտարբերութիւնը՝ չըսելու համար թշնամական կեցուածքը, խորագոյն մեղքերէն մէկն է անոնց գրականութեան:

 

Բ Արեւմտահայ քերթողութիւնը [28]

 

Ձգելով ընդհանրացումներու այս շարքը, երբ կը դառնանք նոյն վերլուծումը փորձելու արեւմտահայ ոտանաւորին վրայ, մենք կը կենանք շատ մը ընդհանրացումներու առջեւ: Այսպէս՝ «Արուեստը արուեստին համար» յղացքը այդ քերթողութեան ողնասիւնն իսկ կը կազմէ, կրնամ ըսել առանց չափազանցութեան: Նման յղացքի մը զէնն ու զրահը մեզ պիտի տանէր մեծ ընդլայնումներու:

 

Այդ յղացքին արդիւնքն էր մեր քերթողութեան մէջ բոլոր սիրունիկ, ուռուցիկ, սնամէջ, կեղծ փայլքերով շողշողուն դէզի այն քերթուածներուն, որոնց տակ կ՚երեւան նոյնիսկ ամէնէն յարգի անուններր մեր բանաստեղծութեան: Կ՚անուանեմ ամէնէն առարկելին անոնցմէ՝ Մեծարենցը, որուն գործին 3/4-ը գրուած է այդ մտահոգութեամբ, արուեստին համար:

 

Մեր ռոմանթիքներուն մօտ այս յղացքը միգամածային է, շփոթելու չափ ուրիշ բաներու հետ: Պէշիկթաշլեանին քերթուածները, երբ հարազատ չեն, կու գան գրաբար քերթողականի մը ակօսով, Բագրատունեան - Ալիշանեան թեքնիքէն (որ, ճիշդը ըսելու համար, չի հպատակիր «Արուեստը արուեստին համար» յղացքին կատարելապէս, բայց կանգուն է առաւելապէս քերականական եւ հռետորական զսպանակներով) : Դուրեանի անյաջող քերթուածները զետեղելի են այս աստիճանին: Պէտք պիտի ըլլար անունները տալ բոլոր մեր մեծերուն, անոնց վրիպանքին մէջ պատասխանատու ընդունելով, զօրաւոր չափով մը, այս հանգանակը:

 

Անցնելով շահու բաժնին, ես պիտի վերագրեմ այդ հանգանակին բոլոր գլուխ - գործոցները մեր նոր քերթողութեան: Վերցուցէք, օրինակի համար, Մեծարենցի մը յաջողակ կտորներէն իր արուեստը, մնացեալը ինքնին կը կործանի: Անշուշտ Դուրեան կը փրկուի իր զգացումներուն անօրինակ յորդութեամբ: Բայց Չօպանեա՞նը: Բայց Սիպի՞լը: Թէքէեանին քերթողութեան մէջ ազնուական մոթիֆ մըն է արուեստի այս ըմբռնումը: Ա ռանց ատոր, անոր մտածումները արձակ մէյ-մէկ էջ կրնային կազմել, թերեւս լրագրական իմաստութեամբ, բայց պիտի չըլլային այն անմահ կտորները, որոնց ընթերցումը մեր միտքն ու հոգին հաւասարապէս կը կշտացնէ, խօսելով հանդերձ, [29] եւ ասիկա ուժգին ձեւով մը, մեր զգայարանքներուն:

 

Պարտաւոր եմ հաստատել, թէ «Արուեստը արուեստին համար» տարազը մեր բանաստեղծներուն մօտ տեսակ մը աղանդ կազմեց, եւ ստեղծեց բառակոյտի, բռնի նրբութեանց եւ յախուռն փոխաբերութեանց խառնակ դպրոց մը, ուր իրարու կը միանան հին դպրոցին բառական ռոմանթիզմը, եւ [30] նոր աշխարհաբարի ճաշակաւոր շնորհները՝ առանց խառնուածքի անհրաժեշտ նպաստին: Այս կէտը ամէնէն խոցելին է այդ մեծ քնարերգութեան, զոր չափազանցօրէն կը շահագործեն արեւելահայերը, երբ կը խօսին մեր քերթողութեան անբովանդակ, անժողովուրդ եւ անյոյս կողմերէն: Նման իրաւունք մը շատ է օրէնքի վերածել՝ հերքելու համար արեւելահայ քերթողութիւնը. թերութիւնները չեն, որ դպրոցը կը շ ինեն, ոչ ալ անոնց վրայ յարձակում մը մեզ կ՚ընէ աւելի ձեռնհաս մեր սեփական աղքատութիւնը պարտկելու անշուշտ: 100 տարուան բնա շրջում [31] մը հաստատումը պիտի ընէ անվերադարձ կործանումներու, իրենց ժամանակին մեծադղորդ համբաւ հանած բարքերէ: Բայց նոյն այդ բնա շրջումը [32] անկարող պիտի մնայ անուններու դէմ՝ որոնց մօտեցող ոչինչ ունին Այրարատի քերթողները: Ֆրազով, վարդապետական, [33] պատգամով ու քաղաքական սկզբունքներով որքան ալ ռմբակոծենք, օրինակի մը համար, Մ. Պէշիկթաշլեանի «Առ զեփիւռն Ալեմտաղի»ն, աւելորդ յոգնութիւն մը ըրած պիտի ըլլանք մեր եռանդին. այդ քերթուածը յաւիտենական է (քանի որ յաջող է), եւ կը պատկերէ այդ օրերու զգայնութիւնը իր ամէնէն կատարեալ կերպարանքին տակ: [34] Ն ոյն այդ շրջանին ուրիշ քերթուածներ նոյն այդ մարդէն, որոնք [35] ունեցան աւելի մեծ ժողովրդականութիւն, երգուելով բոլոր հատուածներէն մեր ժողովուրդին (պարագայ, որ անոնց կու տար [36] տիրական արժէք), այսօր դադրած են ապրելէ: Ո՞վ պիտի յիշէ այն խանդավառութիւնը, որ արթնցուցած պէտք է ըլլայ 1860 ական թուականներուն «Ի բիւր ձայնից բնութեան շքեղ»ը (Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան) :

 

Արուեստի զգայարանքը ընդարձակ նիւթ է չափազանց եւ դասաւանդութեան մը սահմաններէն մեծ համեմատութեամբ մը յորդող:

 

Զայն կը ձգեմ ուրիշ վերլուծումի:

 

 

1 [37] Ազգային երգ.

Երբոր մեր նայուածքը հեռացնենք պահ մը 1850 ի գրաբար քերթողութենէն եւ փնտռենք բանաստեղծական արտայայտութեան աւելի համեստ, բայց աւելի ընդհանուր կալուածներու վրայ, ինչպէս է երգը, մենք պիտի հանդիպինք տարօրինակ առատութեամբ քերթողութեան մը, որ մեր բանաստեղծութեան քովն ի վեր աճած ու բուսած ու ապրած է՝ գրաւելով մեծ չափի վրայ զանգուածը, արտայայտելով անոր այն երկու զօրաւոր զգացումները, սեւեռելով միասնութեան [38] մէկ քանի արտայայտիչ կողմերը: Ասիկա Ազգային երգին կալուածն է:

 

Արեւելեան [39] Հայաստանի մէջ անիկա շատ շուտ [40] տեղի տուաւ իրապաշտ սերունդին: Առաջին ռոմանթիքներէն յետոյ վարդապետական այդ բանաստեղծութիւնը դէպի պարսաւը հակեցաւ ինքնաբերաբար եւ դադրեցաւ ապրող սեռ մը ըլլալէ, շինելէ ետք համբաւն ու անունը Գամառ - Քաթիպայի: Ռուսական տիրապետութեան բերած ապահովութիւնը որոշ չափով դեր մը ունի այս արեւելումին մէջ: Ազգային երգերը 1880 ին պիտի փոխուէին ժողովրդային սիրային երգերու. - (Իսահակեան, Յովհաննիսեան). Կոմիտասի գործը այդ շարժումին լրումը եղաւ: Արեւմտահայոց մէջ ազգային երգը փոփոխ բախտով կ՚երկննայ մինչեւ պատերազմ: Որքան ծանօթ ու անծանօթ անուններ, ստորոտը քերթուածներուն, որոնք տարիներ ամբողջ սաւառնեցան մեր ժողովուրդին վերեւ՝ խածնելով ամէն բան: Միամիտ, հայրենասէր, ազգայնամոլ, հայրենապաշտ, երբեմն գրաբար-աշխարհաբար խառնուրդ լեզուով մը այդ քերթուածները եթէ ուղղակի դեր մը չունեցան մեր քնարերգութիւնը յեղաշրջող հոսանքին մէջ, գոնէ երկար ատենի համար փոխարինեցին [41] բուն քերթողական յղացքը եւ յապաղեցուցին ճաշակի բարեշրջումը:

 

Արեւմտահայ մեծ ռոմանթիքները վրիպանքներ [42] միայն արձանագրեցին ազգայնական իրենց երգերովը: Պէշիկթաշլեանի ամէնէն ձախող մասը գործերուն՝ կը կազմէ երգային մասը:

 

Աւելցուցէք այս վրիպանքին վրայ դպրոցներու համար ճարտարուած երգաբանութիւն մըն ալ, որ գործը ըլլալով համբաւաւոր մարդոց, երկար ատեն ստուեր բերաւ բուն քերթողութեան:

 

1890 էն յետոյ ազգային երգերը առին ուրիշ գնացք, յեղափոխական, ռազմաշունչ: Տրուած [43] այն երգերը բան չեն փոխեր սեռին ընդհանուր վրիպանքէն: Այսօր նոյն անտարբերութեամբ կը կարդանք իբրեւ ստեղծում այնքան համբաւի հասած «Մայր Արաքսի»ն, որքան իսկապէս արժող հատուածներով հարուստ, բայց իր ամբողջութեանը մէջ երգի վարշամակով փաթթուած «Բամբ որոտան» քերթուածը: Նշան՝ թէ այդ սեռին մէջ գոյութիւն ունի մահու տարր մը: Կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան ԺԹ. դարու բանաստեղծական ամէնէն մեծ համբաւին՝ Պէրանժէի լրիւ խաւարումը այսօր: Մօտեցնել պարագան Աւետիք Իսահակեանի ժողովրդականութեան: Այդ բանաստեղծին երգերուն մեծ մասը երգուած է մեր ժողովուրդէն: Բայց զգո՜ւշ: Երգուած էին նաեւ Պէշիկթաշլեանի բոլոր տափակութիւնները:

 

Արեւելահայոց շուտ [44] խուսափումը այս սեռին վտանգէն զիրենք արտօնած է խստապահանջ ըլլալու [45] մեր  դէմ:

 

Մեծ մեղադրանքներէն մէկը, զոր կը բանաձեւեն մեր քերթողութեան դէմ, ճիշդ է, որ կը կռթնի այս աժան հռետորութեան վրայ:

 

Արդար ըլլալու համար պէտք է աւելցնել, որ Կոմիտաս Վարդապետի երգերը վերջնական հարուածը տուին այդ սեռին՝ զայն առնելով մեր բարքերէն:

 

 

2 Հռետորութիւն.

Չէինք կրնար զերծ ըլլալ այս բառէն եւ իրմով թելադրուած թերութեանց կշիռէն: Մեր բանաստեղծութեան սկզբնական դրդիչները (Ալիշան եւ իր դպրոցը) պատասխանատու են այս վտանգին: Ատեն մը (1870) հռետորական տարազներու, քերականական դարձուածքներու գիտութիւն մը՝ միանալով ընդհանուր տաղաչափութեան, դպրոց կազմած էր մեր բանաստեղծութեան [46] մէջ: Այդ օրերուն է, որ մարդիկ գրիչ ձեռք կ՚առնեն մատի վարժութեամբ, այսինքն՝ համրելով, թուղթի կապելու ամէնէն հասարակ մտածումներն ու զգացումները, հերիք է, որ հռետորական ջնարակ մը, մէկ - երկու գեղեցիկ նախդիր, մէկ - երկու անուշիկ բացագանչութիւններ (գոգցե՜ս, քանի՜օն, եղո՜ւկ, բաբէ՜, գոնեա՜, եւայլն) քշեն մեզի ճարտարութեամբ տողերուն ընդմէջէն:

 

Այս հռետորութիւնը ` գրքի գիտութիւն [47] եւ ուսուցչի ճարտարութիւն [48], առանց հետքի անցած է մեր քերթողութեան վրայէն (ըսել կ՚ուզեմ՝ իրմէ բան չէ մնացած) : Դժբախտաբար, արեւմտահայ քնարերգութիւնը չկրցաւ ազատիլ անոր կնիքէն աւելի ուշ, [49] քանի որ մեր մեծատաղանդ բանաստեղծները անով պարտկել ուզեցին իրենց գործին մէջ այն պահերը, ուր իրական ներշնչումը պակսեր էր իրենց: Այսպէս՝ անգամ մը միայն պարտաւոր եմ այս հաստատումը տարածելու Վարուժանի քերթուածներուն կարեւոր թիւի մը վրայ: Սիամանթոյի գործը վիրաւորող մեղքը հաւանաբար հռետորութեան ախտէն ծագում է առած: Շրջուած հռետորութիւն մըն է Մեծարենցի վրիպած կտորներուն մէջ գոյութիւն ունեցող «ծաղկած» բարբառը: Թէքէեանի մօտ մտածումը կ՚աշխատի փոխարինել զգայնութեան պակասը՝ դիմելով նոյն եղանակին: Ասոնք մեծագոյն անուններն են մեր քնարերգութեան (աւելորդ է խօսիլ միջակներէն) :

 

Հռետորութիւնը մեծագոյն մեղքերէն մէկն է արեւ [50] մտահայ քերթողութեան, զայն ժողովուրդէն հեռացնող (ռոմանթիքներու ատեն), զայն ժողովուրդէն վեր հանող (արուեստագէտ սերունդին մէջ) [51] անոր հաճելի ըլլալու համար կը խաղայ պարագայական յուզումներու լարերուն վրայ) [52] : Այսօր սերունդը, որ կը մտածէ եւ կը ստեղծէ՝ չափազանց կը խոշորցնէ այս թերութիւնը՝ նմանելով եւրոպական սերունդներու: Այսօր ցամաք ըլլալու, խոր ըլլալու, անկարելի ըսուելու չափ պարզ ըլլալու ձգտումները զսպանակներն են մեր քերթողութեան: Բայց փաստն այն է, որ բանաստեղծ չունինք: Հռետորութիւնը կարելի է մեռած համարել Չրաքեանի մը տողերուն մէջ, պարագան կը ճշդեմ միայն զգուշանալով վերլուծումը խորացնելէ (կը ծագին հարցեր քերթողականի, rythme- ի, [53] vers libre-ի եւ այն նոր արուեստին, որմէ նմոյշներ եկան մեզի արեւելահայերէն, որոն ք [54] իրենց կարգին ազդուած են ռուսերեն) :

 

 

3 Ռոմանթիզմ.

Արեւմտահայերու ռոմանթիզմը գրական է եւ աւելի մօտ եւրոպականին: [55] Գոնէ երկու վաւերական խառնուածք յատակ կը ծառայեն գրական այդ ուղղութիւնը մեր մէջ պահելու: Եթէ Ալիշանի մօտ անիկա դեռ վարագուրուած է ուսուցչական - հռետորական կողմերով, Պէշիկթաշլեան հարազատ ռոմանթիքն է, որուն դէմքը նոյն գծի կու գայ Լամարթինի հետ: Արեւելք, ամէնէն նկարագեղ շրջանը աշխարհին, դժբախտ մանկութիւն, յոգնախռով պատանութիւն, անդրատնկում Վենետիկ, վերադարձ մոգական շրջանակի մը ընդմէջէն, կեանքի մը մէջ, զոր հիւանդութիւնը կը պահէ կարմիր մուշտակին տակ: Ամենախոր զգայնութիւն, երազի ծփանքներով աշխարհ մը, աղքատութեան եւ անհուն հարստութեան ըղձանքներ քով քովի: Այս վերագրումները Պէշիկթաշլեանի ընդմէջէն կարելի է երկարել դէպի մեծ ռոմանթիքները եւրոպական աշխարհին: Կար [56] դացէք մեր բանաստեղծին ու Շելիի քերթուածները: Հոգեկան այս եղբայրութիւնը ակնբախ է: Նոյնն է պարագան Դուրեանի համար (տե՛ս «Պատմութիւն հայ մատենագրութեան» գործին մէջ Դուրեանի հատուածը՝ իր ռոմանթիզմ paragrapheին մէջ), այնպէս որ, մեր քնարերգութեան բնա շրջումին [57] մէջ ռոմանթիզմը քիչ անգամ գրական կեղծիք է: Անիկա կ՚իրագործէ շարժումին բոլոր դրական իմաստը, որմէ նորէն չեմ խօսիր, քանի որ վերերը տուի անոր գլխաւոր գիծերը: Մեծերէն ետքը այդ ռոմանթիզմը տուաւ ձախող արդիւնքներ Թէրզեանի, Սէթեանի եւ ուրիշներու գրչին տակ, բայց դիտել կու տամ, թէ այս ձախողանքը ընդհանուր է այդ մարդոց ամբողջական գործերուն համար. ռոմանթիզմը ըլլալով շատ մը երակներու [58] համադրութիւն, համանուագ, անոր մէկ մասին մէջ ձախողանքի մը ձախողանքն է, որ արդիւնքն է ընդհանուր անբաւականութեան: Եթէ Սէթեանէն եւ Թէրզեանէն անթերի քերթուած վայելելու բախտը չէ տրուած մեզի, մեղաւորը ռոմանթիզմը չէ ապահովաբար, այլ՝ այդ մարդոց սեպհական խառնուածքը: Արուեստագէտ սերունդը (Իրապաշտներ կրցան հիմնովին բաժնուիլ անկէ) զգաց վտանգը եւ [59] ազատութեան իրաւունքը պահանջեց ռոմանթիզմէն, որ շրջուած, բայց ոչ անճանաչելի ձեւով մը գոյութիւն ունի դարձեալ 1900 էն ետքը համբաւի հասնող մեր բոլոր մեծ քերթողներուն մէջ: Անշուշտ, անգամ մըն ալ չենք հանդիպիր Դուրեանի «Լճակ» ին, բայց հետաքրքրական է մօտեցնել Վահան Թէքէեանի «Անտառին մէջ» քերթուածը («Հրաշալի յարութիւն»), Պէշիկթաշլեանի «Առ զեփիւռն Ալեմտաղի» քերթուածին: Երկուքին ալ յատակը կու տայ պատմական անտառը, բայց Վ. Թէքէեանի տողերուն մէջ թրթռացող տրտում, կործանած ու քաղցր յուսահատութիւնը ոչ մէկ կերպով կեղծ չէ Պէշիկթաշլեանի փափաքէն [60]: Կէս դար իրարմէ հեռաւորութեամբ գրուած քերթուածները, իբր թեքնիք, իբր իրացում եւ իբր ոգի, գրեթէ պատմութիւնն է մեր ռոմանթիզմին: Պատերազմէն ասդին ռոմանթիզմը մեռած է մեր մէջ: Paradoxe ի սիրահար մը թերեւս երեւոյթը մօտեցնէ բանաստեղծութեան ալ մեր կորուստին:

 

 

4.   Քիչ անգամ տաղաչափութիւն.

Կը բանամ այս paragrapheը, վասնզի բացեր եմ զայն արեւելահայ հատուածին մէջ, վասնզի անոնց բանաստեղծութիւնը միակտուր, ընդարձակ տաղաչափութիւն մըն է միայն:

 

Աշխարհի սկիզբէն ի վեր անհուն թիւով քերթուածներ գրուած են ամէն լեզուի մէջ: Մասը, որ վերապրեր է, քչիկ է անշուշտ: Մեռնողները ուրիշ մեղք չունէին, եթէ ոչ մեղքը տաղաչափութեան: Արեւմտահայ քերթողութիւնը զերծ պիտի չրլլար օրէնքէն: Բայց ահա տարբերութիւն մը. մեր յաջողակ քերթողներուն մօտ տաղաչափութեան քանակը քիչ է եւ անկարող է խեղդելու անոնց գործը իր մոխիրին ներքեւ: 3/4 ը Մ. Պէշիկթաշլեանի գործին կը մեռնի տաղաչափուած ըլլալէ աւելի խորքի անբաւականութենէն: Եղաւ ատեն մը, երբ այդ խորքը կը կշտացնէր իր շրջանը, եւ հետեւաբար, տաղաչափութիւնը անմեղ էր իր յաւակնութեանց մէջ: Շրջան մը յետոյ այդ խորքը սպառեցաւ եւ մարդիկ մեղքը կը դնեն տաղաչափութեան վզին: Այս օրէնքը բաւ է ինքնին, որպէսզի մեր քնարերգութեան անյաջող քերթուածներուն ճակատագիրը զատենք նորոյթի, գրական մոտա յի, շրջանային կնիքներու թաթերէն, եւ տեսնենք իրենք իրենց մէջ, քիչ անգամ ենթակայ տաղաչափութեան տժգոյն արհեստին: Եւ որովհետեւ գրականութիւնները կը շինուին միայն մեծ անուններով, մեր քնարերգութեան ոչ տաղաչափական նկարագիրը ապահովուած կ՚ըլլայ այս իսկ փաստով: Նման հաստատում մը անկարելի պիտի ըլլար Արեւելահայ գրականութեան համար:

 

5 Ինքնատպութեան մարմաջ.

Հայ գրականութիւնը առհասարակ աղքատ է ինքնատիպ գործերով (վերագրումը կը տարածուի նաեւ դէպի հինը) :

 

Արեւելահայ բանաստեղծութիւնը դժբախտ է ` այս ձգտումէն իր հիմնովին անմասնութեամբը. Գամառ - Քաթիպայէն մինչեւ Չարենց, բոլոր քերթողները կը կրկնեն նիւթի, ներշնչումի, կառոյցի գրեթէ մէկ եւ անփոփոխ նկարագիրներ, եթէ մէկդի ընենք Տէրեանի փորձը: Այս միակերպութիւնն է պատճառը, որ իսկապէս բանաստեղծական զգայութիւններ, նոյնիսկ յուզումներ արտայայտուին այդքան հասարակական մոթիֆներով (կը կենամ Թումանեանի, Յովհաննիսեանի եւ Տէրեանի անուններուն առջեւ: Ասոնք մարդեր են, որոնց ստորագրութիւնը դժուար է բաժնել իրենց կտորներէն: Մինչդեռ առանց անպատեհութեան մնացեալներուն մօտ կրնանք որեւէ անուն հանել եւ փոխանակել ուրիշի մը հետ եւ քերթուածը բան պիտի չկորսնցնէ) : Ճիշդ հակառակն է, որ գոյութիւն ունի արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ: Դուք չէք կրնար Դուրեանի մէկ տողն իսկ խարդախել: Հակառակ նիւթերու զանազանութեան, հակառակ ոգիի նոյնութեան, Մեծարենցը եւ Դուրեանը կը զատուին իրարմէ ինքնատպութեան մէկ ու զօրաւոր ձգտումով, որ հասարակաց է այս անգամ գրեթէ մեր բոլոր քերթողներուն: Մեր մօտ չեմ ըսեր աւանդութիւն, այլ տիրական պահանջ է ինքզինքը ըլլալ, ուրիշին չնմանիլ, ուրիշը չշարունակել: Կը ծանրանամ այս paragrapheին տարողութեան, վասնզի անով կը զանազանուի անիկա արեւելահայ քնարերգութենէն: Մեր գրականութեան միւս սեռերուն մէջ պակսող այս ինքնատպութիւնը թերեւս միս - մինակը կ՚ազատէ եւ կ՚երաշխաւորէ նոր ժամանակներու մեր յաջողագոյն իրացումը՝ [61] Արեւմտահայ քնարերգութիւնը, ուր պարտաւորուած եմ հաստատել քանի մը անմահ տուրքերը մեր ժողովուրդին երեւակայելու, զգալու նորերանգ եւ նորափետուր արտայայտուելու, իսկապէս անփոխարինելի շնորհը, որով ժողովուրդ մը կը զատուի ուրիշներէն:

 

Արուեստագէտ որակուած ժողովուրդ մը պիտի զատորոշուի իր այս տարազներով: Ինչո՞վ կը զատուի յոյնը իր դրացի մեծ եւ զօրաւոր հռովմէացիներէն: Նոյն եւ անմահ տուրքերով:

 

 

6.   Նկարչամոլութիւն [62].

Արեւելահայ գրականութեան մէջ մենք ուրացանք աչքի մը գոյութիւնը: Դժուար է ըմբռնել հարիւր տարուան գրական գործունէութիւն եւ չունենալ քերթուած մը անոնցմէ, ուր աշխարհի մէկ նկարչագեղ երկիրը մարմին դառնայ որեւէ գեղեցիկ քերթուածի մէջ (յիշել արեւելահայոց մասին ըսուածները այս առիթով) : Այս կամաւոր եւ անմեկնելի աղքատութեան դէմ արեւմտահայ քնարերգութեան ճոխութիւնը գոյնի հարցին մէջ աւելի է պարզ հակապատկերէ մը (contraste) :

 

Գրեթէ հրաշալի յաջողանք մըն է Պէշիկթաշլեանի տաղերուն մէջ, երբ տարաբախտ քերթողը գրաբարի շուրջառէն մշտապէս հալածական, [63] եղանակը կը գտնէ իրական եւ գունագեղ մնալ գիտնալու: Դուրեանի գոյներէն մինչեւ այսօր ծուէն մը իսկ չէ թոռմած, հակառակ անխուսափելի ռոմանթիզիմին, որ իր քերթողութեան յատակը կազմեց: Գոյնի զգայնութիւնն իր գերագոյն շնորհին կը հասնի Մեծարենցի եւ իրմէ բխող դպրոցին մէջ, վերածուելու համար հակադարձ վրիպանքի մը, որ այս անգամ գունամոլութիւնն է նորերուն եւ նորագոյններուն: Նկարագրական ճարտարութեանց ի յարգումն մենք ունեցանք քերթուածներ (Սիպիլէն եւ Չրաքեանէն), բայց այդ քերթուածները բացառութիւն են եւ չեն կրնար վիրաւորել գեղեցիկ հանդէսը, ուր իրարու համադրուած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի ամէնէն նկարագեղ զգայնութիւնները:

 

Գոյնի այս հանգամանքը անդրադարձած է նաեւ լեզուին վրայ, ու մուտք գտած արձակին մէջ:

 

1900 ի արձակ քերթուածները հակառակ իրենց վրիպանքին, փաստ մը կը կազմեն նկարող տուրքերու ուժին:

 

Ի վերջոյ գոյնի սա հարստութիւնը հիմնական տուրքերէն մէկը կը նկատեմ Արեւմտահայ ամբողջ նոր գրականութեան:

 

 

7 Երաժշտական զօրաւոր զգայարանք.

Կոշտ բարբառէն, որով գրուեցան արեւմտահայ քերթողութեան առաջին ոտանաւորները հարիւր տարի առաջ, մեր օրերու բանաստեղծի մը ամբողջ երգ եւ ճռուողիւն մէկ տողը մինչեւ, արեւմտահայ քնարերգութիւնը անցաւ բնական բնա շրջումի [64] մը բոլոր աստիճաններէն պատուով եւ շնորհով: Գամառ - Քաթիպայի մէկ տողէն մինչեւ օրուան պսակաւոր Չարենցի մէկ ուրիշ տողը, այդ քնարերգութիւնը կը մնայ ողբալիօրէն նոյն եւ մէկ՝ երաժշտական զգայնութեան տեսակէտով: (Յիշել այս առիթով երաժշտական վերամուտը [65] տողէն ներս, Ռոմանթիքներ, Պառնասեաններ, Սեմպոլիսթներ, Վակնէր, Փօլ Վէրլէն) : Արեւմտահայ քերթողութիւնը իր ուղղակի շփումովը արեւմտեան արուեստին բոլոր ձեւերուն հետ, դիւրութիւն ունեցաւ որդեգրելու այդ արուեստին մայր դիմայեղումները (phase) : Մեր քերթողութեան մէջ ամբողջ երգ, աղօթքի պէս թրթռուն ոտանաւորներ հարիւրներով կարելի է համրել: Նոյնիսկ ամէնէն ծանրաբարոյ, մտածումով ծանրաբեռն քերթողութեան մը մէջ, որպիսին է Թէքէեանինը: Քերթողական երաժշտութիւնը անխուսափելի յատակը կը կազմէ անոր ամէն մէկ յօրինումին:

 

Չշփոթել երաժշտական սա զգայարանքը հռետորական այն յարդարանքին հետ, որուն մէկ նմոյշն է, օրինակի համար, Ալիշանի «Բա՜մբ որոտան» ը: Բառերով կարելի, նմանաձայնութեամբ շեփորելի, բառախաղով պճլտուն եւ գրագիտական օրէնքներով պաշտպանուած այդ pédantisme ը, զոր իրենց մեծ տաղանդին հակառակ չկրցան փրկել ոչ Հիւրմիւզը, ոչ Բագրատունին, դուրս է մեր դասէն:

 

Դարձեալ չեմ կրնար խորանալ դէպի հարուստ ընդունակութիւնները մեր դասական բարբառին: Մեր շարակաները, նարեկեան մեղեդին, Շնորհալիին rythmique- ը [66], վենետիկեան նոր դպրոցին շքեղ իրացումները (Բագրատունիի «Մշակական»ը, «Հայկ դիւցազն»ի որոշ մասերը, Ալիշանի մէկ-երկու քերթուածները) [67], իբրեւ ուրիշ երեւոյթ [68], դուրս կը մնան այս դասէն:

 

 

8 Գլուխ-գործոցներ.

Երբ աչքէ անցընենք բազմահատոր արտադրութիւնները արեւելահայ քերթողութեան, մեզի համար անկարելի պիտի ըլլայ կանգ առնել գոնէ քանի մը հատին առջեւ, որոնք իբր յղացում եւ իրագործում, իբր ներշնչում եւ իբր արուեստ, զինաթափ ընէին մեզ: (Այս փորձը եւս կատարեր եմ անոնց ամէնէն վաւերական քերթողին՝ Թումանեանի գործին վրայ քառասունէ աւելի այդ քնարերգական քերթուածներուն մէջ հատ մը միայն կրնամ յիշել ձեզի, զոր կարելի է կարդալ այսօր յուզումով: «Հին օրհնութիւն»ն է ատիկա) [69]: Յովհաննիսեանի, Իսահակեանի որեւէ քերթուածը, նոյնիսկ ամէնէն կատարեալ նկատուածը, միշտ պիտի թերանայ: Կա՛մ նիւթի անկանոն մշակում, կամ արտայայտութեան անխնամութիւն, կամ տափակութիւն, կա՛մ խժութիւն անպայման երեւան պիտի գան՝ վիրաւորելու համար այդ կտորին համեմատական արժէքը: Չեմ կրնար Գամառ Քաթիպային քնարական քերթուածները յանձնել ձեր վայելքին: Վահան Տէրեանին մէկ - երկու երաժշտական նուրբ յօրինումներուն՝ [70] դժբախտաբար խորքով աղքատ, [71] կ ՚ուրանամ  ստեղծագործ տարրական շնորհը: Նորագոյններու մօտ, Գ. Մահարիի, Ոստանիկի շեշտ նորութիւնը կու գայ արեւմտահայերէնէն [72] (որովհետեւ վանեցի են) : Քիչիկ մը ներողամիտ պիտի ըլլամ Դերենիկ Դեմիրճեանի հանդէպ, որ ֆրանսական սեմպոլիզմին զգայնութիւնը ունեցաւ Տէրեանի հետ, եւ մէկ - երկու յաջող տուներ տուաւ առհասարակ վրիպած իր քերթողութեան մէջ: Այս ներողամտութիւնը կարելի է տարածել դարձեալ Իսահակեանի, Յովհաննիսեանի քերթուածներին երբեմն տողերու, ա՛ռ առաւելն տողերու [73] վրայ [74]:

 

Երբ հարցը կը փոխադրեմ արեւմտահայ քերթողութեան, առանց վերապահութեան կրնամ իմ հիացումս յայտնել Պէշիկթաշլեանի 8-10 քերթուածներուն, որոնց մեծ մասը գրաբար է: Դուրեանին մօտ 3/4- ը դուրս է ոեւէ քննադատի խծբծանքէ, ամէնէն խստապահանջ ճաշակներն իսկ զինաթափ ընող առնուազն խորքին խորունկ խռովքովը:

 

Եթէ կրնամ դիւրութեամբ սահիլ Չերազի, Պէրպէրեանի, Սէթեանի, Թէրզեանի եւ աւելի խոնարհ անուններու վրայէն՝ իբր տիրական գեղեցկութեան ստեղծիչ, պարտաւոր եմ յայտարարել, թէ այդ անուններուն մէջ իսկ մեզի  համար դիւրին է մէկէ աւելի կատարեալ քերթուածներ կարենալ սիրել: Արշակ Չօպանեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, որոնք փոխանցման սերունդի մը բանաստեղծները եղան, նոյն ձեւով կ՚ազատին վճռական կործանումէ մը, քանի որ ամէնն ալ փաստեր կը բերեն մեզի առնուազն լեզուական կատարելութեան: Անոնց աշխարհաբարը դաշնակութիւնն է ու նրբութիւնը՝ եւ ասիկա ոչ-հազուադէպ կերպով: Իսկ Թէքէեան, Մեծարենց, Վարուժան, Սիամանթօ անուններ են, որոնց գործը կրնար պատիւ բերել այսօրուան եւրոպական ազգերուն ոեւէ մէկուն քերթողութեան: Մեծարենցէն կրնամ անուանել քսանէ աւելի քերթուածներ, Վարուժանի գործին 3/4 ը վեր է քննադատին հասողութենէն: Նոյնը՝ Թէքէեանի համար: Եթէ Սիամանթոյի անուան շուրջը քիչ մը ստուեր սկսած է շատնալ, [75] կ՚ենթադրեմ, որ ժամանակը պիտի չկրնայ պարպել անոր երեւակայութիւնը եւ verbe-ին ուժը, որոնք գ ործին [76] ամբողջական փլուզումին մէջէն, պիտի մնան կանգուն:

 

Քնարերգութեան [77] սա բնա շրջումին [78] վրայ այս ակնարկը ստիպուած եմ շարունակել պատերազմէն ասդին եւս: Երկու կողմերուն մէջ շատ են անուններ, բայց ոչ մէկը, որ տիրական կնիքով ինքզինքը հարկադրէր: Քերթողական ոգիի՞ն, թէ քերթողին ըլլան պատճառները այս վրիպանքին, հոդ չէ հարցը: Գրականութեանց պատմութիւնները արձանագրած ունին շրջաններ, երբ ստեղծագործ աւիշը պահ մը դադար կ՚առնէ: 1870-1900 Արեւմտահայ գրականութիւնը արձանագրած է նման շրջան մը:

 

Իրողութիւն է, որ Չարենցի շինծու համբաւը, գերակառոյց վարկը բան չէ աւելցուցած արեւելահայ քերթողութեան: Իրականութիւն է, որ յետ - պատերազմեան 20-30 անունները արեւմտահայ  քերթողութեան գրեթէ ոչինչ բերին:

Գ Դիւցազներգութիւն   Զոյգ գօտիներուն մէջ [79]

 

Թերեւս անհարազատ բառ մըն է ասիկա: Ոմանք՝ ինչպէս Վարուժան, գործածած են դիւցազնավէպ, [80] ֆրանսական poème ին իբրեւ համապատասխան տարազ:

 

Այս վերնագրին տակ կը զետեղուին [81] երկու հատուածներուն մէջ ալ մեծկակ թուող քերթուածներ: [82] Պոեմը ժամանակակից սեռ մըն է՝ ծագում առած անգլիական գրականութեան մէջ, որոնցմէ կ՚անցնի Ֆրանսա, Ռուսիա: Տեսակ մը խառնուրդ է պատմող եւ ստեղծող lyrisme-ին: [83] Երբեմն զայն կը լծեն, մասնաւորաբար անգլիացիք, [84] բնազանցական խոյանքներու արտայայտութեան (Շէլլի) : Երբեմն անիկա գահաւորակ մըն է հսկայ պարսաւի մը՝ ընդդէմ մարդոց եւ Աստուծոյ (Պայրըն, Հիւկօ), երբեմն կրօնական զմայլելի ներշնչումներու, երկնային քաղցրութիւններու (Լամարթին) : Ռուսերու մէջ նորօրինակ դիւցազներգութիւն [85] մըն է, [86] կէս հեքիաթ, կէս-ժամանակակից, Արեւելքի ամբողջ տրտմութեամբ, խորհուրդով թրթռուն (Պուշկին) : Մեր երկու գրականութիւններն ալ ազդուելով այս համայնական աղբիւրներէն, սկիզբէն իսկ զօրաւոր կամք մը յայտնեցին՝ նուաճելու համար այս դժուար սեռը) :

 

Ալիշանի, Նար-Պէյի, Թէրզեանի կրօնաշունչ կամ ռոմանթիք կառուցումները առաջին étape ները կրնան նկատուիլ: Անշուշտ ճիգը վրիպած է, վասնզի կը փորձուէր ստեղծագործ աւիւնով ոչ-բաւարար կերպով օժտուած մարդոցմէ, մինչ եւրոպացիներուն մօտ մեծագոյն արուեստագէտներն էին մշակները անոր: Մեր մօտ պահելով տաղանդի կշիռը իր իրական սահմանին վրայ, մտահոգութեանց զսպանակն էր թերեւս գլխաւոր պատճառը սա վրիպանքին: Ալիշանին համար ասիկա մարզանք մըն է միջնադարեան աշխարհաբարին assoսplissement-ին (ճկնացման): Նար-Պէյ զայն կը գործածէր հռետորական իր հմտութիւն ցուցադրելու, Թէրզեան՝ պատմական ոգեկոչման:

 

Աւելի ետք, Չօպանեանի, Լեւոն Սեղբոսեանի, Վարուժանի դիւցազնավէպերը լեզուական, նկարագրական, երբեմն նոյնիսկ փառքի [87] մտահոգութիւններով թրթռուն . Սեղբոսեան), վրիպեցան պատճառներով՝ որոնց վերլուծումը մեզ հեռուները պիտի տանէր:

 

Արեւմտահայերը իրենց քերթողական բնաշրջումը [88] կատարեցին չափազանց արագ: Թերեւս Խրիմեան մը, Սրուանձտեանց մը, եթէ [89] չըլլային յաճախուած Պէշիկթաշլեանի եւ Դուրեանի ուրուականներին, եւ չըլլային անցած Աբովեանի մը իմացական պատրաստութենէն, կը յաջողէին մեզի տալ իսկապէս հարազատ հայ դիւցազնավէպ: Չէ եղած ատիկա եւ լեզուն, քսաներորդ դարուն մէջ, այնքան գրականացած՝ չէր կրնար այլեւս սեղմուիլ գեղջուկ պարզութեան ու միամիտ նախնականութեան այն ստորոգելիներուն մէջ, որոնցմէ ախորժ կը զգան այդ կարգի զրոյցները (ռուս. դպրոցը) :

 

Վարուժանի պոեմները, թէեւ հարուստ նկարագրական տարրով, նիհար են այդ նախնական բանաստեղծութեամբ: Միւս կողմէ՝ անոնց մէջ խորհուրդին ու իմաստին բաժինն ալ վտիտ է ինկած: «Արմենուհի»ն կաղ է իր հոգեբանութեամբ, եւ աղքատ՝ couleur locale- ով ը: Սեղբոսեանի «Լերան աղջիկը» թերեւս հովուերգութիւն մըն է՝ առանց ժողովուրդ տարրի կամ գրական մեծվայելչութեան: Այնպէս որ, կ՚արձանագրեմ այս վրիպանքը՝ անցնելու համար արեւելահայ վրիպանքին:

 

Ամէնէն առաջ պարտաւոր եմ յայտարարելու, թէ սեռը համեմատական յաջողութեամբ պսակուեցաւ անոնց մօտ, ու ահաւասիկ քանի մը պատճառներ այդ մասնակի յաջողանքին:

 

ա) Անոնց գրականութիւնը աւելի մօտ է երկրի սրտին: Մի մոռնաք երբեք հողին անհուն դերը արուեստի գործերուն վրայ: Մեր ոտքերը կը հանգչին վրան, ինչպէս մեր գրիչը իր ուժը կը ստանայ անկէ: Եւ որովհետեւ դիւցազներգութիւնը հողին հետ եւ հողին մէջ առաջին պայքարն է ժողովուրդի մը զայն պաշտպանող բազուկներուն ապաստանարանը, կը հետեւի, թէ դիւցազնաշունչ ամէն յօրինում  պէտք է պաշտպանուի անով:

 

Անոր պակասն է, որ տապալեց արեւմտահայ մեծ տաղանդներուն փորձերը: Ի վերջոյ Վենետիկի կղզիի մը մէջէն դժուար է ընդգրկել հայկական անհուն սարահարթը, անոր վրայ ոտքի հանելու համար կարաւանը դիւցազներու: Նոյնքան անյարմար է նման աշխատանքի մը համար Պոլիսը:

 

բ) Լեզուի համեմատական նախնականութիւնը. պարագայ՝ որ զանցառելի չէ երբեք, երբ պատմող ու նկարող քերթողութեան մասին է մեր խօսքը: Վերլուծական ճշգրիտ եւ երանգաւոր ոճ մը գէշ պիտի պատշաճէր տաղանդաւոր անձերու դրուագներու, զգայնութեանց եւ աշխարհին ձեռնումին: Արեւմտահայ բարբառը շատ արագ իր յեղաշրջումը կատարած՝ զուրկ եղաւ պատեհութենէն նման գեղեցկութեան մը նուաճումին: Գրաբարը, ֆրանսական ազդեցութիւնը, լրագիրը եւ Պոլիսին համաքաղաքացիական հանգամանքը զսպանակներ են այդ զգացումին: Քնարական զգայնութեանց սեւեռումին համար այդ լեզուն անյարմար պիտի գար հաւաքական զգայնութեանց պարագրումին: Արեւելահայոց համար այս évolutionը հազիւ ուրուագծուած է յանձին Զարեանի ոճին: (Այս վերջինէն «Տատրագոմի հարսը» ին վրիպանքը փաստ մը կու տայ այս paragrapheին կարելի ճշդութեան) :

 

Արագ, մսոտ, վայրենի, պղտոր բառեր պէտք են բուռն, պարզ, պղտոր, բայց գեղեցիկ գիւղացիներու հոգեբանութիւնը սեւեռելու համար:

 

Շատ աւելի պիտի նախասիրէի անշուշտ Աբովեանի բնածին կոշտութիւնը՝ Թումանեանի քիչ մը յղկուած բարբառէն: Բայց «Սասունցի Դաւիթ» ը իբրեւ բարբառ շատ աւելի կենդանութիւն, հարազատութիւն, գեղեցկութիւն կը պարունակէ, հայեցի համ, քան, օրինակի մը համար, Վարուժանի շքեղ «Արմենուհին» :

 

գ) Բարքերու, հոգեկան աշխարհին, մտայնութեանց  համեմատական պարզութիւնը, նախնականութիւնը: Ասիոյ մէջ դարերը դանդաղ կը քալեն, եթէ երբեք կը քալեն: Աշխարհ այցի եկող Աստուծոյ զարմանքը դրախտին մէջ գործածած ար o րը նորէն գտնելու Հայաստանի մէջ՝ աւելի կ՚արժէ, քան հեքիաթը (Խրիմեանի) : Այս անկիւնէն դիտուած Արարատի նահանգը, անոր յամառ, արի մշակները, անոր երջանիկ հովիւները ու միամիտ հերոսները, ու անոր չփոխուող, չըսելու համար՝ անոր կրացած աշխարհը ու անոր աւանդութիւնները, որոնք մորթի նման փակած են մեր մարմինին, ազդակներ են, որոնք զիրենք ընդունակ կ՚ընեն դիւցազնական պատմութեան գէթ անոր այն կերպին, որ կ՚երեւայ «Ոդիսական» ի, «Chanson de Roland»ի եւ «Նեպելունկեններ» ու մէջ (գերմանացի) : Այս հիմնական ազդակներէն դուրս [90] թերեւս սխալի մէջ չըլլամ երբ կ՚աւելցընեմ.

 

- Ռուս [91] գրականութիւնը այդ սեռին մէջ յաջողութիւն իրագործած է.

Պէտք է խոստովանիլ, որ Թումանեան մեծ չափով փոխադրած է այդ հեքիաթները հայերէնի: Ուղղակի աշակերտութիւն մըն է ասիկա այդ մեծ դպրոցին: Չմոռնալ, որ ռուս ժողովուրդը իր ադաման-ներով (իշխան), քաղաքներով, իր նորութեամբը, արեւելքցիի հանգամանքովը ԺԹ. դարուն կը շարունակէր նախավերածննդեան Եւրոպան, այսինքն՝ Միջնադարի ամէնէն դիւցազներգական շրջանը: Հոս է գաղտնիքը Պուշկինի մեծութեան:

- Վրացական ազնուապետութիւն.

Մեզմէ աւելի բարեբախտ ժողովուրդ՝ անիկա պահած էր ընկերային իր կազմը, իշխաններուն իրենց սուրերը, շունչի իր վաղնջայնութիւնը:

- Պարսկական եւ թրքական ազդեցութիւններ

Որոնցմէ առաջինին գլուխ - գործոցները մենէ առաջ անոնք ճանչցան: Ատոնցմէ երկրորդին բարքերը՝ արիւնի, նախճիրի եւ միամիտ բանաստեղծութեանց խառնուրդով, [92] լաւագոյն տարր մը կը կազմեն դիւցազներգական յօրինումին, երբ ռուսական գրաւումէն ետքը ընկրկումի բաւական միջոց մը կարելի է պատրուակ ալ նկատել (recul artistique) :

 

Այնպէս որ, քանի մը տուիքներէն յետոյ Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»ը, « Լեգենդա » ները [93], «Լալւարի որսը», մէկ հատիկ մնացած (Միրաքեան), [94] իրենց համապատասխանը չունին արեւելահայ քերթողութեան մէջ: Չեմ զբաղիր Դեմիրճեանի «Լենկ Թիմուր» ով, Մանուէլեանի «Հեքիաթ» ով: Իսկ պէտք է դուրս ձգել մեր աշխատանքէն Աղայեանցի ամբողջական շինծու, վարդապետական յօրինումները, որոնց մէջ հիմնովին կը բացակայի արուեստի զգայարանքը:

 

Անշուշտ խստապահանջ քննադատութիւնը դիւրութեամբ պիտի տապալէր սա նիհար գեղեցկութիւնները: Բայց ատիկա դուրս է սա գրքի տարողութենէն: Բաւ է աւելցնել, թէ անիկա կարելի յաջողութիւնն է երկու բարբառներուն մէջ ալ սեռի մը, որուն շուրջը թափառեցաւ [95] մեր ստեղծագործ երեւակայութիւնը իր դարաւոր երկունքներուն շղթայէն: Մէկ կողմէ՝ մեր գրականութեան զուտ կրօնական նկարագիրը, միւս կողմէ՝ մեզի երբեք աչք բանալ չտուող քաղաքական հսկայ գուպարները առիթ չեն տուած, որպէսզի մեր ժողովուրդը ունենայ իրեն վայել դիւցազներգութիւններ:

 

«Սասունցի Դաւիթ» ին ժողովրդական variante ը մեղաւոր է մեր բոլոր մեղքերով: Մեր հին մատենագրութեան մէջ սփռուած փշրանքները, մեր épopée ն սրտառուչ գեղեցկութիւններ ունի, բայց փշրանքներ են միայն: Մեր յեղափոխութեան Հերոսները խեղճ երգերու իսկ չարժանացան: Չեմ գիտեր պիտի գրուի՞ երբեւիցէ Հայ դիւցազներգութիւն:

 

 

Դ. [96] Արտայայտութեան հարց.

Ասիկա գետինն է, ուր երկու գրականութիւններ կարծես իրարու կռնակ դարձուցած՝ [97] կը քալեն աւելի քան անհաշտ: Հետաքրքրական պարագայ՝ այս հարցը երեւան բերաւ ուրիշ տարօրինակութիւն մըն ալ: Կոստան Զարեան, որ արեւելահայերէնը կը գործածէ իբր միջոց արտայայտութեան, հերքում մըն է Արեւելահայ գրականութեան աւան [98] դութիւններուն: Դեռ Աբովեանի օրերէն հարցը նոյն խորութեամբը ինքզինքը հարկադրած է այդ գրականութեան: Հասկնալի ըլլալու, օգտակար հանդիսանալու բացարձակ կամք մը, բռնութիւն մը անդադար ճնշած են այդ լեզուին վրայ, զայն պահելով շատ մօտիկը ժողովրդական ասումին: (Դիտել կու տամ միայն, թէ բոլոր գրականութեանց մէջ գիրին եւ խօսքին միջեւ մեծ անջրպետ մը կայ: Այս եղելութեան տեղի կամ անտեղի ըլլալը խնդրոյ նիւթ չեմ ըներ) :

 

Մինչ արեւմտահայոց մօտ Ալիշանին պարզուկ եւ ջրոտ լեզուին զուգընթաց, ամբարձումը կայ Պէշիկթաշլեանի հոյակապ լեզուին (այս վերելքը կը շարունակուի յառաջատու ուժգնութեամբ՝ Մեծարենցի, Չրաքեանի, Սիպիլի, Թէքէեանի, Վարուժանի ընդմէջէն: Յետ - պատերազմեան նրբագին եղանակը ուրիշ էթափ մըկը ներկայացնէ այդ վերելքէն) : Անդին՝ «Հիմի՞ էլ լռենք» ը եւ «Ամբոխները խելագարւած» ը գրեթէ իրարու շարունակութիւնը կը թուին մեզի, այնքան քիչ բան փոխուած է երկու - երեք սերունդ արուեստէ յետոյ արեւելահայոց մօտ: Աւելի՛ն. այս տեղքայլը [99], չըսելու համար նահանջը, անոնք վերածած են ամրախարիսխ վարդապետութեան, որուն կռնակէն չեն վարանած անդադար հարուածել արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը, զայն անուանելով բառակոյտ, կեղծ դասական, եւայլն:

 

Սա զառածումին գլխաւոր անպատեհութիւնը այն պիտի ըլլար, որ արեւելահայ բանաստեղծութիւնը, իր ինքնաբաւ յաւակնութեանը մէջ հետզհետէ աւելի խորասոյզ՝ պիտի կորսնցնէր արուեստի ամէն զգայարանք, ձեւին արհամարհանքը վերածելով պաշտամունքի եւ պարզ գրելը չզատելով աղքատութենէն: Այնպէս որ, արեւելահայ բանաստեղծութենէն չունինք անթերի արուեստով մը ճարտարապետուած ո՛չ միայն գործ, այլեւ՝ նոյնիսկ հատուած, եւ այս արդիւնքը խորապէս տխուր կ՚ընէ զիս:

 

Արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ արդիւնքները կը տարբերին: Իրենց ոտանաւորը կը դիմանայ, հակառակ անոր, որ կը ցուցադրէ մեր ոտանաւորին ուղղուած մեղադրանքներէն կարեւորները: Բառ, արտայայտման խնամք եւ յարակից մահացու մեղքերէն դաս մը կա՞յ արդեօք այն մոռացման մէջ, որ կը ծանրանայ Թէրզեանի, Սէթեանի, Պէրպէրեանի, Չերազի, Աճէմեանի քերթողութեանց վրայ: Ուրիշ սերունդ մը, մենէ վերջ, [100] որքա՞ն բան պիտի հանդուրժէ մեր քերթողութեան մեծ վարպետներու գործէն. ասոնք հարցումներ են, որոնք խռովքով կը լեցնեն քննադատը: Լեգէոն կը կազմեն անոնք, որոնք Սիամանթոն չեն հանդուրժեր: Այս ընդվզումը արուեստի յաւիտենական օրէնքներէ՞ն կը բխի, թէ կը հպատակի գրական պատմութեան մէջ յաճախադէպ շրջումներու, որոնք կը ստուերոտեն մեծ փառքերը: Չունիմ պատասխան, քանի որ ես ալ մաս կը կազմեմ այդ սերունդին եւ իմ դատումներս չեմ կրնար [101] ազատագրել անխուսափելի, զգայնական վիճակէն, որով իմ ու անոնց հ ոգեկան աշխարհը կը տաղաւարուի: Ինչ որ ալ ըլլայ վճիռը ապագային, հիմակուընէ կարելի է զգալ մեր տերեւաթափը, որ գոյութիւն ունի արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ, իմ կարծիքով արդիւնք այն արտակարգ խնամքին, որով զգացումը խեղդուեցաւ յաճախ նրբութեան, փափկութեան, քերթողական թեքնիքի recette-ներու մէջ: Արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը ենթակայ է ներքին խորունկ անարիւնութեան մը, որ նուէրն է ջերմանոցային պայմաններու:

 

 

 

Ե. [102] Աշուղական շարժումը

 

Այս շարժումը արեւելահայոց մօտ աւելի յաջող արդիւնք ունեցաւ:

 

Ճիշդ է, որ նման փորձ մը չեղաւ արեւմտահայոց մէջ, եթէ նկատի չառնենք 90 ական թուականներու ժողովրդային շարժումը . Յովհաննիսեան), եւ աւելի յետոյ՝ ազգագրական նպատակներով ի գործ դրուած հաւաքումները: Այնպէս որ, արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը մնաց ակօսի մը մէջ իր սկզբնական գնացքին: Այնպէս չէ պարագան արեւելահայոց համար, ուր ինծի տրուած է յիշատակել երկու կարեւոր ձեռնարկ: Ասոնցմէ մէկը կը սկսի Յովհաննէս Յովհաննիսեանով եւ իր ծայրայեղութեան կը հասնի Ա. Իսահակեանով: Ձգտում էր ժողովրդական մոթիֆները շահագործել իբր բառ, կշռոյթ, պատկեր: Թանձրօրէն տափակ ոտանաւորը, որ համբաւի հանեց անունները Պատկանեանին, Շահազիզին, Ծատուրեանին, Յակոբեանին: Յովհաննիսեան իր ձեռնարկին մէջ աշխատեցաւ վերածել թեթեւ, գունաւոր, պարզ, քնարական մեղեդիի մը: Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ այդ աշխատանքը պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Բնականին եւ կեղծին տարբերութիւնը ակնբախ է, եթէ կարդաք ժողովրդական հարազատ երգի մը եւ անոր վրայ calqué [103] եղած Իսահակեանի մէկ տափակ երգը: Եւ ասիկա վճռական է: Շատ - շատ, այդ շարժումին կու տամ դերը որոնող անհանգստութեան մը, որմէ վերջ միայն կարելի պիտի ըլլար Տէրեան:

 

Միւս շարժումն է Կոմիտաս Վարդապետի հոյակապ վաստակը: Հանճարեղ երգաբանը իր հաւաքումները ենթարկած է որոշ հպումի եւ յղկումի: Եթէ զանոնք բոլորն ալ անխառն գլուխ - գործոցի բախտով չէ երջանկացուցած, գէթ բոլորին ալ հագցուցած է ժողովրդական անվերածելի հարազատութիւն: Այդ երգերուն վրայ դրուած եղանակներէն դուրս, որոնք հայ արուեստի անկորուստ մէկ փառքը երեւան բերին, [104] անոնց տաղաչափութեան, լեզուին, կշռոյթին, նոյնքան հարազատութիւնը ոչ ոք կրնայ կասկածի ենթարկել: Կոմիտասի երգերը Հայ ժողովրդական բանաստեղծութեան գոհարացումներն են՝ այսպէս ըսելու համար:

 

Իբրեւ արդիւնք՝ աշուղական շարժումը անոնց բանաստեղծութեան մէջ կը ներկայացնէ կարեւոր յաջողութիւն. նոյնը չէ իմ խանդավառութիւնը շարժումին երկարաձգման դէմ, որ այսօր կը փորձուի Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ մեծամասնական [105] հանգանակով [106]: 1860-ի հռետորութիւնն է շրջուած, որ ոտքի կը հանէ Չարենցի մը աղմկայոյզ քերթողութիւնը: Միւս կողմէ՝ հարցը փոխադրելով արեւելահայ քերթողութեան մէջ, պարտաւոր ենք կենալ  չափաւոր, չըսելու համար՝ սովորական արդիւնքներու առջեւ: Յովհաննիսեանի, Իսահակեանի մեծատարած ու յաւակնոտ պահանջները խոշոր չափով մնացին մեռեալ տարրեր: Ժողովրդական երգին առաւելապէս ձայնական եւ նիւթական կշռոյթին միայն հասնող յաջողութիւնը հեռու է զիս խանդավառելէ: Վասնզի կշռոյթը, ձայնական արժէքները երկրորդ գծի արժէքներ են քերթուածի մը կառոյցին մէջ: Պատկերի այն թարմ ու ինքնատիպ կատարելութիւնը, զգայնութեան, յուզումի այն անվերածելի պարզութիւնը՝ որքան խորութիւնը, հոգեկան գոհարներու այն ապշեցուցիչ բուխքը ` մեր երկինքով, հողով, ճակատագրով պայմանաւոր, մեր դարերուն ոսկի մուրճովը ճարտարապետուած այն հարազատ արուեստը, բոլոր վերլուծումէ խուսափող շնորհները մեր ժողովրդական բանաստեղծութեան, ցաւագին պակասով մը կը վիրաւորեն, օրինակի մը համար, Աւ. Իսահակեանի թեթեւոտն տաղերը: Calquer [107] ընելը ոչ մէկ ատեն արուեստ չէ նկատուած, որպէսզի ժողովրդական մոթիֆներու վրայ ձեւուած հարիւրաւոր այս երգերը (Յովհաննիսեան, Իսահակեան) կարելի ըլար ներս առնել ազգային հարստութեան գանձարանէն: Միակ բարիքը, զոր կ՚արձանագրեմ հոս, այդ շարժումով լեզուին հասցուած թեթեւացումն է: Երբ հետզհետէ խորհրդածական, խորհրդապաշտական տարրեր պիտի մուտք գտնեն անոնց ոտանաւորէն ներս, լեզուն պիտի մնայ այդ ստացածոյ պարզութեան վրայ ամրախարիսխ: Այսպէսով է, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ յաճախադէպ բառակոյտը, իմաստ ու խորհուրդ ստեղծելու պատրանքով ֆրազներ դիզելու մեղքերը պիտի խնայուին:

 

Մեզի աւելի մօտ շրջաններուն՝ Տէրեանով եւ իր դպրոցով, փափուկ, աշուղաշունչ պատկերով եւ ռիթմով հաւասարապէս կենդանի եւ թրթռուն կտորներու գոյութիւնը ես կը կապեմ շատ աւելի զարդուն [108] հասկացողութեան մը, այս անգամ արեւմտեան ընդհանուր յղացքներու:

 

 

Զ. [109] Համադրութիւն.

Գրական սեռերէն մեր մէջ ամէնէն աւելի եռանդագին փորձուած, մեծ արդիւնքներու առաջնորդած եւ քանի մը անմահ անուններ մեզ կտակող այս սեռին մէջ արեւմտահայոց տիրական գերազանցութիւնը տարակոյսէ դուրս է ինծի համար: Մարդիկ կրնան հաճոյք գտնել Գամառ - Քաթիպայի մը, Թումանեանի մը, Ծատուրեանի մը, Իսահակեանի մը, մինչեւ անգամ Չարենցի մը կանոնաւոր, երբեմն սրամիտ, երբեմն պարզունակ, գրեթէ միշտ աղքատ, հասարակ տողերու ընթերցումով: Խնդրոյ նիւթ չեմ ըներ այն պարագան, որուն համեմատ արեւելահայ հասարակութեան կարեւոր ձգտումները կամ գոնէ մէկ քանին, իրենց գոհացում կու տան այդ գեղջուկ, մանկունակ ու աղքատ արուեստով, բայց չեմ կրնար ուշադրութեան չյանձնել, թէ հարազատ աշուղէ մը, ինչպիսին է Սայաթ - Նովան, մէկ հատիկ քառեակը կարող է հակակշռել ամբողջ հարիւրներու հասնող այդ հեղինակներու արտայայտութիւնը բոլորը մէկ: Ու հոս է տագնապին եղերականութիւնը: Այս վտանգին գիտակցութիւնը չունին արեւելահայոց բոլոր քնարերգակները: Ու տղայական միամտութեամբ մը, արուեստի չելած այդ նախնական, այդ աղքատ, այդ խորթ ոտանաւորը կը վերածեն շրջուած քերթողականի մը: Պէտք է կարդացած ըլլալ իրենց արհամարհանքը արեւմտահայ քերթողութեան վրայ, համոզուելու համար, թե որքան քիչ բան կը հասկնան բանաստեղծութենէն:

 

Արեւմտահայ հատուածին մէջ քնարերգութիւնը հարիւրներով կը հաշուէ այն կտորներէն, որոնք ազգի մը ոսկեմատեանը կը կազմեն արդար իրաւունքով մը: Մեկնելով խոնարհագոյն թուականներէն մինչեւ մեր ժամանակները, բազմաթիւ անուններ այլեւս արժանացած են մեր հիացումին, հոգ չէ թէ մեզ գոհացնեն տարբեր աստիճաններով: «Առ զեփիւռն Ալեմտաղի» ն անշուշտ զեփիւռներու bazar ին մէջէն ինքզինք կը փրկէ եւ կը հարկադրէ մեր սիրոյն: «Մանկութեան պարտէզին մէջ» ը ուրիշ գագաթ մըն է: [110] Մ եր օրերուն մօտ 3/4 դար կը զետեղուի այդ միջոցին մէջ: Բայց մեր յուզումը չենք սակարկեր երկուքին ալ: Վասնզի ԺԹ. դարու մեր զգայնութենէն, ցեղային մեր տրտմութենէն՝ ինչպէս դժբախտութենէն, վայելքի մեր ծարաւէն՝ ինչպէս յաւիտեան զլացուած երջանկութենէն, մենք ծուէններ կը հաստատենք իրարմէ բոլորովին տարբեր արտայայտութիւններու [111] մէջ:

 

Ամէն սեռ ենթակայ է խղդուելու խոտաբոյսով, ինչպէս կ՚ըսէ Չրաքեան: Արեւմտահայ քերթողութեան մէջ շատ է քանակը խոտաբոյսին, բայց ատիկա պատճառ չէ, որ մենք չտեսնենք շքեղ ու գեղեցկագոյն ծաղիկներ մեր մտքին տափակութեանց այդ դէզին վերեւ առկախ, որոնց զաղփաղփուն ու քիչ քանակով շնորհը բաւ է՝ թաղելու իր ներքեւ ամբողջ հասարակութիւն մը, դիւրին այդ բու u ականութեան: Ահա այս վերապրումն է, որ դժբախտաբար արտօնուած չեմ ընելու արեւելահայ բանաստեղծութեան վրայ: Ուզողներ թող շատ բան գտնեն այդ շեղջակոյտին մէջէն: Ու դժուար չէ ատիկա: Բայց պիտի չկրնան ցոյց տալ ինծի բան մը, որ «Ճան կիւլիւմ»ի քառեակ մը արժէր, բայց ըլլար ստորագրուած արեւելահայ քերթողութեան բոլոր անուններէն:

 

 


 



[1]          ներգոյական (intrinsèque), սրբագրուած՝ ներգոյակ (inhérant)

[2]          հոս, նաեւ աւելի վար կը վերաբանաձեւեմ ենթախորագիրներ, կը զեղչեմ անհաստատ դասակարգում-թուագրում մը ., բ., գ. ) - առանց հպելու բովանդակութեան:

[3]          ջնջ. բառ մը՝  չկրկնել

[4]          յաւելում՝ իմացական

[5]          մօտեցած կ՛ըլլայ, սրբագրուած՝ մօտեցած չըլլայ

[6]          ոտանաւորէն, սրբագրուած՝ ոտանաւորը

[7]          պառաւագրական, սրբագրուած՝ պարսաւագրական

[8]          տարազներով, համբարձումով, սրբագրուած՝ տարազներու ամբարձումով

[9]         ասդին  --  ?

[10]        յեղափոխութեան, սրբագրուած՝ շրջափոխութեան

[11]        լողի  --  ?

[12]        հանդիպումը, սրբագրուած՝ հանդիպում

[13]        ուր, սրբագրուած՝ որ

[14]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[15]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[16]        Մելտոն, սրբագրուած՝ Միլտոն

[17]        Առնառ, սրբագրուած՝ Ռոնսար

[18]        տողերուն, սրբագրուած՝ տողերու

[19]        թատերգակները, սրբագրուած՝ քնարերգակները

[20]        յաւելում՝ ստորակէտի

[21]        գրականութեան, սրբագրուած՝ գրականութեանց

[22]        գոյն, սրբագրուած՝ գոյնը

[23]        « Արեւելահայ, սրբագրուած՝ « Արեւելեան

[24]        այն, սրբագրուած՝ այդ

[25]        պիտի մնան, սրբագրուած՝ պիտի մնայ

[26]        պսակուած է, սրբագրուած՝ պակսած է

[27]        անցեալ  --  ?

[28]        ենթախորագիրը՝ անհրաժեշտ յաւելում, բխող՝ բովանդակութենէն

[29]        յաւելում՝ ստորակէտի

[30]        յաւելում՝ եւ

[31]        յեղաշրջում, սրբագրուած՝ բնաշրջում

[32]        յեղաշրջում, սրբագրուած՝ բնաշրջում

[33]        ջնջ. տորակէտ

[34]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[35]        որքան, սրբագրուած՝ որոնք

[36]        կու տայ, սրբագրուած՝ կու տար

[37]        թուակարգումը սրբագրուած է ասկէ անդին (1, 2, 3..., ժ, ժա, ժբ... ի փոխարէն ) հետեւելով բովանդակութեան պարտադրանքին

[38]        միայնութեան, սրբագրուած՝ միասնութեան

[39]        Արեւելահայ, սրբագրուած՝ Արեւելեան

[40]        շատ - շատ, սրբագրուած՝ շատ շուտ

[41]        փոխանակեցին, սրբագրուած՝ փոխարինեցին

[42]        վիպակներ, սրբագրուած՝ վրիպանքներ

[43]        Տրուած  --  ?

[44]        շատ, սրբագրուած՝ շուտ

[45]        ջնջ. բառ՝ մեզի

[46]        բանաստեղծութեանց, սրբագրուած՝ բանաստեղծութեան

[47]        գիտութեան, սրբագրուած՝ գիտութիւն

[48]        ճարտարութեան, սրբագրուած՝ ճարտարութիւն

[49]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[50]        յաւելում՝ մոռցուած տողի՝ Հռետորութիւնը մեծագոյն մեղքերէն մէկն է արեւ

[51]        յաւելում՝ գոցուող փակագիծի

[52]        ջնջ. գոցուող փակագիծի

[53]        rythme, սրբագրուած՝ rythme - ի,

[54]        ասոնք, սրբագրուած՝ որոնք

[55]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[56]        ջնջ աւելորդ տող՝ ել դէպի մեծ ռոմանթիքները եւրոպական աշխարհին: Կար

[57]        յեղաշրջումին, սրբագրուած՝ բնաշրջումին

[58]        երկիրներու, սրբագրուած՝ երակներու  -- ?

[59]        ջնջ. աւելորդ բառ՝ յանուն

[60]        փափաքէն --  ?

[61]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ բութ

[62]        Նկարչութիւն, սրբագրուած՝ Նկարչամոլութիւն

[63]        յաւելում ստորակէտի

[64]        յեղաշրջումի, սրբագրուած՝ բնաշրջումի

[65]        վերամուտը տողէն ներս  --  ?

[66]        rythmique, սրբագրուած՝ rythmique - ը

[67]        յաւելում՝ գոցուող փակագիծի

[68]        ջնջ. փակագիծ

[69]        յաւելում՝ գոցուող փակագիծի

[70]        յօրինումներ, սրբագրուած՝ յօրինումներուն

[71]        վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[72]        արեւմտահայերէն, սրբագրուած՝ արեւմտահայերէնէն

[73]        տաղերու, սրբագրուած՝ տողերու

[74]     Ծնթ. Յ. Օշականի. - Վալերի Բրիւսով ռուս քննադատը արեւելահայ քնարերգութենէն թարգմանութիւններ գտած է հանդուրժելի, նոյնիսկ գեղեցիկ: Անմեկնելի բան մը կայ հոս, մա՛նաւանդ՝ երբ տեղեակ ըլլանք ընդհանուր օրէնքին, որով վիրաւոր է բանաստեղծական ամէն փոխադրում լեզուէ մը ուրիշ լեզու: Բնագրի մը մէջ գրեթէ ձախող քերթուածի մը աղուորնալը թարգմանութեան մէջ՝ ուրիշ բանի փաստ կը նկատեմ, թարգմանողին կողմէ արուեստի մեծ կարողութեան: Այս տեղեկութիւնը կու տամ հաւատալով նոյն ատեն, թէ արեւելահայ քերթողութեան անկնիք նկարագիրը նպաստաւոր գետին մըն է իմ կարծիքով սա այլայլումին: Չեմ կարծեր, որ գտնուի ոեւէ բանաստեղծ, որ յաջողէր փոխադրել Դուրեանի « Լճակ » ը, Մեծարենցի « Իրիկունը », Թէքէեանի « Հանըմը » ը [ « Հանումը » ] որեւէ լեզուի մէջ՝ առանց խորտակելու այս չքնաղ նրբութիւններուն տիրական գեղեցկութիւնը:

[75]        ջնջ. բայց

[76]        կը գործեն, սրբագրուած՝ գործին

[77]        Քնարականութեան, սրբագրուած՝ Քնարերգութեան

[78]        յեղաշրջումին, սրբագրուած՝ բնաշրջումին

[79]        ենթախորագիրը վերափոխուած - ամբողջացուած

[80]        յաւելում՝ ստորակէտի

[81]        կը զետեղուի, սրբագրուած՝ կը զետեղուին

[82]        ջնջ. անտեղի փակագիծ մը

[83]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[84]        յաւելում՝ զոյգ ստորակէտեր

[85]        դիւցազնութիւն, սրբագրուած՝ դիւցազներգութիւն

[86]        յաւելում՝ ստորակէտի

[87]       փառքի   --  ?

[88]        յեղաշրջումը, սրբագրուած՝ բնաշրջումը

[89]        յաւելում բառի՝ եթէ

[90]        յաւելում ստորակէտի

[91]        հոս զեղչած եմ անտեղի թուակարգում մը (1, 2, 3 ... ), փոխարինած՝ գծիկներով, պարբերութիւններու սկիզբին

[92]        յաւելում մոռցուած տողի՝ լաւագոյն տարր մը կը կազմեն դիւցազներգական յօրինում

[93]        l é gende - ները, սրբագրուած՝ « Լեգենդա » ները

[94]        յաւելում՝ ստորակէտի

[95]        թափառեցան, սրբագրուած՝ թափառեցաւ

[96]        հոս սրբագրած եմ՝ անտրամաբանական դասաւորում - թուագրում մը, եւ մուծած՝ Դ, անտեղի 4- ի մը փոխարէն: Բովանդակութիւնը՝ անփոփոխ:

[97]        յաւելում բութի

[98]        ջնջուած աւելորդ տող՝ դութեան, հերքում մըն է Արեւելահայ գրականութեան աւան

[99]        այստեղ քայլը, սրբագրուած՝ այս  տեղքայլը

[100]      յաւելում՝ ստորակէտի

[101]      չեն կրնար, սրբագրուած՝ չեմ կրնար

[102]      հոս եւս սրբագրած եմ անյարիր դասաւորում - թուագրում մը, մուծելով Ե., անյարմար 5- ի մը փոխարէն: Բովանդակութիւնը՝ անփոփոխ

[103]      calcul é, սրբագրուած՝ calqu é

[104]      յաւելում՝ ստորակէտի

[105]      իմա՝ պոլշեւիկ

[106]      հանգամանքով, սրբագրուած՝ հանգանակով

[107]      Քալքէ, սրբագրուած՝   Calquer

[108]      զարդուն -- ?

[109]      հոս եւս սրբագրած՝ կամայական դասաւորում - թուագրում մը, եւ մուծուած՝ Զ, անյարմար  6- ի մը փոխարէն: Բովանդակութիւնը՝ անփոփոխ:

[110]      ստորակէտ, սրբագրուած՝ վերջակէտ

[111]      արտայայտութեան, սրբագրուած՝ արտայայտութիւններու