Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻԱՄԱՆԹՕ

Ճշդութեան ու յստակութեան սիրահար գրողները, անզգած (impassible) համալսարանականները, որոնք բառերու տրամաբանական կարգուuարքը կը հետապնդեն ամէնէն աւելի, թրքահայ վիպասաններրուն այն մասը, որ պատշաճ գոյներու, պայծառ ոլորտներու, վճիտ տեսարաններու համար նախասիրութիւն ցոյց կու տայ, նորագոյններէն դուրս գրեթէ բոլոր թրքահայ բանաստեղծները, որոնք կշռոյթի կամ երաժշտութեան effetին կը ձգտին, ամբողջ ռուսահայ գրագէտները համամիտ են Սիամանթոյին մէջ տեսնելու ունայն ու սնամէջ բառերու, երկարաձիգ ու աղմկող պարբերութիւններու ճարտար manipulateur մը։

Նոր սերունդէն անոնք, որ արուեստը կ՚ընդունին իբր օժանդակ միջոց մը ընկերային իրաւակարգը բարեփոխելու, աւելի ճիշդը՝ յեղափոխելու, մեր աւագ երիտասարդութեան այն մասը, որ հոյակապ երազի մը տակ խենթացած՝ ինքզինքը զոհաբերութեան դաշտերը նետեց, տակաւին մշուշով պատած երեւակայութեան տէր տղաք, որոնք չեն զատուած գրասեղաններէն, ու - տարօրինակ երեւոյթ - մեր ամէնէն նրբամիտ ու խորաթափանց քանի մը քննադատները Սիամանթոն կը նկատեն նոր ժամանակներու Հիւկօ մը մեր մէջ, անոր չափ ուժով, անոր չափ տիրական։

Երկու կարծիքները, հակառակ իրենց սուր հակասութեան, պատճառ են եղած տալու Սիամանթոյի դէմքին շատ ինքնատիպ նկարագիր։ Հաւատքները երբեմն ճշմարտութեան շուքեր են եղած։

 

* * *

Թրքահայ բանաստեղծութիւնը եթէ տափակ տաղաչափութիւն մը չէ յաճախ կամ բռնազբօսիկ խառներգ մը չի ներկայացներ, ինչպէս կը տեսնենք քիչ քիչ մեր նորագոյն բանաստեղծներուն մօտ, իր յաջող էջերուն մէջ առաւելապէս արտայայտութիւնն է զգացական (affectif) մասնաւոր վիճակի մը։

Այս վիճակին ընդհանուր նկարագիրը - մեր բոլոր քերթողներուն մօտ - փափուկ, չնորհալի մելամաղձութիւն մըն է, հոն տեսակ մը շուք կայ ցեղին արցունքոտ անցեալէն։ Առհաւութեամբ տխուր ենք եղած։ Ու երբ մեր բանաստեղծները կու լան, իրենց արցունքը եթէ երբեք գռեհիկ չէ, սարսուռ ալ չի տար։ Աւերակներու առջեւ, մոխիրներուն վրայ մեր բանաստեղծները կը մնան ժուժկալ եղերամայրեր։ Ցեղը այնքան վարժուած է այն հոգեբանութեան, որ կը վախնայ ուժով զգայնութիւններէն. զօրաւոր շունչեր մեզի սարուռ կը բերեն, ցնցող, ջղուտ երգ մը մեզ խուճապի կը տանի:

Պարապ տեղը չէ, որ արեւելքցի եղած ենք։ Մեր ջիղերովն իսկ ընտանեցած ենք ասիական երաժշտութեան թոյլ օրօրին, խաղերուն ուշացող, հանդարտօրէն ոլորուն նուաղումը կը փնտռենք անգիտակցաբար:

Ու զարմանալի չէ ինծի համար տրամադրութիւնը անոնց, որոնք դժուարութիւն կը զգան հասկնալու համար հեշտանքը երաժշտութեան մը, որ մեր առուներուն սովորական խելօքութեամբը չի վազեր, որ երկու ծառի տակ անակնկալ կերպով մը կը ծովնայ յանկարծ ու քիչ մը վարը երկու քարերու մէջ ջրվէժ մը կը գահավիժէ։

Սիամանթոյի բանաստեղծութիւնը կը նմանի եւրոպական երաժշտութեան։ Ան ունի չսպասուածին սարսուռը, ունի յանկարծական ցայտումներ, յեղակարծ սլացքներ, այն տեսակ ելեւէջներ, որոնց հետեւելու ատեն չես գտներ եւ որոնք իրենց նորութեամբը, խորութեամբը, իրենց գերազանցապէս թելադրող exécutionով մազերդ փուշ-փուշ ոտքի կը հանեն կաշիիդ վրայ՝ չիիդ վրայ:

 

* * *

Իր արուեստին այս նկարագիրովը Սիամանթօ մեծապէս կը զարտուղի մեր քնարերգութեան թոյլ ոլորտէն։ Դուրեանէն ետքը մեր ամէնէն ուժով բանաստեղծն է ան։

Իր մօտ զօրութեան այս երակը սիրտէն չի բխիր, ինչպէս Տրտունջքին մէջ, ոչ ալ կը բարակնայ անարիւն երեսներու վրայ կապոյտ գիծերու հետքը մատնելու աստիճան։ Այդ երակին շրջանառութեան գետինը ուղեղն է, լայնօրէն փորուած ճամբաներու մէջէն:

Իր բառերը զգացումներու փոխանորդներ (substitut) ըլլալէ աւելի՝ հեռուէն դիտուած, միտքով գուշակուած, խորապէս չկրուած զգայնութիւններու շեմաներ են։ Զգացումին եւ զգայնութեան մէջտեղի անջրպետը միշտ կարեւոր է բանաստեղծի մը մէջ։

Մութին մէջ պոռացուած ձայներու նման, Սիամանթոյին մէջ շեշտերը, մա՛նաւանդ ոգեկոչական էջերու վրայ, կ՚երկննան խոր ու լայնածաւալ, եւ կ՚արձագանգեն հեռուները, իր պարբերութեան rouletteները օրէն ու աբար վերջացող մակբայներն են ընդհանրապէս, մեր լեզուին մէջ շեշտի ամէնէն յարմար գահաւորակները։

Ուժի այդ զգացումը լեզուի թեքնիք առաքինութիւններով չէ, որ կ՚ապահովէ իր գոյութիւնը։ Պէտք են ուրիշ տարրեր, շարժումի, երթեւեկի, անկումի, կործանումի ելեւէջներ, որոնք իրենց գծագրած կորացումներով, հատկտումներով, բախիւններով ստեղծեն կեանքի իրական համայնապատկերը։ Սիամանթօ ունի այդ ամէնէն։

 

* * *

Սիամանթոյի գործը, իր բառական (verbale) կերտուածքին մէջ դիտուած, տարօրինակ յիշատակարանի մը տպաւորութիւնը կը թողու։ Հոն գոյները խղդուած ըսուելու չափ խիստ ու հոծ են, ու կարկառները սպառնագին ըլլալու չափ ցայտուն ու սլացիկ։ Կը զգաս, որ ինքնավստահ ուժ մը յարկերը իրարու վրայ կտոցած է այդ կառուցումին մէջ, առանց զանոնք զարդարանքի անհրաժեշտ յղկումին ենթարկելու: Հսկայ շունչ մը, աներեւոյթ կապի մը պէս իրարու մօտ կը պահէ այդ ցրուելու այնքան տրամադիր բաժանումները, ու այդ մեծութեան (grandeur) առջեւ պատկառած՝ աչքերդ վար կ՚առնես առանց գիտնալու:

Իր գիրքերուն մէջ մտնողը մէկէն ի մէկ կը զգայ միջավայրին տարօրինակութիւնը։ Այդ միջավայրը չէ այն տխուր, «մելանուշ», լալկան Հայաստանը, ուր աւերակներուն քերթուածը կը բուսնի այնքան արիւններուն մէջ, սակայն այնքան տժգոյն։

Անջրպետը, որուն մէջ թեւ կը զարնէ Սիամանթօ, մռայլ ամայութիւն մըն է, աչքդ առածին չափ ընդարձակ։ Սեւի վրայ արեւ մը չարագուշակ լոյս մը կը կախէ այդ անապատին վերեւ, ու այդ լոյսին մէջ ուրուօրէն կ՚երեւան կմախքներ, որոնք պղտոր ու կարմիր՝ մահուան ու յոյսի ջահերով կը քալեն արագ-արագ, ու անոնց ոսկորներուն երգը կը թափթփին իրենց հետքերուն վրայ։ Հորիզոնէ հորիզոն յանկարծ հրդեհի մը կարմիրը կը ցաթի պղտորած ու արիւներանգ, կապուած լուսնկայի մը պէս, ու իրենց վրայ դարձող բոցերուն մէջէն տղու ու ծերի, աղջիկի ու պառաւի միսերը կը բուսնին իրարու փաթթուած, իրարու մէջ հալած: Ահա նկարին խորքը (fond)։

Ինչպէս դիտել տուի, այս համայնապատկերին մէջ կը պակսին այն պզտիկ, թեթեւ գոյնի երակները, որոնք նկարի մը մէջ կը դնեն իրականութեան, մեզի անմիջապէս մօտիկին զգայնութիւնը բերող թանկագին մանրամասնութիւններ։ Մենք կը փնտռենք բոցէն այլագունած այդ դէմքերուն վրայ միսի այն գալարները, որոնք կեանք մը կը խտացնեն, բարբարոսութեան մը սարսափը իր դժնդակ սարսուռներովը պատմութեան կը յանձնեն։ Մենք կ՚աշխատինք այդ կարաւանին մէջ զանազանել հագուստի ծուէններ, ոսկորներուն այդ եղերգին մէջ մեր սիրտը հասնող շեշտեր ճանչնալ։ Բայց հրդեհը իր խուլ ու արիւնոտ բզզիւնին մէջ կ՚առնէ - կը տանի ամէն բան, ատեն չձգելով մեր կարեկցող հետազօտութիւններուն, արհամարհելով մեր համակրութիւնը այդ եփող ողջակէզներուն ետեւէն։

Եւ սակայն կարմիր մառախուղին հսկայ գալարումները մեզ կը թելադրեն իրենց թաւալուն գեղեցկութեամբը: Կը զգանք շարժումը խենթ ու խելայեղ, որ ալիք-ալիք՝ լողալով կ՚երկննայ անծանօթին մէջ:

Շարժումի այս զգայնութիւնը կրկնապէս ազդող կը դառնայ Սիամանթոյի մէջ արուեստի բարեդէպ օժանդակութեամբ մը։ Իր բառերը՝ ազատուած մեր ոտանաւորին սովորական ու հիննալու մօտ համազգեստէն՝ գտնելով իրենց տրամադրելի բովանդակ առաձգականութիւնը, զրահուած շեշտերով ու թելադրական առաքինութիւններով կը բացատրեն, կը ցուցադրեն այդ շարժումին ուժը, լայնքը, dimensionները, մինչեւ հիմա մեր մէջ քիչ տեսնուած սաստկութեամբ մը, կորովով մը։

 

* * *

Մօտաւորապէս կէս դար տեւողութեան մը վրայ, մեր պատմութիւնը լեցուած է հզօր զգացումի մը սարսուռովը։ Ազգային վերածնունդը կը սկսի ԺԹ. դարու կէսին։ Առաջները վախկոտ՝ ան իր որոշ նկարագիրը կը հագնի 70էն ասդին։ Հոգիները կը տարուին մեծ երազներով։ Ռուս եւ թուրք պատերազմէն մինչեւ հայկական լայնատարած ջարդերուն փակումը, այդ շարժումը կը քալէ մոլեգին հոսանքի մը պէս ահեղ, կատաղի ու գերազանցապէս ցնցող թափով։

Յեղափոխութիւնը կէս ճամբան կը գտնէ հոսանքը, կը ղեկավարէ զայն կրցածին չափ, տեղ-տեղ անոր ալիքներուն անիմաստ աղաղակը կը զսպէ, կամուրջներու հպատակեցնելով զայն։ Տեղ-տեղ ալ ծանծաղ կէտերու վրայ իր վսեմ խենթութեան արիւնովը կ՚աշխատի զայն քալեցնել։

Չունինք մեր պատմութեան մէջ շրջան մը, ուր ազգային ոգին այս աստիճան տենդագին զարնէր մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ։ Ես կը նոթեմ այս եղելութիւնը՝ թողելով անոր լիակատար ուսումնասիրութիւնը ուրիշներու:

Սակայն, հակառակ այս գերազանցապէս լարուած, թունդ ելած, կտակուած զգայնութեան, մեր գրականութիւնը չունեցաւ բանաստեղծ մը, որ զրկէր ամբողջ տրամը իր ամէն երեսներուն վրայ, ու արտայայտէր զայն իսկատիպ ու հարազատ կաղապարով մը, խտացնելով ինչ որ կայ մեծ ու վսեմ, անձնուրացութեանը մէջ այն դիւցազներուն, որոնց հոգին, ձիւներուն մէջ բիւրեղացաւ, որոնք բանտերուն խորը մոխրացան ու կախաղանին վրայ իրենց արեւը կապեցին:

Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին»ը փորձ մըն է ազգային մեծ դիւցազներգութեան մը երազին վրայ։ Այդ պզտիկ, իսկապէս հայ տրամաները սակայն քանի մը օղակներ հազիւ կրնան ներկայացնել։ Սնաց որ, իր մօտ արուեստագէտը յաճախ refouler կ՚ընէ զգացողը, անգիտակից երազին երգիչը։

Վ. Փափազեան, որ աշխատած է նոյն գետնին վրայ իր կարգ մը վէպերովը, այցելուի մը հեռուէն դիտողի մը տպաւորութիւնը կը թողու: Իր Հաճի-բէկը շատ տարտամ, շատ հանդարտ գիրք մըն է։

Վարուժան բաւական յաջողութեամբ կը մօտենայ այդ կալուածին, Ցեղին սիրտըին էջեր գրած է, որոնք մեծ շարժումներուն ծածանումները, շլացնող փաղփիւնը պահ մը իրար կը միացնեն, բայց միշտ չունչը կը պակսի:

Յետոյ կան երգարանները, անանուն հեղինակներրու խղճալիօրէն տափակ քերթուքները, որոնք շատ ժխտական եզրակացութիւններու կը տանին մեզ։ (Ինչպէ՜ս չյիշել Marseillaiseը, զոր մէկ իրիկուան մէջ ստեղծեց յեղափոխուած Ֆրանսայի մինչեւ այն օրը աննշան մէկ զաւակը):

Սիամանթօ ուրիշներէն բարեբախտ չէ, երբ այդ հսկայ եռուզեռին մէջ կը նետուի՝ զայն սեւեռելու, արձանացնելու յայտնի մեծամտութեամբ մը։

Իր հայորդիները, իր հերոսները մռայլ երեւակայութեան մը կարմիր խաւարին մէջէն մեզի այլափոխուած կը թուին. ինչպէս ըսի արդէն, չենք կրնար ըմբռնել առնչութիւնը, որ մեզ կը կապէ այդ հերոսներուն. կը կասկածինք անոնց հայ ըլլալուն։ Բանաստեղծին տպաւորութիւնները այնքան diffus են, որ ամէն գոյն խաթարուած է անոնց վրայ: Այս պարագան, սակայն թող մեղադրանքի մը ծանրութիւնը չարթնցնէ. մարդ կու տայ միայն ինչ որ տրամադիր է տալու:

Ու ես կը մերժեմ դիւցազներգակ բանաստեղծի տիտղոսը, զոր հագցուցին այդ ամէնէն աւելի վայրագ ու անձնական բանաստեղծին, որ հեռու իր մէջ համադրելէ ցեղին ամբողջական հոգեբանութեան ցրուած տարրերը, հեռու՝ կովկասահայ դիւցազներգակներուն մանկունակ ու միանգամայն հոյակապ մաքրութեամբ համաստուածութենէն, արտադրած է գործ մը, որ կը բաբախէ մարդկային ոգիովը։ Հեղինակ մը որոշադրող, սահմանող ազգայնացնող տարրեր քիչ կը տեսնենք մենք Սիամանթոյին մէջ, վասնզի ան կը պատկանի գրողներու դասակարգի մը, որոնք երբ միշտ իրենց ներսը չեն փնտռեր իրենց ներշնչումին նիւթը, իրենց շուրջը նայած ատեննին իրենց օբթիքին բերումով ճակատագրուած կ՚ըլլան ընդհանուր գիծերով գոհանալու։ Այդ դասակարգը ճանչցուած է ֆրանսական գրականութեան մէջ սէնպոլիսթ պիտակով։

 

* * *

«Արուեստի այս ձեւը (սէնպոլիզմ) կ՚արհամարհէ արտաքին աշխարհին յստակ ու պայծառ պատկերացումը. ատոր փոոխարէն ունի տեսակ մը երաժշտութիւն, որ կը ձգտի մարդկային հոգիին խուսափուկ ու ծփուն ներքնութիւնը (intimité) արտայայտելու։ Դպրոցն է այն ենթակային, որ կ՚ուզէ միայն իր հոգիի վիճակներուն փախչող շարքը ճանչնալ։ Ատոր համար կը գործածէ իրական կամ կեղծ անորոշութիւն մը։ Ամէն բան, մարդերն ու իրերը կը ծփան երազի մը մէջ, առանց ժամանակի ու միջոցի կնիքին. բան մը տեղի կ՚ունենայ. չենք գիտեր ե՞րբ, ո՞ւր։ Ոչ մէկ երկրէ է ան, ոչ մէկ շրջանի կը պատկանի: Անտառն է, Քաղաքն է, Ասպետն է, Ուխտաւորն է, երբեմն աւելի տարտամօրէն Ան կամ Անոնք մը... ։ Թելադրութեան այս եղանակը երբեմն կը յաջողի, երբեմն կը ձախողի: » (Th. Ribot. Essais sur l'imagination créatrice. page 169).

Սենպոլիսթներուն վրայ գրուած բազմազան ուսումնասիրութիւններուն մէջէն դիտմամբ թարգմանած եմ հոգեբան գիտունին այդ պարզ, սակայն վերջնական տողերը, որոնք ընդհանուր առումի մը մէջ կը պատկերացնեն խորհրդապաշտ բանաստեղծներուն procédéն եւ անոնց հետ նաեւ Սիամանթոյինը։

 

* * *

Միտքէս չ՚անցնիր կապկպել Սիամանթոն դպրոցամոլ խստապահանջութեան մը տրամադրութեանց մէջ։ Իր քով՝ խորհրդապաշտութիւնը երբեք ուզուած, կամայական, բռնի փորձարկութիւն մը չէ, ինչպէս կը հաստատենք այդ պարագան Չրաքեանին, Գոլանճեանին, Լ. Էսաճանեանին եւ Հրանդ Նազարեանցին մօտ [1] ։ Իր գործը՝ հոյակապ ապարանքի իր մեծ վայելչութեան վրայ տեղ չէ տուած այն անիմաստ, ալապուճիկ, պոռոտ ու յիմարական ըսուելու չափ խայտաբղետ տարօրինակութիւններուն, որոնց կարօտովը կ՚եփին յիշուած բանաստեղծները։

Ա. Ահարոնեանի հետ, որուն գիրքերուն մէջ սէնպոլիսթ ոգին յայտնի շուք մը կը նետէ եւ որուն խորութիւնը Հազիւ կը վարագուրէ իր ոճին ծիրանի հմայքը, Սիամանթօ կը մնայ հայ գրականութեան մէջ միակ սէնպոլիսթ բանաստեղծը, որ իր տաղանդին ուժովը յաջողած է խուսափիլ դպրոցին յատուկ, պայմանադրական mésaventureներէն։

Սիամանթոյի այս յաջողութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել իր արտակարգ կերպով հզօր երեւակայութեան մէջ։ Դեռ մեր նոր գրականութեան մէջ չենք հանդիպած գրագէտի մը, որ իրեն չափ չարչարէր մեր բառերը, անոնց հագցնել կարենալու համար այն փայլակներէն, որոնք այդ տեսանողին հոգին կը լուսաւորեն։

Իր կրակուած երեւակայութեան մէջ ձեւ առնող պատկերները մեզի հաղորդելու համար այլամերժ ու հպարտ իր արտայայտութեան եղանակը երբեք պատկառանքէ չ՚իյնար. զինքը չհասկցողները կրնան շատ ըլլալ, զինքը չսիրողները կրնան իրաւունք ունեցած ըլլալ, այդ ամէնը սակայն պատճառներ չեն, որ Սիամանթօ արդի հայ բանաստեղծութեան ամէնէն կորովի, ամէնէն հոյակապ քերթողը մնալէ դադրի, որուն շունչը փոխանակ տկարանալու, տակաւ աւելի կը վայրագնայ իր անդնդային սաւառնումներուն ու գիշերայած հակումներուն սեւ թեւերուն վրայ թռելով։

 

* * *

Այս ամէնէն վերջը, չեմ ուզեր ծանրանալ անոր երգին մէջ տեղ-տեղ զգացուելէ աւելի գուշակուող նուաղումներուն վրայ։ Անոնք հազիւ երկվայրկեան մը կը տեւեն, կը դարմանուին շուտով երգին շարունակուող թափովը, որ իր մէջ կը թաղէ ամէն մանրամասնութիւն։

Իր բառերը երբեմն մինակ են, երբեմն կը կորանան գիծէն շատ վար իյնալու վտանգով, երբեմն կը նետուին գիծէն շատ վեր, թռչելու, աներեւոյթ ըլլալու վախը տալով։ Բայց այս ծփանքները պարբերութիւնը աւելի կը լայնցնեն, ծովն աւելի ուռեցնող ալիքներուն պէս, ու իր ոտանաւորին մէջ պտուտկող չունչը մոլեգին փոթորիկի մը նման այդ խորտուբորտութիւնները կը հաւասարեցնէ փրփուրին ճերմակ պայծառութեանը մէջ։

Իր մօտ մի՛ փնտռէք մեր բանաստեղծներուն մէջ սովորական, շատ դիւրատար յանցանքը դեպի լաւ ֆրազներու ողորկ ու ծաւալուն գեղեցկութիւնը։ Ինք ստեղծած է իր չափը։ Իրաւ է, թէ փոխ առնելով անոր ատաղձը սէնպոլիսթներէն։ Ճիշդ գրող մը չէ, բայց երբեք չի նմանիր Եղիային, որուն մէջ շեղումները եթէ գրական նրբերանգներ չեն ստեղծեր, միշտ ախտաբանական չափանիշներ են։

Երբեք չի նմանիր մա՛նաւանդ մեր կարգ մը նորերուն, որոնք ինքնատպութեան մարմաջէն բռնկած՝ հեւացող ոտանաւորներու հծծիւններով կը բռնանան մեր ականջներուն:

Յանցանքը իրը չէ անշուշտ, երբ իր հետեւորդները իրենց տկարութեամբ հրապարակ բերին քերթողութեան նոր սեռ մը, ուր գլխագիրով սաղաւարտուած մեծ-մեծ ու պարապ բառերով տողերուն վրայ կը սոնքան ասիացի բռնակալ կայսրերուն սնամիտ հպարտութեամբը։

Յանցանքը իրը չէ անշուշտ, երբ այդ նոր սեռը մա՛նաւանդ կը հրապուրէ բոլոր պատանիները, քանի որ ասոնք կը հաւատան, թէ նոր բառերու հրթիռ մը, մակբայներու երկար կորացում մը, գլխագիրներու բանակ մը, փողերանոցէն նոր ելած կարգ մը պատկերներու անխելք շահագործում մը կը բաւեն վարպետին կապարճակիրը դառնալու պատիւին։

1912

  



[1]        Խմբագրութիւնս իր կարծիքը կը վերապահէ այս մասին: