Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ ՎԱՆՔԸ »)

Ատենին, Պ. ՉԷօկիւրեան գրեց հին դարերու մարտիկներուն պէս սպառազէն ոճով մը, ծանր, մթին, երբեմն նոյնիսկ այլանդակ յօրինուածքով ոճով մը, որ անհամակրելի ըլլալուն չափ անհանդուրժելի ալ էր:  

Բայց կեանքը, ճամբորդութիւնները արմատական ազդեցութիւն ունեցան իր վրայ։ Իր վերջին գործը կու գայ հաստատել այդ պարագան։

« Վանք » ին մէջ այդ ոճը վրայէն նետած է արեւելեան զրահներուն սարուածը, վանած է, գնահատելի չափով մը, անիմաստ արժումներուն, ուռուցիկ սլացքներուն ծիծաղելի պարապութիւնը։

Խելօք տղայ մըն է ան, որուն աչքերը կը պահեն նուրբ գերզգայութիւն մը, եւ որ իրերուն վրայ նայած ատեն գիտէ հոն տեսնել պահուըտած, թանկագին պատկերներ, անոնցմէ, որոնք կը փախչին ռամիկ նայուածքներու հասողութենէն։

Կարճ, ճկուն, երբեմն յուզիչ ըլլալու աստիճան կենդանի այդ ոճը կանչուած է պատկերն ընելու հոգիի մը, որուն վրայ վեղարին շուքը կ՚իյնայ ծանր ու ըսպաննող։

Իր վարդապետը կը սիրէ ճակատագրապէս, եւ կը տառապի « երկնքի հիւանդութենէն » ։ Գերեզմանի մը ուրուականին ու աղջկան մը արշալոյսին մէջտեղ ան թեւագալար կը փաթթուի կեանքին։

Այս է կեդրոնական տիպարին ընդհանուր երեսը։ Զայն մասնաւորող, զայն անհատացնող գիծերը թեթեւ քաշուած են :

Գիրքին մէջ շահեկան է նաեւ զարդանկարի մենամոլութենէն տարուած ծերունի մը, որուն կենդանագիրը թերի մնացած է դժբախտաբար։

Կան վարժապետ մը, որբեր, համակրելի տղեկ մը, որուն հոգեվարքը յուզիչ է, երբ զառանցանքները զեղչենք հեղինակին հաշուոյն։ Կայ շուշանի պէս գեղջուկ աղջիկ մըն ալ, որուն շուրջը Պ. Չէօկիւրեան յաջողած է մնալ գովելի ժուժկալութեան մը մէջ։

« Մեհեան » ին մէջ չեմ կրնար այդ տիպարները անցընել մանրամասն վերլուծումէ, հասնելու համար անոնց կազմութեան մէջ գուշակուող պակասներուն:

Բաւական է, որ անոնք կապրին։ Վարդապետը՝ իր հացին հետ, իր թքած արիւններուն մէջ ինքզինքը դիտելով, որբերը իրենց զրկանքին հետ, ննջարանին մէջ մահուան պտոյտը տեսնելով, Շուշանը իր անասունի, անտարբերի միսերուն խռովքը փախցնելով

Ու այս ամէնուն հետ, քովը, վրան շատ անուշ բնութի՛ւն մը, պատկերացուած ինքնիր վրայ վստահ վրձինի մը խաղերէն: Վերջալոյս, գետակ, ուռի, « երկինքի լճակներ », որոնք պատուհաններէն դուրս կը փորուին, մենիկ դաշտեր՝ մշուշներուն պաստառովը պատանքուած։

Պ. ՉԷօկիւրեանի գիրքը արժանի է համակրանքի։

1914