Գիրքերու քովն ի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. - ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՕՓԱԼԵԱՆ («ԱՐԵՒԱԳԱԼ»)

Պ. Բ. Թօփալեան (կարելի չէ՞ր արդեօք սա բարբարոս մականունը խնայել մեզի), հեղինակը այս հատորին, կը ներկայանայ նոր սերունդին վաւերական բանաստեղծը թէ՛ իր աշխարհովը, որ հիմնովին կը տարբերի մեր գրականութեան ընթացիկ հոգեբանութիւններէն, թէ՛ իր արուեստովը, որ յանդուգն գրաւ մըն է նոր ըմբռնողութեան։

Այդ գիրքին առիթով իմ մտքիս կը ներկայանան բազմաթիւ հարցեր, որոնցմով զբաղիլ չէ թոյլատրուած սա հպանցիկ նոթերու շարքին։ Այդ հարցերէն ոմանք կը պատկանին արդեն ընդհանուր բանաստեղծութեան, ըսել կ՚ուզեմ՝ կապ ունին ֆրանսական նոր քերթողութեան մէջ տիրական վիճակներու: Ուրիշներ մօտէն կը հետեւին Սփիւռքի ճակատագրին։

Գիրքը մասնաւորող նկարանման յօրինումները, տողարկութեան քմայքները, նորատիպ գիրերը թէեւ արտաքին տարրեր՝ յայտնութիւններ են նոյն ատեն Պ. քերթողին հոգեկան ախորժակներէն։ Չեմ առաջ երթար այդ ամէնուն մէջ տեսնել ուզելու ինչ որ ֆրանսացի սէնպոլիսթները կէս դար առաջ փորձեցին իրենց ոտանաւորներուն վրայ, ինքնատպութեան ի խնդիր, ու յաջորդ դպրոցներու քմայքները, որոնք առաւելապէս նկարչութեան մէջ գտան իրենց լրիւ արտայայտութիւնը։ Ամէն պարագայի, Պ. Թօփալեանի թեքնիքը երջանիկ խառնուրդ մըն է արեւմտահայ դասական աւանդութեան ու այն միւսին, որ մեզի եկաւ Կովկասէն, ռուսական ծագումով ու անիշխանական կաղապարով: Այդ ոտանաւորը ալ մեզի ընտանի դարձած ազատ չափը չէ, որ իր հեղինակած մեծատարած աւերին քով (այնքան դիւրացուցած է անիկա տաղանդին փոխանակումը նոր հռետորական մարզանքներով) մեզի տուաւ մէկէ աւելի գլուխ-գործոցներ։ Անշուշտ ընթերցողը, այդ չափին առջեւ, պիտի անդրադառնայ Սիամանթոյի ոտանաւորին կամ Վարուժանի այլապէս պիրկ, բազմադաշն տաղերուն, ուր առատաշնորհ բանաստեղծը գիտէր այնքան խոր ներդաշնակցութիւններ նուաճել, մտածումն ու զգացումը ենթարկելով տիրական իր արուեստին ու անոր խոր ցուցմունքներուն:

Պ. Թօփալեանի հետ, ամէն տողի վախը ունիք արձակունակ ին մէջ իյնալու, այնքան քերթուածին ձայնական ճարտարապետումը դիւրաբեկ օրէնքներու է վստահուած, բայց գրեթե միշտ կ՚ապահովուիք, որ ձեր վախը անտեղի է առնուազն, թէեւ արդար։ Այս անհանգիստ տրամադրութիւնը վայելք մըն է մենէ շատերուն համար, ինչպէս ծովու մարդոց մօտ՝ ալիքներուն օրօրը։ Յետոյ, այդ կերպով ստացուած բարիքները բազմաթիւ են, որպէսզի հաշտուինք այդ անհանգստութեան։ Խնայուած են մեզի, այդ թեքնիքով, աւելորդ, տող լեցնելու, ձայն ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ, բայց այնքան ալ խեղճ թարմատար տարրերը, որոնք միջակ քերթողներու տողերուն մէջ կը փոխանորդեն բուն իսկ ստեղծումը։ Քերթուածը կը լայննայ, կ՚անձկանայ, հպատակելով միայն ու միայն իր ներքին իրեն տինամիզմ ին։ Երբեմն բառ մը, որ տող մըն է թուղթին վրայ, պահ մըն է հոգիին մէջ, բայց տիրական, ինքն իր մեջ ամբողջ։ Երբեմն նա խադասութիւնը կ՚երկարաձգուի տողէ տող ու անդին, ինչպէս ըլլալու է արդէն հոգիին ներսը զայն թելադրող զգացումին ալ գնացք ը, գործածելու համար անհարազատ բացատրութիւն մը։

Բայց ինչ որ հատորը կ՚ընէ ուշագրաւ, անոր ներքին աշխարհն է, զոր անկարելի է քանի մը գիծերով սեւեռել փորձել: Ամէն մէկ քերթուած ինքն իրեն համար միութիւն մըն է, օր մը ապրուած այն խուլ պահերէն մէկուն անդրադարձը, որոնք մեր կեանքը կ՚ընեն այնքան տարբեր մեզ կանխող սերունդներուն հոգեկան աշխարհէն: Հատորին մէջ գրեթէ կը պակսին դասական կողմերը մեր երեք սերունդներու քերթողական զգայնութեանց։ Ու այս օտարութիւնը իբր նորութիւն միայն չէ, որ մթնոլորտ կը դառնայ: Այդ օտարութիւնը հոգեկան է ամէնէն առաջ։ Այն նարկիսականութիւն է, առանձնութիւնը, որուն ակնարկած եմ քիչ վերը: Հասկնալի՞, որ մեր տղաքը չզգան մեզի պէս։ Թերեւս։

Բայց երբ մօտենանք հատորը լեցնող անջատ միութիւններու ըմբռնումին, այն ատեն պարտաւոր ենք կենալ ամէնուն առջեւ, առանձին-առանձին ու հասկնալ ջանալ տեմպ ը այն խռովքներուն, որոնց արձագանգը եղան անոնք։ Սփիւռքի՞ հոգեբանութիւն։ Թերեւս։ Ապագայի՞ գործաւոր։ Թերեւս։ Երջանկութեա՞ն արգոնաւորդ։ Ինչո՜ւ չէ։

Քիչ հատոր կայ, որ այս աստիճան հում լոյս մը նետէ հոգիին մասին սերունդի մը, որ բոլոր իրաւունքները ունէր աշխարհէն սպասելու կտոր մը արդար վայելք, այնպէս՝ ինչպէս, գէշ ու աղէկ, իր պապերը ճաշակեր էին սա արեւին տակ, լեղիով ու արցունքով ալ համեմուած, բայց ապրեր էին իրենց հոգեկան պարոյրին մէջ ինքնափակ։ Անոնց տղաքը ատ ալ չունին, մեծ ոստաններու ոսկիին մէջ դեղնելու դատապարտուած: Պոկուած սերունդ, որմէ ամէն ճիգ սրտառուչ է ինծի, քանի որ ինք, սերունդը, արդէն անվախճան ողբերգութիւնն է մեր օրերու, զորս ոչ մէկ աստուած կարող է իր լուծումին տանելու։

 

1937