Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իրիկուան ճաշէն վերջը եկաւ պատասխան փնտռելու։ Ամուսինս պռիճ խաղալու գացած էր դրացիի մը տունը։

Որոշումս տուեր էի արդէն։ Ամառուան այն ոսկեհուռ ու սարսռացող գիշերներէն մէկն էր որուն մէջ մարդերը եւ իրերը կը շփոթուին, կ՚անօսրանան, կ՚աննիւթանան, ցնորքի եւ երազի կը վերածուին։ Այս դիւթիչ աշխարհը ինծի կրկնապէս զմայլելի կ՚երեւար, վասն զի այդ պահուն հրաժեշտ պիտի տայի անոր, քարափի վրայ կեցող, շոգենաւ մտնելու պատրաստ ճամբորդին պէս որ օտար երկիրի մը հաճոյքներէն ձեռք քաշելով իր հայրենիքը կը վերադառնար։

Երկու բառով, այն հատու ու վճռական բառերովը որոնցմով կիները՝ իրենց անդառնալի կամքը կը հասկցնեն երբոր ուզեն՝ ըսի բարեկամիս որ պէտք էր հրաժարիլ անօգուտ հետապնդումէն ա՛յնչափ անպատշաճ իրեն որ էրկանս մտերիմն էր, որքան անվայել ինծի որ պատուաւոր կին մըն էի։ Չպահեցի իրմէն որ միակ անձն էր ինքը զոր հոգւոյս ամենէն մօտիկը նկատելուն տկարութիւնը ունեցեր էի պահ մը, եւ ճիշդ ասոր համար, պէտք էր որ այլեւս ոտք չկոխէր իմ տանս սեմէն ներս։

Մէկ վայրկեանի մէջ դահիճի պաշտօնս կատարեցի։

Ձգեց գնաց առանց բառ մը արտասանելու, զարմացնելով զիս իմ դիւրին յաղթութեանս վրայ։ Զղջումով խառնուած թախիծով մը աչքէ անցուցի այդ երիտասարդին հետ անցուցած աղուոր ժամերս. իրօ՞ք բաժնուեր էի իրմէ. ժամ մը վերջը նամակ մը անկէ։ Դողալով բացի զայն։

Քանի՞երորդ անգամն էր արդէօք որ կը կարդայի այն երբ ամուսինս սենեակէս ներս մտաւ յանկարծ։ Յանցաւորին անգիտակից շարժումովը նամակը իսկոյն պահեցի. քովս վազեց։

Ի՞նչ է պահածդ, ուսկի՞ց է։

Ոչինչ։

Ի՞նչպէս ոչինչ. տո՛ւր որ տեսնեմ։

Ոչինչ, ըսի քեզի։

Ետ գնաց երկու քայլ. մէկ նայուածքով ոտքէս մինչեւ գլուխս չափեց զիս իբրեւ թէ հասկնալ ուզէր արդեօք միեւնոյն ա՞նձն էի ես որուն այնքան վստահութիւն ցոյց տուեր էր։ Տարտամ կերպով մը՝ բաներ մը կը գուշակէր առանց հաւատալ ուզելու։ Դէմքին վրայ կը կարդայի նախ՝ ապշութիւն մը, յետոյ պզտիկ վարանումի խառնուած մտքի աշխատութիւնը որով հասկնալ կ՚ուզէր անցած դարձածը, եւ աւելի ետքը՝ լուծումը՝ արդէն ձեռք բերուած իր դրական մարդու կտրուկ տրամաբանութեամբը։

Ուրիշ ատեն պիտի դողայի իր առջեւը. չեմ գիտեր ինչու՝ այս անգամ, կարճ հասակովը վրաս խոյանալու պատրաստ, արիւն լեցուած ու կապիճէն դուրս ցայտքելու մօտ աչքերովը գարշելի եւ քիչ մըն ալ ծիծաղելի երեւցաւ աչքիս։ Ես այլ ինքնիրենս հարցուցի որ ա՞յս ռամիկ էակին համար բոլոր երջանկութեանս զոհողութիւնը ըրեր էի։ Հասկցաւ կարծես թէ իր վրայ ըրած դատաստանս եւ աւելի կատղեցաւ։

Սիրող մը ունիս, ո՞վ է, պիտի ըսե՛ս։

Սիրող չունիմ։

Թուղթը, շո՜ւտ։

Իմ մէջս ալ հակառակութեան ոգին յանկարծ բռնկեցաւ. ոտքի ելայ.

Չի պիտի տամ։

Այն ատեն դէմքին այլակերպութիւնը զարհուրելի եղաւ. բերնէն թուքեր սկսան ելլել հայհոյութիւններով խառնուած։

Կը ճանչնամ սիրողդ. սա ազգականդ չէ՞ մի. արդէն կասկածեր էի քիչ մը։

Լուռ մնացի։

Ան է սիրողդ, սիրո՛ղդ , հասկցա՞ր։

Դարձեալ լռութիւն։