Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մոլեգին վրաս վազեց, ոտքի ուժգին հարուածով մը գետին գլորեց զիս. ցաւը սրտիս զարկաւ. նամակը կը փնտռէր վրաս. բոլոր տկարութեանս մէջ դեռ կը դիմադրէի. կարկամած մատներուս մէջ յամառ յուսահատութեամբ մը սեղմելով թուղթին կտորը։ Յետոյ ծեծել սկսաւ զիս։ Իր արու անասունի նախանձը՝ թումբերը խորտակած յորձանքի մը բոլոր զայրույթովը կը պոռթկար։

Սիրո՜ղդ, սիրո՜ղդ։

Գետինը երկնցած, մարմնակործան, այս բառը բոլոր ցաւիս սաստկութեան մէջ անուշ մեղեդի մը, սփոփանքի մը պէս կուգար ինծի. այո՛, վերջը վերջը սիրող մը գտեր էի, հոգիիս մէկ ընկերը եւ զոր ինէ վանելու, հեռացնելու յիմարութիւնը գործեր էի։ Մարմնիս է՛ն տանջուած վայրկեանին այն սիրոյն բոլոր քաղցրութեամբը կը վրդովէի։ Ո՛րքան Թօլսթոյ իրաւունք ունի «Քրէօյցէրի Սօնաթ»ին մէջ պնդելու որ հոգւոյ անձնատուութիւնը մարմնոյ անձնատուութենէն աւելի մեղաւոր է։

Կերած ծեծիս մէջ՝ անարգուած զգացումներուս բոլոր սաստկութեամբը՝ ինքզինքս սիրած երիտասարդիս գրկին մէջ կ՚զգայի եւ պատրաստ անոր համար զոհուելու, թէեւ ցաւին չի դիմանալուս համար ալ միեւնոյն վայրկեանին բարձրաձայն կուլայի։

Խոշտանգումը մարմնիս ահեղ ու խորհրդաւոր արարողութեան մը պէս զիս սիրածիս կը զուգաւորէր. տեսակ մը պսակ՝ զոր Նախանձը կը դնէր մեր գլխուն վրայ եւ մեզ իրարու կը կապէր անդարձ։ Երջանիկ եւ նուաղած էի. հին մարտիրոսներու զգացածին նման զգացում մըն էր իմինս, տեսակ մը երանութիւն որ դէմքիս վրայ՝ արցունքիս մէջէն՝ պայծառ կերպով կը ցոլանար եւ ալ աւելի կը զայրացնէր էրիկս։ Կը հասկնամ հիմա սուրբերը տանջողներուն բարբարոսութիւնը։

Ապտակը կ՚իջնէր երեսիս, յետոյ կռուփի հարուածները կռնակիս, մէջքիս. միսերուս կսկիծը հոգւոյս մէջ հեշտութեան մը պէս կը ծաւալէր ու սիրած երիտասարդիս անձնատուր կ՚ըլլայի բոլորանուէր։ Տանջանքիս է՛ն սաստիկ ու կսկծալի րոպէին նահատակութեան, գերագոյն վայելքի մը սարսուռովը կը դողայի. էրիկս եղաւ այս երջանկութիւնը պարգեւողը ինծի։

Վերջապէս ձեռք անցուց թուղթը, ապշութեամբ ու ամօթով լեցուեցաւ գտնելով անոր մէջ ոչ թէ յանցանքիս, այլ անմեղութեանս ապացոյցը. զղջաց ըրածին. ոտքս ինկաւ, ներում խնդրեց։

Դուն իմ հաւատարիմ ու պատուաւոր կինն էս, ըսաւ ինծի, ճիշդ այն վայրկեանին, որ գուցէ պատուաւոր բայց անհաւատարիմ եղած էի իրօք։

1/14 Յունուար 1912