Գրական եւ հանրային դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐՈՅԵՆՑ

Հանգամանք չունիմ անտարակոյս խօսիլ այն անձին վրայ, որ, մեր դարուն չափ ծեր, դարէն յառաջ հրաժեշտ կու տայ իր կենաց, զոր, անշուշտ, արդէն գտած է շա՜տ երկար։ Համակրանք ալ, աւելորդ է ըսել, չունիմ այն ամէն գաղափարաց համար, զորս ազգին մէջ քարոզած է Տէրոյենց Պատուելին։ Դրացւոյ պարտք մը կը կատարեմ` հետեւելով իր դագաղին, եւ եղբայրակցի պարտք մը` հրաժեշտ արտասանելով իր դագաղին վրայ։

Անգամ մը միայն (եթէ լաւ կը յիշեմ) տեսած եմ Պրուսացի Տէր Կարապետեան Չամուռճեան Տէրոյենց Յովհաննէս Պատուելին մեծատան մը տան կամ ապարանին մէջ։ Մեծատանց կամ ամիրայից տունէն դուրս չելներ` կ՚ըսէին Պատուելիին համար` իբրեւ քննադատութիւն։ Ինձ համար գովեստ մ՚է այդ։ Վարժապետ մը, գրագէտ մը, որ Տէրոյենցի նման կը մտնէ մեծատանց տուներն, ամէ՛ն ասեմ, իրական ծառայութիւն մը կը մատուցանէ ազգին։ Տէրոյենց ամիրաներու տունը կը մտնէր գրեթէ Կաթողիկոսի մը նման` որպէս կ՚ըսուի մեր ընտանեկան լեզուին մէջ։ Պատկառանք կ՚ազդէր աւագանւոյն. չէր պատահեր իրեն յորդոր կամ յանդիմանութիւն լսել մեծերէն։ Իր մեծութեան գիտակցութիւնն ունէր, իր մեծութիւնն իր շուրջ զգալի կ՚ընէր։ Խորհուրդ կու տար մեծերուն։ Պատմութիւնն ըսէ թերեւս, թէ Պատուելին ամիրայից չը տուաւ միշտ բարի, միշտ ազգաշէն խորհուրդներ։ Այլ պատմութիւնն, անշուշտ, պիտ՚ ըսէ դարձեալ, թէ Պատուելին յաչս ամիրայից բարձրացուց վարժապետութիւնն։ Եւ ասի կարեւոր, ասի, արդի բառով, գնահատելի գործ մը, գնահատելի ծառայութիւն մ՚է։ Նաեւ, Պատուելիին առթիւ, Պատուելիին շնորհիւ, ամիրայք հետամուտ կ՚ըլլային դպրութեանց, որպէս Ներսէս Պատրիարքի շնորհիւ մեծատունք սկսան հետամուտ ըլլալ ազգային կենաց։ Եւ, անցողակի կ՚ըսեմ, Ներսէս Վարժապետեանին ալ ամենէն գնահատելի ծառայութեանց մին էր այս, թէեւ, ցաւալի է հաստատել, Վարժապետեան անկարող եղաւ ներքին բարեկարգութեան գործին որոշապէս մղել Հայ մեծատանց դասն։

Ուրիշ ծառայութիւններ չը մատո՞յց Պրուսացի Պատուելին։ Ուղղակի կերպիւ ալ նպաստեց ազգային կրթութեան ու գրականութեան։ Հայրիկին նման, ոյր հակապատկերն էր Տէրոյենց իր դէմքով, իր մտքով, իր ոճով, Ամիրայից զաւակաց դասախօսութեան կոչուեցաւ։ Լեզուագէտ էր, դրական գիտութեանց վրայ ծանօթութիւններ ունէր, պատմութեան քաջ տեղեակ էր, մանաւանդ եկեղեցական պատմութեան։ Ինչ որ գիտէր, կ՚ուսուցանէր զայն տղայոց. եւ այն ժամանակին համար շատ բան էր, ինչ որ գիտէր Պատուելին։ Ամիրային զաւակը կամ Պայազատն (որովհետեւ ազնուապետականք յատուկ յորջորջումներ ունին, ոյք տակաւ առ տակաւ ծիծաղելի կը լինին), Պայազատը կը խոնարհէր Պատուելիին առջեւ, որուն առջեւ կը խոնարհէր ահագին ամիրայն ինքն ալ։ Այն մեծամեծք, այո՛, ոյք մեծազօր Օսմանեան Վեհապետաց ներկայութեան ստէպ կ՚ընդունուէին, ոյք կարեւոր պաշտօններ կը վարէին, ոյք բարձր դիրք ունէին եւ պատկառելի ալ հարստութիւն, աւելի կը յարգէին վարժապետը, քան այսօրեայ մեծատունն, ում չը տրուիր վայելել Ամիրային բոլոր առաւելութիւններն։

Ոչ միայն Ամիրայից զաւակներուն ուսուցիչ եղաւ Տէրոյենց, այլ վարժարանաց մէջ ալ ուսոյց, աղքատին զաւակաց ալ ուսոյց։ Եւ ուր ուրեմն ուսումնապետ անուանեցաւ համբաւաւոր Ճեմարանին։ Միշտ մեծ ուսումն էր Պատուելիին համար ընդհանուր եկեղեցական պատմութիւնն. ինքն աշխարհական` աւելի կրօնասէր էր, քան Խրիմեան, որուն համար մեծագոյն ուսումն էր եւ է յաւէտ Ազգային Պատմութիւնն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութիւնը։

Պատուելիին առթիւ Հայրիկը կը յիշեմ, Տեա՛րք, քանզի, սրտի մորմոքմամբ կ՚ըսեմ, Հայրիկ կու գայ կը հասնի Տէրոյենցի տարիքին, եւ քանզի, որպէս ըսի, սոյն երկու հասակակից աւագ անձնաւորութիւնք կը ներկայացնեն տրամագծօրէն ներհակ ձգտումներ։ Տէրոյենց կ՚ուսուցանէր եկեղեցասէր ըլլալ. հակառա՞կն Հայրիկ կ՚ուսուցանէ միթէ։ Չէ՛։ Այլ, եթէ կրնամ այսպէս բացատրել, Տէրոյենցի տիեզերական եկեղեցին իսկ իր տան չափ մեծ է միայն. մինչ Խրիմեանին համար, որպէս Տէրոյենցի ժամանակակից այն հալածեալ Ֆիզիգա Պօղոսին համար, եկեղեցին մեծ է տիեզերքին չափ։ Խրիմեանի եկեղեցւոյն մէջ ոչ միայն Աստուած կայ, այլ կայ մարդն ալ, եւ կայ մարդն, որ կը յայտարարէ, թէ անկարող է ըմբռնել զԱստուած. Խրիմեանի եկեղեցւոյն մէջ ոչ միայն կ՚երկրպագուի Քրիստոս, այլ եւ կ՚ընդունուի հոն եւ պաշտուի Պուտտան ալ, նա, որ գահոյից աստիճաններուն վրայ ծնած, սիրայօժար իջաւ ժողովրդեան մէջ` տառապելու համար աղքատին հետ եւ բողոքելու համար մեծատան դէմ. Խրիմեանի եկեղեցւոյն մէջ ոչ միայն օրհնութիւնք լսելի կը լինին, այլ եւ անէծք. եւ ես լսեցի Խրիմեանն, որ հեծեց, լսեցի Խրիմեանն, որ անիծեց եկեղեցւոյ մէջ…։

Գերեզմանին հողը կը շարժլի՜ գոգցես…։ Զի Տէրոյենց ամբարշտութիւն կամ հայհոյութիւն պիտի համարէր այս խօսքերս։ Ճշմարտութիւնն ա՛յն է, թէ ի սկզբան հայհոյանք համարուած իմաստք կը կազմեն մատենագրութեանց էական յաւիտենական մասն, եւ անէծք կը կազմեն գրականութեանց գեղեցկագոյն, վսեմագոյն մասն։ «Անհունն ու տարածութիւնը միայն կրնան հասկնալ տարածութիւնն ու անհունն, Աստուած միայն կրնայ հասկնալ զԱստուած», - կը գրէ Հնդիկ գիտունն։ Իսկ այն վսեմ մատեանը, զոր շատ կը կարդար հանգուցեալն, այլ զոր անկարող էր հասկնալ, որպէս Խրիմեան մը կամ Մուրատեանց մը կը հասկնան զայն, Աստուածաշունչ մատեանը կը պարունակէ. «Մինչեւ յե՞րբ ոչ թողուցուս զիս, եւ ոչ ընդարձակիցես ինձ, ցաւովք կլանիցեմ զտողուկս իմ»։ Էջ մ՚ետ կը դարձնեմ եւ կը կարդամ. «Եւ ապա ուր ուրեմն Յոբ եբաց զբերան իւր, եւ անէծ զօրն իւր, եւ ասէ. «Կորիցէ օրն, յորում ես ծնայ, եւ գիշերն, յորում ասացին, թէ ահա արու։ Անիծեալ լիցի օրն այն եւ գիշերն այն, եւ տարցի զնա խաւար. մի՛ եղիցի յաւուրս տարւոյ, եւ մի՛ եկեսցէ ի վերայ նորա ուրախութիւն եւ մի՛ ցնծութիւն։ Այլ նզովեսցէ զնա, որ նզովելոցն է զօրն զայն, որ զբռամբ ածելոցն իսկ է զմեծ վիշապն։ Խաւարեսցին աստեղք գիշերոյն այնորիկ, սպասեսցէ եւ ի լոյս մի՛ եկեսցէ, եկեսցէ, եւ մի՛ տեսցէ զարուսեակն ծագեալ»։

Այս հրաշակերտ հատուածն ի մէջ բերելէ յետոյ` ինչպէ՞ս խօսիմ Տէրոյենց Պատուելիի գրական տաղանդին վրայ։ Բայց ըսի պահ մը յառաջ, թէ կրթութեան հետ գրականութեան ալ ծառայութիւն մատոյց։ Այո՛, բազում հրատարակութիւններ ըրաւ Տէրոյենց, եւ թերեւս նոյնքան ալ մնայ յետ մահուան ընելու համար Ատոմ էֆէնտիի` իր արժանաւոր որդւոյն։ Հանգուցելոյն երկասիրութիւնք` եկեղեցական, պատմական, դասական են։ Թարգմանութիւններ ալ ըրած է։ Կը պատմուի, թէ հրաշալի դիւրութեամբ կը թարգմանէր։ Տիվիթճեան Յակոբ էֆէնտի ըսած է ինձ, թէ Բասգալի Խորհրդածութիւններն երեք աւուր մէջ թարգմանած է Պատուելին իր սովորական դրութեամբ, որ էր բնագիրն անգամ մ՚ընթեռնլէ յետոյ` փակել գիրքն ու գրել, որպէս թէ հեղինակութիւն մը կ՚ընէր։ Այս պատճառաւ, թերեւս, Բասգալ աւելի քրիստոնեայ եղած է հայ թարգմանութեան մէջ։

Քանի՛ անգամներ օրագիր ու հանդէս ալ հրատարակած է Տէրոյենց։ Դեռ մօտերս Մասիս ամսաթերթի առաջին թուոյն սկիզբն ու Ճէրիտէյի Շարգիյէի մէջ ալ ծանօթ հրապարակագրի մը գրչաւ խօսուեցաւ Հայաստան թերթին վրայ, զոր հիմնեց կամ վարեց հանգուցեալն` Աղաթօն Մկրտիչ էֆէնտիի հետ։ Երեւակն ու Զօհալն ալ հրատարակեց Պատուելին։ Սոքա չեն կրնար, անշուշտ, ի կշիռ դրուիլ Ոսկանեանի Արեւելքին եւ Չիլինկիրեանի Ծաղիկին հետ։ Ոսկանեան եւ Չիլինկիրեան գրագէտ էին` բառին իսկական նշանակութեամբ, նաեւ աշխարհաբարի վերանորոգիչներ։ Տէրոյենցի հանդէսք չունէին գրական յաւակնութիւն. իսկ վերանորոգում բառն, ո՜հ, սոսկում ու գայթակղութիւն կ՚ազդէր Երեւակի խմբագրին։ Յանձուկ միտս պահպանողականութեան անձնաւորութիւնն էր Տէրոյենց։ Երբ զինքն առաջին ու վերջին անգամ տեսայ, քանի մը տարի կայ, հարցուցի կարծիքն ազգային գործիչներուն վրայ. Օտեանին համար ըսաւ բառ առ բառ. «Աղէկ տղայ է, բայց ուղղագրութիւն չը գիտէ»։ Ուղղագրութիւն չը գիտէ` Պրուսացի Պատուելիին լեզուին մէջ կը նշանակէր վերանորոգիչ է։

Ու ինքն Օտեանէն յետոյ մեռաւ, Օտեանէն բարեբաստիկ։ Մեռաւ` աւարտելով իր գործն, որ անօգուտ եղած չէ։ Արժանացաւ Վաբըռօյի հանրածանօթ ժամանակակից անձանց բառարանին մէջ անցնիլ, եւ պատիւ բերաւ Հայոց ազգին։ Թերեւս նոր սերունդն ապերախտ գտնուեցաւ իրեն դէմ, որպէս ապերախտ կը գտնուի ա՛յլ ծերունւոյ մը դէմ, ոյր մոռացած ենք գրեթէ անունն ալ, անձն ալ. ա՛յն անձն, որ երիտասարդի արիւնով կը վառի, իր ալեաց ներքեւ, այն անունն, որ պատկառանօք կ՚արտասանուի յԵւրոպ Հայոց Ակադեմիան համարուած այն յոգնարդիւն Վենետկոյ Վանքին մէջ։ Այսպէս կը մոռանանք ծերերն, հիներն. անոնք իսկ, որոնք միշտ նոր են, որոնք մեզ պէս կը մտածեն դարուս մեծ խնդիրներուն վրայ, որոնք մեզ հաւասար կը զգան ազգային աղիտից հանդէպ։ Երբ երբեմն ազնիւ ոգիք, ոսկեղինիկ գրիչք, ի սկիզբ կամ ի վերջ իրենց գրուածոց` մեծարանք կը մատուցանեն այն բազմերախտ ծերոց` որպէս պաշտպան սրբոց։

Բանաստեղծ Արքեպիսկոպոսն` էր երբեմն կ՚երգէր. Օրհնեալ որ սիրեն զհէգն Հայաստան։ Օրհնեա՜լ, ձայնարկեմ ես ալ, օրհնեա՜լ ըլլան այն գրիչք, օրհնեա՜լ ըլլան, որո՛նք լեզու կ՚ելնեն ծերունի գրագիտաց ու վարժապետաց առջեւ, որպէս Սպարտացիք ոտք կ՚ելնէին ծերունեաց առջեւ։ Օրհնեա՜լ Ուղեւորն, որ անցեալ շաբթու ճիշդ այսօր, կը գրէր Արեւելքի մէջ` թշնամանեալ վարժապետութեան ի պաշտպանութիւնն ազդու յօդուածոյ մ՚սկիզբն. «Ազգային դաստիարակութեան մասին, երբ խնդիր յուզուի, ամէն գրիչ գէթ մի անգամ կը նայի Խասգիւղի բլուրն, որ երբեմն վառարան եղած է, կը նայի Սկիւտարի սարաւանդակաց, ուր կ՚ապրի այսօր Տէրոյենց` զառամ, տկար եւ դողդոջուն, եւ Ռուսահայ վիպասանին գործերը կ՚ընթեռնու ախորժելով. Սկիւտար, ուր կ՚ապրի այսօր անշշունչ լռութեան մէջ Միսաքեան, այդ պատուական ծերունին, որ երբեմն պարբերաբար մտած է գրաւոր վիճաբանութեանց մէջ։ Այլ վա՜յ ամացն փոփոխման…»։

Զգայուն յօդուածագիրն նախազգացում ունեցած է գոգցես, թէ Սկիւտարի սարաւանդակաց բազմամեայ գործիչն ի մօտոյ հող պիտի մտնէր։ Այլ միւս ծերունի գործիչն, որ զոյգ ընդ Տէրոյենցի յիշուած է, նա դեռ ապրէր երկար տարիներ. դեռ երկար (այլ երանաւէտ) ամաց կեանք պարգեւէին երկինք մեր ուրիշ մեծ գործիչներուն ու գրիչներուն ալ, ոյք արդէն բեռնաւորեալ են «ամօք ու գործովք», Հայրիկին, Ալիշանին, Հիւնքեարպէյէնտիին, Պատկանեանին, Էմինին, Հէքիմին, Ոսկանին, Մամուրեանին, Գարագաշեանին, այն զոյգ Վսեմափայլ ծերունեաց` Սերվիչէն էֆէնտիին եւ Ստեփան փաշային, որոնք, յԱմիրայից պաշտպանեալ, Ամիրայութիւնը կործանեցին, եւ որոնց վրայ խնամք, անշուշտ, ունեցած է Ամիրայից մեծ խորհրդականն, որ հող էր եւ ի հող ահա կը դառնայ։

(Երկրագունտ, 1888, էջ 283)