Ե.
ԴՈՒՐԵԱՆ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Արտաքուստ
սեւ
համակ
ու
ներքուստ
նոյնքան
սպիտակ։
Եկեղեցականի
տիպա՞ր
մըն
է։
Նոյնքա՞ն
կոչում
ունի
եկեղեցականութեան,
որքան
վաղամեռ
անմահ
եղբայրը`
Պետրոս
Դուրեան,
բանաստեղծութեան։
Դժխե՜մ
ճակատագիր։
Պետրոս
Դուրեան
Իւսկիւտարի
գերեզմանատան
շուրջը
դարձաւ
բոլո՜ր
իր
սակաւատեւ
կեանքը,
եւ
երեկոյին
սխալմա՜մբ
գոգցես
տուն
կը
մտնէր`
փոխանակ
գերեզմանատո՜ւն
մտնելու…։
Գրեթէ
նոյն
ճակատագիրն
ունեցաւ
Եղիշէ
Դուրեան
ալ,
որ
վարժարանի
կամ
վանքի
մը
որմերուն
մէջ
կ՚անցունէ
կեանքին
գարունն,
եւ
սխալմա՜մբ
գոգցես
երբ
երբեմն
աշխարհ
կ՚իջնէ`
փոխանակ
անդիի
աշխարհը
գնալու…։
Եւ
սակայն
աշխարհի
ծոցն,
աշխարհի
կենցաղոյն
կեդրոնն
ապրող
շատ
մարդիկ
կը
ճանչէ՞ք,
որոնք
աշխարհի
համար
աւելի
օգտակար
ըլլան,
քան
յաւէտ
ողբացեալ
եւ
քան
նորոգ
եպիսկոպոսացեալ
Եղիշէ
Դուրեան։
Երկուքն
ալ
գրի
նուիրեալ.
գի՛րն,
որ
կը
տարրացնէ
մարդկութեան
մտածումն։
Երկուքն
ալ
գիրը
փառաւորող,
փա՛ռք,
որ
ամենէն
անանցն
է
բոլոր
փառքերուն։
***
Ո՞ր
ստնտուն
իրենց
օրօրն
երգեց։
Իրենք
երգիչն,
իրենք
դայեակն
եղան
երիտասարդութեան,
Հայ
ժողովրդեան։
Միտքերը
ծնան
Ճշմարտին,
հոգիք
ծնան
գեղեցկին,
Պետրոսին
նուագերգութեամբ
ու
Եղիշէին
դասախօսութեամբ։
Պետրոսին
աշակերտներն
եղան…
թռչուննե՜րն,
որոնք
մեծ
քնարերգակը
կը
թողուին,
ներդաշնակութիւնը
մուծանելու
համար
պատուհաններէն
ներս
ու
տարածելու
համար
բանաստեղծին
բոյնէն
դուրս։
Եղիշէ
վարդապետին
աշակերտներն
եղան
վարդապետներ,
որոնք
անհամբեր
էին
վանքին
դասարանները
թողլու`
բանին
ճշմարտութիւնը
տարածելու
համար
վանքէն
դուրս`
աշխարհի
մէջ,
խոնարհներուն,
հոգւով
աղքատներուն
աշխարհին
մէջ։
Էտկառ
Գինէն
Արարչութիւն
իր
սքանչելի
գրքին
մէջ
կը
գրէ,
թէ
թռչունք
երկիւղած
կ՚ունկնդրեն
քնարին
ձայնին
ու
կը
սրբագրեն,
կը
լրացնեն
իրենց
երաժշտութեան
թերին։
Արդ,
թռչունք
բովանդակ
Պոսֆորի
ափանց
վրայ
քնարի
մեծագոյն
վարպետ
մը
կրնայի՞ն
գտնել,
քան
Պետրոս
Դուրեանն։
Անոնք
բանաստեղծին
կենդանութեանն,
եւ
զգայուն
սիրտերը
բանաստեղծին
մահուանէն
յետոյ
մանաւանդ
թրթռացին
իր
քնարին
ձայնովն
ու
զարգացուցին
նուագահանական
իրենց
կարողութիւնն։
Հառաչանաց
տաքութիւնն
ունէր
Պետրոս
Դուրեանի
բանաստեղծութիւնն
ու
հիւծման
մարտնչող
նուագումն,
որ
ծխոյ
ցնդականութենէն
հրոյ
կեդրոնացման
կ՚անցնի։
Նետահա՜ր
կարապն
էր
սպիտակ,
որուն
իւրաքանչիւր
թեւաբախումն
արեան
ցայտումներով
կը
կարմրակամարէր
երկնահայեաց
իր
գգուելի
գլուխն
եւ
աղեկիզիկ
ճիչերով
կ՚ակօսէր
օդոց
ու
մարդոց
սիրտն։
Երբ
առ
վայր
մի
կը
հանգչէր
բանաստեղծին
գլուխը,
սեւ
ամպ
մը
կամ
ճերմակ
լաչակ
մը,
անգղ
մը
կամ
աղաւնեակ
մը,
դեւ
մը
կամ
հրեշտակ
մը`
տենդատանջի՜կ
քնոյն
մռայլ
կամ
մեղոյշ
երազները,
կ՚իջնէին,
կը
շրջապատէին,
կը
սեղմէին
երկաթապիրկ
կամ
կը
գգուէին
փետրափափուկ
երեսն
այն,
որուն
արժանի
շրթունքներն
ստեղծուած
չէին
դեռ
կամ
հալա՜ծ
էին
արդէն…։
***
Ա՛յլ
է
եղբօրը`
Եղիշէ
Դուրեանին
քունն,
ա՛յլ
իր
տքնութիւնն,
եւ
ա՛յլ
իր
արթնութիւնն։
Իր
երազոց
պատկերներն
ըլլալ
պարտին
միօրինակ
շղթան
ժամերգութեանց
ու
շարքը
քարոզներուն
եւ
աստիճանաւորումը
դասարաններուն
ու
դասախօսութիւններուն։
Արձակունա՜կ
պատկերներ։
Որքա՜ն
բանաստեղծական
են
պատկերներն
անրջոց
մարդուն
արձակ,
մարդո՛ւն,
որ
նախասահմանեալ
է
տատանելու`
գործոց
ու
պարտուց
աշխարհէն
հեռու`
ընդմէջ
երկնից
եւ
երկրի,
ընդմէջ
իրական
աշխարհին
ու
տեսլականին…։
Պատահաբար
կրնան
սակայն
ուսուցչին
ու
քարոզչին
երազներն
ալ
բանաստեղծօրէն
պատկերազարդիլ։
Ժամերգութեանց
շղթային
վրայ
մերթ
աննիւթական
աղաւնին
կը
սաւառնի
կամ
գառն
Աստուծոյ
մը
կը
խայտայ։
Քարոզք
երբեմն
անդրագո՜յնը
կ՚ընդգրկեն
ու
ծխոյ
կապուտակ
անհուն
պարոյրի
մը
ձեւը
կ՚առնուն,
որ
անսահմանութեան
կապոյտին
հետ
կը
համագունի՜`
գեր
ի
վեր,
քան
այդ
կապոյտը`
սլանալով
ի
խնդիր
Անեղին։
Դասարաններուն
աստիճանաւորումը
գրական
դասախօսութեանց
փայլովն
ու
գիտութեանց
ներքին
ճառագայթներովը
կ՚ոսկեզօծի։
Բանաստեղծութիւն,
հրապոյր,
ո՜հ,
փնտռողն
ո՞ւր
չգտներ,
մինչե՜ւ
իսկ
դժբախտութեան
մէջ…։
Քունը
միշտ
քաղցրագոյն
է
տքնութենէն։
Եղիշէ
վարդապետին
տքնութիւնք
ուսանողներուն
համար,
ապագայ
սերունդին
համար
են
յաճախ.
դասեր
կան
պատրաստելու,
պարտականութիւններ
կան
սրբագրելու։
Ասոնք
ուսուցչի՛ն
տքնութիւնքն
են։
Քարոզիչն
ալ
տքնութիւններ
ունենալ
պարտի։
Օրը
դասաւանդութեամբ
անցած
է։
Հարկ
է
գիշերը
պատրաստել
քարոզն
եւ
մանաւանդ
պատրաստուիլ
քարոզին.
եւ
ի՞նչ
աւելի
նպաստաւոր
այդ
պատրաստութեան,
քան
մութն
ու
լռութիւնը
գիշերին։
Քարոզիչը
ջահերը
չի
վառեր,
որպէս
կ՚ընէր
Ալֆրէտ
տը
Միւսէ,
երբ
կը
կոչէր
Մուսան,
որ
տուն
կու
տար
բանաստեղծին
Մայիսի
գիշերը,
Դեկտեմբերի
գիշերն,
եւայլն։
Պլպլուն
կանթեղի
մը
առջեւ
կրօնաւորը
կը
կոչէ
զԱստուած,
որ
կոչուած
տեղն
է
անվրէպ։
Ուսուցիչէն
ու
քարոզիչէն
յետոյ
մատենագիրն
ալ
իր
տքնութիւններն
ունի.
յանձնարարուած
աշխատութիւնք
կան,
որպէս,
զոր
օրինակ,
Իզմիրեան
Կտակի
Յանձնաժողովիններն,
եւ
կան
ազատ
աշխատասիրութիւններն,
որոնց
հարկը
կոչո՛ւմն
է,
որ
հեղինակին
վրայ
կը
դնէ։
Եւ
չեմ
սխալիր,
ինձ
թուի,
եթէ
Եղիշէ
Դուրեանին
նախասիրական
վաստակը,
մեծագոյն
հաճոյքն
համարիմ
մատենագրական
աշխատութիւններն։
«Արտաքուստ
համակ
սեւ
եւ
ներքուստ
համակ
ճերմակ»
պարբերութեամբ
սկսայ
յօդուածս.
վերարկուն
գունաւորելու
համար
ծախք
չըներ
եւ
վերարկուին
գոյներէն
չսպասեր
իր
փառքն`
իր
ժողովրդականութիւնն
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեան.
դրամն,
որ
ձեռքը
կ՚անցնի,
իսկոյն
կ՚անհետանայ`
միւս
ձեռքին
մէջ
գի՜րք
ըլլալու
համար։
Կը
կարդա՜յ,
կը
կարդա՜յ,
եւ
ի՜նչ
գիրքեր,
ի՜նչ
Հանդէսներ։
Եւ
գրիչը
ձեռք
կ՚առնէ,
ո՛չ
այդ
գիրքերն
ու
Հանդէսները
թարգմանելու
կամ
համառօտելու
համար,
հապա
այդ
եւրոպական
հռչակաւոր
հրատարակութեանց
հեղինակներուն
պէս
գրելու
համար
ազգային
բանասիրական
նիւթոց
վրայ։
Դուրեան
Եղիշէ
վարդապետին
կրթական
ու
քարոզչական
գործունէութեան
առաջին
շրջանակն
եղաւ
Պարտիզակ,
որու
դպրոցին
մէջ
ամբողջ
սերունդ
մը
կրթեց,
եւ
որու
ժողովուրդին
այնպիսի՛
քարոզներ
լսելի
ըրաւ,
որոնք
Մայր
Եկեղեցին
հաւատացելոց
բազմութեամբ
պիտի
լեցնէին։
Օր
կ՚անցնէ՞ր,
Մայիս
կ՚անցնէ՞ր
մանաւանդ
այդ
դրախտային
Պարտիզակին
մէջ,
որ
չը
յիշէր
վաղամեռ
հարազատը,
սոխակներն
զմայլեցնող
բանաստեղծը…։
Երբ
իմ
հրատարակութիւններուս
մէջ
շարունակաբար
հարկաւորութիւնն
յեղյեղուած
Ժառանգաւորաց
վարժարանս
հաստատուեցաւ
Արմաշու
Չարխափան
վանքին
մէջ
Խորէն
Աշըգեանի
փորձէն
յետոյ,
վերատեսուչ
Օրմանեանին
իբրեւ
աջակից
Դուրեանէն
զատ
յարմարագոյն
անձ
չը
գտնուեցաւ։
Կոչում,
կարողութիւն,
պատրաստութիւն,
ամէն
յատկութիւն
կը
միացնէր
այդ
երիտասարդ,
համեստ
վարդապետն,
որուն
գոյութիւնն
անգամ
չէին
կասկածեր
բազում
եպիսկոպոսներ։
Դուրեան
աշխատեցաւ
Օրմանեանին`
ժառանգաւորաց
վարժարանին
թէ՛
տնօրինութեան
ու
թէ՛
ուսուցչութեան
մասին։
Որովհետեւ
եւ
ոչ
հրապարակագիր
մը
ինծի
չափ
գրեց
ժամանակին
այդ
ամենակարեւոր
նիւթին
վրայ,
ես
ամենէն
աւելի
կը
հրճուէի`
քանի՛
դասարանք
կ՚աւելնային
եկեղեցական
վարժարանին
մէջ,
քանի՛
ժառանգաւորք
գործունէութեան
շրջանին
կը
մօտենային։
Եւրոպայէն
վերադարձիս
հայերէն
թերթ
մը
բացի.
այսինչ
գաւառէն
շնորհակալութիւն
Ս.
Պատրիարքին`
սոյն
գաւառին
առաջնորդին
համար։
Ուրիշ
օր
մը
դարձեալ
թերթ
մը
ձեռքս
առի.
ուրիշ
գաւառէ
մը
շնորհակալութիւն
կը
յայտնուէր
Ս.
Պատրիարքին`
սոյն
գաւառին
առաջնորդին
համար։
Ուրիշ
մը`
նոյնպէս։
Եւ
յիշեցի,
որ
այդ
առաջնորդաց
անուանք`
Օրման-Դուրեանին
ձեռնասուններուն
անուններն
էին։
Գրեթէ
հրաշալի
երեւոյթ
մ՚էր
այս.
երէկուան
տղաքն
այսօր
առաջնորդի
տիպարներ
հանդիսանա՜ն,
հաւասար
եռանդեամբ
ու
ձեռնհասութեամբ
հսկե՜ն
գաւառաց
ժողովրդին
թէ՛
նոր
սերունդին
վրայ։
***
Արմաշու
Կղերանոցին
վերատեսուչն
հրաւիրուեցաւ
պատրիարքական
աթոռին
վրայ
բարձրանալ.
իր
յաջորդը`
Դուրեան
վարդապետը,
Մայր
Աթոռէն
երէկ
վերադարձաւ
եպիսկոպոս։
Ամաց
հետ
արդիւնաւորութիւնը
պիտ՚
աւելնայ
նորապսակ
եպիսկոպոսին։
Եւ
եպիսկոպոսին
վրայ,
եթէ
ազգը
շարունակէ
գնահատել
այդ
բարձրարժան
եկեղեցականին
արժանիքն
ու
ծառայութիւններն,
եպիսկոպոսին
վրայ
դիւրաւ
վանկ
մը
կ՚աւելնայ։
Իմացական
ու
բարոյական
կարողութիւններովն
արդէն
եկեղեցականութեան
պետ
մ՚է
Եղիշէ
եպիսկոպոս
Դուրեան։
***
Անցեալ
օր
անմահ
Կոնգուռ
եղբարց
վրայ
կը
խօսէի.
Պետրոս
Դուրեան,
որ
քանի
մը
տաղերու
մէջ
կը
զգայ
յայտնապէս
իր
մեծութիւնն,
երբեք
կը
գուշակէ՞ր
որ
միեւնոյն
մեծութեան
ու
փառաց
մէջ
օր
մը
կոչուած
էին
միանալ
Պետրոս
եւ
Եղիշէ
Դուրեան
հարազատք։
(Արեւելք,
25
Նոյ.
1898)