ԱՌ
ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ
1870ին`
առաջին
հրատարակութեանս
մէջ
ջատագովութիւնն
ըրի
մարդկային
վարդապետութեան
(Humanitarisme)
ու
գրեթէ
պուտտայականութեան,
քանզի
շուրջս
ազգային
զգացման
պայծառ
արտայայտութիւնք
տեղի
կ՚ունենային։
Այնուհետեւ
առանձին
հրատարակութեանց,
օրաթերթից
ու
հանդիսից
մէջ
քարոզեցի
դրական
իմաստասիրութիւն,
քանզի
շուրջս
ոչ
զոք
կը
տեսնէի
ծանօթ
այդ
նոր
իմաստասիրութեան։
Յովհաննէս
Սեթեանին
առաջին
գործին
հրատարակութեանն
առթիւ
սկսայ
քննադատել
Հիւկօն,
որոյ
մահուանն
առթիւ
առանձին
քննադատութիւն
մը
գրեցի
վիպական
դպրոցի
պետին,
կամ
որ
նոյն
է`
վիպական
դպրոցին
դէմ,
քանզի
ընդհանուր
ողբոց
ու
հիացման
աղաղակներ
բարձրացան
շուրջս,
երբ
տարածուեցաւ
գոյժն։
Օտեանի
Հաւատք
գրոյն
ի
պատասխանի`
Նիրվանա՜
գոչեցի.
Պուտտայի
կեանքն
արձակ
եւ
ոտանաւոր,
պատմեցի
(Երկրագունտ),
յոռետեսութեան
հրապոյրները
պատմեցի,
քանզի
շուրջս
երբեք
չէի
լսած
Նիրվանա
բառն
ու
Պուտտայի
անունն։
Անգղն
ու
դիակն
սկսայ
երգել,
փոշին
ու
հիւլէն,
քանզի
շուրջս
արծիւն
ու
հրեշտակն
ի
պատուի
էին,
Արարչութիւնն
ու
Արարիչն
երգոց
առարկայ
կը
լինէին։
Ռաֆաէլի
թարգմանչին
վրայ
դամբանական
յօդուածոյս
մէջ
բնապաշտութեան
բացայայտ
յայտարարութիւն
ըրի,
քանզի
տեսլապաշտ
էր
Օտեան։
Առ
Հրաչեայ
Խոստովանութեանցս
մէջ
անկապաշտի
դաւանանք
յայտնեցի,
քանզի
պահպանողական
գրագէտ
էր
Պէրպէրեան։
Պաշտպանեցի
մարմնոյն
իրաւունքներն,
իրական
եւ
առողջապահական
դաստիարակութիւնը,
քանզի
բոլոր
ազգային
վարժարանաց
մէջ
վերացում
ըրած
էին
մարմնոյն։
Սկսայ
ռամկօրէն
գրել
ոտանաւորներ
(Երկու
Գառնուկներ,
առաջին
իրական
ռամկալեզու
ոտանաւորը
մեր
գրականութեան
մէջ).
սկսայ
ռամկօրէն
վէպ
գրել
(Էրիկ
Կնիկ,
առաջին
ռամկալեզու
նորավէպը
մեր
գրականութեան
մէջ).
սկսայ`
Մասիս
օրաթերթէն
ռամկախառն
յօդուած
ու
նորավէպ
ու
դասախօսութիւն
գրել,
եւ
ահա
ռամկախառն
բանախօսութիւն
կ՚գրեմ,
քանզի
մեր
գրագէտք
առ
հասարակ
գրական
լեզուաւ
կը
գրեն
(յարգանք
իրապաշտ
դպրոցի
մեր
վիպասաններուն,
որոնք
իրենց
վէպերուն
մէջ
ռամկօրէն
խօսակցութիւններ
կը
դնեն,
իրենց
ռամիկ
դիւցազանց
խօսքերն)։
Այս
քանզիներէն
ի՞նչ
իմացաւ
ընթերցողն։
Ընթերցողք
ոմանք
(անոնք),
որ
սոյն
բանախօսութեան
գնահատումն
Արեւելքի
մէջ
իբրեւ
քննադատութիւն
կարդացեր
էին,
ընթերցողք
ոմանք
պիտի
հասկնան,
թէ,
երբ
ժողովուրդը
մոլորութեան
մէջ
տեսնեմ,
կը
փնտռեմ
ու
կը
յայտնեմ
ճշմարտութիւնն
ի
սէր
ճշմարտութեան
եւ
ի
սէր
ժողովրդեան։
Ուրիշ
ընթերցողք
ալ,
ընդհակառակն,
ախտաբանական
պարագայի
մը
հանդէպ
պիտի
գտնեն
ինքզինքնին
[1]
իրենց
համար`
ոչ
ճշմարտութեան,
ոչ
ժողովրդեան
սէրն
է,
որ
զիս
կը
մղէ,
այլ
հազուագիւտին,
տարօրինակին,
արտակեդրոնութեան
(Excentricité),
տարասութեան
(Snobisme),
ճշմարտազանցութեան
(Paradoxe)
սէրն։
Հիւանդ
մը
(քանզի
կը
զգամ
հիւանդութիւնս),
հիւանդ
մը
չը
կրնար
դատել
ինքզինքն.
այլ
հիւանդ
մը,
բարոյական
հիւանդ
մը,
կը
նկրտի
ջատագովել
հիւանդութիւնն.
այդ
հիւանդութեան
մէջ
յառաջադիմութեան
երեւոյթ
մը,
յառաջադիմութեան
կամ
բարեշրջութեան
պատճառ
մը,
սատար
մը
(Facteur)
փնտռել։
Արդ,
մտիկ
ըրէք,
պատուական
ընթերցողք
իմ.
այսօրուան,
ու,
կրնայ
ըսուիլ,
այս
դարուն
մեծագոյն
իմաստասիրական
հեղինակութիւնն
է,
որ
պիտի
խօսի.
«Նմանելու
կարողութիւնը,
զոր
քաղաքակիրթ
ցեղերու
բարձրագոյն
անդամք
ամենէն
նուազ
ունին
եւ
զոր
ստորնագոյն
վայրենի
ցեղերն
ամենէն
աւելի
ունին,
կ՚ընծայէ
մեզ
բացատրութիւնն
ա՛յն
հակամարտութեան,
որ
կայ
ըմբռնական
գործունէութեան
եւ
անդրադարձական
գործունէութեան
միջեւ։
Ընդհանրապէս
խմբակեցիկ
անասնոց
վրայ,
զոր
օրինակ
ճեղագռաւուց
վրայ,
որոնք,
մէջերնուն
մէկն
ոտքի
ելնելուն
պէս
ամենքն
ի
միասին
ոտքի
կ՚ելնեն,
կամ
ոչխարներուն
վրայ,
որոնք
իրենց
հովուին
ետեւէն
կը
ցատքեն,
կը
տեսնենք
գրեթէ
ինքնաշարժական
կրկնութիւն
մը
ուրիշ
կենդանւոյ
մ՚ըրածին.
այս
նկարագիրն,
որ
կը
տեսնուի
մարդկային
բոլոր
ստորին
ցեղերու
մէջ,
այսինքն
ձգտումն
ուրիշ
մը
կապկելու,
որպէս
կ՚ըսենք
բացատրիչ
լեզուաւ
մը,
նշան
է,
թէ
դոյզն
ինչ
կը
շեղին
այդ
ցեղերն`
անասնական
մտաց
տիպարէն»։
«Արտակեդրոնութիւնն
ընդունուած
բացատրութիւն
մ՚է,
որ
համայնից
փորձառութեամբ
կը
յայտնէ,
թէ
սկզբնատիպ
կարողութեամբ
օժտեալ
մարդիկ
ընդունակ
են
ամեն
մարդէ
տարբեր
կերպիւ
գործելու։
Ամեն
մարդու
պէս
ընել
նմանութիւնն
իր
ընթացից
առաջնորդ
ընտրել
է,
ամեն
մարդու
սովորոյթներէն
խոտորիլն`
նմանութեան
մերժումն
է։
Նշանաւոր
բան
է,
թէ
որքա՜ն
մարդս
կարող
ըլլայ
նորանոր
գաղափարներ
ծնանելու,
այնքան
նուա՛զ
կարող
կ՚ըլլայ
նմանելու
[2]
»։
Գիտական
իմաստասիրութեան
մէջ
իմ
արդարացումս,
ի՞նչ
կ՚ըսեմ,
իմ
կամ
մանաւանդ
ճշմարտազանցութեան
աստուածացումը
գտնելէ
ու
հռչակելէ
յետոյ,
կը
յայտնեմ
ուրախութիւնս
ալ,
թէ
միակ
չեմ
նմանազանցութեան
կամ
ճշմարտազանցութեան
կարողութեամբ
օժտեալ.
Պարոնեան
եւ
Արփիարեան
հարազատագոյն
եղբայրակիցքս
են
արտակեդրոնութեան
մէջ։
Եւ
այս
է
պատասխանս
եկեղեցական,
թէ
աշխարհական
քննադատներուս։
Իսկ
պատասխանելու
համար
օրըստօրէական
քննադատութեանց,
ոյք
տեղի
պիտ՚
ունենային,
հարկ
է
սպասեմ,
որ
առանձին
թերթ
ունենամ։
Անհամեմատ
պարծանօք
կը
յայտնեմ,
թէ
մեր
ամենէն
համարձակ
թերթն
ալ
չը
համարձակեցաւ
հրատարակել
Աւելի
ճառս։
Եւ
անկապաշտ
ոճով
գրութեանցս
շարունակութեան
համար
առարկուեցաւ
ինձ,
թէ…
հազիւ
քսան
հոգի
մեր
ազգին
մէջ
կը
հասկնային
զայնս
[3]
։
Դամբանականս
գրեցէ՛ք,
ո՛
գրագէտ
եղբայրակիցք
իմ
բարեկամք…։
--------------------------
Սեպտեմբեր
3ին
տեղի
ունեցած
Օրթաքէօյի
Հռիփսիմեանց
վարժարանին
պարգեւաբաշխութեան
(նամակաձեւ)
նկարագրութենէն,
զոր
հրատարակեց
Արեւելք,
կը
քաղենք
հետագայ
դատաստանն
Աւելի
ճառիս
վրայ.
«Եղիա
Էֆ.
Տէմիրճիպաշեան
կարդաց
ատենախօսութիւն
մը,
այնպէս,
որպէս
ինք
միայն
կրնայ
գրել
ու
կարդալ։
Իր
Paradoxal
մտքին
բոլոր
հրապոյրները
դրած
էր
այդ
ատենախօսութեան
մէջ`
պարզելով
մարմնոյն
պահանջումներն
ընդդէմ
մտքին,
որ
միայն
ի
նկատ
կ՚առնուի
մեր
վարժարանաց
մէջ`
ամենէն
բարձր
ոճէն
իջնելով
մեր
ամենէն
ռամկական
լեզուին,
որ
հաճոյ
չպիտի
ըլլար,
անշուշտ,
ոմանց։
Իր
ջլախտաւոր
հիւանդի
զգայնութիւնները
չհասկցուեցան
ոմանցմէ։
Անոնք,
որք
ապա
գնացին
նորա
ձեռքը
սեղմել
սրտազեղմամբ
ու
հիացմամբ,
իր
սրտին
ցաւած
լարերն
սփոփեցին
անշուշտ»։
[1]
Մանաւանդ
երբ
յիշեն
Մասիս
օրաթերթին
մէջ
հրատարակած
յօդուածոցս
միոյն
վերջաբանութիւնն.
«Այսպէս
ահա
գրական
վարդապետութիւնն
օրըստօրէ
կը
տարածուի
մեր
ազգին
մէջ։
Սակայն,
երբ
ամեն
ոք
(անշուշտ,
ամեն
ուսեալ
ոք)
ընդունի
նոր
վարդապետութիւնն,
ես
յայնժամ,
Ռընանի
նման,
տենչ
պիտ՚
ունենամ
ընդունելու
հին
իմաստասիրութիւնն…»։
[2]
Հերպերդ
Սբենսէր,
Սկզբունք
Ընկերաբանութեան։
[3]
Այլ
ըստ
արժանւոյն
պիտի
գնահատուի՞ն
միթէ
բոլոր
ընթերցողներէն
Մասիս
կիսամսաթերթին
մէջ
հրատարակուած
ա՛յն
արդենատիպ
կամ
գաւառանկար
դրոշմաւէտ
հատուածք,
ոյք
կը
շեշտեն
ու
կ՚ընդարձակեն
սկսուած
նոր
գրական
շարժումն։