Գրական եւ հանրային դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՕՍՈՒԸՌՏՈՒՔ ԱՂՋԿԱՆՑ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ՎՐԱՅ ԿԱՄ ԱՒԵԼԻՆ ՃԱՌԸ [1]

Տիրուհիք եւ Տեարք,

Ա՛յն պատուական հանդիսականք ոյք գեղեցիկ ատենաբանութիւն մը կը սպասէին ինէ, երկինքին վերի յարկէն վար պիտի իյնան։ Իրօք, աւելի տգեղ ճառ մը լսած չը պիտի ըլլան։ Ո՜հ, ձանձրացած եմ գեղեցիկէն, մանաւանդ դառնացած եմ գեղեցիկին դէմ. եւ առանց բացառութեան պիտի վիրաւորեմ անտարակոյս հանդիսիս բոլոր հանդիսականներն ալ, երբ գոչեմ. «Կ՚ատեմ գեղեցիկն»։ Այլ ոչինչ աւելի բնական է, սակայն, քան ատել իր թշնամին. եւ իմ թշնամիս է Գեղեցիկն։ Արիւնս քամեց, տեսութիւնս տկարացուց. մարե՜ց, մարե՜ց, այո՛, աչացս հուրն ու կռնակս կուզ տնկեց` Գեղեցիկն։ Ինչպէ՞ս։ Այլ պարզապէս։ Գլուխս կը կախէի, ու կը կարդայի՜ ու կը կարդայի՜` ինչ որ գրականութիւնք արտադրած են ամենէն գեղեցիկ։ Գլուխգործոցներուն գլուխս որքա՛ն հնար է կը մօտեցնէի. գեղեցիկ գործերուն աչքերս գրեթէ կը քսուէին, ինչպէս մասունքի մը պիտի քսուէին` անոր բոլոր զօրութիւնը քաղելու համար։ Անձնիւր ընթերցման յիս կերպարանափոխութիւն մը կը զգայի. կը զգայի, թէ կը գեղեցկանամ ես ալ։ Իրողութիւնն ա՛յն է, թէ առուգութիւնս կը կորուսանէի. մորթս ոսկերս կը փակչէր, մազս կը ճերմկէր։ Անէ՜ծք գեղեցկին…։ Ժա՛մ է յեղաշրջել մեր դաստիարակութեան դրութիւնն, եւ կամ բարեփոխել գէթ զայն։ Պէտք է գեղեցկին հաւասար տեղի տալ մեր վարժարանաց մէջ ճշմարտին եւ օգտակարին ալ։ Ըսել չեմ ուզեր, անշուշտ, թէ գեղեցիկն օտար է բացարձակօրէն ճշմարտին եւ թէ գեղեցիկէն անկախ է բացարձակօրէն օգտակարն։ Ո՛չ, այդ իմաստասիրական սխալն ես չը պիտի գործէի։ Ըսել կ՚ուզեմ միայն թէ գործնականին մէջ կ՚ընենք այս սխալն ընդհանրապէս. եւ ես կ՚ուզէի, որ այս սխալն այլ եւս չը գործէինք մենք երբեք։

Ա.

Հիմայ` իմ կարծեօքս, դպրոց մը, մասնաւորապէս աղջկանց դպրոց մը ինչպէս պարտի լինել, իմ տեսլականս ո՛րն է, յայտնեմ։ Ես աղջկանց դպրոց մը մտած ատենս, է՛ն առաջին բանն, որ տեսնել կ՚ուզեմ հոն, ի՞նչ է, գուշակեցէք։ Գրքատո՞ւն։ Ոչ։ Դաշնա՞կ։ Շատ հեռու էք, առաջին բանը` կ՚ըսեմ կոր։ Կար ու ձեւի գործի՞ք։ Մօտեցաք։ Բայց իմ հարցմանս, ինձ կը թուի, պատասխանն եւ ո՛չ ոք ի հանդիսականացդ պիտի համարձակի տալ։ Ի՜նչ ստորին բան, բերան կ՚առնուի՞ միթէ, մեր աղջկանց փափուկ ձեռաց կը վայլէ՞ միթէ։ Ամենէն աւելի ա՛ն կը վայլէ` աւե՛լը` մաքրութեան խորհրդանշանն։ Ես զայն կ՚ուզէի տեսնել ամենէն առաջ, Տիկնայք իմ եւ Տեարք, վարժարանի մը մէջ։ Կ՚աղաչեմ, բծախնդրութիւն չըլլայ. աւելը օրթան կենայ` ըսած չունիմ ես. իմ ըսածս, իմ առաջարկածս, իմ պահանջածս աւելին պարտաւորիչ գործածութիւնն է բոլո՛ր աղջկանց ալ համար. հասարակ սենեակի աւել, կոթով մենծ աւել, թավան սիւփիւրկէսի, չալը սիւփիւրկէսի, մէյտան սիւփիւրկէսի, կ՚ուզէի բոլոր այս աւելներն ալ (ու դեռ եթէ կան ինձ անծանօթ) տեսնել աղջկանց վարժարանի մը մէջ բոլոր այս աւելներն ալ։ «Տէմիրճիպաշեանին խելքի՜ն է եկեր», - պիտի մրմնջեն ոմանք, որոնց դիտողութիւն պիտ՚ ընեն այլք. «Նո՜ր բարի լուս»։ Այդ բարեսիրտ անձանց պիտի պատասխանեմ, թէ Ռապըլէի, Ժան Ժագ Ռուսոյի նման մարդիկ ալ (որոնք այնքան մեծ են, անշուշտ, որքան ես պզտիկ) իրենց ժամանակակիցներուն աչաց յիմարներ էին։ Այդ պատուական հանդիսականաց պիտի յայտնեմ, թէ Գաղղիացի անուանի հրապարակագիր մը, ի մէջ այլոց, Մարդն ու Յեղափոխութիւնն անուն յոյժ լուրջ գրքի մը մէջ հաւասարութեան գերաքրիստոնէական հիման վրայ հաստատուած ընկերութեան մը ծրագիրը կը պարզէ, յորում թաղի մը բնակիչք կարգաւ պիտ՚ աւլէին իրենց փողոցն ու դեռ արհամարհեալ ուրիշ աշխատութիւններ ալ պիտի կատարէին։ Մի՛ ծիծաղիք, Տիկնայք իմ եւ Տեարք. ասոր մօտ բան մը կարդացիք Բարիզ յԱմերիկայի մէջ, եւ այդ գիրքը վիպասանութիւն չէ, եւ Ամերիկեան ընկերութիւնը ծիծաղելի կամ յետնեալ ընկերութիւն մը չէ։

Ֆրանսայէն եւ Ամերիկայէն վերադառնալով մեր դպրոցներն` անոնց մէջ պէտք է, կ՚ըսեմ, որ տղայք սորվին աւել ածել, կամ, ազդուագոյն բացատրութեամբ, աւել զարնել. պէտք է յաճախ աւլուին ու սրբուին դպրոցներն, որպէս եւ տուները։ Մաքրութիւնն առողջապահութեան առաջին պայմանն է, եւ դպրոցին մէջ աւանդուելիք առաջին դասն ըլլալ պարտի այն. չե՞նք տեսներ միշտ, թէ անմաքրութենէ յառաջ կու գան բոլոր ա՛յն հիւանդութիւններն, որոնք շուտով մը կը տարածուին ու տրտմութիւն կը տարածեն իրենց հետ աշխարհիս մէջ։ Զէնտ-Աւեստան իրաւամբ կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ կը սրբէ, զուարթութիւն կը սփռէ աշխարհի վրայ»։ Ու տեսէք սրբողին ի՛նչ վարձք կը խոստանայ հնութեան այն մեծ ազգին Սուրբ Գիրքը. «Զարաթուստրան (կամ Զրադաշտն) հարցուց Ահուրա-Մազտային (կամ Որմիզդին). Արարի՛չդ աշխարհաց, սո՛ւրբդ սրբոց, ի՞նչ պիտի լինի սրբողին վարձքն։ Ահուրա-Մազտան պատասխան տուաւ` խոստացիր այդ մարդուն արքայութեան լիակատար վայելումն»։ Ներողամիտ եղիք, Տիրուհիք եւ Տեարք իմ, զի մեր (այսինքն` Հրէից) Սուրբ Գիրքը մէջ չը բերի. ամեն անգամ, որ Աստուածաշունչէն քաղուած մը կ՚ընեմ կամ ակնարկութիւն մ՚Աստուածաշունչին, անվրէպ դիտողութիւն կը լսեմ. «Վարդապե՞տ ըլլալու միտք ունիս, տէրտէ՞ր պիտի ըլլաս»։ Վետաներէն ալ վկայութիւն չը բերելուս պատճառն այն է, թէ շատեր սկսած են անհամբերութեան նշաններ ընել, երբ Հնդկաց Սուրբ Գիրքէն կամ Հնդիկ իմաստուններէն տող մը բան մէջ բերեմ հարիւր տող գրուածքի մը մէջ։ Բայց եթէ բոլոր սուրբ գիրքերն ալ, յիշած ու չը յիշած սուրբ գիրքերս ալ եթէ դատապարտէին մաքրութիւնն (հակառակն է բարեբաղդաբար), մենք պէտք էր մաքրութեան, մենք պէտք էր աւելին, այո՛, կողմնակից ըլլայինք, ըստ որում ամեն առողջապահական գրքի մէջ այսօր կը յանձնարարուի մաքրութիւնն ամե՛ն բանէ յառաջ։ Եւ, առանց առաքինութեան մրցանակաց դէմ խօսելու, կը փափաքէի, որ մաքրութիւնն ալ առաքինութիւն համարուէր եւ մրցանակի արժանաւոր. այդու շատ համաճարակ հիւանդութեանց առաջքն առնուած պիտ՚ ըլլար, ու նուազ տխրութիւն պիտի տիրէր աշխարհի մէջ։ Եւ, Կրթական Տեսուչն յարգելով հանդերձ, լաւագոյնը, օգտակարագոյն պիտի համարէի, որ մաքրութեան Տեսուչ մը կարգուէր (իր փոխ տեսուչն ունենալով, աւելորդ է ըսել)։

Բայց ինչո՞ւ համար ձեր առջեւ այսքան երկար կը խօսիմ մաքրութեան վրայ, մաքրափայլ Օրթագիւղցիք։ Դուք կենդանի քարոզ էք մաքրութեան։ Միայն թէ… դուք ամենքդ ալ ձեր զաւկըներուն, մանաւանդ` ձեր աղջիկ զաւակներուն, ձեռք աւել տալ չէք ուզեր դուք։ Աւլե՛լ կ՚ըսեմ, ամե՛ն տեղ աւլել. ոչ թէ միայն փոքրիկ, գեղեցիկ մանրանկարիկ խցիկ մ՚աւլել, այլ բակն ալ աւլել, խոհանոցն ալ աւլել, եւն. թավան սիւփիւրկէսիով տունին էօրիւմճէկները վար առնել, չալը սիւբիւրկէսին բոպիկ ոտքին տակը դնել ու տախտակները բառըլ բառըլ փառլաթմիշ ընել…։ Պայաղի՜ բան է աս, շա՞տ իրական է։ Սակայն իրապաշտութեան դաւանող կը ցուցնենք ինքզինքնիս. Զօլա կ՚ըսենք, կ՚երթանք. անկապաշտ յայտարարութեանց ծափ կը զարնենք։ Ինչ-ինչ վերապահմամբք յարիլ այդ նոր վարդապետութեանց, անշուշտ, յառաջդիմութեան դաւանանք ընել է. լաւ է այդ. բայց մեր գործքն ալ պարտէինք համաձայնեցնել մեր դաւանանքին։ Զօլան ի՞նչ ըրաւ. հին վիպասաններուն նման մետաքսէ սանդուխներուն տա՛կը պահուըտեցաւ. յարդուզարդի սենեկին կամ մատենախցիկի՞ն կամ ընդունելութեան սրահի՞ն մէջ արուեստական հովանոցներո՞ւ կամ պուրակներո՞ւ, կամ ջերմանոցներո՞ւ մէջ սահմանափակուեցաւ։ Վար ինջաւ Զօլան. աւլուն իջաւ, մութվախ, չամաշըրլըխ իջաւ, մութ մաղազան ինջաւ (կարդացիք Ժէրմինալը). տահա վար, Տանդէի նման միշտ վար իջաւ Զօլան. իրապաշտութեան առաքեալն իրականութեան հետ շփուեցաւ, մութ, թէ՛ զուարթ իրականութեան հետ։ Կեա՜նք աղաղակող մարդը` կեանքը ապրեցաւ. ինչ որ անարուեստ կեանքն է, բոպիկ ու անօձիք ու անձեռնոց, անպատրուակ կեանքն, ի՛նչ որ բո՛ւն կեանքն է, ի մի բառ` Զօլան ա՛յդ կեանքն ապրեցաւ։ Իրապաշտութիւնը թշնամինե՛ր ալ ունենայ, իրապաշտութիւնը թերի կամ յոռի կողմեր ա՛լ ունենայ, մեր տէրն է այսօր, մարդկութեան տէրն է այսուհետեւ։ Իր թատրը բնութիւնն է, անտի իր միւս անունը` բնապաշտութիւն. իր ախոյեանը, իր պաշտպանը գիտութիւնն է, քանզի Զօլային ետեւ Տէօքդէօռ Լիւգասն ու Գլօտ Պէռնառը կան. կեանքը իր նշանաբանն է, կեանքը աղբիւրն ու արդիւնքն է բնապաշտութեան։ Ուստի պէտք է մեր դաստիարակութիւնն, որ արուեստական ջերմանոցական դաստիարակութիւն մ՚է, համաձայնեցնենք իրապաշտութեան սկզբանց հետ զոյս սկսած ենք դաւանիլ։ Ժողովրդոց փրկութեան, ժողովրդոց գոյութեան էական պայմանն է այս։ Գաղղիական ժողովուրդն, որուն ամեն բանի մէջ կը հետեւինք կամ հետեւիլ կը նկրտինք, այդ համաձայնութիւնն արդէն կը գոյացնէ. գրական գիտութիւն եւ իրական գրականութիւն իրար ահա կը ճանչեն ու կ՚ընդգրկեն ի Ֆռանսա. գրականութեան մէջ իրապաշտութեան դաստիարակութեան մէջ ահա կը համապատասխանէ մարմնապաշտութիւնը։ Զուտ իմացական դաստիարակութեան հետեւանքն եղող այն տարապայման զգայնութիւնն, որ կ՚անճիտէ Ֆռանսական ընկերութիւնը, խիստ քննութեան ու դարմանատարութեան առարկայ կը դառնայ. անաթէմա՜ կը կարդացուի Տառապանաց, զոր բանաստեղծք սկսած էին երգել եւ իմաստասէրք ջատագովել։ Մեծ ուշադրութիւն գրաւեց քանի մը ամիս առաջ Ֆռանսական Բժշկական Կաճառին անդամ Պ. Ժիւլ Ռօշառի մէկ յօդուածը, զոր Ռըվիւ տէ տէօ Մօնտ հրատարակեց, եւ որոյ վերնագիրն յիշել կու տայ մարդուն Պայրընը, Միւսէն, Օտեանը. Վիշտ (La douleur, ցաւ) խորագրով այն խորիմաստ յօդուածոյն մէջ իմաստասէր բժիշկը կ՚ըսէ. «Վշտի դաշտն ա՛յլապէս ընդարձակ է, քան հաճոյքի դաշտն, եւ տառապելու կարողութիւնն անսահման է։ Մարդիկ կան, եւ դոցա թիւն օր ըստ օրէ կ՚աճի, կ՚աւելնայ, որոց համար գրեթէ բոլոր տպաւորութիւնք ցաւագին են, որոց համար ամենապարզ պաշտօններու կատարումն ալ վշտագին կը լինի։ Ասի զուտ երեւակայութեան արդիւնք չէ, որպէս լաւ հաւասարակշռեալ մարդիկ տրամադիր են կարծել. տառապանքներն իրական են, բայց մենք կը զայրացնենք զայս։ Անոնք, ոյք առանց դիմադրութեան անձնատուր կ՚ըլլան տառապանաց, խիստ շուտ կը կորուսանեն անոնց ընդդիմագործելու կարողութիւնը։ Ճշմարիտ դիւալլկութիւն մը կը դառնայ։ Ա՛լ բաւական ազդու բառ չը գտներ մարդ` իր զգացածը բացատրելու համար։ Մեր լեզուն, հակառակ իր հարստութեան, այլ եւս բաւական գերադրական չունի` համապատասխանելու համար այս չափազանցութեանց…»։ Արդարեւ, Սէնանդուռին Օպէրմանէն մինչեւ Էտուառ Ռօտի Մահարշաւն, ու Պօտըլէռի Չարին ծաղկունքէն մինչեւ Մօռիս Ռօլինայի Ջլախտներն` ի՜նչ ճոխութիւն յայտնուեցան Ֆռանսական լեզուին մէջ տառապանաց բացատրութեան համար. այլ մենք ալ Տօքդէօռ Ռօշառի հետ կը զգանք, որ անբացատրեալ բան մը կը մնայ դեռ։ Ու Տօքդէօռ Գիւլէռ ալ իր Ջլախտականութիւն ու ջլախտ գրքին մէջ գոգցես ա՛լ բառ չը գտներ անուանելու համար բոլոր ախտաբանական երեւոյթներն, ոյք Ֆռանսական ընկերութեան, կամ ըսենք` համայն եւրոպեան ընկերութեան, եւ ընդ հուպ պիտ՚ ըսենք` Հայ ընկերութեան տարապայման դիւրազգայութեանն արդիւնք են։ Ժիւլ Ռօշառ, իբրեւ բժիշկ, դարուս հիւանդութեան վրայ խօսելով ինքն ալ իր կարգին, անտարակոյս դեղ մը կամ դարման մը ցոյց պիտի տար դոյն ախտին։ Ցոյց կու տայ դեղը, ու շատ պարզ բան է այն։ Եւ որովհետեւ, չը գիտեմ ինչպէ՛ս, մեր ճամբուն վրայ հանդըպեցանք իրապաշտութեան (կ՚երեւի, թէ բնական էր այն), առիթէն կրցած օգուտս պիտի քաղեմ` ապացուցանելու համար, թէ մեր ազգին վրայ ա՛լ ներգործել սկսող գրական իրապաշտութիւնն ի՛նչ անձուկ կապակցութիւն ունի գիտութեան հետ, գրական գիտութեան, անսխալ գիտութեան հետ. կ՚ուզեմ, այո՛, անդարձ կերպիւ համոզել իրապաշտութեան գիտակից կամ անգիտակից թշնամիները, թէ Զօլայականութիւն կամ Ֆլօպէռականութիւն կամ Պալզագականութիւն կոչուած գրական անսահման այն շարժումն, որ կ՚ողողէ Եւրոպան, գիտութեանց զարգացման անխուսափելի հետեւանքն է։ Պիտի յայտնեմ ուրեմն, թէ Ֆռանսայի Բժշկական Կաճառի ականաւոր անդամին` պատուական Տօքդօռ Ժիւլ Ռօշառի նշանակած դեղը նոյնն է, ինչ որ տարիներ առաջ ցոյց կուտար։ Ո՞վ։ Նոյն ինքն Էմիլ Զօլա, այո՛, դատապարտեալ ու բանտարկեալ վիպասանն, յորում ապագայն պիտի փնտռէ արդի Ֆռանսական ընկերութեան պատմութեան հաւատարմագոյն աղբիւրներն, որպէս Հոմեր վիպասանին կամ Հոմեր բանաստեղծին մէջ գտանք պատկերացած հին Յունաց կեանքը, գտանք հին Յունաց կենդանագիրն։ Արդ, Էմիլ Զօլայի կարծեօք, դարուս հիւանդութիւնն, որով սոսկալի կերպիւ վարակուած է այսօր երիտասարդութիւնն, իրեն դարման ունէր մարմնոյ մարզանքը։ Բայց ինչո՞ւ չըսենք մէկ բառով` մարմնապաշտութիւնն. ինչո՞ւ ընկերային գիտութիւն կամ բնական կրօնք հռչակաւոր գրքին հեղինակ անգլիացի բժիշկին հետ չը համարձակիք յանձնարարել մարմնապաշտութիւնը։ Մեր փրկութիւնը մարմնապաշտութեան մէջ է` կը գոչէր Զօլան, այո՛։ Եւ ես, որ մեր մարմնատեաց կրթութեան դէմ, ես որ մեր դպրոցներուն դէմ գրիչ կը շարժեմ գրեթէ դպրոցէն ելնելէս ի վեր, Շարժումիս մէջ թարգմանեցի` Հեռք իմ գրքէն քաղելով` Զօլայի յօդուածն։ Եւ այժմ ահա կը թարգմանեմ Ժիւլ Ռօշառի եզրակացութիւնն, ուր նշանակուած է դարուս հիւանդութեան դարմանն. «Հարուստ ժողովուրդք` յառաջացեալ ի քաղաքակրթութեան, կը գրէ գիտուն բժիշկն, անո՛նք են, որոնք ամենէն աւելի հարկ կը վճարեն անձնասպանութեան…»։ Ներեցէք, Տիկնայք իմ, սխալ կտորի վրայ ինկայ. այս չէ Ռըվիւ տը տէօ Մօնտի յօդուածոյն եզրակացութիւնն. եւ սակայն… ի՜նչ սոսկալի կտորի վրայ ինկած եմ. հարուստ ժողովրդոց մէջ` ու քաղաքակրթութեան մէջ յառաջ գացած, անձնասպանութեանց թիւն աւելի է եղեր։ Այս իմանալէն ետքը Հայ ժողովուրդն ա՛լ հարուստ ըլլալ չը պիտի բաղձայ, այնպէս չէ՞։ Բայց թարգմանենք Վիշտ յօդուածոյն եզրակացութիւնն. «Ընդհանուր առմամբ, - կ՚ըսէ Ժիւլ Ռօշառ, - բողոքական երկիրներուն մէջ, ամեն համեմատութիւն պահելով, երկու անգամ աւելի անձնասպանութիւն կը կատարուի, քան Հռովմէադաւան երկիրներուն մէջ»։ Ա՜հ, նորէն սխալ տեղ եմ ինկեր. խելքդ ո՞ւր է, ծօ՛ տղայ, Նիրվանայի՞ն գացեր է. մի՞շտ անձնասպանութիւն, մի՞շտ անէացում, մի՞շտ Նիրվանա կ՚երազես։ Բայց այս սխալմունքներս, ո՛չ, դիպուածական չեն, նախախնամական են. Հռովմէականք պարծենալու առիթ չը՞ պիտի հանեն ասկէ, ու Բողոքականք չը՞ պիտի մտաբերեն Հռոմէականութեան դառնալ։ Միայն թէ, կեցէ՛ք, Եւրոպիոյ Բողոքականք եթէ յառաջագոյն Հռոմէադաւան էին, Հայ Հռոմէականք յառաջագոյն Լուսաւորչական էին, եւ անտարակոյս Լուսաւորչական ժողովրդեան մէջ անձնասպանութիւնք երկու անգամ նուազ կը կատարուին (տարբեր կարծիք ունեցող կա՞յ), քան Հռոմէական հասարակութեան մէջ։ Ուստի… «Ի՞նչ, հրաւէ՞ր պիտի կարդաս Հռոմէականաց»։ Ոչ, Տեարք իմ եւ Տիկնայք, ոչ, կրօնատարածութեան մեղքն Աստուած ինէ չը հարցնէ. ուստի, կ՚ըսեմ (եւ միթէ բոլոր եզրակացութիւնք ուստիով չե՞ն սկսիր), ուստի` կ՚եզրակացնէ Տօքթէօռ Ռօշառ… ուշադրութի՛ն, նորէն չը սխալինք… ո՛չ, ճիշդ այս է եզրակացութիւնն. «Ընկերային այս տխեղծութիւնը դարմանելու, բուժելու համար պէտք է իր աղբիւրին մէջ յարձակիլ անոր վրայ, այսինքն դպրոցներուն մէջ։ Կրնանք կերպարանափոխել ապագայ սերունդներն` աւելի առնական դաստիարակութիւն մը տալով անոնց, ուսուցանելով անոնց` հանդուրժել տառապանաց, արհամարհել վտանգը, զրկանաց ու տաժանաց տոկալ ու բարօրութեան կարեւորութիւն չը տալ առաւել, քան զարժանն։ Առողջաբանք երկար ժամանակէ հետէ կը պահանջեն այս բարենորոգումն։ Ես իսկ ի վեր հանեցի սոյն բարենորոգման հարկն։ Եւ այս անգամ անապատին մէջ չքարոզեցինք։ Մեր ձեռնարկած խաչակրութիւնն իր պտուղները տուաւ։ Ընկերութիւններ կազմուեցան` գիշերօթիկ ու ցերեկեայ վարժարանաց մէջ մարմնական մարզանաց ծաւալման համար։ Օրագիրներ հաստատեցին Մարմնական դաստիարակութիւն, Ըմբշական դաստիարակութիւն, եւն. եւ այս նկատմամբ գործօն գաղափարատարածութիւն մը կայ։ Մանկավարժական առողջապահութեան այս խնդիրն առարկայ պիտի լինի այս տարի տիեզերական արուեստահանդէսին առթիւ գումարուելիք վեհաժողովոց. հուսկ ուրեմն, անցեալ ամի յուլիս 8 թուականաւ հրամանագրովն հանրային կրթութեան նախարարն յանձնաժողով մը հաստատեց վարժարանաց առողջապահական դրութեան մէջ մուծուելիք բարենորոգմանց ուսումնասիրութեանն համար, եւ մարմնական մարզանք սոյն յանձնաժողովոյ ճիւղերէն միոյն մէջ արդէն կ՚ուսումնասիրուին։ Ամեն ինչ յուսալ կու տայ, թէ սոյն նոր սկզբամբք դաստիարակեալ պատանիք նախորդ սերունդէն քաջառոյգ ու քաջարի պիտ՚ ըլլան»։

Բ.

Չեմ կարծեր, Տիկնայք իմ եւ Տեարք, թէ կրթական խնդրոյն վրայ Եւրոպական հեղինակութեանց (վիպական, թէ գիտնական) դիմումս նիւթէս շեղում մը համարիք։ Սակայն եթէ համարիք ալ, չեմ վիրաւորուիր։ Արդարեւ, ի՜նչ պէտք էր Զօլան եւ Ռօշառը մէջ խառնել, օտարամոլութիւն չէ՞ ատի։ Ֆրէնկը, ինկիլիզը մէկդի թողունք ու մենք մեզի նայինք։ Գաղիացին, Անգղիացին կայի՞ն, կային ալ նէ ի՞նչ էին, երբոր մենք մենծ ազգ մըն էինք։ Տեղ կայ, որ մենք Եւրոպացոցմէ աղէկ գիտենք բնազդով. դարերու փորձառութիւնն ալ ունինք ատոր վրայ։ Ձեզի բոլորովին իրաւունք պիտի տամ, Տիկնայք իմ եւ Տեարք, եւ պիտի ըսեմ, թէ ներկայ պարագայիս մէջ` աղջկանց դաստիարակութեան խնդրոյն մէջ, Գաղղիացիներուն ըրածը կամ ընելիքը մեր գործին չի գար բոլորովին։ Ես Տօքթէօռ Ռօշառը կը յարգեմ, բայց դաստիարակութեան խնդրոյն մէջ Հայ մայրն աւելի կը յարգեմ. ես, Հայ մօր հեղինակութեան յենլով, ես Հայ մօր կենդանի օրինակէն ազդուելով, կը պահանջեմ, որ Հայ աղջիկն Հայ մօր նման դաստիարակուի, անտարակոյս` ժամանակին հարկադրած բարեփոխմամբ։ Ասո՛ր համար ըսի, որ իմ երազած աղջկան վարժարանիս մէջ ամէն բանէ առաջ աւելը պիտի գտնուէր։ Ես մարմնամարզը Եւրոպացւոց պէս չեմ հասկնար` գէթ աղջկանց համար, կամ թէ ըսեմ` Գաղղիացւոց պէս չեմ հասկնար։ Ես ժիմնաստիկի դասատու չեմ ուզեր մեր աղջկանց դպրոցներուն մէջ. մեր աղջիկները ճանպազ ըլլալու չեն. մեր աղջիկները մայր պիտ՚ ըլլան, տիկին պիտ՚ ըլլան, Հայ ընկերութեան հիմունքը պիտ՚ ըլլան։ Ոչ ալ Ֆռանսական աղջկանց վարժարաններու մէջ աւանդուած բոլոր գիտութիւնները կ՚ուզեմ ես մեր իգական դպրոցներուն մէջ։ Թո՛ղ տուէք, որ ըսեմ ես իմ ուզածս։ Մտիկ ըրէք. թող Ուսումնական Խորհրդոյ Ատենապետը, թող Պատրիարքը, թող Ազգը ինծի մտիկ ընեն։ Երբեք Ազգային Ժողովին մէջ իմ ըսելիքէս աւելի կարեւոր բան մը չը պիտի ըսուի, ինքզինքնիս չը խաբենք։ Վիգդօռ Իւկօի, Ժիւլ Սիմօնի, դեռ չը գիտեմ` որ բարձրաթռիչ հեղինակաց խօսքերն հերիք յեղյեղեցինք, թէ. «Ազգի մը ապագան իր դպրոցներուն մէջ է, թէ վարչութեան մը առաջին հոգը կրթութեան հոգն է, եւն, եւն»։ Աղէ՛կ, քանի որ այդքան լաւ ըմբռնած ենք կրթական խնդրոյն կարեւորութիւնը, քանի որ կրթական խնդիրը գոյութեան ու չը գոյութեան խնդիր կը նկատենք, ուրեմն լրջօրէն զբաղինք անով։ Խորհինք տեսնենք` դպրոցն ինչպէս ըլլալու է, որ ազգի մը գոյութիւնն երաշխաւորէ. ինչպէ՛ս ըլլալու է, որ առաջքն առնուի դարուս հիւանդութեան, որով արդէն հիւանդ եմ ես, Տիկնայք իմ, հիւանդ է եղբայրս, հիւանդ է քոյրս ալ, աւա՜ղ…։ Քրիստոս «ուրախ եմ» ձայնարկեց, երբ Ղազարոսի մահն իմացաւ, քանզի Ղազարոս մեռած չէր։ Ես, մեռել մը յարուցանելու կարողութենէն անմասն, թէեւ յիս Աստուած մը կրեմ, ցը մահ պիտի տրտմէի, եթէ մեռնէր քոյրս, քանզի շատ կը սիրեմ քոյրս, ա՜հ, շատ կը սիրեմ ես իմ քոյրս։ Եւ այդ իմ քոյրս` ո՞չ ապաքէն ամենուս ալ է քոյրն…։ Բժշկենք մեր քոյրն իր հիւանդութենէն…։

Արդ, որպէս զի աղջկունք առողջ, փրկարար դաստիարակութիւն մ՚ընդունին եւ ազատեն սերունդներն, որոնք` իրենցմէ տժգոյն ու տրտում, հորիզոնին վրայ կ՚ընդնշմարուին, պէտք է որ մեր աղջկանց վարժարաններն այնպէ՛ս ըլլան, որպէս չեն այսօր առանց բացառութեան։ Երբ աղջիկ մը վարժարան տարուի, Տնօրէնը կամ Տնօրէնուհին հարցունելու չեն, որպէս կ՚ընեն այսօր. «Ի՞նչ գիտես», այլ պէտք է հարցնեն. «Ի՞նչպէս ես։ Մարմինդ ի՞նչպէս է։ Քանի՞ տարու ես։ Կանոնաւոր աճում ունեցա՞ծ ես, թէ խանծած մնացած ես»։ Եւ առողջին ու վատառողջին ձեռքը տալու է ո՛չ գիրքը, ո՛չ գրիչը. ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, երեք անգամ ոչ, բի՛ւր անգամ ոչ։ Աղջկան ձեռքը տալու են աւելը, քաջակազմին` մենծ աւելը, փափկակազմին` փոքրիկ աւելը. ան հինգ մատները մէյ մը փակուելու են աւելին կոթին վրայ, փակչելու են աւելին ազատարար կոթին` աղջկան հինգ մատները։ Աւելը մինա՜կ ձեռքո՞վ պիտի գործածէ աղջիկը. ո՛չ, մինակ ձեռքը զօրութիւն կ՚առնէ այն ատենը. ոտքով ալ աւել պիտի գործածէ աղջիկը։ Գուլպաները պիտի հանէ աղջիկը, բէշին ծարը վեր պիտի առնէ, շնորհալի ձեւով մը, մէջկի գօտիին մէջը պիտի անցունէ աղջիկը…։ Ամօ՞թ է… Տնօրէն, դասատու չը պիտի գտնուին դպրատան մէջ, այլ Տնօրէնուհին եւ ուսուցչուհիք միայն։ Աղջիկը սօթտուած կազմ ու պատրաստ կեցած է, կէռտէլը քովն է` թախտապէզին մէջը, թախտա պէզին, որ ինք կարած պէտք է ըլլայ, աղջիկը, ջուրն ալ հորէն ինքը քաշած ու կրած պիտի ըլլայ` աղջիկը։ Օ՛ն, յառաջ…։ Եւ ըսե՞մ անկեղծօրէն իմ տպաւորութիւնս, Տիրուհիք եւ Տեարք իմ. աղջիկ մը ոչ ուրեք այնքա՜ն վեհ գտած եմ, այնքա՜ն գեղեցիկ, որքան բամպակ, բոպիկ, փայփայիկ ոտքը` թխորակ բոլորախռիւ չալը սիւփիւրկէսիին վրայ, աչքն ի գետին` վառ աչուկներն ի գետին փոփոխակի եւ ի յերկին, թեւը կրկնեալ` ձեռքը մէջքին, միւս թեւն ետին կամ օդին մէջ ազատ թրթռագին, թեւն աղջկան օդոյն մէջ ազատ ասրագին, անրջագի՜ն, ալը երեսէն կը կաթէ, լոյսը լանջքէն կը ցայտէ, երգը մեղրը բերնէն կը հոսի, ու կեանքը` բոլոր մարմնոյն մակերեւոյթէն, կեանքը, որ կը զեղանի, կեանքը մազերն ի վար աղջկան, ճակատն ի վար, այտերն ի վար, քունքերն ի վար, լուսակայլակ կը կաթէ, կը կայտռէ, կը կարկուտի՜, կեա՜նքը, կեա՜նքը, կեա՜նքը։ Ոչ, կինն երբեք աւելի գեղեցիկ եւ աւելի վեհ տեսած չեմ։ Այդ գեղն, այդ վեհութիւնն ո՞ւմ պարտի կինն։ Աշխատութեան, ուրիշ բառով` Ջերմութեան։ «Աշխատութիւնն ի ջերմութիւն կը փոխարկի», - կը գրէ Պալֆուռ Սդիւարդ` Ազդուութեան պահպանման մեծահռչակ հեղինակը։

Պահպանել այդ ջերմութիւնն, աճեցնել արիւնն աղջկանց ու տղայոց երակներուն մէջ, այս ըլլալ պարտի, Տիրուհիք եւ Տեարք, դաստիարակութեան գլխաւոր նպատակը։ Մինչդեռ մեր դաստիարակութեան գլխաւոր նպատակն է գոգցես նուազեցնել ջերմութիւնն ու տկարացնել արիւնն երիտասարդութեան։ Ո՛ր աղջիկն որ բժշկի երթայ (եւ ո՞ր աղջիկ բժշկի չերթար այսօր), արեան տկարութեան դեղագիր մը կ՚առնէ։ Արեան տկարութեան մեծ դեղն աշխատութիւնն է, կենաց պայքարն է, որ պէտք է դպրոցէն սկսի ո՛չ արուեստական մարմնամարզով, ո՛չ ակնակուրիչ ասղնագործութեամբ, այլ, ռամկօրէն ըսենք, խըզմէթով, խըզմէթ ընելով, թեւին ճիւին տալով, աւլելով, հորէն ջուր քաշելով, տախտակ սրբելով։ Կը վախնա՞նք, որ աղջիկներուս ոտքերը կը խանղրի՞ն, կը սեւնա՞ն, երբոր գուլպանին հանեն. ընդհակառակն, աւելի կը ճերմկին ու կը փայլին, ու միւռոնը կրկին կը սրբանայ։ Կը վախնա՞ք, որ ձեռքերնին, ոտքերնին նասը՞ր կապեն մեր աղջիկներուն. բայց ազնուապետական իգական ոտքերը նասըր չունի՞ն, չիյտեմ. ձեռքերուն գալով` ես շատ տանտիկիններ, խապա խըզմէթ ընող կիներ տեսած եմ, որոնց ձեռքը բնաւ նասըր չունի, գիրգ ու փափուկ է` խնամեալ ու պաշտեալ թաթիկներու հաւասար. եւ կլիսէռին կամ վըլութին սապօնով չեն լուացուիր այդ ժրագլուխ կիները։ Կը վախնա՞նք, որ մեր աղջիկներուն ճիվէրը կ՚արիւնին չալը սիւփիւրկէսիէն. թող որ պատահած չէ այդ, բայց լաւագոյն չէ՞, որ արիւնին։ Նախ ատիկայ ապացոյց է, որ արիւն ունին. այնուհետեւ աղջիկնե՛րն ալ քիչ մը վարժուելու են արիւն տեսնելու, որովհետեւ խեղճ բժիշկներն, ինչպէս կ՚ըսէ Ժիւլ Ռօշառ, ինչե՜ր կը քաշեն կոր մեր զուտ մտաւորական կրթութեան շնորհիւ ջիղերնին ծայրագոյն աստիճան փափկացած աղջիկներուն ու կիներուն ձեռքէն. վէրք տեսնելու, ցաւ քաշելու, տառապանաց տոկալու պէտք է վարժուին մեր աղջկունք ու մեր տիկնայք, բոլո՛ր աղջկունք ու բոլո՛ր կանայք։

Խըզմէթ կամ մարմնոյ աշխատութիւն ըսելով, անշուշտ, միայն աւլել ու սրբել չեմ հասկնար։ Աղջիկ մը պէտք է ինք իր ձեռօք պատրաստէ տանը կերակուրը կամ այդ պատրաստութեան պէտք է մասնակցի գոնէ։ Ուստի դպրոցին մէջ խոհանոց ալ պէտք է։ «Վարդուհի՛, միսին թախտակը ո՞ւր է. ո՞ւր է պալթան, դանակը. միսը կիշառեցի՞ր, գրեցի՞ր քանի՞ օխա է. աղէ՞կ միս է, մարիա` սպանեօլ չըլլա՜յ. գէշ էր նէ, ետ խրկէինք»։ Պիտի ըսէք, թէ ասոր անունը Առտնին տնտեսութիւն է, եւ թէ մեր դպրոցներուն մէջ սկսած է մուտ գտնել այդ ուսմունքը։ Հա՛, գիտեմ` ինչպէս մուտ գտած է այդ ուսմունքը մեր վարժարաններուն մէջ. ես սոսկալի տղայ մըն եմ, կամ` որովհետեւ, ա՜խ, ա՜խ, մազերուս մէջ ճերմակ ինկած է, մարդ մըն եմ, ու պիտի յայտնեմ, որ կարեւոր հաստատութեան մը Տնօրէնութեան կողմանէ ժամանակաւ հրաւէր ընդունեցայ Առտնին տնտեսութիւն դասախօսելու։ Խնտացի. ուրիշ ի՞նչ կրնայի ընել։ Գրիչ բռնելը ո՞ւր, տան մատակարարութեան վրայ խօսիլը ո՞ւր, տնաշէն մա՛րդ, էս քիլէրը մտած ունի՞մ, էս մութվախ ինջած ունի՞մ, էս չամաշըր վլացած ունիմ, էս աւել զարկած ունի՞մ, էս անուշ եփած, միսաֆիրին անուշ հանած կամ հանել տուած ունի՞մ, էս քէթէն թօխումիի լափա շինած ու դրած ունի՞մ։ Աս բաները մարս կը հոգայ, եւ այս հոգերը բնաւ չեն անազնուացներ մայրս, որ ընտրագոյն ընկերութեան մէջ յաւէտ կը յարգուի. մայրս գիտէ գործնական առտնին տնտեսութիւն (առտնինն ալ աւելորդ է՜ եա. տնտեսութիւն բառին մէջ տուն կայ արդէն. բայց հոգ չէ` կրկնութեամբ խուվվէթլի կ՚ըլլայ)։ Եւ այս անանկ գիտութիւն մըն է, Առտնին տնտեսութիւն ըսուածն անանկ գիտութիւն մըն է, որուն տեսականը փարա՜ մը։ Բայց մեր գործը ասանկ է. ամէն բան թուղթի վրայ կը սորվինք, թուղթի վրայ կը տեսնենք, թուղթի վրայ կը գործենք, ու ինքզինքնիս կը խաբենք, որ բան գիտենք։ Հօպպսի կարծեօք շատ բան կարդացողը տգէտ կը մնայ. ես անձնական փորձառութեամբս կը հաստատեմ մեծ իմաստասէրին վճիռը։ Կը կարդա՛նք ու կարդանք այսօր, կը կարդայի՜նք ու կարդայինք, գո՜ց կ՚ընէինք ու գոց կ՚ըսէինք դպրոցին մէջ ալ։ Գիտցածնիս ի՞նչ է. իմ ունեցած բոլոր գրական ծանօթութիւններս (ես, որ գիտական եւ իմաստասիրական գիրք ալ շատ կարդացած եմ), իմ բոլոր գրական ծանօթութիւններս կրնան պարունակել Շարբանդիէի հատորի մը մէջ, ուրկէ տարին հարիւր հատ կը կարդանք։ Ափսո՜ս, մեզի գէշ կրթութիւն տուին ու մենք գէշ կրթութիւն կու տանք կոր դեռ մեր տղայոց։ Ժամանակ է, խելքերնիս գլոխնիս թօփ ընենք ու ճարը տեսնանք ասոր։ Ամեն բանէ առաջ տղոց մարմնական զօրութիւնը պահպանենք, տղայոց մարմնական զօրութիւնն աճեցնենք։ Այնուհետեւ մէռաք չունենանք, որ տղաքը շատ բան սորվին. թող քիչ սորվին, բայց ինչ բան որ սորվին, անա՜նկ սորվին, որ ա՛լ չի մոռնան։ Հաւատացէք, Տիրուհիք եւ Տեարք իմ, ես դպրոցէն ելած ատենս, չէ, բոլորովին ճիշդը ըսեմ, ես դպրոցէն ելլելէս երեք ամիս ետքը տասներկու տարուան մէջ սորված բոլոր բաներս գրեթէ բոլորը մոռցած էի (ու ինչե՜ր դաս տուէր էին մեզի դպրոցին մէջ, բնագիտութիւն, բնալուծութիւն, ալճէպրա, երկրաչափութիւն, եռանկիւնաչափութիւն, եւն, եւն, եւն). տասներկու տարուան մէջ հիսա հիսա գաղղիերէն հասկնալ մը ու ճառ գրել սորված էի։ Օր մը, հիչ միտքէս չելլար, Նուպարեան վարժարանէն ելած տարիս էր, շոգենաւին մէկ անկիւնը կծկտած կը կարդայի (եւ, եթէ լաւ կը յիշեմ, կարդացած գիրքս ալ Պալզագին Լա ռըշէռշ տը լապսօլիւն էր, զոր կատարելապէս պիտի կրնամ գնահատել երբոր քառասուն տարեկան ըլլամ). կծկտած, այո՛, կը կարդայի, չորս դիս նայի՜լ, մաքուր օդ ծծե՜լ, զուարճանալ, ապրիլ չի կար. հապա՞, կարդալ։ Կը կարդայի, եւ ահա անունս հեռուէն ականջիս եկաւ. երկու հոգի Նուպար-Շահնազարեան վարժարանին վրայ խօսելով` իր պտուղները կը գովէին. «Չերազ, Տէմիրճիպաշեան ի՜նչ գիտնական տղաք են. ի՜նչ գրիչ ունին. անցած օր Փանոսեանը ի՜նչ գրեր էր Տէմիրճիպաշեան վէ Չարազլեան էֆէնտիլէր եիւքսէք նութ գլար իրատ իթտիլէր . Խաչ Թաղի պարգեւաբաշխութեան հանդիսին մէջ էր)»։ Գիտնականութեանս ես ալ կը հաւտայի այն ատեն. ես իմ վրաս պիտի խնդայի, եթէ այսօր մէկը ինծի համար գիտնական բառը գործածէր. աւելորդ է ըսել` այդ պատուական անձին ալ վրայ պիտի խնդայի։

Ըսելս ի՜նչ է. մեր կրթական դրութիւնն յոռի է. ժամանակաւ իմ հիացմանս արժանացած է Կարապետ Փանոսեանին բառով` աս ճամբան չարփըխ է։ Տաս-տասնհինգ տարի է` կը քարոզեմ. կարդացէք Մասիս օրաթերթը, երկու յօդուածիս մէկը կրթութեան վրայ էր, տղայոց կրթութեան, աղջկանց կրթութեան, գործնական կրթութեան վրայ։ Ուրիշներ ալ գրեցին, քարոզեցին. անապատին մէջ քարոզեցինք գրեթէ։

Ազնիւ Օրթաքէօյցի՛ք, չը կարծէք, որ եկած եմ այս հանդէսին մէջ զձեզ մասնաւորապէս քննադատել անուղղակի կերպիւ։ Այն` գրեթէ մակբայովս իմացուցի, թէ բարենորոգումներ սկսած են կատարուիլ ազգային կրթութեան մէջ. եւ դուք առաջիններէն եղած էք յաւէտ բարենորոգումներ մուծանելու համար ի մասնաւորի ձեր աղջկանց վարժարանին մէջ։ Հռիփսիմեան վարժարանն համբաւաւոր է տղայութենէս ի վեր։ Եւ, ինչ որ յուզիչ է, իր սանուհիներն այսօր այնպիսի կացութեան մը վերածած են զայն, որ անծանօթ էր այս հաստատութեան` նկատելով մանաւանդ ժամանակաց տարբերութիւնն։ Իմ տեսլականս իսկ կարծեմ այս վարժարանին մէջ սկսած է իրագործուիլ։ Հռիփսիմեան սանուհեաց համար է, որ լսած եմ, կարծեմ, թէ շաբաթ երեկոներն իրենք կ՚աւլեն ու կը սրբեն իրենց այս երկրորդ կամ առաջին տունն։ Եւ ես, անշուշտ, չեմ պահանջեր, ազնի՛ւ հանդիսականք, որ իմ առաջարկած կրթական դրութիւնս իսկոյն ամբողջովին ի գործ դրուի մեր ազգային վարժարանաց մէջ. ես աստիճանական յառաջդիմութեան, ես բարեշրջութեան կողմնակից եմ։ Միայն թէ, այնքան խորապէս համոզուած եմ իմ առաջարկած կրթական դրութեանս լաւութեան, այնքա՛ն խորապէս` մինչ զի կը բաղձայի, որ… կենդանութեանս զայն իրագործուած տեսնէի գլխովին։ Նոր այս դաստիարակութիւնն` իր տարօրինակ երեւոյթին տակ, բնական ու բանաւոր չէ՞ միթէ։ Զուտ մտաւորական կրթութիւնը (բժիշկներն են, որ կ՚ըսեն եւ ոչ ոք կրնայ հակառակն ըսել) կը տկարացնէ տղայոց ջղային դրութիւնն եւ մեր նպատակին հակառակ արդիւնք կու տայ։ Սոյն ուսումնական կրթութիւնը բարեխառնենք մարմնական կրթութեամբ։

Հոս միտ դնենք, մարմնական կրթութիւն ըսելով` պէտք չէ ժիմնասթիք հասկնալ, կը կրկնեմ։ Գիտէք, որ Հերպէրդ Սբէնսէր` դարուս Արիստոտէլն, իւր Դաստիարակութեան գրքին մէջ մարմնամարզի ո՛ր ձեւը կը նախընտրէ. վազվռտուք, ցատքռտուք, կզուըտուք, ծեծկըւուք։ Բնական մարմնամարզն այս է. մանչ տղայոց համար մարմնամարզի ուրիշ ձեւ մ՚էր ձեռական արհեստներով զբաղիլ, որպէս կ՚ընեն Սանասարեան վարժարանին աշակերտք, որոնց աշխատութիւններն անցեալ օր տեսնելով իրենց Տնօրէնին` Պատուական Աբուլեանի ձեռքը, սրտիս խորունկէն հառաչանքներ հանեցի, որ մենք դեռ բնաւ կարեւորութիւն չէինք տար արհեստի. թէ՛ արհեստ մը կը սորվին տղաք այսպէս եւ թէ մարմիննին կը զօրանայ։ Իսկ Աղջկանց համար բոլորովին անտեղի է գործիական մարմնամարզն. աղջկանց համար մարմնամարզը պարտէզը ցատկռտելն է, այնուհետեւ ձեռքով ոտքով աշխատութիւններ կատարել. աւլել, սրբել, միս ջարդել, կերակուր եփել, անուշ եփել, գիտնալ, ի հարկին, ընտանեկան դեղեր եփել, հաւերը, ծառերը, ծաղիկները խնամել, լաթ լուալ, պողատայ ընել, թէ որ քաջակազմ են. լաթ լուալ, այո՛, լաթ փռել ու լաթ ծալլել, իւթի ընել, կարել, բայց ոչ միշտ նուրբ կար. խոշոր կար ալ կարել, ասղնագործել այլ եւ կարկտել, թէեւ կար ու ձեւն եւ ուրիշ քանի մը գործեր յիշածներէս ուսմանց մէջ ալ կը մտնեն` տեսական մաս մ՚ունենալով։ Ուսումնական կրթութեան գալով, գիտութեանց գալով` մեր արդի եղանակն սպանիչ է մանկութեան համար։ Երբ ծաղկոցի մէջ մանաւանդ գիրք կը տեսնեմ, պատռե՜լ նետելս կու գայ։ Գիրք, թուղթ, կաղամար գրիչ` գործ չունին ընտելարանին մէջ, նոյն իսկ նախակրթարանին մէջ։ Ո՛չ ուսուցչին, ո՛չ ուսանողին ձեռք դասագիրք, թուղթ ու գրիչ պէտք է. հապա՞` փայտի կտորներ, քարի կտորներ, ամեն ձեւով, ամեն գոյնով։ Ու տղայք նստած տեղերնին ոչ ամբողջ օր մը կամ ամբողջ կէս օր մը, այլ ժա՛մ մ՚իսկ, կէս ժամ իսկ պէտք չէ մնան, ու քառորդ ժամ մ՚իսկ պէտք չէ լուռ կենան։ Երգը վերցաւ մեր դպրոցներէն, երգը առաջին բանն է, որ պէտք է ըլլայ մեր դպրոցներուն մէջ. մարդկութիւնն երգելով սկսած է, եւ պէտք չէ դադրի երգելէ։ Երգով, պարով, տեսողական ու լսողական դասառութեամբ պէտք է տղան օրն իրիկուն ընէ. եւ ա՛յս պարագային միայն` տղայ մը պիտի ուզէ հետեւեալ առաւօտուն յօժարութեամբ դպրոց երթալ. ապա թէ ոչ, ամեն առտու տղուն փորը պիտի ցաւի։ Ահա՛ այսպիսի դպրոցէ առողջ սերունդ կրնայ դուրս գալ. այսպիսի դպրոցէ կրնան ուսեալ պատանիներ յառաջ գալ։ Այս տեսլական դպրոցին մէջ ալ, անշուշտ, գիրք ու գրիչ կը մտնեն, բայց յապայս, երբ տղայն կը խնդրէ զայնս, երբ թռչտուն մանուկը պէտք կը զգայ ամփոփուելու, հաստատուելու, իւր ծանօթութիւնները թուղթի վրայ ամփոփելու, հաստատելու, երբ պէտք կը զգայ, երբ կարող կ՚ըլլայ արտադրելու։

Դուք տուիք, Տիրուհիք եւ Տեարք իմ, այս տեսակ դպրոցներուն անունը. մանկապարտէզ կը կոչուին անոնք։ Եւ արդեօք աչքի պատրա՞նք է. աչքո՛վս տեսայ մայրաքաղաքիս մէջ երկու մանկապարտէզներ` մին ի Գատըքէօյ, միւսն յԻւսկիւտար, զորս կը վարէ Տիկին Մատակեան` հանրածանօթ Ռուսահայ պարտիզպանուհին, գիտէք արդէն։ Չորս-հինգ տարեկան տղայք այդ մանկապարտէզներուն մէջ աւելի՛ բան գիտեն, քան իրենց կրկին եւ մերթ երեքկին տարուօք ընկերակիցները թաղային վարժարանաց. զուտ հայերէն կը խօսին (ես այս տարիքս եկեր եմ` սէօզիմ եապանա վարժապետ ալ եմ` ու տահա չիյտեմ չալը սիւփիւրկէսիին հայերէն ի՞նչ կ՚ըսեն), եւ իրենց տարիքին համար շատ հարուստ բառարանով. ու բնաւ բառարան չեն բացած, ձեռուընին բնաւ գիրք չեն առած, բնաւ գրիչ չեն բռնած, մելան բնաւ չեն լզած. ու սորված են` առանց ծեծ ուտելու ու լալու, առանց չարչարուելու հալելու։ Միայն չը գիտեմ, թէ իմ ծրագիրս պիտի գործադրուի՞ մանկապարտիզին մէջ. խոհանոց, լուացարան պիտի հաստատուի հոն [2], չը գիտեմ թէ, մեր աղջկանց վարժարաններուն մէջ պիտի տեսնե՞մ Առտնին տնտեսութեան էական գործիքներն, աւելն ու ֆառաշը, թէնճիրէն ու խազանը, խախուէին տէյիրմէնն ու հավանը, եէլքէն պէզին ու չուվալտըզը, քէրկէֆն էլէմիան, պողատա քիւֆէսին ու խուրուտաճախը, չալը սիւփիւրկէսին, կէրտէլը թախտա պէզին, եւն։ Իմ այս խորհուրդս անգործնական կը թուի, որքան, անշուշտ, մեր նախահարց անգործադրելի, անհաւատալի պիտի թուէր, եթէ ըսէին իրենց, թէ ձեր տղայք, ձեր թոռունք օր մը տուզինա մը` տուզինա ու կէս ութիւն պիտի սորվին ընդարձակ դասագրքերով։ Երեւակայեցէք մէյ մը, Սաղմոս Նարեկի բռօկռամէն մեր հիմակուան ուսումնական յայտագիրներն ի՜նչ հեռաւորութիւն կայ. Քիրէճ-Պուռնիէն Քամչաթքա։ Իմ խորհուրդս ոչ միայն գործնական, այլ շատ գործնական է. այնքան գործնական, որ (շատ քիչեր գիտեն այս) Իւսկիւտարի Ս. Խաչ թաղի դպրոցին տակը խոհանոց մը կայ, որոյ գաղափարն ունեցած է խաւարեալ ժամանակներու Պատրիարք մը` Յակոբոս Պատրիարք։ Հօրեղբայրս` Տէմիրճիպաշեան Յովհաննէս Աղան, որ բազմերախտ Պատրիարքին գործակիցն եղած է յիշեալ խոհանոցաւոր վարժարանին շինութեան եւ այլ ազգօգուտ գործոց մէջ, կ՚ըսէ, թէ մարդասիրակա՛ն ոգիէն դրդեալ Յակոբոս Պատրիարք այդ խոհանոցի գաղափարն ունեցած է. այն Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտը կը փափաքէր, որ հարուստին ու աղքատին տղան նո՛յն կերակուրն ուտեն վարժարանին մէջ, ուր սեղանաւորին տղան միս ու խմորեղէն կ՚ուտէր գործաւորին տղուն քով, որ պանիր հաց ու մերթ չո՜ր հաց կը կրծէր։ Ի՜նչ մեծ, ի՜նչ նորժամանակեան խորհուրդ` նախասահմանադրական ժամանակի մարդու մը` նախասահմանադրական Պատրիարքի մը համար։ Ինչո՞ւ մոռացութեան դատապարտուէր այդ խոհանոցն. է՞ր` ընդունելով, ընդհանրացնելով հանդերձ այդ խոհանոցի դրութիւնը` մենէ ալ բան մը չաւելցընէինք անոր վրայ, չը կատարելագործէինք զայն, աշակերտաց, մանաւանդ աշակերտուհեաց ձեռօք իսկ պատրաստել տալով իրենց կերակուրը, եւն։

Շատ խօսեցայ, մեծարգոյ հանդիսակա՛նք։ Սակայն գոհ եմ (ո՜րչափ գոհ ըլլայ պիտի Արփիար Արփիարեան ալ` ճառի ծանուցեալ թշնամին), գոհ եմ մեծապէս, որ ճառ չը խօսեցայ։ Խօսուըռտուք մը, գօզըռի մըն էր, որ ըրի. արդեօք բո՞ւն պօշպօղազութիւն ըսուածն էր ըրածս։ Ինծի ա՜յնպէս եկաւ, որ պէտքի մեծ ու մեծ բան մը կար. անիկայ ըսի անա՛նկ, ինչպէս որ ռամիկ մարդ մը պիտի ըսէր` շուկայի լեզուով, շախայով շուխայով, մէկ ըսածս նորէն ըսելով, գամուած գամին վրայ նորէն զարնելով, ինչպէս Էմիլ Զօլա ալ կ՚ընէ սովորաբար։ Ու այս կրկնութիւնը` այսքան կարեւոր խնդրոյ մը համար, կամաւ իսկ կրնայի ընել (քանզի յանզգայս ըրի)։ Գրականութիւնս ասոր չը հակառակիր բոլորովին. գրագիտութիւնը կը ներէ, որ գաղափար մը կրկնենք քանիցս` ընդլայնելով զայն միշտ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ, մի՛ վախնաք, ազնիւ հանդիսակա՛նք, որ նորէն երեւնամ այս հանդիսին մէջ։ Երկու տարիէ ի վեր ա՛լ պարգեւաբաշխութեան հանդիսի չեմ երթար. եւ հոս այսօր ինչպէ՞ս կը գտնուիմ` չը գիտեմ։ Առ անհուն համակրութեա՞ն արդեօք առ Ազնուափայլ Խնամակալութիւնն։ Այդ համակրութիւնս չեմ ծածկեր։ Այլ այդ չէ, ո՜հ. գիտեմ ինչ բան, գիտեմ ո՛վ քաշեց բերաւ զիս այսօր այս հանդիսավայրս։ Մեռելներն հրաւիրեցին զիս…։ Եւ երբեք, երբեք չեմ մերժած ես մեռելոց հրաւէրն։ Նազլը Հանըմն ու Տիկին Եղիսաբեթ հրաւիրեցին զիս, Յակոբ Պալեանն ու Նահապետ Ռուսինեանն ու Տօքդօռ Շիշմանեանն հրաւիրեցին զիս. Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան ու Պաղտիկ Նորատունկեան, ու Տիրուհին ու Թագուհին ու Երմոնեան, անո՜նք, անո՜նք մանաւանդ հրաւիրեցին զիս հոս։ Ո՞ւր են, հոս չե՜ն…։ Անո՜նք, անո՜նք, վիպերգեալ Երմոնեան ու վիպերգու Թագուհին, հանճարն յիմարութեան բարձրացնող Տիրուհին, ո՞ւր են. ո՞ւր է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան…։ Նա՛, որ Հռիփսիմեան վարժարանէն բացակայ, կը ներշնչէր Հռիփսիմեան սանուհիներն եւ որ զայնոսիկ եւ զմեզ կը ներշնչէ դեռ` աշխարհէս բացակայ, ո՞ւր է Պէշիկթաշլեան, դալկահար այն զոյգն` անզուգական հռչակեալ Օտեան էֆէնտիին։ Ո՞ւր են մտերիմք, ո՞ւր` մտերմուհիք։ Ո՞ւր է սէրն, ո՞ւր է բանաստեղծութիւնն. ո՞ւր է բանաստեղծութիւնն, ուր կը ցոլային աշնան երեկոներն` իրարմէ տժգունակ, իրարմէ մահատիպ, իրարմէ գերեզմանահրաւէր, ո՜հ, ոչ իրարմէ երկնահրաւէր, երանահրաւէր…։ Եթէ սիրեցեալ այն հանգուցեալներն հոս` հանդիսիս մէջ, չը պիտի տեսնէի յարուցեալ, է՞ր զիս կոչեցիք, ո՜վ Օրթագիւղցիք։ Կամ եթէ զիս հոս կոչեցիք, է՞ր կուսանաց մատամբք չը կապեցիք սպիտակ էլիօդռօբէ տե՜նչածաղիկ փունջն այն բոլորակ բոլորասպիտակ, որով պսակեալ` իջնել ըղձայր Նիրվանային երգիչն ի խո՜ր, ի խաւարին գերեզմա՜ն…։



[1] Արտասանուած` Օրթաքէօյի Հռիփսիմեանց վարժարանին մրցանակաբաշխութեան հանդէսին եւ տպուած առաջին անգամ 1890ին։ «Կը ձօնեմ այս գրքոյկս, - կը գրէր Եղիա, - իմ ջլախտաւոր կատուիս, որոյ նման «հիւանդ կատու» մ՚եմ ես` որպէս Տաստայէվսքի ինքզինքն անուանեց. իմ սիրելի կատուիս, որ ինձ հետ պաշտպանեց Գրական Շարժումի մէջ մարմնոյն իրաւունքներն, ապագայ սերունդները բարոյական հիւանդութենէ զերծ կացուցանելու տենչանօք»։

[2] Տիկին Մատակեան, որ հանդիսին ներկայ էր, հաւաստեց զիս այս նկատմամբ։