Գրական եւ հանրային դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԵՏՐՈՍ ԱԴԱՄԵԱՆ
(ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ` ԽՕՍՈՒԱԾ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ)

Եղբա՛յր,

Զքեզ ողբալու համար բաւական արտասուք չունիմ. զքեզ ներբողելու համար բաւական պերճախօսութիւն չունիմ։

Մանուկ էի դեռ ես. դու մեծ էիր արդէն, դու ինձ գրեթէ տարեկից։ Է՞ր այդ առաջին մեծութեանդ մէջ չը մեռար. դու նուազ արտասուողներ պիտի ունենայիր քո շուրջ, ես առաւել արտասուք յիմ ծոց։

Յորժամ ես կը համրէի արտասուացս կաթիլներն, ոյք եւս քան զեւս կ՚անօսրանային ու կը մանրընային` ե՛ւս քան զեւս մթթնալով յարաճուն ահաւոր մթութեամբք ներքին եւ արտաքին աշխարհին, դու կը համրէիր, հայ թատրը կը համրէր ու ծափեր ու փունջեր` Հայ եւ Ռուս յափշտակեալ մտաց յօճան հասնելով` կը համրէին ու կը հռչակէին յաղթանակներդ ի թատեր։ Երբ Վերթերն ես կը թաղէի գերեզմանատունէն դուրս` Սամարացւոյն արտասուօք թանալով իր գերեզմանն երկիւղած` ըստ իւր բաղձանաց, դու գերեզմանատան մէջ կը յարուցանէիր Համլէտն` հրաշազօր արուեստովդ ի վեր հանելով միանգամայն երեք մեծութիւններ, Շէքսբիրի մեծութիւնն, որ ա՜յնքան ժամանակ անտես առնուած էր, մայրենի մեր լեզուին մեծութիւնն, որ ա՜յնքան ժամանակ նոյն իսկ ի մէնջ արհամարհուած էր, Հայ հանճարոյն մեծութիւնն, որ ա՜յնքան ժամանակ թաքուցեալ անշքացեալ մնացած էր։ Մէզիէռ ու Տարմսդադէր իրենց թափանցիմաց գործերով նուազ թափանցել տուին զՇէքսբիր, քան դու շարժուձեւով մը տեսարանին վրայ. Ալիշան եւ Այտընեան, մին պատմելով ու միւսը պերճաբանելով ազգային լեզուին, նուազ զօրեցին իր վեհութիւնն ի վեր հանել, քան դու զոյգ պարբերութեամբ մը նախասիրական մէկ դերիդ մէջ. մեծարուեստ բոլոր յիշատակարանք Հայոց նուազ պերճախօսութեամբ բարբառեցան ի նպաստ Հայ հանճարոյն, քան բարբառեցաւ լռութիւնդ դատարկ գանկին առջեւ։

Կը չափազանցե՞մ միթէ։ Սակայն տապանի մ՚առջեւ եմ, ու ներկայացման մը տպաւորութեան ներքեւ։ Վերջի՜ն ներկայացումն եղաւ այն, աւա՜ղ. եւ ես Ադամեանն առաջին անգամ կը տեսնէի թատերաբեմին վրայ։ Անծանօթ էր խաղին հեղինակն, ու խաղն անարուեստ աննշան, ու խաղարկուն մանաւանդ հիւանդ կը զգար զինքն արդէն…։ Եւ այդքան աննպաստ պայմանաց մէջ, ես զիս, երբ դերասանապետն երեւցաւ բեմին վրայ, փոխադրուած գտայ։ Ո՞ւր։ Ո՛ւր մահկանացու խօսքն անմահ բանին անարտաբերելի յօդաւորումն ըլլալ կը ձգտի, ուր մարդկային ձեւն աստուածային ձեւահոյլ մը ստանալ կը սկսի, ուր լանջաց ելեւէջք կոհակային իմն երեւոյթ առնուլ կը թուին` իրենց ամբարձման հետ վեր վերցնելով գոգցես անդունդն եւ իրենց խոնարհման խորն հայելացնելով երկինքն եօթնանհուն։ Անդրագունին սահմաններուն վրայ ես զիս գտնելու զգայութիւնն ունեցայ այն օր։ Եւ հարցուցի ես ինձ. եթէ տեսնէի հրէշն Համլէդի դերին մէջ, գերբնականին ծոցն իսկ չը՞ պիտի գտնէի ինքզինքս։ Քանզի գոյ է գերբնականն, այո՛, Տեարք եւ Տիկնայք։ Կատարեալ արուեստին մէջ կը տեսնենք բնութիւնն եւ ընդմէջէն` գերաբունն, ի շնորհս ա՛յն հոգեկան զօրութեան, որով, ըստ Րըսքընի, մեծ արուեստագէտն օժտեալ է, եւ որ հաւասարապէս մարդկային ու հաւասարապէս աստուածային է յաւէտ, equally human, equally Divine. Մարդաստուածեան տեսլեան մը հանդէպ չը՞ պիտի գտնուէի միթէ` տեսնելով Ադամեանն Համլէդի դերին մէջ, իր մեծ ու խոր աչերն` յիմարութեան տենդով բոցավառեալ, եւ անսահման ճակատն, որու վրայ կ՚անդաճէ հայեացաթափ աչաց սառնասառոյց մռայլն, եւ անգոյն շրթունքներն, ոյք, անտարբեր, կ՚արտաբերեն գերագոյն իմաստութեան բառերն…։

Յետս կը կոչեմ վերապահումս։ Ո՛չ, չափազանցութիւն չըրի։ Շէքսբիրի մեծագոյն մեկնիչէն, Հայաքարոզ գերագոյն գրիչէն ու Հայ արուեստին ներիշխան ներկայացուցչէն գեր ի վեր համարիլ չը պիտի վարանէի ա՛յն, որ հող է հիմայ, եթէ տեսարանին վրայ տեսնէի զայն սեւ հողերուն վրայ, կայծակնացայտ աչերովն, ոյց ելեկտրականութիւնն ի վէգ գայր ի վերայ մահուն անշարժութեան եւ մարմարին ցրտութեան, որ լոյս արտահանէր փոսէն եւ իմաստ` դատարկութենէն, որ, խելայեղական անհնարին զայրագնութեամբ մ՚ամենակարո՜ղ, հողն, որ մարմինը կը ծածկէ, դալարն, որ հողը կը ծածկէ, արտոյտն, որ հող ու դալար իւր թեւերով եւ իւր թեւոց ստուերով կը ծածկէ, ամպն եւ աստղն, ոյք արտոյտն ու արարչութիւնը կը ծածկապատեն կամ կը ծաղկալուսեն, ամէն բան եւ ամէն արարած ծածկէր, թաղէր, անէացնէր` ինքն Համլէդ` կլափին անհուն մթութեան ու կլափոսին անյատակ խորութեանը մէջ։

Արեգական տակ ի՞նչ աւելի վսեմ, քան Ադամեան` Համլէդի դերին մէջ, եթէ ոչ Ադամեան` Համլէդի փոսին մէջ, ուր ահա՛…։

(Արեւելք, 7 Յունիս 1891)