Հայրենի հրաւէր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԷՐ

«Արցունքներս ո՞ր գորովի գրկին մէջն ես լայի…
Եւ ո՞ր հոգիին յանձնէի իմ այս սիրտս դողդոջուն,
Գիշերն ունիմ մորմոքումիս միայն վկայ,
Երբ աստղերուն անդորրութեանը տակ նստած՝
Կը սկսիմ ես փնտռել նայուածքներով խելացնոր
Անթիւներուն թիւին մէջէն Անոր աստղն ինձ անծանօթ,
Որ աստղիս հետ, ապահով եմ, սրտիս համար է ծներ…
Բայց բնութիւնը գարուններուս դէմ բռնաւոր՝
Առաքինի իրանիս շուշաններն այս կուսական
Իր անօրէն օրէնքին կրակներովը կ՚այրէ…։
Միայն յոյսին ես ժպտեցայ, միայն անոր՝ անծանօթին,
Որ պիտի գար տիրանալու շքեղութեանցն իմ մարմինիս…
Մինչեւ այսօր եւ ո՛չ մէկ ձեռք ինձ չընծայեց
Սիրոյ վարդն այն վարդերէն նուիրական,
Որ երդումներով՝ արեւծագին հետ քաղուած՝ կուծքիս վրան,
Երազիս մէջ, գուրգուրանքիս տակ թառամէր…։
Ո՛չ մէկ համբոյր ես չի ճանչցայ, որ գար ճակտիս
Դէմ դրոշմել գինովութեան առեղծուածն այն անասելի,
Որուն համար գեղեցկութիւնս, գիտեմ, իրեն խորան պիտի ըլլար…։
Ո՛չ մէկ ժպիտ, ո՛չ մէկ նայուածք եւ ո՛չ մէկ բառ տարփանքի
Դեռ չեն եկած ալեկոծել վճիտ սիրտս սիրածոր…
Եւ այսպէս լուռ, աստղերուն տակ, սարսուռներուս մտածելէն,
Իմ գաղտնիքիս ես անգէտ, սոխակի մը պէս սէրը կ՚երգեմ…։
Նորէն երկինք կը նայիմ, միշտ աստղերը խուզարկելով՝
Եւ երբ տեսնեմ, որ բիւրաւոր այդ ոսկեշող վարդերէն մին,
Յանկարծօրէն, գլխուս վրան, կապոյտին մէջը կը մեռնի…
Զարհուրանքով կը հարցնեմ ես ինծի.
Ո՜վ գիտէ թէ որո՞ւն աստղն էր որ մոխրացաւ այս պահուս,
Անո՞րն արդեօք, որ Ճակատագրէն իմ սիրոյս էր սահմանուած,

Յետոյ այսպէս իմ քաղցրահոս մազերս ուսերէս վար…
Արմուկներս ծունկուըներուս վրայ յենած՝
Եւ իմ երկու ձեռքերուս
Մարմար թասի մը ձեւը տալով,
Հեծեծանքո՜վ սիրոյս կայծերն անոր մէջն ես կ՚արտասուեմ…»։