Հայրենի հրաւէր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՅՐԸ ԻՐ ԶԱՒԿԻՆ

«Մաքուր սիրոյս եւ մարմինիս դո՛ւն, պտո՛ւղն անդրանիկ,
Ես էի որ կողերուս մէջ սրբութեան մը պէս քեզ կրեցի…
Էութենէս քայլ առաւ քու գոյութիւնդ տարագիր,
Եւ ստինքներս երկու գարուն իրենց կաթովը մարգարտէ
Երիտասարդ այդ հասակիդ կտրիճ տեսիլքը տուին։
Ես էի որ իմ կեանքս բերրի պարտեզ մը ըրի,

Ուր քու կեանքդ անմեղօրէն աճեցաւ…։
Իմ արցունքս քեզ ոռոգեց, Ժպիտներս իբրեւ արեւ,
Իմ համբոյրս իբր օծում, շրթունքներս իբր շուշան
Եւ օրօրներս՝ երգիս մէջէն իբր զեփիւռ…
Այս բոլորն ես անխտիր եւ լիուլի քե՜զ ջամբեցի։
Օրօրոցիդ առջեւ՝ լուսնկին պէս եւ գեղանի՜ եւ արթո՜ւն։
Գիշերներու չար ոգիներն քու անուրջիդ վարդաստանէն
Ես էի որ իմ միամիտ աղօթքներովս հալածեցի…։
Ես էի որ քու ծնունդ առած գարունիդ գինովութեանը մէջէն,
Առաջի հեղ, ես էի որ մեր երդիքին վրայ ոտքի՝
Քու առաջին նայուածքդ արեւին դէ՜մը բացի…
Եւ բնութեան այդ հրեղէն հեղեղին տակ,
Քու նորածինի ծիծաղդ այտիդ վրայ՝
Ես էի որ առաջին հեղ Աստուծոյս հետը տեսայ…։
Ա՜հ, դեռ կը յիշեմ մեկնած օրուանդ այդ աշունը անձրեւոտ,
Երբ տերեւները ծառերէն արցունքներուս հետ կ՚իյնային…
Եւ տարիները տարիներու ետեւէն դագաղներու պէս կ՚անցնին.
Բայց ո՛չ արցունքս դադրեցաւ, ո՛չ տերեւներն իրենց մահէն…։
Յիշատակէս ես կը սոսկամ… երբ դրանը կը նայիմ,
Չորս սեւադէմ մեռելկիր ճաղ մը իրենց ուսերուն,
Հօրդ մարմինը մինչեւ այսօր, դեռ, կարծես,
Շտապաքայլ իր տնակէն դուրս կը հանեն…։
Այն օրերէն ես իմ գլխուս իմ մոխիրս կը չափեմ,
Ու դուն այդպէս դեռ տարագիր,
Այդ դռնակէն մինչեւ այսօր ներս չի մտար,
Բայց ես կամքիս կրակներովը Աստուծոյս դէմ պիտի կռուիմ…
Կեանքի՛ն փարած, յոյսի՛ն փարած, եւ արեւի՛ս եւ արեւի՛դ՝
Մահուանս դէմ, մօր մը ուժովը պիտի կռուիմ…
Ես կեա՜նք կ՚ուզեմ, զաւա՛կս, ապրի՜լ կ՚ուզեմ, ապրի՜լ կ՚ուզեմ…։
Իմ մարմինս այս տնակէն գերեզմանոց պիտի չերթայ,
Մինչեւ որ դուն առաւօտ մը նոյն սեմերէն ներս չի մտնես…»։