Հայրենի հրաւէր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՂԱՆԴԻ ԻՐԻԿՈՒՆ

Թախիծներու մէջ թաղուած հի՜ն օրերու իրիկուն,
Անբուժեյի կարօտներովս կը վերյիշեմ զքեզ այսօր։
Ձիւնն երկինքէն շուշանի պէս անդորրութեամբ կը թորայ
Դեռ իմ ցեղիս արիւններէն եւ աւերէն չի կարմրած հողին վրան,
Ձիւնն աստղերէն եւ Աստուածէն մարգարտի պէս կը հեղեղի,
Եւ բարեացակամ ու զուարթուն ու լուսաբոյր լուսնկան,
Երդիքներուն կամ սպիտակ բարտիներուն կատարէն,
Իր մեծափառ եւ մտերիմ ժպիտովն յուսալից՝
ճոխակեացին եւ անպերճին լուսամուտէն ներս կը նայի…
Մարդերը դեռ երջանի՜կ են…։ Մարդերը դեռ Բնութեանը բարիքին հետ՝
Մէկզմէկու նայուածքին մէջ իւրաքանչիւրն իր դրախտը կը տեսնէ…
  Նոր տարիի իրիկունն է։ Ամէն երդիք իր խրախճանքի ժամն ունի,
Թոնիրին շուրջ, որուն վրայ այգիներուն մրգեղէնները կը բուրեն,
Քառասուն անձ՝ մէկ տան զաւակ, բոլորակի նստեր են։
Ամէն հոգի իր առջեւն ցնծութեամբ մը կը սկսի
Իր արծաթեայ աշտանակին կապոյտ ճրագը վառել,
Որովհետեւ այդ պահուն, երազներու ծաղկեպսակ ճամբաներէն,
Յաւերժահարսը կաթնամարմին, մերկ ոտքերով՝ Յոյսը ձեռքին՝ կը մօտենայ։
Եւ մեծ մայրը կը սկսի տնեցիներն իրենց տնովն օրհնելու.
Խաղաղութի՜ւն մեր այս տարուայ մեռեալին, խաղաղութի՜ւն ձեր բոլորին,
Խաղաղութի՜ւն աշխարհներու անգութներուն եւ ձեր սիրտը ձեզ ապաւէն։
Յետոյ ոտքի՝ մատղաշ կոյսերն ու հարսները համբուրելով, անոնց կ՚ըսէ.
Վաղն առաւօտ, արեւծագին, կուժն ուսերնուդ ջրի գացէք,
Մէն մի տարի իր առաջին արեւին հետ իր բարիքը կը բերէ,
Որպէսզի ձեր օրերը ջրին նման երկար ըլլան եւ արեւին պէս պայծառ,
Վաղն առաւօտ, մթնշաղին, այգուն երգն երգելով՝
Ջրի գացէք։ Նոր տարիին, աղբիւրներէն, ակնթարթ մը՝ ոսկի է որ կը վազէ…։

Բայց այս օրերն ու երազները մոխրացնող չարիքներէն ի վեր,
Ձիւնն երկինքէն եւ աստղերէն եւ Աստուածէն,
Գերեզմանի քարերուն պէս եղերական, վար կը թափի…
Եւ լուսնկին մահիկը մահուան մանգաղի նման՝
Ինքն իր դէմքն արիւններուն մէջ տեսնելէն զարհուրած,
Կարծես թէ իր մեղքին համար ամպերուն մէջ կը դողդողայ…
Սեւ կաղանդի իրիկունով՝ տնեցիներ՝ տանիքին տակ այս պահուս,
Դագաղի մը վրայ հսկող սգակիրներ են բոլորն ալ,
Երգող չի՛ կայ։ Ժպիտ չի՛ կայ։ Համբոյր չի՛ կայ։ Օրհնութիւնները մարած են։
Հարսին յոյսը մահացեր է եւ աղջիկներն, աղիողորմ կամ գեղանի,
Անկարելի եւ անստոյգ սրտերու է որ կը մտածեն…։
Խեղճ ճրագ մը թոնիրին վրայ, մանկան մը պէս, կը մեռնի…։
Եւ մեծ մօրը հեծեծանքէն ամբողջ սերունդը կը սկսի լալ…։
Հովը դուրսը անհնարին մորմոքներով կը շառաչէ,
Մեռեալներու կարաւաններ կարծես կու գան շար ի շար,
Յիշատակի մը համար, ամէն մէկն իր տնակին գոց դռնակը ծեծելու…։
Յուսահատ մը, ափ մը մոխիր ծունկերուն տակ, դէպի երկինք նայելէն,
Իր բացակայ մերձաւորին մտածելով, դեռ կը սկսի աղօթել…։
Մինչ պատմութեան աղբիւրներն աւերակին տակ կը կոծեն…
Եւ աւանդութեան ոսկիին տեղ՝ մարդերուն դէմ միայն անէ՜ծք կը հոսի։