Հայրենի հրաւէր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՔԵԱԼԸ

«Եղբայրնե՛ր, ես՝ ճակատագրիս հաւատարիմ,
Մաքառումին ուղիէն Մտածումին մօտեցայ,
Եւ այն օրերուն ահաւոր, մէն մի սուր, որ կը փշրուէր
Մարտիկներու ոտքերուն տակ,
Մէն մի շղթայ, որ օղակ օղակ
Մեր ուսերէն դէպի հողը կը հոսուէր,
Ես այս նոր օրուան Արշալոյսին, մանկան մը պէս կը ժպտէի…։
Մարտադաշտին վրայ մեռած ընկերներուս քով ծնրադիր,
Անոնց շրթունքն հպարտութեամբ համբուրելէն,
Կ՚օրհնէի՜ ձեզ, զի դուք անոր ծնունդ տուիք…։
Փա՜ռք կու տայի ես ձեր ոսկեղէն կողերուն,
Ո՜վ հայ մայրեր, որ մեզ ծնաք։
Բայց երբ աւերն ու արցունքը դադրեցան,
Երբ Արդարութիւնը սկսաւ շուշանի մը նման ծաղկիլ,
Երբ Ապագան կը լուսնայ եւ Նոր Կեանքը կը ծնի,
Ինչո՞ւ համար կը յամենաք Ասպետներու ջահէն յետոյ
Մտածումի եւ մեծութեան ջահերն ալ դուք վառելու…։
Դո՛ւք, Արուեստներու եւ Գիտութեանց վարդապետնե՛ր,
Արգասաբեր Երազներու կամ Արժէքի ստեղծիչ,
Դուք, Արհեստաւո՛ր, Ճարտարագէ՛տ, Ոստանակե՛րտ կամ Հմո՛ւտ,
Դո՛ւք, Իմաստութեան տիրապե՛տ կամ Գիւտերու խուզարկո՛ւ,
Դո՛ւք, որ կեանքը կը կորզէք եւ հոծ նիւթէն եւ գաղտնիքէն,
Կռիւէն վերջ՝ որոնումի եւ մտածման դաշտերը ձեզ կը սպասեն…։
Բոլորդ մէկ ձեր ճակատներովը ծանրախոհ,
Հեռուներէն Հայրենիքին վերկենցաղմանը յառաջացէ՛ք՝
Դարերու սեւ խաւարէն՝ լոյսի ճամբան արօրելու։
Սերունդնե՛ր կան իմաստութեան ծարաւի,
Ուղեղներ կան երիտասարդ՝ սերմնացանին սպասող,
Քաղաքներ կան, որ կը հեծեն աւերին տակ ահարկու,
Եւ հողը կայ դեռ, յղի պերճանքներով բեռնաւոր,
Թաքուն յոյսի եւ հուրերու շտեմարան…։
Ա՜հ, գէթ անգամ մը դուք ձեր սրտին դիմեցէ՛ք,
Եւ ձեր միտքը, Մարդկութենէն պտղաւորուած՝
Ձեր սրբազան ճանապարհն իր Լոյսովը պիտի գծէ»։