ՈՐԴԻՆ
ԻՐ
ՀՕՐԸ
«Հա՜յր
իմ,
դեռ
մինչեւ
ո՞ր
արեգակն
ես՝
քու
որդիդ,
քեզ
անծանօթ,
Եւ
դուն
իբրեւ
օտարական
պիտի
ապրինք…։
Եւ
քու
արիւնդ
երակներուս
մէջ
թո՛ղ
եռայ,
Թո՛ղ
աչքերուս
մէջն
ես
մինչեւ
այսօր
ցոլացնեմ
Յիշատակն
աչքերուդ,
Թո՛ղ
իմ
սիրտս
քու
սիրոյդ
համար
ողողուի…։
Թո՛ղ
հասակս
սկսի
քու
հասակիդ
յար
ու
նման
Պարմանիի
պայծառութեամբս
ուռճանալ…։
Թո՛ղ
երազներս
քեզմով
լեցուին,
Թո՛ղ
իմ
միտքս
իր
թեւերովն,
վայրապար,
Թռիչ
առնէ,
իր
ստեղծիչը
որոնելու…
Այս
ամէնը
ցնորքներ
են
ինծի
համար,
Մինչեւ
որ
քու
շրթունքներդ
հայրական
Չի
մօտենա՜ն,
իրենց
հուրովն,
այս
ճակատս
սպիտակ,
Չի
մօտենա՜ն
այս
ճակատս
երազիս
մէջ
համբուրելու։
Հա՜յր
իմ,
ես
այն
ճիւղն
եմ
զօրաւոր,
դալարագեղ
այն
ծառին,
Որ
յոգնութեանդ
օրերուն
քու
նեցուկդ
պիտի
ըլլայ…։
Ես
այն
ջուրն
եմ,
հպարտութեան
ապառաժէն
դո՛ւրս
ցայտող,
Որ
ծարաւիդ
ժամանակ
Բաժակներուդ
ադամանդէն
պիտի
յորդի՜…
Ես
փեթակիդ
այն
ժիրաժիր
մեղո՜ւն
եմ,
Որ
դառնութեան
օրերուդ
Պնակիդ
մէջ
իր
ոսկեղէն
մեղրը
պիտի
հիւթէ…
Ես
դալարի՜քդ
եմ,
ծաղկաստա՜նդ
եմ,
քու
այգի՜դ
եմ…։
Ես
այն
վայրն
եմ,
ուր
յոգնած
հայր
մը
պէտք
է
հանգչի…։
Ես
այն
լարն
եմ
տիեզերքի
այն
տաւիղին,
Որ
միմիայն
որդին
գիտէ
իր
հօրն
համար
հնչեցնել…։
Ես
Ովասիսդ
եմ,
հովանիդ
եմ
արեւին
տակ,
Ես
արեգա՜կդ
եմ
քու
յոյզերու
կամ
մրրկի
օրերուդ…։
Ես
էութիւնդ
եմ
եւ
սկիզբն
եմ
քու
վախճանիդ,
Իմ
մէջն
է
որ
դուն
ինքդ՝
կեանքէդ
յետոյ,
պիտի
ապրիս…։
Ի՜նչ
առհաւութիւն,
ի՜նչ
խորհուրդ,
ի՜նչ
գաղտնիք…։
Ինծի
ըսին,
թէ
աչքերուս
մէջ
քու
կերպարանքդ
կ՚արտացոլայ…
Եւ
բիբերուս
մէջն
ես
քու
դեմքդ
նշխարներո՜ւ
պէս
կը
պահեմ,
Բայց
չե՛մ
ուզեր
իմ
կարօտէս
արցունքներովս
պղտորել
զայն,
Մինչեւ
որ
քե՜զ
գրկելով՝
իմ
սարսուռէս
չարտասուեմ…»։