Հայրենի հրաւէր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՊԱՇԱՒ

«Եռհարիւր հազարաւոր նահատակներս ահաւասի՛կ,
Արարատեան հողերուն տակ շար ի շար,
Մինչեւ այսօր ձեզ կը սպասենք, դուք, որ կռուէն խուսափեցաք,
Դուք, որ զմեզ կոխոտելով, մեր վրէժին անվրէժ,
Մեր ցասումին անտարբեր,
Մեր արիւնին դէմ առ դէմ, ձեր աչքերը փակելէն,
Մեր մարմինները կիսամեռ, իբր անգութ թշնամիներ,
Ձեր ոտքերովն կոխոտելէն հեռացաք…։
Հռնդիւնները մեր հոգեվարքին չի կրցան ձեր խե՜ղճ խուճապը կասեցնել,
Եւ ձեր սուրերը, վատերու պէս, ձեր ետեւը նետելէն,
Ձեր կործանուող քաղաքներէն խուճապեցիք…։
Ձեզնէ շատերը մեզ՝ մայրերս բոցերուն մէջը թողուցին…
Ձեզնէ շատերն իրենց հայրն իսկ կռիւին մէջ ուրացան…
Ամուսինս ստուերի մը պէս կ՚անհետանար,
Մինչ մեր որդին նորածին, դահիճները տապարներով՝
Իմ մերկացուած ծունկիս վրան,
Կարապի՜ մը պէս կոտորեցին…։
Ես եղբայր մ՚ունէի, հողին տակէն դեռ կը յիշեմ,
Պատւոյս համար նախ զիս մեռցուց
Եւ յետոյ ինք մարտնչելով մահացաւ…։
Իմ զաւակս եօթը գիւղեր եօթը գիշեր պաշտպանեց,
Զաւակիս հետ, այդ գիւղերը, կարծեմ, այսօր դեռ կ՚ապրին…։
Վատերուն մէջ վատն ես եղայ թշնամիին յանդիման,
Երբ գթութիւն պաղատելով ես իմ վիզս երկարեցի…
Ես իմ հայրս չե՜մ մոռնար… ես իմ հայրս չե՜մ մոռնար,
Այդ ալեւոր ծերունին, աւանդական դիւցազնի պէս,
Մօտաւորին, հեռաւորին, անծանօթին սիրոյն համար,
Երկար օրեր մաքառելէն մեծ Գաղափարը լուսաւորեց…
Տասը տարու տղեկ մը կար մեր քաղքին մէջ.
Մեռեալ մօրս նման ես, ո՜րչափ նման ես անոր, ըսաւ ինծի,
Եւ իր մարմինը պատնէշ ըրած, ոտքերուս տակն ինկաւ,
Օր մը յետոյ իր դիակն արցունքներուս հետ թաղեցի…։
Ո՛չ ոք չեկաւ զիս մեռցնել…
Գեղեցկութիւնս գերմարդկային՝ սոսկում կ՚ազդէր…
Բայց աչքերուս տեսածներէն առաւօտ մը թարշամեցայ…
Ո՞ւր են անոնք, որոնք փախան, իբր տարագիր կամ ստրուկ…
Ազատութեան ձայները մեր ոսկերքը խենթեցուցին…
Գարուններու ծաղիկները այնչափ հո՜ծ են, այնչափ խո՜ր
Կարծես իրենց արմատները մեր սրտերուն կ՚երկարին…
Իրենց բոյրը վար սուզուելով մեր աչքերը կ՚արբեցնէ…
Առուները կը կարկաչեն… ես կը լսեմ…
Եւ ո՜վ գիտէ վերը՝ մեր աղբիւրը որչա՜փ ջինջ է,
Գառնուկները ծներ են եւ մեր վրայէն մայելով՝ ճարակելու կը վազեն…
Արձագանգը կ՚իմանա՞ք, տեսէք ինչպէս կ՚ոստոստեն…
Թռչուննե՜րը, թռչուննե՜րը, իմ կարօտէս ես մոխիրի կը վերածուիմ…
Խնձորենին ծաղկեր է… եւ մէկը կայ, որ ինձ համար,
Իմ աչքերուս սէրէն կուրցած… մինաւորի՜կը կ՚արտասուէ…
Ես փրկութեան երգերուն ձայնը վաղո՜ւց է որ լսեր եմ…
Ատելութիւնը մոխիրներու տակ մեռեր է…
Բայց ո՞ւր են անոնք, որ հեռացան…
Ըսէ՛ք ինծի, մե՞նք ենք մեռեալ, թէ՞ անոնք…
Ծերունիի իմաստութեանս հաւատացէ՛ք.
Այն, որ կռիւը չի սիրեց, արժանի չէ այս օրուան…
Մեռելներն անոնք են, որոնց համար մենք մեռանք։
Անմահութիւնն մեզի է եւ ապաշաւն անօգուտ,
Ի՜նչ փոյթ մեզի, եթէ մեր ոսկորներէն կերտուած
Ազատութեան տաճարներու խորանին
Ծնրադրելու դեռ չեկան…։
Ես կը լսեմ ձայները երիտասա՛րդ կամքերուն,
Որոնք ո՛չ փախուստ են ճանչցեր եւ ո՛չ ալ երդիքն օտար,
Ապագան ալ անոնցն է, Արշալոյսն ալ Երջանկութեան…
Մեռեալներն անոնք են, որոնց համար մենք մեռանք…»։