Մատենագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԵՐԸ»

«ԿԱՐՄԻՐ ԳԻՐՔԸ»

1. «Ջարդի Խենթը» (բեմական մենախօսութիւն). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Կարմիր Գիրքը»ին մէջ (Պոլիս, 1910) էջ 5-25։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 5-21։ Երրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 161-74։ Այս հրատարակութենէն դուրս մնացած է «Գետը» քերթուածը։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 25-35։

2. «Թրքուհին» (գեղջուկ եղերերգ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Կարմիր Գիրքը»ին մէջ, էջ 27-36։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 23-33։ Երրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 175-82։ «Ասեղի Հիւսքը» եւ «Ա՜յ Աղջիկ» քերթուածները լոյս կը տեսնեն նաեւ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 119-20։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 36-42։

3. «Մարդերգութիւն». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Կարմիր Գիրքը»ին մէջ, էջ 37-71։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 35-60։ Երրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 183-98։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 123-143։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 180-97։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 43-60։ Եօթերորդ անգամ՝ նոյն թուականին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 124-142։

«Կարմիր Կարօտ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սուրհանդակ» օրաթերթի 1908 թ. ի թիւ 55-ին մէջ, էջ Երկրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 164։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 105։ Բանաստեղծութեան տարբերակը կը կրէ «Ճամբորդը» խորագիրը, լոյս տեսած՝ 1965-ին, «Էջմիածին» ամսագրի Փետր. —Ապրիլ թիւին մէջ, էջ 57։ «Կարմիր Կարօտ»ի տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [1] ։ Վստահ չենք եթէ մեր նշած «Ճամբորդը» քերթուածն է ատիկա։

«Ահազանգները». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի թիւ 65-ին (25 Օգոստոս) մէջ, էջ Երկրորդ անգամ՝ «Շանթ»ի 1918 թ. ի . Տարի, Նոր Շրջան) թիւ 2-ին մէջ, էջ 18։ Երրորդ անգամ՝ 1984-ին, «Սովետական Հայաստան» ամսաթերթի թիւ 8-ին մէջ, էջ 24։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ազդակ» օրաթերթի թիւ 30 (16106)ի մէջ, էջ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 169։

«Ինչպէս Երբեմն». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի . Տարի) թիւ 23-ի (23 Յունիս) մէջ, էջ 356։ Երկրորդ անգամ՝ 1911-ին, Կարէն Միքայէլեանի խմբագրած «Գարուն Ալմանախ» ամսագրի (Մոսկուա) Բ. գրքին մէջ, էջ 152։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 63։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 112։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 108։ Վեցերորդ անգամ՝ 1965-ին, Եդ. Ջրբաշեանի «Ռուբէն Սեւակ» գրքին մէջ, էջ 17։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Կեդրոնականցի»ի թիւ 3-ին մէջ, էջ 12։ Սոյն թիւին մէջ կայ նաեւ ձեռագրին պատճէնը։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 92։ Իններորդ անգամ՝ «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 77։՞՞

«Ո՜վ Իմ Հայրենիքս» (Կիլիկիոյ արիւնին նուիրուած». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 20-ին (2/15 Սեպտ. ) մէջ, էջ 307-8։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 106։ Երրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 215։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 104-6։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 211-6։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 111։ Եօթերորդ անգամ՝ «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 79։

«Ողջակէզ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 27-ին մէջ, էջ 419։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 142։

Քերթուածը նուիրուած է Ա. Գարակէօզեանին։ վերջինը, «Պէրպէրեան Վարժարան»ի Սեւակի դասընկերներէն, ձերբակալուելով համիտեան րէժիմին կողմէ կը բանտարկուի Պոլսոյ մէջ. օր մըն ալ բանտի խուցին մէջ անձնասպան կ՚ըլլայ, քարիւղ թափելով մարմնին վրայ ու կրակ տալով։ Այս հերոսական, ու միաժամանակ, ողբերգական դրուագը հերոսացնելու համար Սեւակ կը գրէ այս ոտանաւորը։

«Զանգակնե՜ր, Զանգակնե՜ր…». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 25-ին մէջ, էջ 387։ Երկրորդ անգամ՝ 1914-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 110։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 109։ Կը պակսի վերջին տողը՝ «Օ՜, ղօղանջեցէ՜ք Աստուածն է մեռեր…»։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 168-70։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 106։ Վեցերորդ անգամ՝ նոյն թուականին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 78։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985 թ. ի «Բագին»ի (ԻԴ. Տարի), թիւ 11-ին (Նոյեմբեր) մէջ, էջ 76։

«Եհովային Արցունքը» («Կարմիր Այլաբանութիւնը» ընդհ. խորագրին տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 32-ին մէջ, էջ 498։ Երկրորդ անգամ՝ 1910-ին, «Հայ Գրողներ» դասագրքի Բ. հատորին մէջ։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 152։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 95։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 154-5։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985 թ. ի «Կեդրոնականցի»ի թիւ 3-ին մէջ, էջ 10-1։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 166։ Ինքնագիրը վերնագրուած է «1896» եւ նուիրուած է «Համիտին» [2] ։

«Վրէժին Սերմնացանը» («Կիլիկեան Երգեր» ընդհ. խորագրին տակ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Թէոդիկի 1910 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 165։ Երկրորդ անգամ՝ 1918 թ. ին «Շանթ»ի թիւ 2-ին մէջ, էջ 18։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 103։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 111։ Կը պակսի երրորդ քառեակը, «Սանձերնին լա՜յն երիվարներ ասպազէն…»։ Վերնագիրն ալ սխալմամբ եղած է «Վերջին Սերմնացանը»։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 74։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 119։

«Հայու որբիկ» («Կիլիկեան Երգեր» ընդհ. խորագրին տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1910 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 165-6։ Երկրորդ անգամ՝ 1911-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 101։ Երրորդ անգամ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 171-2։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 76։ Հինգերորդ անգա՝մ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 120։

«Վերջին Օրօր» («Կիլիկեան Երգեր» ընդհ. խորագրին տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1910 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 166։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 65։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 105։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 111։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 172։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 76։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 120։

«Հայաստան». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Ա. Չօպանեանի խմբագրած «Վերածնունդ» կիս. հանդէսի 1919 թ. ի թիւ 1-2-ին մէջ, էջ Երկրորդ անգամ՝ 1922-ի «Հայկաշէն Տարեգիրք»ին մէջ, էջ 319-22։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի դեկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 68։ Չորրորդ անգամ՝ 1932-ին «Կեանք եւ Արուեստ» տարեգրքի . Տարի) թիւ 9-ին մէջ։ Հինգերորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 113։ Վեցերորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 230։ Եօթերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 118։ Ութերորդ անգամ՝ 1965-ին, «Նայիրի» շաբաթաթերթի (Եղեռնի 50-ամեակի բացառիկ թիւի) թիւ 18-50-ի մէջ, էջ 18։ Իններորդ անգամ՝ 1972-ին, Վ. Ա. Կիրակոսեանի «Ռուբէն Սեւակ» գրքին մէջ, էջ 156։ Տասերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 177։ Տասնմէկերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Կեդրոնականցի»ի թիւ 3-ին մէջ, էջ Տասներկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 137։ Տասերորդ անգամ, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 77։ Տասնչորրորդ անգամ՝ նոյն տարուան «Բագին» ամսագրի նոյեմբերի թիւին մէջ, էջ 64։

Քերթուածը Սեւակ գրած է Աւ. Իսահակեանի ծոցատետրին մէջ. Թէ ինչպէ՞ս կը հասնի Չօպանեանին, այդ մասին կը կարդանք հետեւեալը. «Այս բանաստեղծութեան առիթով Աւետիք Իսահակեանը 1918 թ. Դեկտեմբերի 13-ին Ժընեւից գրում էր Ա. Չօպանեանին. «Սիրելի բարեկամ Ար։ Չօպանեան, այս նամակիս հետ ուղարկում եմ մի ոտանաւոր, որ 1913 թ. Լօզանում մեր եղերաբախտ բանաստեղծ Ռուբէն Չիլինկիրեան - Սեւակին գրեց իմ ծոցատետրիս մէջ. այս ծոցատետրս միայն վերջերս հնարաւոր եղաւ ստանալու (Մօտս չէր ուրիշ ձեռագիրներիս հետ), ուստի եւ պարտք եմ համարում տպագրութաեն յանձնելու։ միգուցէ չկորի այս գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը։ Որքան յիշում եմ ո՛չ մի տեղ չի տպուած դա» (Աւ. Իսահակեան, «Երկերի Ժողովածու», վեցերորդ հատոր, էջ 172) [3] ։ Մեր ժողովածուին մէջ տրուած թուականը՝ 1909ն է, ըստ «Վերածնունդ»ի նշած թուականին։ Ըստ վկայութեան ա՛յդ պէտք է ըլլայ 1913։ Կը կարծենք երկրորդն է ճիշդը։

«Բանտին Մէջ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1910 թ. ին, «Պէրպէրեան Վարժարան»ի աշակերտութեան կողմթ խմբագրուած «Ալիշան» (ձեռագիր) կիսամսեայ հանդէսին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1919-ին, «Շանթ»ի թիւ 31-ին մէջ, էջ 362։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 170։

«Շանթ»ի խմբարգութիւնը քերթուածին սկիզբը, յառաջաբանի մը մէջ կը գրէ. «Մասնաւոր գուրգուրանքով կը հրատարակենք Ռ. ՍԵՒԱԿԻ ուսանողութեան շրջանի մէջկ անտիպ ու ա՜յնքան բաբախուն քերթուածը, զոր կը քաղենք 1910-ին Պէրպէրեան վարժարանի աշակերտներուն կողմթ խմբագրուած «Ալիշան» անունով ձեռագիր կիսամսեայ հանդէսէն։

Կը հրատարակենք զայն անփոփոխ, իր տաղաչափական զարտուղութիւններովը եւ թերութիւններովը։ Սեւակ, եթէ ողջ ըլլար, ապահովաբար այս քերթուածը շատ սրբագրութիւններէ անցուցած պիտի յանձնէր մամուլի։ Բայց իր այս անկատար ձեւին մէջ, իսկ, ան նշխար մըն է մեզի համար, թանկագին եւ նուիրական ու յետոյ ա՜յնքան այժմէական որ կարծես այսօր գրուած է»։

Քերթուածը նուիրուած է Աւետիս Ահարոնեանին, երբ ան բանտարկուած էր Մետէխի բանտին մէջ, 1907-11 տարիներուն։

Բանաստեղծութեան ինքնագիրը կը կրէ «Աստ Հանգչի Մը» խորագիրը [4] ։ Ինքնագրի բնագիրը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [5], ուրկէ կը բացակայի բանաստեղծութեան առաջին տողի առաջին բառը՝ «Հելվեթական», այսինքն՝ Զուիցերիական։ «Տպագրուած տեքստին մէջ այդ բառը դարձել է «թուրքական», եւ ոտքերի քանակը պահպանելու նպատակով աւելացել է նաեւ «խուլ» բառը։ Այս փոփոխութիւնը, ըստ երեւոյթին, կատարուել է «Շանթ»ի խմբագրութիւնում»։ [6]

«Վերջին Հայերը» (պոէմ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Իր, 18 Օոգոստոս 1910 թուակիր նամակով, ուղղուած Թէոդիկին, Սեւակ կը գրէ. «Կը ղրկեմ «Վերջին Հայերը», զոր մասնաւորապէս Տարեցոյցիդ համար պատարստեցի։ Ջանացի «Ազատ Հայուն Փոքրիկ Հանրագիտարան»ին մէջ բացատրել ստրուկ Հայուն մեծ վէրքերը։ Աշխատեցայ հոն ցուցադրել «նախասահմանդրական շրջանի մեր գաղթական Հայերուն հոգին՝ իր բոլոր լացնող պարզութեանը մէջ։ Չեմ գիտեր թէ յաջողեցայ. ամէն պարագյի մէջ կը յուսամ որ հրատարակութիւնն օգտակար կ՚ըլլայ՝ ժողովուրդը արտագաղթէ զգուշացնելու տեսակէտէն։ Կը վախնամ որ ուշ մնացի քիչ մը, բայց «Արեւուն տակ ամէնո՛ւն ալ տեղ կայ «Կ՚ըսեն, ու կը յուսամ որ խոշոր գիրքիդ մէջ պզտիկ բանաստեղծի մը համար անկիւն մը կ՚ըլլայ միշտ։» [7]

Անծանօթ պատճառներով այս պոէմը լոյս չի տեսներ «ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ։ Այս մասին, 1985-ի հրատարակութեան մէջ կը կարդանք. «Թէոդիկը Սեւակի տաղանդը համակրողներից էր եւ հազիւ թէ առարկութիւններ ունենար պոէմի բարձր արուեստի հանդէպ։ Պէտք է ենթադրել, որ «Վերջին Հայերը»ի շեշտուած ծրագրայնութիւնը եւ հրապարակախօսական սրբութիւնն են պատճառ դարձել, որ տեղ չի գտել «Ազատ Հայուն Փոքրիկ Հանրագիտարան»ում։ Սակայն, ինչպէս երեւում է, Թէոդիկը այդ գործով հիացողների շարքում է եղել։ 1911 թ. Մարտի 8-ին Սեւակը Լօզանից գրում է Թէոդիկին. «…Վերջին Հայերը» շատ գնահատուեր է, կ՚ըսես Պոլսահայերէն. շնորհակալ եմ։ Երէկ, Եգիպտոսէն եկած հայէ մը իմացայ, որ այդ վատասերած հայութեան մէ՛ջ ալ գտեր է խանդավառութեան ցոյցեր։» [8] Այդ մասին Սեւակ կ՚ըսէ նաեւ հետեւեալը. «Վերջին Հայերը կոչուած են ըլլալու ազատութեան համար կռուելու սահմանուած վերջին մարդիկը» [9] ։

Հատուածներ այս պոէմէմն լոյս կը տեսնէ «Շանթ»ի 1918 թ. ի թիւ 2-ին մէջ, էջ 18։ Տարբեր հատուածներ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 174-7։ Այս հատորին մէջ ներկայացուածը, երկուքին համադրութիւնն է։ Նոյնն է պարագան 1985-ի հրատարակութեան, էջ 108։ Վստահ չենք սակայն եթէ հոս ներկայացուածը ամբողջականն է թէ ոչ։ Արտատպուած է նաեւ «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 85։

Պոէմը նուիրուած է Եղիշէ Սրբազան Դուրեան բանաստեղծին։

«Ցաւօ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Սահակ-Մեսրոպի 1911 թ. ի . Տարի) «Գաւառին Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 102-4։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 122։ Անոր տարբերակը արտադրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [10] ։

«Հայ Զատիկը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Հ. Մ. Պոտուրեանի «Դիցաւան» տարեգրքին մէջ . Տարի, 1923, էջ 17-20)։ Այս առիթով, խմբագիրը կը յայտնէ թէ այս աւանդավէպ-քերթուածը գրուած է իր խնդրանքին վրայ, 12 տարի առաջ (այսինքն՝ 1911 թ. ին - Խ. Տ. ), եւ մինչեւ հրատարակութեան օրը, զայն պահած է մասունքի մը պէս։ Երկրորդ անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ին, «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի թիւ 4-ին մէջ, էջ 19։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 172։

«Հայ Որբը». Ծանօթ չէ անոր առաջին հրատարակութեան թուականն ու աղբիւրը։ «Կիլիկեան Երգեր» շարքի «Հայու Որբիկ» քերթուածին տարբերակն է, որ տպագրուած է 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 231։ Բնագիրը նոյնութեամբ կը գտնուի Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [11] ։ Տպուած է նաեւ «Բագին»ի 1985 թ. ի Նոյեմբերի թիւին մէջ, էջ 64։

«Հայու Զատիկ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1914 թ. ի «Ազատամարտ»ի զատկուան թիւին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ին, «Ամէնուն Տարեգիրք»ին մէջ [12] ։

Խմբագրութիւնը կը գրէ հետեւեալը. «Նահատակ քերթողի սպանութեան քառասնամեայ տարելիցին առթիւ. «Ազատամարտ»ի 1911-ի զատկական թիւէն յուզումով կ՚արտատպենք իր այս հիչեղ ու մոռցուած բանաստեղծութիւնը։ Գրուած է ան Լօզանի մէջ. ուր այդ տարին կը գտնուէր Ռուբէն Սեւակ։ Քանի մը ամիս անց՝ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ պիտի վերադառնար Պոլիս, որպէսզի ուղիղ տարի մը վերջը, զինքն ալ խառնէին ականաւոր հայ մտաւորականներու մահապարտ բազմութեանց եւ իր գրչեղբօր Վարուժանին հետ սպաննէին Թիւնէյի մէջ։

Անզուսպ ու մռնչուն պոռթկում մըն է իր այս քերթուածը, ուր բանաստեղծը, սուր նախազգացումը ունի գալիք Մեծ Ոճիրին։ …«Ալեկոծ նաւուն զանգերը վտա՛նգ կ՚երգեն… Երգեցէ՜ք, մենք մահուան կ՚երթանք»…

Որքան կը յիշենք, Ռ. Սեւակի վերջին քերթուածն է ասիկա։ Եթէ ուրեմն, նկատենք զայն իր «կարապի երգը», պիտի տեսնենք, որ հէք քերթողը, «արար աշխարհի դէմ նզովք»ը շրթներուն, փակեց իր աչքերը 1915-ի եղեռնապարտ օրերուն…։



[1]     Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 58։

[2]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[3]     Ռուբէն Սեւակ, «Երկեր», Երեւան, «Սովետական Գրող հրատարակչութիւն, 1985, «Ծանօթագրութիւններ»ու բաժինը, էջ 459-60։

[4]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[5]     Տե՛ս ԱՀՏ, ջէ 75-6։

[6]     Տե՛ս Ռուբէն Սեւակ, «Երկեր», Երեւան, 1985, «Ծանօթագրութիւններ»ու բաժինը, էջ 462։

[7]     Թէոդիկ, «Ռ. Սեւակ եւ Իր Նամակները», «Ամենուն Տարեցոյցը», 1916-20, էջ 21-2։

[8]     Ռուբէն Սեւակ, «Երկեր», Երեւան, 1985, էջ 458։

[9]     Տե՛ս Ա. Սեւան, «Ռուբէն Սեւակ» (կեանքն ու գրականութիւնը), «Հայրենիք», Դեկտ. 1930, էջ 68։

[10]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 63։

[11]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ

[12]    Տե՛ս Կարօ Գէորգեան, «Ամէնուն Տարեգիրքը», Պէյրութ, 1955, էջ 63-4։