Մատենագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ԱՆՏԻՊՆԵՐ»

Այս բաժինը կ՚ընդգրկէ Սեւակի այն բանաստեղծութիւնները որոնք ցարդ լոյս չեն տեսած պարբերական ամուլին մէջ (բացի մի քանիներէ որոնք լոյս տեսան 1985 թ. ի Ապրիլ ամսուան «Գարուն» եւ «Սովետական Գրականութիւն» ամբագրերուն մէջ), ու ամփոփուած են Հայաստանի մէջ նործ հրատարակուած Ռ. Սեւակի «Երկեր» հատորին մէջ [1] ։ Անոնք կը կազմեն Սեւակի անտիպ ու անյայտ բանաստեղծութիւններուն հիմնական մասը, առնուած հեղինակին ինքնագիր երկու տետրակներէն [2] եւ Ա. Յակոբովիչի տետրակներէն [3] ։ Կ՚արտատպենք այդ անտիպները առանձին բաժնի մը մէջ, մատենագիտական այս գլխուն մէջ յիշելով ո՞ր տետրէն առնուիլը, տարբերակներու պարագան եթէ կայ եւ այլ ծանօթութիւններ եթէ տրուած են վերոյիշեալ հրատարակութեան «Ծանօթագրութիւններ»ու բաժնին մէջ։ Մեր ժողովածուին մէջ եղած դասաւորումը տարբեր է այդ հատորի դասաւորումէն, կարելի ժամանակագրութիւնը պահելու մտահոգութեամբ։ Այդ հատորի դաս։աւորումը հարազատ է տետրակներու մէջ եղած դասաւորման. մենք նախթնտրած ենք ժամանակագրութիւնը պահել, հեղինակին գրական զարգացման ընթացքը ներկայացնելու համար։

Վստահ չենք եթէ կան այլ անտիպներ եւս։ Ըստ երեւոյթին, տակաւին կարելի է նոր գործեր ու նիւթերթ յայտնաբերել Սեւակէ։

«Իտէալ Սէրը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի 1985 թ. ի թիւ 4-տի մղջ, ղջ 25։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 194։ Բնագիրը առնուած է ինքնագրին թեքստէն [4] ։ Այս բանաստեղծութեան տարբերակը «Սեւ Տոմս» խորագրին տակ կը գտնուի Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [5] ։

«Ովսաննա». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 177։ Բնագիրը վերցուած է ինքնագրի տետրակէն։ [6]

«Յաւիտենական Պատմութիւնը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 178։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [7] ։

«Վերջին Երգը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 179։ Բնագիրը վերցուած է ինքնագրի տետրէն [8] ։

«Նամակ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սովետական Գրականութիւն ամսագրի 1985 թ. ի թիւ 4-ի մէջ, էջ 23։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 185։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակի տետրէն [9] ։

«Գիւղացու Սէր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 191։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [10] ։ Անոր տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [11] ։

«Նուէր Ամանորի». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 195։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրակէն [12] ։

«Հանդիպում». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Գրական Թերթ»ի 12 Ապրիլի թիւին մէջ։ Երկրորդ անգամ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 199։ Բնագիրը վերցուած է ինքնագրի տետրէն [13] ։ Բանաստեղծութեան տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [14] ։

«Պիտի ունենամ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի հրատարակութեան մէջ, էջ 200։ Բնագիրը վերցուած է ինքնագրի տետրակէն [15] ։

«Գիսաւորը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի հրատարակութեան մէջ, էջ 202։ Բնագիրը վերցուած է ինքնագրի տետրակէն [16] ։

«Հովիւը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Գրական Թերթ»ի 12 Պրիլի թիւին մէջ։ Երկրորդ անգամ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 203։ Բնագիրը վերցուած ղէ ինքնագրի տետրակէն [17] ։

«Իերնց Պատմութիւնը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի հրատարակութեան մէջ, էջ 205։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [18] ։

«Ո՛չ»». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Գարուն» ամսագրի թիւ 4-ին մէջ, էջ 27։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 209։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրակէն [19] ։ Բանաստեղծութեան տարբերակը նոյնութեամբ արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [20] ։

«Ջան». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի հրատարակութեան մէջ, էջ 181։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [21] ։

«Խենթ Հեքիաթը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 184։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [22] ։

«Առջի Հայերը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 196։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [23] ։

«Նահապետը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 191։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [24] ։ Բանաստեղծութեան տարբերակը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ. «Հայրենի Կոչ» խորագրին տակ [25] ։

«Քերթողի Մահը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Գարուն» ամսագրի թիւ 4-ին մէջ, էջ 28։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 201։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [26] ։ Բանաստեղծութեան տարբրեակը նոյնութեամբ արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [27] ։

«Իտէալ Կինը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 207։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [28] ։ Բանաստեղծութեան տարբրեակը, աննշան տարբերութեամբ արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [29] ։

Քերթուածին ներքեւ նշուած է «)ld India» անունը, թուականին հետ, որը, Սեւակի յաճախած սրճարաններէն մէկն էր, ուր նաեւ գրուած են ան որ շարք մը բանաստեղծութիւնները։

«Հայուհին». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 211։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [30] ։

«Երգիչը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի 17 Ապրիլի թիւին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 210։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [31] ։

«Պզտիկ Մահը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 212։ Բանաստեղծութեան ինքնագիր կը գտնուի Ենովք Արմէնի ֆոնտին մէջ [32] ։ Այլ տարբերակը «Փոքրիկ Նահատակ»ը խորագրով կայ հեղինակի «Ա. Տետրակ»ին մէջ։ Այս ժողովածուին մէջ կայ նաեւ այլ տարբերակը «Փոքրիկ Հերոսը» խորագրով։ Այս մասին տե՛ս «Փոքրիկ Հերոսը»։

«Մեղքը». Բնագիրը առնուած է հեղինակին ինքնագիր տետրէն [33] ։ Անոր տարբերակը արտագրուած՝ Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [34] ։ Քերթուածթ նուիրուած է Չիֆթէ Սարաֆին։ Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 175։

«Ճիչ Մը». Առաջին անգամ տպուած է «Սովետական Հայաստան» ամսագրի 1984 թ. ի թիւ 18-ին մէջ, էջ 24։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 176։ Բնագիրը առնուած է հեղինակին տետրակէն [35] ։

«Ծեր Բորենին». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1984 թ. ի «Սովետական Հայաստան» ամսագրի թիւ 8-ին մէջ, էջ 24։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 178։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [36] ։ Այս բանաստեղծութիւնը, իր խորքով եւ ձեւով մօտ է «Չըհասկցուածները» շարքին։

«Վտակը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 180։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [37] ։

«Ձօն». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Գրական ԹԵրթ»ի 12 Ապրիլի թիւին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 168։ Բնագիրը առնուած է հեղինակին տետրակէն [38] ։ Բանաստեղծութեան բնագիրը արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրակին մէջ [39] ։

«Մրո՞ւ Համար». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Սովետական ԳՐականութիւն» ամսագրի թիւ 4-ի մէջ, էջ 22։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 189։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրէն [40] ։

«Աղօթք». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Գարուն» ամսագրի 1985 թ. ի թիւ 4-ին մէջ, էջ 28։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 198։ Բնագիրը վերցուած է հեղինակին տետրակէն [41] ։

«Գինով Գիշեր». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սովետական Հայաստան»ի 1984 թ. ի թիւ 8-ին մէջ, էջ 23։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ազդակ» օրաթերթի թիւ 30 (16106)ի մէջ (9 Ապրիլ), էջ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 214։ Բնագիրը առնուած է հեղինակին ինքնագիր տետրէն [42] ։ Բանաստեղծութիւնը նոյնութեամբ արտագրուած է Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [43] ։

«Երազներ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սովետական Հայաստան» ամսաթերթի 1985 թ. ի թիւ 2-ին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 214։ Բնագիրը վերցուած է Ա. Յակոբովիչի տետրէն։

«Երազ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Գարուն» ամսագրի 1985 թ. ի թիւ 4-ին մէջ, էջ 28։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 215։ Բնագիրը վերցուած է Ա. Յակոբովիչի տետրէն։

«Մէկը Կու լար». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի 1985 թ. ի թիւ 4-ին մէջ, էջ 22։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 216։ Բնագիրը վերցուած է Ա։ Յակոբովիչի տետրէն։

«Մ…». Լոյս կը տեստնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 216։ Անոր մասին որեւէ ծանօթութիւն չի տար յիշեալ հատորը։

«Հարսներգ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի 1985 թ. ի թիւ 4-ին մէջ, էջ 21։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 217։ Բնագիրը վերցուած է Ա. Յակոբովիչի տետրէն։

«Սիրէ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի 1985 թ. ի թիւ 4-ին մէջ, էջ 21։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 219։ Բնագիրը վերցուած է Ա. Յակոբովիչի տետրէն։

«Երջանկութիւն». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 218։ Բնագիրը վերցուած է Ա. Յակոբովիչի տետրէն։

«Անէծքը». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 219։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Վա՜ղը». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 220։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Փորձութիւն». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 219։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Պզտիկ Սիրտդ». Առաջին նագամ լոյս կը տեսնէ 1985 թ. ի «Գրական Թերթ»ի 12 Ապրիլի թիւին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 220։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Մեր Սիրտը». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 220։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Մարգարիտը». Աշաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի 1985 թ. ի 17 Ապրիլի թիւին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 221։ Բնագիրը վերցուած է Ա. Յակոբովիչի տետրէն։

«Յաղթուած Յաղթանակը». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 222։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Մեղքի Կինը». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 223։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Հովիկը». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 223։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։

«Սպիտակ Ոճիր». Լոյս կը տեսնէ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 224։ Նոյն պարագան նաեւ հոս։



[1]     Տե՛ս Ռ. Սեւակ, «Երկեր», Երեւան, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, 1985։ «Անտիպ»ներու բաժինը, էջ 175-225։

[2]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ եւ

[3]     Տե՛ս ԱՀՏ։

[4]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ2։

[5]     Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 39։

[6]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՄՖ, թիւ

[7]     Տե՛ս նոյն, թիւ

[8]     Տե՛ս նոյն, թիւ

[9]     Տե՛ս նոյն, թիւ

[10]    Տե՛ս նոյն, թիւ

[11]    Տե՛ս նոյն, թիւ

[12]    Տե՛ս նոյն, թիւ

[13]    Տե՛ս նոյն, թիւ

[14]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 20։

[15]    Տե՛ս Գաթ, ՌՍՖ, թիւ

[16]    Տե՛ս նոյն, թիւ

[17]    Տե՛ս նոյն։

[18]    Տե՛ս նոյն։

[19]    Տե՛ս նոյն։

[20]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 87-8։

[21]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[22]    Տե՛ս նոյն։

[23]    Տե՛ս նոյն։

[24]    Տե՛ս նոյն։

[25]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 53-6։

[26]    Տե՛ս նոյն։

[27]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 81։

[28]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[29]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 24։

[30]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[31]    Տե՛ս նոյն։

[32]    Տե՛ս ԳԱԹ, ԵԱՖ, իթւ 1202։

[33]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[34]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 28-9։

[35]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[36]    Տե՛ս նոյն։

[37]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[38]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[39]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 68։

[40]    Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[41]    Տե՛ս նոյն։

[42]    Տե՛ս նոյն, թիւ

[43]    Տե՛ս ԱՀՏ, էջ