Մատենագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ

Պատրաստեց՝ ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Այս բաժնով, Ռուբէն Սեւակի գրականութեան ամբողջական մատենագիտութիւնը հրամցնելու յաւակնութիւնը չունինք։ Նման աշխատանք մը կ՚ենթադրէ շուրջ 80 տարուան հայ պարբերական մամուլի ամբողջական ուսումնասիրութիւնը, բան մը, որ վեր է մեր ներկայի կարողութիւններէն։ Մա՛նաւանդ՝ Սեւակի պարագային, որ թէեւ զանազան հրատարակութիւններու եւ ուսումնասիրութեանց արժանացած, սակայն անոր գործերուն մեծ մասը մինչեւ այսօր մնացած են տարտղնուած, անյայտ ու անտիպ։ Անոր ձեռագիրներն ու արխիւները մնացած են անոր հարազատներուն մօտ պահուած, եւ կամ՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, Ռ. Սեւակի արխիւին մէջ։ Սեւակ ա՛յն հեղինակներէն է, որոնց արժանիքին ու գործերուն մասին տակաւին ամբողջական պատկերացում կարելի չէ կազմել մինչեւ այսօր։ Հիմա որ Հայաստանի մէջ լոյս կը տեսնէ անոր «Երկեր»ու ժողովածուն [1], ու այս հատորով զինք կը փորձենք քիչ մը աւելի ներկայացնել հանրութեան, կը կարծենք, բաւարար ատաղձ կայ նման պատկերացման։

Այս մտահոգութենէն թելադրուած ու ահա այս աշխատութեամբ, մեր գլխաւոր նպատակն էր կարելի չափով մէկտեղել գրագէտին հետ առընչուող մատենագիտական ու արխիւային նիւթերը, դիւրացնելու համար բանասէրին գործը, միաժամանակ, կորուստէ փրկելով մամուլի էջերուն մէջ ցրուած անոր գործերն ու անոնց մասին եղած յօդուածները, անդրադարձներն ու յուշագրութիւնները։ Ու երբ այս աշխատանքին ձեռնարկած կը պրպտէինք ու կը հաւաքէինք որեւէ տեղեկութիւն ու աղբիւր, որ կրնար յաւելեալ լոյս սփռել Սեւակի կեանքին ու գործերուն շուրջ, չէինք գիտեր, որ նման աշխատանք մը կը կատարուէր Հայաստանի ծանօթ մտաւորականներէն՝ Ալեքսանդր Թօփչեանի կողմէ, որ Լօզանի, Նիսի ու Փարիզի մէջ կը փորձէր հաւաքել Սեւակի անտիպ ու անյայտ գործերը, ձեռագրերը, նամակներն ու արխիւային այլ նիւթեր։ Ժողովածուն ու մատենագիտութիւնը արդէն աւարտած էինք երբ ստացանք վերեւ յիշուած գործը, որ կ՚ընդգրկէր, անկախ Սեւակի գործերէն, կարեւոր ծանօթագրութիւններ ու նիւթեր, որոնք լոյս կը սփռէին Սեւակի շատ մը գործերուն շուրջ։ Այդ ծանօթութիւնները միացնելով մեր գործին, կը հրատարակենք սոյն մատենագիտութիւնը, բաւարար տեղեկութիւններ համադրած ըլլալու գոհունակութեամբ ու տարաբախտ քերթողին հանդէպ խղճի պարտք մը կատարած ըլլալու բաւարարութեամբ։

Մեր աշխատանքին ընթացքին ուսումնասիրեցինք պոլսահայ այդ ատենի կարեւորագոյն թերթերն ու հանդէսները, մա՛նաւանդ անոնք՝ որոնց աշխատակցած էր Սեւակ։ Անոնցմէ յիշենք՝ «Մասիս»ը, «Արեւելեան Մամուլ»ը, «Ազդակ»ը «Լոյս»ը, «Սուրհանդակ»ը, «Շանթ»ը, «Ոստան»ը, «Ազատամարտ»ը (շաբաթաթերթ), «Մեր Տարեցոյց»ը, «Ամենուն Տարեցոյց»ը, «Բիւզանդիոն»ը, «Գեղունի»ն (գլխաւորնե՛րը իր աշխատակցած թերթերուն ու հանդէսներուն)։ Միաժամանակ, յետեղեռնեան շրջանի սփիւռքահայ մամուլի կարեւոր թիւերը («Ամէնուն Տարեգիրք»ը, «Նայիրի»ն, «Կեանք եւ Արուեստ»ը, «Վերածնունդ»ը, եւայլն) արտատպուած կամ անտիպ գեղարուեստական գրութիւններ ու յուշագրութիւններ ձեռք ձգելու մտադրութեամբ։ Նաեւ, գրականութեան պատմութեան գրքերն ու դասագրքերը. մէկ խօսքով, ինչ որ կարելի էր մեր տրամադրութեան տակ ունենալ։ Մամուլի կարգ մը թիւեր չկրցանք ձեռք ձգել, հակառակ երկար պրպտումներու։ Ինչ խօսք որ Լիբանանի անբարենպաստ պայմանները ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէին այս գործին յաջողութեան։ Այս ուղղութեամբ, չկրցանք կապեր հաստատել Սեւակի հարազատ ու մօտիկ անձերուն հետ՝ արխիւային նիւթեր ձեռք ձգելու համար։

Բարեբախտաբար, Սեւակ չէ ունեցած ծածկանուններ կամ գրչանուններ, բացի յիշուած անունէն։ Պատճառը թերեւս Պոլսէն հեռու գտնուիլն է, որ չի ստիպեր ծածուկ անուններու տակ հրապարակ գալ։ Իր գրութիւնները ստորագրած է Ռ. Սեւակ կամ Ռուբէն Չիլինկիրեան անուններուն տակ, բան մը, որ մեծապէս կը դիւրացնէ նման աշխատութեան մը մէջ իր գրութիւնները վստահօրէն հրատարակելու գործը, փրկելով մեզ՝ վերագրումներ կատարելու կամ վարկածներ արտայայտելու «տաղտուկ»էն։

Սեւակի առաջին տպուած գործը՝ «Բաժանման Խօսքեր» խորագրին տակ, չափածոյ աւարտաճառ մըն է «Պէրպէրեան Վարժարան»ի տարեվերջի հանդէսին կարդացուած, ու տպուած «Մասիս»ի մէջ (թիւ 24, 1905, էջ 379-80)։ Տպուած առաջին արձակ գրութիւնը հաւանաբար «Տարի Մը Վերջ» խորագրով պատմուածքն է, լոյս տեսած «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ (թիւ 26, 1907, էջ 640-3)։ Իր օրով հրատարակուած միակ գիրքը՝ «Կարմիր Գիրքը» անուան տակ, երեք պոէմներու հաւաքածոյ մըն է, տպուած 1910-ին, Պոլսոյ մէջ։

Ռ. Սեւակի գեղարուեստական գրութիւնները ցարդ արժանացած են շուրջ տասը տպագրութեան, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, որոնց մասին կը խօսինք առանձին բաժնով։ Անոնք, Սեւակի գործերէն ընտրուած ու հաւաքուած հրատարակութիւններ են, բացի հայաստանեան վերջին հրատարակութենէն որ առաւել ամբողջական է։

Սեւակի գրական ստեղծագործութիւնները եւ ձեռագրերը կը գտնուին Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը՝ Երեւանի մէջ, Ռ. Սեւակի յատուկ արխիւին տակ (տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ 1 եւ 2. այդ առընչութեամբ որեւէ մատնանշում պիտի ըլլայ այս անուան տակ)։ Այդ աղբիւրները հոն հասած են անոր մտերիմ բարեկամներէն՝ պոլսահայ գրական ու հասարակական գործիչ՝ Թորոս Ազատեանի միջոցաւ 1958-70 թուականներուն։ Այդ անտիպներն ու արխիւները կը բաղկանան հեղինակին կողմէ ինքնագիր երկու տետրակներէ (ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ 1 եւ 2)։ Առաջին տետրակը կը կրէ «Սրտի Ժամեր. 1906. Լօզան. Ա. Տետրակ» խորագիրը (ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ 1), իսկ երկրորդը՝ «Ռ. Սեւակ. 1909» խորագիրը (ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ 2)։ Կայ նաեւ հեղինակի քրոջ աղջկան՝ Ատրինէ Յակոբովիչի տետրակը, որ կը պարունակէ յիսունչորս բանաստեղծութիւններ, որոնց տասնութը՝ անտիպ, իսկ երեսունվեցը՝ տպագրուած կրկնութիւններ կամ տարբերակներ։ Տետրակին առաջին էջին վրայ գրուած է. «20 Նոյ. 1922, Ռ. Սեւակի անտիպ քերթուածները, իր ձեռագիրէն ընդօրինակուած» [2] ։ Ստոյգ չէ թէ ի՞նչ է եղած Ա. Յակոբովիչի սկզբնաղբիւրը, ո՞ւրկէ ընդօրինակած է այդ քերթուածները։ Շատ հաւանաբար նոյնինքն այդ երկու ինքնագիր տետրակները պէտք է ըլլան։ Այդ կ՚ապացուցանէ երկու տետրերուն կարգ մը բնագրերուն բացարձակ նոյնութիւնը։ [3] Այդ տետրէն կարելի է եզրակացնել, որ պէտք է գոյութիւն ունենան ինքնագիր այլ տետրեր ալ, բայց ցարդ ծանօթ ու յայտնի չէ անոնց ճակատագիրը։

Ի՛նչ կը վերաբերի Սեւակի նամակներուն, անոնք տակաւին կը մնան ցրուած անհատներու ու վերոյիշեալ ֆոնտին մէջ։ Անոնցմէ մի քանին միայն տպուած են մամուլի էջերուն մէջ եւ Գ. Հ. Ազնաւուրեանի խմբագրած՝ «Արեւմտահայ Գրողների Նամականի» (Երեւան, 1972, էջ 359-75) հատորին մէջ։ Մեծ թիւով նամակներ ներմուծուած են 1985-ի վերջին հրատարակութեան մէջ (էջ 371-450)։ Որոշ թիւով նամակներ կը գտնուին նաեւ սփիւռքահայ մտաւորականներէն Ա. Ծառուկեանի մօտ, որոնցմէ մի քանին տպուած են անոր հրատարակած «Նայիրի»ին մէջ։ Սեւակի մտերիմ բարեկամներէն՝ Հ. Նազարեանցի արխիւներուն մէջ ալ (Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան մատենադարանը) պէտք է գտնուին շատ մը անտիպ ու անյայտ գործեր ու նամակներ։ Որով, կը կարծենք, ժամանակի ընթացքին յաւելեալ նորութիւններ պիտի յայտնաբերուին Սեւակի գործերուն ու նամակներուն վերաբերող։

Ինչպէս յիշած էինք ներածականին մէջ, գրութիւնները դասաւորուած են կարելի ժամանակագրութեան հիմամբ։ Մատենագիտութեան սկիզբի գեղարուեստական գրութիւններու (արձակ թէ չափածոյ) շարքն ալ կը հետեւի հատորի դասաւորման ձեւին։ Իւրաքանչիւր քերթուածի թէ արձակ գրութեան հետ տուած ենք անոր զանազան հրատարակութիւններուն ցանկը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու պարագային, տուած ենք որոշ լուսաբանութիւններ, տուեալ գրութիւնը աւելի հասկնալի դարձնելու համար։ Առաւել, Սեւակի նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն, յուշագրութիւններուն ու յօդուածներուն ցանկը՝ այբբենական կարգով։ Նաեւ, տարբեր-տարբեր հրատարակութիւն­ներուն ցանկը՝ անոնց բովանդակութեան յիշատակութեամբ։

Այս մատենագիտութեան պատրաստութեան ձեւին մէջ հիմնականօրէն հետեւած ենք Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի պատրաստած Ռ. Զարդարեանի մատենագիտութեան եղանակին [4] ։ Օգտագործած ենք նաեւ Եղիշէ Պետրոսեանի պատրաստած Ռուբէն Սեւակի մատենագիտութիւնը [5] եւ 1985-ի հայաստանեան հրատարակութեան «Ծանօթա­գրութիւն­ներ»ու բաժինը (էջ 451-476)։

Ինչպէս ըսինք այս բաժնի սկզբնաւորութեան՝ անթերի չէ կատարուածը։ Սակայն կը կարծենք որ հաւաքուած մատենագիտական հունձքն ալ բաւարար աղբիւրներ կը պարունակէ Ռուբէն Սեւակով հետաքրքրուողներուն համար, մա՛նաւանդ՝ անիկա առաջին լուրջ փորձն է, որուն հիման վրայ պիտի կատարուին հետագայ առաւել ամբողջական աշխատութիւններ, նոր տուեալներու հրապարակումով։

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այս բաժնով լոյս կ՚ընծայենք Սեւակի գեղարուեստական գործերու (չափածոյ թէ արձակ) մատենագիտութիւնը, կարելի ճշգրտութեամբ, հետեւելով հատորին մէջ անոնց դասաւորման ձեւին։ Զանց կ՚ընենք հատուածներն ալ յիշատակելու պարագան, բաւականանալով քերթուածի մը ամբողջական հրատարակութեան պարագային անոր մատնանշումը, մոռացումներէ խուսափելու համար։ Նկատի ունենալով որ Սեւակ ընդհանրապէս իր գրութիւններուն թուականը մատնանշելու սովորութիւնը չէ ունեցած, դասաւորումին մէջ առաւելաբար կը հիմնուինք տպագրութեան տարեթիւին վրայ, բան մը՝ որ թէեւ առաւելագոյն ճշգրտութիւն ցոյց չի տար, բայց յարմարագոյն միջոցն է՝ ժամանակագրութիւնը ճշդելու, գէթ՝ մօտաւորապէս։ Քերթուածի մը շուրջ լուսաբանութիւններ կամ տեղեկութիւններ ունենալու պարագային, ներմուծած ենք այս բաժնին մէջ, այդ քերթուածը առաւել հասկնալու մտահոգութեամբ։



[1]     Ռ. Սեւակ, «Երկեր», կազմեց եւ ծանօթագրեց՝ Ալ. Թօփչեան, յառաջաբանը գրեց՝ Ստ. Թօփչեան, Երեւան, «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն, 1985։ Յետայսու կարդալ 1985-ի հրատարակութիւն։

[2]     «Ծանօթագրութիւններ», նոյն, էջ 463։

[3]     Տե՛ս նոյն։

[4]     Ռ. Զարդարեան, «Ցայգալոյս», Անթիլիաս, տպ. Կաթողիկոսութեան Հայոց, 1977։ Մատենագիտութեան բաժինը տե՛ս, էջ 397-445։

[5]     Ռ. Սեւակ, «Երկեր», Երեւան, Հայպետհրատ, 1955։ «Ծանօթագրութիւններ»ու բաժինը տե՛ս էջ 247-252։