Մատենագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՔԱՈՍԸ»

«Դրամին Աղօթքը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1907 թ. ի թիւ 31-ին մէջ, էջ 814։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովածուին մէջ, էջ 351։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 93։ Չորրորդ անգամ՝ 1961-ին, «Հայ Գրականութիւն» դասագրքի Ե. տարուան հատորին մէջ (Երեւան) էջ 187։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 178-9։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Արարատ» օարթերթի թիւ 79 (12739)ին մէջ, էջ Եօթերորդ անգամ՝ նոյն տարին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղնր» հատորին մէջ, էջ 109։ Ութերորդ ագնամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 66։

«Սաքիա Մունի». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Մաիսիս»ի 1907 թ. ի թիւ 26-ին մէջ, էջ 518։ Երկրորդ անգամ՝ 1928-ին, «Հայրենիք»ի թիւ 7 (67)ին մէջ, էջ 16։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հարատարակութեան մէջ, էջ 156։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 91։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 64։ Բանաստեղծութեան ինքնագիրը կը կրէ «Յուսահատութիւն» խորագիրը [1] ։

«Ազատութեան Համար». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սուրհանդակ»ի 1908 թ. ի թիւ 51-ին (30 Յուլիս) մէջ, էջ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 104։

«Արգասաւորում». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Թէոդիկի 1909 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 97։ Երկրորդ անգամ՝ 1910-ին, «Հայ Գրողներ» դասագրքի Բ. հատորին մէջ, էջ763։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովծուին մէջ, էջ 344։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 129։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 100։ Վեցերորդ անգամ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 155։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 107։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարոկեաւթ մէջ, էջ 157։

Քերթուածը նուիրուած է Թէոդիկին։

«Կարիճը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Սուրհանդակ»ի 1909 թ. ի . Տարի, Նոր Շրջան) թիւ 101-ի մէջ, էջ Երկրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 149։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 96։

«Պոռնիկը». —Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1909 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ի մէջ, էջ 116։ Երկրորդ անգամ՝ 1916-ին, «Գոհարներ Հայ Գրականութեան» հատորին մէջ (պորթըն, «Հայրենիք» տպարան), էջ 135։ Երրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Հայրենիք»ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 74-5։ Չորրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 99, անվերնագիրեւ առանց նուիրաբերումի։ Եօթերորդ անգամ՝ նոյն տարին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղնր» հատրոին մէջ, էջ 107։

Քերթուածը նուիրուած է Գրիգոր Զօհրապին։

«Հայրը» («Չըհասկցուածները» ընդհ. խորագրին տակ). —Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի . Տարի) թիւ 12-ին (28 Մարտ) մէջ, էջ 179։ Երկրորդ անգամ՝ 1910-ին, «Հայ Գրողներ» դասագրքի Բ. հատորին մէջ։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Հրատարակութեան մէջ, էջ 158։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 215։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 90։ Վեցերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 158։ Եօթերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 103։ Ութերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 94։

1985-ի հրատարակութեան «Ծանօթագրութիւններ»ու բաժնին մջէ, «Չըհասկցուածները» բանաստեղծական շացքին մասին կը կարդանք հետեւեալը. «Այս վերնագրի տակ Ռ. Սեւակը հաւաքել է վեց բանաստեղծութիւններ, որոնք թեմատիկ առումով մի ամբողջութիւն են կազմում։ Բանաստեղծութիւնները նուիրուած են չարի, բնութեան մութ, չվերծանուած ուժը մարմնաւորողներին (չղջիկ, կարիճ, իժ) կամ բնութեանո ու հասարակութեան կողմից մերժուածներին (Վերջին Արքայն, Հայրը)։ Վերջին բանաստեղծութիւնը սոցիալական մոտիւ է մտցնում այս շարքի մէջ՝ մերժուած է ամբողջ մարդկութիւնը։ Ուշագրաւ է այն փաստը, որ շարքի բոլոր բանաստեղծութիւնները գրուած են սոնէդի ձեւով։ Կարելի է ենթադրել, որ այս շարքի մէջ պիտի մտնէր նաեւ «Ծեր Բորենին» բանաստեղծութիւնը, որը թէ՛ ձեւով, թէ՛ բովանդակութեամբ (դարձեալ բնութեան մութ ուժերից է) շատ մօտիկ է այս շարքին։» [2]

«Վերջին Արքան» («Չըհասկցուածները» ընդհ. խորագրին տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 13-ին մէջ, էջ 198։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 86։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 156։

«Պիտի Մեռնի» («Չըհասկցուածները ընդհ. խորագրին տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 15-ին մէջ, էջ 231։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 115։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 87։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 156։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 95։

«Իժը» («Չըհասկցուածները ընդհ. խորագրին տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 17-ին մէջ, էջ 270։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 114։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 88։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 157։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 93։

«Չղջիկը» («Չըհասկցուածները ընդհ. խորագրին տակ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 30-ին մէջ, էջ 470։ Երկրորդ անգամ՝ 1919-ին, «Վերածնունդ» ամսագրի . Տարի, Փարիզ) թիւ 26 (56)ին մէջ, էջ 428-9։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 113։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 89։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 157։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 93։ Վերջինին «ծանօթագրութեան» մէջ կ՚ըսուի թէ «առաջին անգամ է զետեղւում գրքի մէջ» ինչ որ ճիշդ չէ, յստակօրէն։

«Կարմիր Տօնը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Նոր հոսանք» շաբաթաթերթի (Կ. Պոլիս) 1909 թ. ի թիւ 5-ին . Տարի, Մայիս 16) մէջ, էջ 36։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 96։

«Պոլսոյ Որովայնին Մէջ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. թիւ 35-ին մէջ, էջ 548։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 97։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 200։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 105։ Հինգերորդ ա նգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 87։

«Գիշերին Մէջ». Ծանօթ չէ անոր առաջին հրատարակութեան թուականն ու աբղիւրը։ Կ՚արտատպենք 1985-ի հրատարակութենէն (էջ 81), որ որեւէ տեղեկութիւն չի փոխանցեր, բացի ժողովածուի մէջ առաջին անգամ ընծայումին տեղեկութենէն։

«Այս Դանակը» (պոէմ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1909 թ. ի «Գեղունի» տարեգրքին մէջ (Վենետիկ), էջ 10։ Այդ մասին Հ. Մ. Պոտուրեան կը գրէ. «Ռ. Սեւակ անմիջապէս ղրկեց քանի մը քերթուածներ եւ խնդրեց որ «Այն Դանակը» (պէտք է ըլլայ՝ «Այս Դանակը»-Խ. Տ. ), (հրախաքեղ իր մտքով ու կիրքով) քերթուածը հարատարակեմ։ Ու «Գեղունի»ին մէկ մեծ էջը գրաւեց։ Այս դանակը այնպէս զգայուն եւ յաջող պատկեր մըն է, որ պէտք էր մենք զայն օտար լեզուներով ալ հրատարակէինք ցուցնելու համար թէ բանուորին ցաւերուն համար մաշուածներ ալ ունինք» [3] ։

Պոէմը երկրորդ անգամ լոյս կը տեսնէ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովածուին մէջ, էջ 353։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 137։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 144-50։ Հինգերորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 211-6։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 118։ Եօթներորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 160։

«Կարիմր Դրօշակը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»ի 1909 թ. ի թիւ 19-ին մէջ, էջ 291-2։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 132։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 101։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 198։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղենր» հատորին մէջ, էջ 110։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 99։

«Արեւելք». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1910 թ. ի «Մեր Տարեցոյց»ին . Տարի) մէջ, էջ 77։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 128, «Արեւելքը» խորագրով։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հահտորին մէջ, էջ 104։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 158։ «Ծանօթագրութիւններ»ու մէջ կը յայտնուի թէ առաջին անգամ լոյս տեսած է «Մեր Օրացոյց»ին մէջ, ինչ որ, սխալ է [4] ։

«Շան Հոգի». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1910 թ. ի «Մեր Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 78-9։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 130։ Չորրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 113։ Հինգերգրոդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 108։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 159։

Կայ բանաստեղծութեան ինքնագիր տարբերակը [5], նաեւ արտագրումը՝ Ա. Յակոսովիչի տետրին մէջ [6] ։ Երկուքին ալ ներքեւ նշուած է. «15 Օգոստոս 1909, Սիլիվրի»։

«Յաւիտենական Հեգնութիւն». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայ Գրականութիւն» ամսագրի 1913 թ. ի թիւ 2-ի (Հոկտ. ) մէջ, էջ 38։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 117։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 158։

Մօտաւորապէս նոյն թեքստը, աննշան տարբերութիւններով, կը գտնուի ինքնագրի տետրին մէջ [7] եւ Ա. Յակոբովիչի տետրին մէջ [8] ։ Ինքնագրին ներքեւ նշուած է. «1 Դեկտ. 1909, Լօզան, Զ ժամուայ մէջ գրուած, առաւօտ կանուխ»։

«Թրուպատուրները» (պոէմ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1911 թ. ի «Ամենուն Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 91-5։ Երկրորդ անգամ՝ 1930-ին, «Արեւմտահայ Բանաստեղծներ» ժողովածուին մէջ, էջ 339։ Երրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 146։ Չորրորդ անգամ՝ 1946-ին, «Ընտիր Էջեր Հայ Գրականութեան» համտորին մէջ (Երեւան), էջ 862։ Հինգերորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 151-5։ Վեցերորդ անգամ՝ 1957-ին, Պ. Սնապեանի խմբագրած «Միջնաբերդ» գրական տարեգրքին մէջ (Պէյրութ, Ա. Տարի), էջ 262-3։ Եօթերորդ անգամ՝ 1969-ին, «Հայ Գրականութիւն» դասագրքի (Երեւան) Ը. տարուան համարին մէջ, էջ 155-8։ Ութերորդ անգամ՝ Վ. Ա. Կիրակոսեանի »Ռուբէն Սեւակ» գրքին մէջ, էջ 105-7։ Իններորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 202-5։ Տասերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 99։ Տասնմէկերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 114։

«Փողոց Աւլողը» (պոէմ). Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Աստղիկ» կիսամեայ հանդէսի 1911 թ. ի թիւ 1-ին մէջ։ Երկրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 156-60։ Երրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 206-210։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղենր» հատորին մէջ, էջ 113։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 100։

«Մեներգ ԻՆձ Համար». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայ Գրականութիւն» ամսագրի 1911 թ. ի թիւ 3-ին (Սեպտ. ) մէջ, էջ 37։ Երկրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 84։

«Պատերազմ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1912 թ. ի «Հայրենի Տարեցոյց»ին մէջ, էջ 67-9։ Քերթուածը նուիրուած է Հ. Նազարեանցին։

Հատորի մէջ կը մտնէ առաջին անգամ ըլլալով։

«Մեծդ Աստուած». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ «Հայ Գրականութիւն» ամսագրի 1912 թ. ի թիւ 10-ին (Ապրիլ) մէջ, էջ 38։ Երկրորդ անգամ՝ 1946-ի փարիզեան հրատարակութեան մէջ, էջ 232։ Երրորդ անգամ՝ 1955-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 115։ Չորրորդ անգամ՝ 1981-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 159։ Հինգերորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ռուբէն Սեւակ եւ «Փրցուելիք Ուղեղներ» հատորին մէջ, էջ 102։ Վեցերորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 144։

Բանաստեղծութեան ինքնագիր տարբերակը կը գտնուի Ենովք Արմէնի ֆոնտին մէջ [9] ։ Ինքնագրին տարբերակը կը կրէ «Տիեզերք եւ Մարդ» խորագիրը։

«Մինակ Մարդը». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1932 թ. ի «Դիտակ» թերթին (Կ. Պոլիս) մէջ (28, 3), էջ 341։ Երկրորդ անգամ՝ 1984-ին, «Սովետական Հայաստան» ամսաթերթի թիւ 8-ին մէջ, էջ 23։ Երրորդ անգամ՝ 1985-ին, «Ազդակ» օրաթերթի թիւ 30 (16106)ի մէջ, էջ Վերեւ յիշուած ամսաթերթէն արտատպուած։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 168։

«Բասթէլ». Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Թէոդիկին կողմէ կազմուած՝ «Չուշարձան» Ապրիլ (11) Քսանըչորսի» գրքին մէջ (Կ. Պոլիս, 1919)։ Երկրորդ անգամ՝ 1944-ի Երուսաղէմի հրատարակութեան մէջ, էջ 1259։ Երրորդ անգամ, Թէոդիկի վերեւ յիշուած գրքի Բ. տպագրութեան մէջ («Յուշարձան Ապրիլ (11) Քսանըչորսի», պատրաստուած «Ապրիլ (11) Քսանըչորսի Սգահանդէսի Յանձնախումբ»ին կողմէ, Պէյրութ, 1985, էջ 15-6)։ Չորրորդ անգամ՝ 1985-ի հրատարակութեան մէջ, էջ 168։ Հինգերորդ անգամ՝ նոյն թուականին, «Կեդրոնականցի»ի թիւ 3-ին մէջ, էջ



[1]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ

[2]     Ռուբէն Սեւակ, «երկեր», Երեւան, 1985, էջ 457։

[3]     Տե՛ս Հ. Մ. Պոտուրեան, «Դիցաւան» տարեգիրք, 1923, Պուքրէշ, էջ 22-3։

[4]     Տե՛ս «Ծանօթագրութիւններ», էջ 461։

[5]     Տե՛ս ԳԱԹ, ՌՍՖ, թիւ2։

[6]     Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 60-62։

[7]     Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 72։

[8]     Տե՛ս ԱՀՏ, էջ 72։

[9]     Տե՛ս ԳԱթ, ԵԱՖ, թիւ 1202։