ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ
ԵՒ
ԱՅԼ
ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Բաժանման
Խօսքեր».
—
Առաջին
անգամ
լոյս
կը
տեսնէ
«Մասիս»ի
1905
թ.
ի
թիւ
24-ի
(13
Օգոստոս)
մէջ,
էջ
379-80։
Քերթուածը
արտասանուած
է
որպէս
աւարտաճառ,
«Պէրպէրեան
Վարժարան»ի
աւարտական
հանդէսի
ընթացքին։
Նուիրուած
է
իր
տնօրէնին՝
Ռ.
Յ.
Պէրպէրեանին։
«Մասիս»ի
մէջ
հրատարակութեան
առիթով,
խմբագրութիւնը
հետեւեալ
յառաջաբանը
կը
կցէ
քերթուածին.
—
«Պէրպէրեան
վարժարանի
այս
տարուան
վկայականներու
բաշխման
հանդէսին՝
շրջանաւարտներէն
Պ.
Ռուբէն
Չիլինկիրեան
կարդացած
էր
իր
հեղինակած
գողտրիկ
մէջկ
ոտանաւորը,
«Բաժանման
Խօսքեր»,
որ
ընդհանուր
գնահատման
արժանացաւ,
եւ
հանդէսին
ներկայ
գտնուող
գրագէտ
ու
գրասէր
անձնաւորութեանց
կողմէ
փափաք
յայտնուեցաւ
որ
հրատարակուի
«Մասիս»ի
մէջ,
իբրեւ
երախայրիքը
ապագայ
խոստացող
երիտասարդի
մը։
Այդ
փափաքին
գոհացում
կու
տանք
հարտարակելով
սոյն
ոտանաւորը,
որ
կրնայ
լաւ
տեղ
մը
գրաւել
«Նորերու
Բաժին»ին
մէջ»։
Հատորի
մէջ
կը
մտնէ
առաջին
անգամ
ըլլալով։
«Փոքրիկ
Հերոսը».
—
Առաջին
անգամ
լոյս
կը
տեսնէ
«Սուրհանդակ»ի
1908
թ.
ի
թիւ
74-ին
(27
Օգոստոս)
մէջ,
Քերթուածը
նուիրուած
է
իր
եղբօր՝
անոր
մահուան
առիթով։
Այս
բանաստեղծութեան
ինքնագիրը
կը
գտնուի
Ենովք
Արմէնի
ֆոնտին
մէջ
[1]
։
Կայ
նաեւ
«Փոքրիկ
Նահատակը»
խորագրով
այլ
տարբերակ
մը
հեղինակին
«Ա.
Տետրակ»ին
մէջ։
Վստահ
չենք
եթէ
այս
տարբերակը
ու
մեր
ներկայացուած
եքրթուածը
նոյնն
են։
Սեւակ
որ
սովորութիւնը
ունէրծ
իր
քերթուածները
անդադար
մշակըելու
եւ
խորագրերը
փոխելու,
այն
ատեն
հասկնալի
կը
դառնայ
տարբերակներու
այս
զանազանութիւնը։
Մեր
ներկայացուցած
տարբերակը
առաջին
անգամ
լոյս
կը
տեսնէ
հատորի
մը
մէջ։
«Հայ
Ծնունդ».
—
Առաջին
անգամ
լոյս
կը
տեսնէ
«Աստղիկ»
կիս.
հանդէսի
1911
թ.
ի
թիւ
2-ի
(15
Մարտ)
մէջ,
էջ
27-9։
Անոր
տարբերակը
«Հայու
Զատիկ»
խորագրով
արդէն
տեսանք
այդ
քերթուածին
մատենագիտական
բաժնին
մէջ։
Այս
քերթուածն
ալ
առինք
մեր
ժողովածուին
մէջ,
երկու
տարբերակներուն
միջեւ
մեծ
տարբերութիւն
յայտնաբերլէ
ետք։
«Հայ
Ծնունդ»ը
առաջին
անգամ
լոյս
կը
տեսնէ
հատորի
մը
մէջ։
«Ուխտին
Թափօրը».
—
Առաջին
անգամ
լոյս
կը
տեսնէ
1915
թ.
ի
«Ամենուն
Տարեցոյց»ին
(Թ.
Տարի)
մէջ,
էջ
201-2։
Քերթուածը
որուն
տակ
նշուած
է.
«Բերա,
1914»
վերամշակուած
տարբերակ
մըն
է
«Կարմիր
Գիրքը»ի
«Ջարդի
Խենթը»
պոէմի
«Ցեղի
Ուխտը»
քերթուածին,
առանձինն
լոյս
տեսած։
Այս
քերթուածը
լոյս
տեսած
է
նաեւ
1985-ին
հրատարակուած
«Ռուբէն
Սեւակ
եւ
«Փրցուելիք
Ուղեղներ»
հատորին
մէջ,
էջ
82։
[1]
Տե՛ս
ԳԱԹ,
ԵԱՖ,
թիւ
1202։