ՀԱՅՐ,
ՕՐՀՆԷ՛
Հայր
իմ,
օրհնէ՛.
ժամը
հասաւ.
պիտ’
երթամ.
Նոր
կեա՛նք
մ’ինծի
կը
սպասէ:
Պատանութիւնն
ես
թողուցի.
նոր
արիւն
Երակիս
մէջ
կը
վազէ:
Յառա՜ջ,
յառա՜ջ.
գըլուխս
ետ
չե՛մ
դարձըներ.
Երկընքէս
վա՛ր
թող
իյնան
Անվիշտ
կեանքիս
ամէն
աստղեր.
հոգըս
չէ՛.
Անցեալս
իջնայ
թող
դամբան:
Օհ,
ինծի՛
ի՞նչ
թէ
կը
փետեմ
վարդին
թերթ,
Եւ
փուշին
կեանք
կու
տամ
միշտ,
Թէ
գըրկաբաց
յորձանքին
մէ՛ջ
կը
նետուիմ.
Խինդս
է`
ձանձրոյթ,
սէրս
է`
վիշտ:
Ամէն
խայտանք
ջախջախեցի
սըրտիս
մէջ.
Չեմ
վախնար
սեւ
ծըծելէ.
Վանք
մըտնող
կոյս
մ’եմ`
որ
խըզուած
իր
վարսեր`
Անխիղճ,
անհոգ,
կը
դիտէ՜…
Հա՛յր,
ես
կ’երթամ
այն
ճամբայէն`
որ
ճերմակ
Մազերուդ
զիս
կը
տանի,
Վաստակաբեկ
ոսկըրներուդ,
ծեր
սըրտիդ
Եւ
սէրերուդ
կենդանի…
Բաւական
է.
-
աշխատեցար,
կըրեցիր,
Ամէն
նետի,
հարուածի
Վահան
եղար
ինծի
համար.
հոգիդ
է`
Որ
հոգւոյս
մէջ
կը
յածի:
Իմ
արիւնս
է
գոյացած
քու
քըրտինքէդ.
Յոգնութեանդ
ծիլն
եմ
տըխուր:
Հոգիդ,
կաղնի՜,
երբ
կուրծք
կու
տար
մըրըրկին`
Ես
շուքին
տակ,
հանգիստ,
լուռ
Կը
մեծնայի:
-
Հարկ
է
հիմա
ա՛լ
հանգչիս
Եւ
ես
քեզի
յաջորդեմ…
Խոնջե՜նք,
խոնջե՜նք.
կ’ուզեմ
կըռուիլ,
աշխատիլ,
Ելլել
կեանքին,
կեանքին
դէմ…
Հայր
իմ,
օրհնէ՛.
դողդոջ
ձեռքերդ
գըլխուս
դիր.
Թող
մատերէդ
կաթի
վար
Աղօթքդ`
եկած
հոգւոյդ
պայծառ
խորանէն:
Վերջին
ժամն
է.
օրհնէ՛,
հայր: