ՁԻՒՆԷ
ԴԱԳԱՂԸ
Հոս
կը
պառկի:
Ոսկի
ձեղուն
չը
կայ
վրան.
Եւ
պատեր
պերճ,
դիպակազարդ,
անսասան`
Ցուրտը
դըրսի`
ներսի
տաքէն
չեն
բաժներ
Նըկարներէ
նըկար
մրափուն
իր
աչքեր
Հեշտ
երազի
մ’ետեւէն
չեն
թափառիր.
Եռոտանւոյն
վըրայ
հալուէն
չի
վառիր:
Հոս
կը
պառկի:
Քուն
մըն
է
այդ`
որ
երբեք
Պիտ’
չը
բանայ
իր
այդ
գոցած
աչքերն
հէգ.
Գիշեր
մըն
է`
որուն
արգանդը
մութի
Պիտ’
չյըղանայ
արշալոյս
մ’իսկ`
որ
փըթթի:
Ան
իր
գըլուխն
հըռըլտիւնո՛վ
վար
դըրաւ,
Եւ
աղօթքով
ալ
պիտի
վեր
չառնէ
բնաւ:
Երէկի
ձիւնն
անոր
դագաղ
մ’է
ճերմակ,
Այսօրուան
ձիւնն
ալ`
կափարիչ
մ’ըսպիտակ.
Բնութիւնն
ուզեց
այդ
մարմընոյն
մերժըւած
Պատըսպարան
մը
նըւիրել,
ո՛հ,
առա՜նց
Մըտածելու
թէ
գերեզման
մը
կու
տայ:
Հէ՜գ
մոլորած,
սա
գինետան
մօտակայ
Դըռնէն
ելաւ,
եւ
անգիտակ,
խօլ,
ինքնին,
Ինկաւ
դըրան
առջեւը
սա
պալատին:
Արբեցած
էր:
Ձիւնի
մէջ
ըլլա՛լը
չըզգաց.
Արդէն
հիւղին
ան
ո՞ր
խորշն
էր
ջերմ
գըտած:
Հոս
չը
կար
վիշտ,
չը
կար
լալօնը
մանկան,
Եւ
ողբը
մօր
ա՛լ
անկարող
դիեցման.
Չը
կար
խեղդուկ
ձեղուն,
խաւար
եւ
բորբոս,
Չը
կայ
մըրուրն
առկայծ
ճրագին.
լաւ
էր
հոս:
Լա՜ւ
էր
այստեղ:
Սառ
բուրգին
տակ
եղաւ
սառ,
Եւ
սա
քարէ
սեմին
վըրայ
դարձաւ
քար,
Հոն
դընելով
ահռելութիւնը
կեանքին.
Եւ
իր
ուրուն
պտըտցնելով`
ներսն
հեշտին
Նընջողներուն
երազին
մէջ,
իբր
օձ
մի`
Որ
զինք
ճընշող
գաւազանին
կ’ոլորտի:
Ա՛լ
բնութիւնն
այս
իր
խորթ
որդին
ընկէցիկ
Մոռացօնքի
մէջ
թող
պատէ.
թող
մարդիկ
Վաղն`
այս
իրենց
խեղճ
աքացածը
տանին
Լըռութեան
ծոցն
-
երկրորդ
աշխա՜րհը
մերին
-
Երազանքի
համար
է
մեր
օրօրանն,
Ու
անկողինն`
յոյզի,
շիրիմն`
լռութեան…
Դէմքն
հեգնութեամբ
մը
դարձած
է
երկընքին`
Ուրկէ
շող
մ’իսկ
չինկաւ
անդունդն
իր
կեանքին.
Ուրկէ
խուսած
մէկ
կաթիլ
մ’իսկ
կապտագոյն`
Չը
միացաւ
իր
ովկիան
սեւերուն.
Մինչ
շատերուն
անծիր
գըմբէ՜թ
խընդութեան,
Իրեն
համար
նեղ
առաստաղ
մ’եղաւ
ան.
Եւ
չը
սըփռեց
լոյս
մ’իր
քայլին
այցելու`
Որ,
մոլորած,
կ’երթար
եղտիւրն
ախտերու,
Այդ
երկինքն,
ո՛հ,
տըւաւ
անոր
օրերուն
Սեւ
հիւղ
մը
լոկ,
եւ
դիակին`
ճերմակ
ձիւնն:
…
Պիտի
փայլի
վաղն
արեգակն
անոր
վրայ,
Այդ
մեծ
ճըրագն`
որ
կոյր
երկրիս
լոյս
կու
տայ.
Եւ
պիտի
ձի՛ւնը
շողշողայ
ցուրտ
մարմնոյն`
Պըտոյտքելով
անոր
դեռ
սե՜ւ
մազերուն,
Ինչպէս
ճերմակ
եղեամն
հովէն
կը
թըրթռայ`
Սեւ
վեհութեամբ
կանգուն
նոճի
մը
վըրայ:
Վաղը,
ժողվուած
վառարանի
մը
չորս
դին
Մինչդեռ
ժըպտով
մը
որդիներն
հարուստին
Գիրկերէ
գիրկ
պիտի
կայտռեն,
-
ըստորեւ,
Հոն
հիւղին
մէջ,
ցուրտ
անկողնի
մը
առջեւ`
Որ
դատարկ
է,
խեղճին
տըղաքն
անխընայ
Պիտի
ճըւան.
«Հայրի՜կն,
հայրիկը
չը
կայ»:
Ո՜վ
լըքուածներ
փոքրիկ,
նօթի,
ցրտահար,
Պիտի
այլե՛ւըս
չը
դառնայ
ձերին
հայր.
Թերեւս
առանց
ողբացուելու
ձեզմէ`
զայն
Փութկոտօրէն
մոռացումի
հողին
տան.
Զի
մարդըս
այնքա՜ն
կը
շտապէ`
մէջտեղէն
Վերցընելու
իրեն
նըմանը
արդէն:
Ան
հոն
է,
հոն,
հեռո՛ւն
մեծ
տան
մը
սեմին`
Ա՛լ
անկենդան
տարածուած
է
իր
մարմինն:
Հոն
սըգաւոր
աչք
մ’իսկ
չը
կայ`
որ
զինք
լայ.
Դագաղի
ծածքը
սեւ
չիյնար
իր
վըրայ:
Յաւէրժօրէն
գիշերն
իջաւ
ծոցին
մէջ.
Թոյլ
երակները
չունին
ա՛լ
ելեւէջ.
Ցուրտն
իր
ներսի`
դուրսի
ցուրտին
միացած`
Խեղճն
ըրին
մարդ
մը
սառոյցէ
յօրինուած.
Սեւ
քուրջերուն,
կընճիռներուն
մէջ
ճակտին
Կը
քընանայ
կարծես
սոսկումն
ահագին.
Կէ՛ս
բաց
շըրթներն
(ձիւնէ
ակօս
դէմքին
վրայ)
Կ’ըսեն
կարծես.
-
«Ինձ
գերեզմա՞ն
մ’ալ
չը
կայ»:
Պիտի
բացուին
դըռներն
հիմա
պալատին.
Պիտ’
միանան
ծիծաղ
մ’հիմակ
այս
սուգին:
Ոտքի
ծայրով`
դիակը
ցուրտ,
վըշտակիր`
Պիտի
շարժեն
եւ
պիտ’
ըսեն.
-
«Արթընցի՛ր»:
Եւ
իր
գըլուխն
աստիճանէն
մարմարեայ
Սալյատակին
քարին,
անշունչ,
պիտ’
իյնայ…
(Ո՛հ,
ո՜վ
Տէր
իմ,
Տէր
անայլայլ,
անվըրդով,
Է՞ր
կը
փըշրես
ալիքն`
եկող
ալիքով.
Է՞ր
կը
յանձնես
տերեւը`
գուժ
մըրըրկին,
Լերան
աւազն`
հեղեղներուն
մոլեգին.
Է՞ր
կը
մատնես
մարդը`
մարդուն
կ’եղեքման
Եւ
հէգ
ճակատը`
ոտքերու
յաղթական):
Օ՛ն,
արթընցի՜ր:
Եւ
պիտի
ան
նընջէ
դեռ:
Պիտի
ըսեն.
-
«Հողին
տըւէք.
չը
խըմէ՜ր»:
Ի՞նչ,
չը
խըմէ՜ր:
Ոճիր
մ’է
այդպէ՛ս
խորհիլ
Դատաստան
մ’է
քարէ
սըրտի,
մըտքի
շիլ:
Մենք,
անձնապուրծ,
նաւուն
վըրայ
ջըրհերձիկ`
Անոր
համար
ուսման
լաստ
մ’իսկ
փըշրեցինք,
Եւ
արդ
կ’ապշինք
չը
գըտնելնուս
համար
զայն`
Հոս,
ծովեզերքն
ազատութեան,
փըրկութեան:
Անգէտ
մանուկ
մըն
էր
առաջ`
որ
ամէն
Մեր
անարդար
թողլըքումի
շարժումէն`
Սահմըռտկելով
իջաւ
դէպի
ցուրտ
պատրանք.
Ու
երէկուան
հէգ
մերժուածն
(այս
գիտնա՜ք)
Այսօրուան
կոյր
կորսըւածն
է`
զոր
կ’ատեն:
Այն
նօթի
տղան`
որ
կը
վըռնտուէր
մեր
դըռնէն`
Այս
մոլորած
մարդն
է,
որ
մեր
սեմին
վրայ`
Կը
դառնայ
Վրէժը
սըրբազան
եւ
հըսկայ:
Ան`
մեր
հրածն
է,
որ
խոցոտ
քա՛ն
թէ
գինով,
Հոս
տեղ
ինկա՛ւ,
պատէ
ի
պատ
երթալով:
Ի՜նչ,
մաքրափայլ
շիթը
պըղտոր
ուղխին
վրայ
Կը
կաթեցնէք,
եւ
կ’ուզէք
ալ
պայծա՞ռ
մնայ:
Թարմ
տունկին
չէ՛ք
տար
ոռոգումն
կենսական,
Սիւքի
համբոյրն,
լոյսի
հեղե՛ղը
գարնան,
Եւ
կ’ուզէք
ալ`
որ
հողմավար,
ազազուն,
Անցքին
վըրայ
չը
կառչի՞
ձեր
ոտքերուն:
Աղքատութիւնն
ըզմարդ
կ’ընէ
ախտաւոր.
Բիւր
գինովին
ինն
հազարն
են
չըքաւոր:
Զիրենք
մոռացող
աշխարհն
մոռնալ
կը
ճըգնին`
Ալքոլի
մէջ
խեղդելով
կեանքը
վըշտին:
Կ’ուզեն
իրենց
հառաչին
մէջ
ու
լըքման,
Եւ
լացին
խորն
իրենց
կընոջ
եւ
մանկան`
Գտնել
ցնորքի
մը
երազներն
սատապէ
Եւ
խինդ
մ’որ
թոյլ
ուղեղը
լոկ
կը
խաբէ՜:
Կ’ուզեն
քօղեր
ձըգել
իրենց
աչքերուն`
Որ
չը
կարդան
ճակատագրին
տողն
-
արիւն,
Որ
չը
տեսնեն
մռընչող
ալիքն
ոտքի
տակ,
Եւ
գըլխու
վրայ`
գիշերուան
սեւն
այլանդակ.
Որ
չը
տեսնեն
նոյնիսկ
զիրե՛նք,
սե՜ւ,
թաղուած
Կիսով
չափ
խո՛րը
դամբանի
մ’մըթամած,
Նըման
լացող
ուռենիի
մ’որ,
տըկար,
Կ’իջեցընէ
գըլուխը
մութ
վըհէն
վար:
Եւ
այսպէս,
ո՛հ,
նըման
շուքին,
սարսուռին`
Հորիզոնէն
դողդըղալով
կը
սահին:
Զիրենք
յիշող
լոկ
կը
ձըգեն,
մերկ,
անտէր,
Խոնաւ
հիւղին
մէջ
վիժած,
փո՛քր
անդամներ.
Տալով
(տխո՜ւր
ժառանգ`
որ
միշտ
կը
մընայ)
Իրենց
անցեալն`
անոնց
իբրեւ
ապագայ:
Կ’երթա՜ն,
կ’երթան
փուշի
մէջէ
եւ
ձիւնի.
Փուշին
վըրայ
կը
սըրսկեն
շիթն
արիւնի
Բաց
վէրքերէ,
եւ
ձիւնին
վրայ
կը
թողուն
Կաղապարներն
իրենց
նիհար,
ցուրտ
մարմնոյն:
Կ’անցնի՜ն,
կ‘անցնի՜ն
մութի
մէջէ,
եղեամի,
Յուսալով
միշտ
հանգըստութեանը
շիրմի…
Մինչ
դո՛ւ,
ո՛վ
մարդ,
պատուհանիդ
առջեւ,
գոհ,
Կը
ժըպտիս
ցուրտ
պըտոյտքներուն
ձիւնին…
ո՜հ,
Անոնք,
անգէտ,
կը
ծածկեն,
հո՛ն,
քիչ
մ’հեռուն,
Մարմի՜նն
եղբօրդ`
որ
կը
հըծծէ.
-Գըթութի՜ւն: