Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ

Դաստիարակն է: Կը խօսի ծանր, յըստակ,
Ձայնն աստղերէն, լոյսէն կու գայ:
Բառը կ’ելլէ, թըռիչներուն վրայ հուր կայ.
Զայն կ’արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք:
Թոք կը սպառէ, միտք կը լըլկէ, շունչ կու տայ,
Եւ չի խորհիր իր վէրքերուն.
Մանկութեան դէմ դըրած ամբողջ ծերութիւնն`
Կը բաժնէ իր ծովը բազում լըճի վրայ…
Վըսե՜մ կոչում: Հոգեակներու մէջ հըլու,
Ըզգուշաւոր հըպումներով`
Կը գըրէ գութն էջերու վրայ ապահով,
Կը ցանէ սէրն` անձնուիրութիւն քաղելու:
Անոնց կոկոն ուղեղին մէջ կիսաբաց
Կը զետեղէ ճառագայթներ,
Եւ կը լեցնէ խաւերն անոր` բարեբեր
Իր գիտութիւնն Աստուծոյ մէ՜ջ ամփոփած:
Եւ հաւաքած ամանին շուրջն իր սըրտին,
Մանկան շըրթներ` որք կը ծըծեն,
Կը բաշխէ, հեզ, անոնց արիւն արիւնէն,
Այդ իր կեանքն է` որ կ’անցընէ ուրիշին:
Եւ այսպէս օր մ’երբոր ըլլայ զոհ մը, ծեր,
Մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք,
Պիտ’ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք`
Թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ’ապրի՜ դեռ: