ՀԱՇԻՇ
Սիրտը
լեցուն
է
բանտին
խաւարով.
Ա՛լ
դաշտ
ու
երկինք
չը
կան
իր
համար.
Պիտ
գընէր
աչքի
հազար
գոհարով`
Աստըղ
մ’ան
նոյնիսկ`
ասուպ
ալ
ըլլար:
«Օ՜ն,
հաշիշ
բերէք,
-
կը
մըրմընջէ
ան,
-
Երբ
աշխարհս
ինծմէ
այսպէս
կ’ապշոպեն,
Ես
կ’ուզեմ
հոգւոյս
մէջ
ըստեղծել
զայն.
Օրօրուիլ,
բուժի՜լ
հըզօր
ցընորքէն:
Օ՛ն,
հաշիշ
բերէք»:
Եւ
ան
կը
ծըխէ,
Իբր
ուրախութեան
ըստի՜նքը
ծըծէր.
Կը
հոսի
երազ
ջըլերուն
մէջէ.
Աշխարհը
լուծուած
կ’ելլայ
սիրտն
ի
վեր:
Աչքերը
բանտին
դիմաց
կը
գոցուին`
Ապարանք
մ’իր
մէջ
գտնելու
համար.
Բիբերն
հըրաժեշտ
կու
տան
խաւարին`
Աստղեր
բերելու
խոստումով
ճարտար:
Եւ
կը
քընանա՜յ
արուեստի
քունով`
Ինչպէս
խըղճի
խայթն`
աղօթքէ
մը
վերջ.
Ո՛վ
թըշուառ
հոգի,
հիմա
ապահով,
Ազատ
է
եւ
տէր`
ցընորքներուն
մէջ:
Եւ
կ’երազէ
շա՛տ,
շատ
բաներ
աղուոր
Կամ
յոռիներն
ալ
աղուոր
կ’երազէ.
Բըռնած
շըղթայի
մ’օղակն
ահաւոր`
Կընոջ
մը
մանեակը
զայն
կը
կարծէ:
Վարդէ,
ոսկիէ
գերի
մ’ափն
ի
վար
Իր
մանկան
խաղին
կը
ժըպտի
հիմա.
Կամ
ինքն
իսկ
մանուկ`
լըճակին
մէջ
յար
Երկինքն`
երկընքին
մէջ
զինք
կը
տեսնայ:
Շըրթունքները
լուռ,
մեղմիկ
կը
դողան`
Անշուշտ
ուրիշներ
գըտնալնուն
համար.
Թերեւս
(ո՞վ
գիտէ)
կը
լըրացնէ
ան
Համբոյր
մ’ատենով
թողուած
կիսկատար:
Կամ
կը
շըրջի
արտն`
ազատ
քայլերով.
Կը
վայլէ
երկինքն,
աստղերու
արգանդ:
Մի՛
արթընցընէք,
քանզի
ապահով
Զինք
կը
փոխադրէք
լոյս
աշխարհէն`
բանտ:
Թողէք
քընանայ…
թող
հաշիշին
մէջ
Սեւ
շըղթան
բեկտի`
վիշտը
լուծելով,
…
Ո՛վ
անմահ
մեկոն,
երազի
առէջ,
Դու
ցընորքն
հիւսէ
ոսկեղէն
թելով.
Հիւսէ
խընդութիւն
մը
անըրջական
Իր
խոցուած
հոգւոյն,
ուղեղին
վըրայ.
Ժըպիտն
աղուո՜ր
է,
եթէ
նոյնիսկ
ան
Խաբուած
ջըղերու
վիժա՜ծն
ալ
ըլլայ: