Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՏՂԱ՛Ք, ՆԵՐԵՑԷՔ

Մի՛, մի՛ ծեծէք: Ի՛նչ, խառնակե՞ց ձերին խաղ.
Կամ թէ անգէտ եւ դիպուածով, մըտազբաղ,
Ձեր գընդակի՞ն զարկաւ ոտքով մէկէն մէկ.
Թափե՞ց մելանը թուղթերնուդ. - Ներեցէք:
Ո՛հ, ներեցէք, զի հայ մըն է, մեր եղբայր.
Ո՛հ, ներեցէք, զի տըկար է, ցաւագար.
Բնութիւնը այդ խեղճ էակն է անտեսեր.
Չէ թափած իր կազդուրող հիւթն եւ ուժեր`
Անոր մարմնոյն, եւ իր բոցերն` հոգիին.
Կոյր մ’է եղած անոր, մինչդեռ դայեակ մ’հին
Ձեզ շատերուդ:
Սուգի շիթ մ’է այդ տըղան`
Որ եկաւ հոս` մեր լուտանքին, նենգութեան
Մէջ ընելու իր սեւ շըրջանն արցունքով.
Թողէք այդ աստղը, հանդարտիկ, անվըրդով,
Իր հորիզոնն իջնէ, առանց զանիկա
Ասուպ ‘նելու, թէպէտ արեւ ալ չըլլայ:
Թըշուա՜ռ ծաղիկ գերեզմանի, տըխրութեան,
Ո՛հ, փոթորկէ փոթորիկ մի՛ յուզէք զայն,
Այսինքըն` խօլ բարկութենէ բարկութիւն.
Ինչպէս դուք, ա՛ն ալ սիրտ մ’ունի ըզգայուն:
Հակած ճակատն ու նայուածքները աղօտ,
Ամէն քայլին` վարանումները վախկոտ,
Եւ արցունքներն, որոնք կախած շըրթներուն
Կը թափթըփին, կ’ըսեն ձեզի. - Գըթութի՜ւն:
Երբ ծիծաղէ դուք նոր ծիծաղ կը թըռչիք`
-Ինչպէս գարնան աչքը ծաղկէ ի ծաղիկ -
Խորշ մը քաշուած` անիկա սեւ կը ծըծէ,
Այդ զըրկըւածը խայտանքէ, քըրքիջէ,
Այդ վըտիտ սիրտն, այդ թոյլ ճաճանչը դեղնած`
Որ ամպէ ամպ կը փաթթըւի տըխրամած.
Կարծես հոգւոյն` Աստուած դամբան մ’ է դըրեր:
Կարծես բըբին մէջ քամած է սեւ գիշեր:
Օ՛ն, այդ տըխուրն հիւսեցէք ձեր զըւարթին
Ձեր շողերուն, պայծառութեան, ժըպիտին:
Գարունը իր ըստուերներուն հետ, տըղա՛ք.
Է աւելի՛ քաղցրազըւարթ, ներդաշնակ:
Թերեւս օր մ’այդ սըրտէն տըխուր, վըհասոյզ,
Մարգրիտ բըղխի, տըխմար աչքէն` արշալոյս.
Երբ ժամն հասնի սին փոսուռան լոյս չի՞ տար.
Ո՞վ գիտէ վաղն, Այսօրը ո՞վ պիտ’ գիտնար:
Դեռ տարաժամ` թող չը չափէ այդ տըղան,
Ձեր աչքին մէջ մըռայլ հոգին Մարդկութեան,
Այգուն առջի թոյլ շողին պէս` որ կանուխ`
Կը խեղդըւի մութ վըհի մ’մէջ խորամուխ,
Եւ դեռ մատաղ` թող չը կարդայ ձեր դէմքին`
Մարդկութիւնն իր ճիրաններո՜վ միասին:
Սիրտ սըրտի տուէք եւ ձեռք ձեռքի, սիրելիք,
Քանզի աշխարհ կոր է, չըլլա՜յ թէ սահիք:
Գիտցէ՜ք սիրել. մի՛ անարգէք, մի՛ ծեծէք.
Աստուա՜ծ մը կայ, ո՛վ եղբայրներ. - Ներեցէ՛ք:
Ներեցէք դուք եւ պիտ’ ներուիք յաւիտեան:
Մեր եղբայրն է` դատաստանի մեր մատեանն.
Ըզգոյշ եղէք. օրէնքը ո՞ր կոխկըռտող
Նոյն օրէնքովը չի դատուիր: Թողէ՛ք ոխ:
Ներել գիտցէք եւ պիտի դուք ապրիք յար:
Հաւատարիմ մեր հայլին է` մեր եղբայր.
Օր մը Աստուած մեզ անոր մէջ պիտ’ դիտէ. -
Միթէ ո՞ր աչքն, որ թունալից, պըղտոր է,
Կ’անդրադառնայ իբրեւ պայծառ արեւակ,
Ո՞ր արիւն-ձեռքն` իբրեւ շուշան ըսպիտակ: