Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄՈԽԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Հիւղն այրեցաւ: Թըխաթոյր ծո՛ւխը նիւթին
Կապոյտ զենիթը սեւցուց.
Ան, դէպ երկինք, խեղճ մարդերու յոյսերուն
Ոչընչացումն էր գըծուծ:
Հովն` որ առաջ կը հեծկըլտար ցըրտագին
Գոյքերուն մէջ դիմակաց,
Հիմակ անոնց թոյլ մոխրին հետ կը խաղայ`
Հեգնող շըշուկ մը ձըգած…
Կը մորմոքի ընտանիքն իր ջանքերուն
  Սին փոշիին յանդիման.
Կու լա՜յ. անգո՛ւթ այդ հըրդեհումն արցունքո՛վ
  Պիտ’ ջանար մարել ան…

  Մայրն ըստինքին վըրայ սեղմած մերկ որդին`
Աւերին մէջ կը շըրջի.
Մանկան համար ողջ շապիկ մ’ան կ’որոնէ`
Եւ կամ կըտոր մը քուրջի:

  Տարաբա՜խտ մայր, կաթին գունատ փըթթումին
Պատըսպարան չը մընաց.
Յանկարծ ոտքին կը զարնըւի սարսուռով`
Օրոցքէն փայտ մը, խանձա՜ծ:
Ո՛հ, դաժա՜ն բոց, ատիկա բոյն մ’էր սիրոյ`
Որ քանդեցիր զայրոյթով.
Հոն, տըժգունած զոյգ մը շըրթունք վրայէ վրայ
Կը ծըծէին սէր, գորով:
Արդ, մոխրին տակ խեղճերուն կեա՜նքն է թաղուած
Ա՛լ դամբան մ’է հիւղն իրենց.
Բախտն, որուն աչքն արդէն կապած է Աստուած.
Փոշի, կըմախք հոն ձըգեց:
Ըսէ, ո՛վ Տէր, հիմա դէպ ո՞ւր պիտ’ երթան
Այդ թըշուառնե՛րը լալկան.
Դու որ անոնց տընակն առիր. յոյսն առիր.
Օ՛ն, ըսէ, ո՛ւր պիտ’ երթան…
Գէթ անձնըւէր գութ չը տըւիր մարդերուն`
Որ անոնք հոն կըծկըւին,
Որ մարդկային սըրտերու մէջ` գէթ անոնք
Խորշ մը գըտնան ջերմագին:
Ո՞ւր պիտ’ երթան: Էրիկն արդէն հիւանդոտ,
Սիրտ մ’ուրկէ ողբ լոկ կ’ելլէ.
Կինը, վատուժ, պինդ շըղթայուած իր վըզէն
Նիհար, փոքրիկ թեւերէ:
Ո՞ւր պիտ’ երթան. Գահավէժի մը վերեւ
Իր կեա՞նքը մին կախելու,
Թէ, յուսահատ, միւսն անպատիւ տան մը մէջ
Մաքուր սէրն իր ծախելու:

Ո՞ւր պիտ’ երթան սեւ նոճի այդ ծաղիկներ
Ճակատագրէն հողմավար,
Ծուխէն, բոցէն այդ քըշուածները շըլմոր,
Վէրքի շիթերն այդ թըշուառ:
Ե՞րբ պիտի գայ, ո՛վ Տէր, այն օրը վըսեմ.
Եղբայրութիւնն Մարդկութեան
Ե՞րբ իր շըղթան պիտի ձըգէ սըրտէ սիրտ`
Մեծ համբոյրովն` յաղթակա՜ն:
Ե՞րբ հըրկիզեա՛լը չըքաւոր, յուսաթափ.
Մոխրին վըրայ ինչքերուն.
Ցուրտ, վիթխարի Լըքումին տեղ պիտ’ գըտնայ
Տիեզերական Օգնութի՜ւն: