Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎՇՏԻՆ

Ա

Ինծմէ հեռո՜ւ. ահաւոր է տեսնալ քեզ.
Գարնան ծաղիկն ուղխին կ’ըրնա՞յ դէմ դընել.
Ո՛հ, քեզի հետ ինչպէ՞ս կըրնամ չափուիլ ես.
Դու արհեստիդ մէջ վարպետ ես եւ ընդել:

Դեռ նոր դըրի մեծ հովտին մէջ իմ քայլեր`
Ուրկէ` երկա՜յն ճամբան կ’երթայ նեղնալով.
Ծայրն է շիրիմն` զոր հասակս այս չի տեսներ
Կամ կը տեսնէ միայն սոսկմա՜ն մը դողով…
Քայլիս առջեւ` մի՛ վերցըներ այդ հովտէն`
Ծաղկի, շողի եւ ցօղերու պատմուճանն.
Թո՛ղ որ երկնի յորդ ալիքներն հըրեղէն
Հոն` կապուտակ իրենց ժըպտով հաշտ իջնան:

Ինծի համար խորդենին մի՛ ‘ներ եղիճ,
Աղաւնին` անգղ, ու ջինջ վըտակը` հեղե՜ղ.
Վարդին ծոցէն հանէ պիծակը խայթիչ,
Մարգն` օձին մի՛ կապեր դիմակ մը շըքեղ:

Բ

Նորէն վըրա՛ս յարձակեցար բըրտօրէն.
Դո՛ւ, ողջերու զերդ բորենի դժոխային.
  Ժանիքիդ մէջ խըրած` արիւն կը կաթեն
Ծըւէններն որս եղած սըրտի մը նախկին:
Կը տեսնեմ. չե՛ս կըրնար ծածկել աչքերէս
Ձեռքիդ մէջի սըրուակն ողբի, արցունքի
Սըրուակն հիւթի մ’(մահացուցիչ` թոյնի՜ պէս)
Որ մարմինն յար կը վարակէ հիւծանքի:
Մորթիդ ամբողջ ծակտիներէն կ’արտադրի
Յուսահատութիւն եւ թախծութիւն հոգեկան.
Արտաշընչմանըդ մէջ Լըքումը կ’ապրի`
Որ միշտ ճամբայ կը բանայ քու յարձակման:

Վայրի մազիդ ալիքին մէջ ծըփանուտ`
Ես կը տեսնեմ պըսակ մ’հագած արեան գոյն.
Զոր ինքնակալ Մահը ձօնեց քու գըլխուդ`
Երբ տուիր անոր թանկ աւարի մ’յըղփութիւնն:

Գ

Քեզ յըղացան փոթորիկնե՞րն աւրող յար,
Թէ քեզ ծընան նաւը փըշրող կոհակներ.
Սեւ հրաբուխի մը որկորէ՞ն դուրս ելար`
Ուր մեզի դէմ Սատանան քեզ կը զինէր:

Երբոր Աստուած իջաւ կաւին փըսփըսաց,
Ու ծընաւ այսպէ՜ս հողն` ըզմարդ, մարդն` ըզկին,
Կը թագչէիր պըտուղի՞ն մէջ արգիլուած`
Որ փոքրիկ բան օրէնք դրաւ մե՛ծ աշխարհին.
Բայց ա՛յս գիտեմ` թէ ճանչցուցին քեզ ինծի`
Երբ էակներ փափագեցան որ ապրիմ.
Երբ օրոցքին մէջ մօրըս շիթը լացի`
Եկաւ ըլլալ իմ շիթերուս մըտերիմ:

  Երբ աչքս, արբշիռ, դիպաւ աչքի մը բոցէ,
Եւ փոքրիկ սի՛րտըս սիրոյ մեծ վիհն իջաւ.
Զերդ ծիտ մ’որ դէպ արփւոյն հասնիլ կը փորձէ,
Եւ կամ արփին գըրկել` Անհունը անբաւ:

Երբ բաշխեցինք յիշատակներ զատուելու.
Եւ մեռաւ մամս, ու եղբայրներս ետեւէն.
Զի` փաստաբան` ծերը մանուկը կ’առնու`
Սուրբ Դատողին դէմն ելլալու նեղ ատեն:

Դ

Ինծի կու գաս ո՞ւր տեղուանքներ այցելած.
Դալուկ դէմքէ՞ն սեւ դագաղի՛ մը հակող.
Հառաչանքէ՞ն որբիկներու, աղքատաց`
Որոնց համար կը պարզէ ձիւնը սե՜ւ քօղ:

Հուր ողբերգնե՞րն Ուսկիւտարի Սոխակին.
Թէ Յուսահատ Ռեգանաթցւոյն անհուն ցա՛ւն
Ըզքեզ սընոյց, որոնց սիրած գեղն, ինքնին,
Իր օրոցքէն գերեզմանին նայեցաւ:
Կուրծքէ՞ն կու գաս Աւարայրի Պըլպուլին`
Թ’ Իսրայէլի Երանելւոյն սըրտէն լայն:
Որուն վըրայ փորձութիւննե՛րը Դիւին
Եւ Աստուծոյ համբերութիւնն կըռուեցան:

Ե

Արդ, այդ զոհե՛րըդ կը նընջեն ընդերկար.
Վառ յիշատա՛կ մ’անոնք մեզի ձըգեցին`
Որ իրենց տեղ պաշտըւելով կ’ապրի յար,
Քանզի կեանք կայ` որ մահ չունի բընաւին:
Հիմա չը կա՜ն անոնք, շատե՜ր ալ նաեւ`
Որոնց գըլուխն կեղեքումներդ թափեցիր.
Ինծի՜ կու գաս. արդէն լանջքիս ճիշտ ներքեւ`
Կը զգամ խորանալը թաթերուդ մահացիր:

Խընդութեան հետ` կեանքըս ձեր մէջ կը բաժնէք,
Ու է՜ն մեծ մասն, ագա՜հ, դու, դո՛ւ կը խըլես.
Ո՛հ, գոնէ մի՛ լըմընցներ այդ ամէնք`
Որ ուրիշ ալ չըլլայ թ’ընես բաժին քեզ:
Արդէն կը զգամ, կը խառնակին իմ աչքին`
Ներդաշնակուած կապն իրերուն մութ, եւ ջինջ
Սըրտիս վըրայ փըլատակներ կը սըփռին.
Կարծես Բնութիւնն ինձ կը դառնայ ցուրտ Ոչինչ:

Իսկ դու ինձ չե՛ս ուզեր լըսել. ի՛նչ, այնքա՜ն
Արշալոյսին պիտ’ չը տամ փոխը ժըպտին.
Դեռաբուսիկ այս հասակիս խընդութեան
Օրէնքին դէմ պիտ’ մեղանչե՞մ տակաւին
Է՞ր կը խըլես ապագայիս կայծը վառ`
Եւ բոցերու ճարա՜կ կ’ընես իմ ներկան:
Անտառին մէջ չը մընաց երգ ի՛նձ համար.
Ամէն բան դէպ գերեզմաննե՜րը փախան:

Զ

Պիտի վայրկեա՜ն մը չապրէի քեզի հետ
Հէգ սիրտըս այդ թաթերէդ դուրս կորզելով.
Եւ իմ ձեռքով պիտ’ ընէի կեանքս անհետ,
Թէպէտեւ ես չըստեղծեցի իմ ձեռքով:
Պիտ’ չապրէի՜, եթէ ինծի չըսէին
Անոնք` որոնք ունին տարւոյ խորշոմներ,
Ու շա՜տ գիտեն, եւ ձըգելով ետեւնին
Արշալոյսներ` կ’երթան վըհի մ’ալեհեր.

-«Ճակտին վըրայ, ակօսներու մէջ վըշտի`
Կը ցանուի սերմն իտէալին սեփական.
Օր մ’այն հոգին` որ ցաւերով կը տուայտի:
Պիտ’ դառնայ վարդը Անհունին խընդութեան»: