ՎՇՏԻՆ
Ա
Ինծմէ
հեռո՜ւ.
ահաւոր
է
տեսնալ
քեզ.
Գարնան
ծաղիկն
ուղխին
կ’ըրնա՞յ
դէմ
դընել.
Ո՛հ,
քեզի
հետ
ինչպէ՞ս
կըրնամ
չափուիլ
ես.
Դու
արհեստիդ
մէջ
վարպետ
ես
եւ
ընդել:
Դեռ
նոր
դըրի
մեծ
հովտին
մէջ
իմ
քայլեր`
Ուրկէ`
երկա՜յն
ճամբան
կ’երթայ
նեղնալով.
Ծայրն
է
շիրիմն`
զոր
հասակս
այս
չի
տեսներ
Կամ
կը
տեսնէ
միայն
սոսկմա՜ն
մը
դողով…
Քայլիս
առջեւ`
մի՛
վերցըներ
այդ
հովտէն`
Ծաղկի,
շողի
եւ
ցօղերու
պատմուճանն.
Թո՛ղ
որ
երկնի
յորդ
ալիքներն
հըրեղէն
Հոն`
կապուտակ
իրենց
ժըպտով
հաշտ
իջնան:
Ինծի
համար
խորդենին
մի՛
‘ներ
եղիճ,
Աղաւնին`
անգղ,
ու
ջինջ
վըտակը`
հեղե՜ղ.
Վարդին
ծոցէն
հանէ
պիծակը
խայթիչ,
Մարգն`
օձին
մի՛
կապեր
դիմակ
մը
շըքեղ:
Բ
Նորէն
վըրա՛ս
յարձակեցար
բըրտօրէն.
Դո՛ւ,
ողջերու
զերդ
բորենի
դժոխային.
Ժանիքիդ
մէջ
խըրած`
արիւն
կը
կաթեն
Ծըւէններն
որս
եղած
սըրտի
մը
նախկին:
Կը
տեսնեմ.
չե՛ս
կըրնար
ծածկել
աչքերէս
Ձեռքիդ
մէջի
սըրուակն
ողբի,
արցունքի
Սըրուակն
հիւթի
մ’(մահացուցիչ`
թոյնի՜
պէս)
Որ
մարմինն
յար
կը
վարակէ
հիւծանքի:
Մորթիդ
ամբողջ
ծակտիներէն
կ’արտադրի
Յուսահատութիւն
եւ
թախծութիւն
հոգեկան.
Արտաշընչմանըդ
մէջ
Լըքումը
կ’ապրի`
Որ
միշտ
ճամբայ
կը
բանայ
քու
յարձակման:
Վայրի
մազիդ
ալիքին
մէջ
ծըփանուտ`
Ես
կը
տեսնեմ
պըսակ
մ’հագած
արեան
գոյն.
Զոր
ինքնակալ
Մահը
ձօնեց
քու
գըլխուդ`
Երբ
տուիր
անոր
թանկ
աւարի
մ’յըղփութիւնն:
Գ
Քեզ
յըղացան
փոթորիկնե՞րն
աւրող
յար,
Թէ
քեզ
ծընան
նաւը
փըշրող
կոհակներ.
Սեւ
հրաբուխի
մը
որկորէ՞ն
դուրս
ելար`
Ուր
մեզի
դէմ
Սատանան
քեզ
կը
զինէր:
Երբոր
Աստուած
իջաւ
կաւին
փըսփըսաց,
Ու
ծընաւ
այսպէ՜ս
հողն`
ըզմարդ,
մարդն`
ըզկին,
Կը
թագչէիր
պըտուղի՞ն
մէջ
արգիլուած`
Որ
փոքրիկ
բան
օրէնք
դրաւ
մե՛ծ
աշխարհին.
Բայց
ա՛յս
գիտեմ`
թէ
ճանչցուցին
քեզ
ինծի`
Երբ
էակներ
փափագեցան
որ
ապրիմ.
Երբ
օրոցքին
մէջ
մօրըս
շիթը
լացի`
Եկաւ
ըլլալ
իմ
շիթերուս
մըտերիմ:
Երբ
աչքս,
արբշիռ,
դիպաւ
աչքի
մը
բոցէ,
Եւ
փոքրիկ
սի՛րտըս
սիրոյ
մեծ
վիհն
իջաւ.
Զերդ
ծիտ
մ’որ
դէպ
արփւոյն
հասնիլ
կը
փորձէ,
Եւ
կամ
արփին
գըրկել`
Անհունը
անբաւ:
Երբ
բաշխեցինք
յիշատակներ
զատուելու.
Եւ
մեռաւ
մամս,
ու
եղբայրներս
ետեւէն.
Զի`
փաստաբան`
ծերը
մանուկը
կ’առնու`
Սուրբ
Դատողին
դէմն
ելլալու
նեղ
ատեն:
Դ
Ինծի
կու
գաս
ո՞ւր
տեղուանքներ
այցելած.
Դալուկ
դէմքէ՞ն
սեւ
դագաղի՛
մը
հակող.
Հառաչանքէ՞ն
որբիկներու,
աղքատաց`
Որոնց
համար
կը
պարզէ
ձիւնը
սե՜ւ
քօղ:
Հուր
ողբերգնե՞րն
Ուսկիւտարի
Սոխակին.
Թէ
Յուսահատ
Ռեգանաթցւոյն
անհուն
ցա՛ւն
Ըզքեզ
սընոյց,
որոնց
սիրած
գեղն,
ինքնին,
Իր
օրոցքէն
գերեզմանին
նայեցաւ:
Կուրծքէ՞ն
կու
գաս
Աւարայրի
Պըլպուլին`
Թ’
Իսրայէլի
Երանելւոյն
սըրտէն
լայն:
Որուն
վըրայ
փորձութիւննե՛րը
Դիւին
Եւ
Աստուծոյ
համբերութիւնն
կըռուեցան:
Ե
Արդ,
այդ
զոհե՛րըդ
կը
նընջեն
ընդերկար.
Վառ
յիշատա՛կ
մ’անոնք
մեզի
ձըգեցին`
Որ
իրենց
տեղ
պաշտըւելով
կ’ապրի
յար,
Քանզի
կեանք
կայ`
որ
մահ
չունի
բընաւին:
Հիմա
չը
կա՜ն
անոնք,
շատե՜ր
ալ
նաեւ`
Որոնց
գըլուխն
կեղեքումներդ
թափեցիր.
Ինծի՜
կու
գաս.
արդէն
լանջքիս
ճիշտ
ներքեւ`
Կը
զգամ
խորանալը
թաթերուդ
մահացիր:
Խընդութեան
հետ`
կեանքըս
ձեր
մէջ
կը
բաժնէք,
Ու
է՜ն
մեծ
մասն,
ագա՜հ,
դու,
դո՛ւ
կը
խըլես.
Ո՛հ,
գոնէ
մի՛
լըմընցներ
այդ
ամէնք`
Որ
ուրիշ
ալ
չըլլայ
թ’ընես
բաժին
քեզ:
Արդէն
կը
զգամ,
կը
խառնակին
իմ
աչքին`
Ներդաշնակուած
կապն
իրերուն
մութ,
եւ
ջինջ
Սըրտիս
վըրայ
փըլատակներ
կը
սըփռին.
Կարծես
Բնութիւնն
ինձ
կը
դառնայ
ցուրտ
Ոչինչ:
Իսկ
դու
ինձ
չե՛ս
ուզեր
լըսել.
ի՛նչ,
այնքա՜ն
Արշալոյսին
պիտ’
չը
տամ
փոխը
ժըպտին.
Դեռաբուսիկ
այս
հասակիս
խընդութեան
Օրէնքին
դէմ
պիտ’
մեղանչե՞մ
տակաւին
Է՞ր
կը
խըլես
ապագայիս
կայծը
վառ`
Եւ
բոցերու
ճարա՜կ
կ’ընես
իմ
ներկան:
Անտառին
մէջ
չը
մընաց
երգ
ի՛նձ
համար.
Ամէն
բան
դէպ
գերեզմաննե՜րը
փախան:
Զ
Պիտի
վայրկեա՜ն
մը
չապրէի
քեզի
հետ
Հէգ
սիրտըս
այդ
թաթերէդ
դուրս
կորզելով.
Եւ
իմ
ձեռքով
պիտ’
ընէի
կեանքս
անհետ,
Թէպէտեւ
ես
չըստեղծեցի
իմ
ձեռքով:
Պիտ’
չապրէի՜,
եթէ
ինծի
չըսէին
Անոնք`
որոնք
ունին
տարւոյ
խորշոմներ,
Ու
շա՜տ
գիտեն,
եւ
ձըգելով
ետեւնին
Արշալոյսներ`
կ’երթան
վըհի
մ’ալեհեր.
-«Ճակտին
վըրայ,
ակօսներու
մէջ
վըշտի`
Կը
ցանուի
սերմն
իտէալին
սեփական.
Օր
մ’այն
հոգին`
որ
ցաւերով
կը
տուայտի:
Պիտ’
դառնայ
վարդը
Անհունին
խընդութեան»: