ՄԵՌԱԾԻՆ
ՀԱՄԲՈՅՐ
ՄԸ
Համբուրեցի:
Մըտերմութեամբ
սիրայեղց,
Սիրտս
անտեսեց
նախ
սարսուռն
այդ
դիակին:
Կը
զատուէր
ան.
հոգիս
մեծ
փերթ
մը
ուզեց
Իրմէ
յանձնել
մահուան
այդ
սեւ
թըռչանքին:
Այդ
համբոյրն
արդ
կը
ճամբորդէ
ու
կ’անցնի
Գերեզմանին
մէջէն,
մէջէն
սեւութեան.
Մեռած
ճակտի
մը
վրայ
սիրտ
մ’է
կենդանի.
Ծաղիկ`
նետուած
ցուրտ
մարմարին
շիրմական:
Եւ
կը
դողա՜յ
փաթթուած
այդ
ճակտին
վրայ:
Զինք
մահուան
այդ
ճամբորդին`
Սէրն
է
յանձներ.
Եւ
Սէրն
է
խի՜ստ,
խիստ
զօրաւոր,
ան
կըրնայ
Կայծը`
մոխրին,
ողջը`
դիակին
միացնել:
Ո՜վ
համբոյր,
դու
արցունք
մ’էիր
շրթունքի.
Քեզ
յըղացայ
խոցուած
սըրտի
արիւնով,
Եւ
դամբանի
ջահին
մրուրովը
սուգի.
Քեզ
սընոյց
կոծն
ուռիներուն
հողմախռով:
Երբ
սիրելի
Մեռնողն
հեւքոտ
իր
հոգւոյն
Թռիչները,
լուռ,
կը
տարածէր
դէպ
երկին,
Մինչ
իմիններս
անոր
դէմքին
դեղնագոյն
Կ’ամփոփուէին`
ծընար
դու
այն
վայրկենին…
Ո՜վ
սէրերուս
ցայտումն
անկեղծ
եւ
անանց,
Գիտես
այլեւս
ապրիլ
նոյնիսկ
կեանքէ՜
վերջ…
Մըտերմական
անունի
մ’հետ
սիրտ
կապուած`
Կը
հոսեցնես
քաղցր
յիշատակ
մ’հոգւոյս
մէջ:
Ուրիշ
հազար
համբոյրներու
մէջէ
հին`
Քու
վըրադ
սոսկ
կը
մըտածեմ
ընդերկար.
Միւսներն
հիմա
սըրտերու
մէջ
կը
հանգչին,
Մինչ,
անձնանուէր,
դու
լոկ
դագաղ
դըրուեցար: