ԱՒԱԶԱՆԻՆ
ՁՈՒԿԵՐՈՒՆ
Մըտածողի
մը
նըման
Ջուրին
միջեւ
կը
շըրջիք:
Ա՛լ
գըծուած
է
ձեր
սահման,
Ո՛վ
լողակներ
խատուտիկ:
Հոս
պիտի
ա՛լ
չը
գըտնաք
Անհուն,
կապոյտ
այն
աշխարհ,
Որուն
յորձանքն
ու
վըտանգ
Կը
կըտրէիք
հեգնաբար:
Ձերին
ճարպիկ
թեւերով`
Ազատութիւն,
զուարթութիւն
Կը
գըրկէիք
անվըրդով,
Անգէ՜տ
նենգող
խայծերուն…
Արհեստն
արդ
ձեզ
կը
պատէ.
Աւազան
մ’հին,
ձեզի
նեղ,
Շատըրուան
մ’ալ
կրանիտէ,
Եւ
փոքրիկ
ժայռ
մը
մէջտեղ`
Որ
գործ
մըն
է
ձեռքերու:
Այս
է
ահա
ձեր
աշխարհ.
Ամբողջ
այս
է,
ո՛վ
աղու
Բանտարկեալներըս
թըշուառ:
Երբ
կը
կայտռէք
ջուրին
վրայ`
Կը
զուարճանայ
անխըռով
Անձնասէր
մարդն`
արծաթեայ
Պըղպըջակներն
դիտելով:
Ո՜հ,
ի
բընէ
չար
է
ան.
Իր
հաճոյքին,
իր
փառքին
Կ’ուզէ
զոհել
ամէն
բան.
Բըռնաւորն
է
աշխարհքին:
…Այս
սեւ
ժայռին
խոռոչներ
Ձեր
շիրիմներ
պիտ’
ըլլան,
Ուր
կ’երկարին
բողբոջներ`
Բաղեղներու
ցիրուցան:
Ուր
ջըրերուն
թըրթըռմունք
Կու
գան
բախիլ
մեղմօրէն,
Ցընցըղկելով
արտասուք`
Ողբ
ու
հանգիստ
կ’եղերգեն:
Ո՜վ
իմ
դըժբախտ
անմեղներ,
Ճիշտ
նըման
է
աշխարհս
ալ
Ձեր
այդ
տեղին:
Դէպի
վե՜ր
Կը
ջանայ
միտքս
իմ
ելլալ:
Կ’ուզէ
ուրիշ
մէկ
աշխարհ
Ան
գըտնելու,
ուր
անհուն
Ազատութիւնն
իշխէ
յար`
Եւ
անխարդախ
բարութիւն:
Սակայն
ի
զուր:
Լոկ
բանտող
Գըծուծ
նիւթեր
կան
չորս
դիս`
Որ
թըռիչներս
աղամող
Կը
ջախջախեն
եւ
հոգիս:
Առկայծ
յոյսով
մ’ո՞ւր
կ’երթամ,
Կ’երթամ
նոյն
տեղըս
գացած.
Հոս,
կեանքն
ու
սեւ
գերեզման
Իրարու
ձեռք
են
տըւած:
Օր
մը
ձեզի
պէս
ե՛ս
ալ
Պիտի
իյնամ
ցուրտ,
անշունչ,
Մոռացօնքի
մէջ
մըռայլ.
Հոս
ամէն
բան
է
անուրջ:
Պիտ’
լոռ
ըլլաք
դուք,
ես`
հող.
Բայց
ինծմէն
էք
երջանի՜կ,
Զի
վըրանիդ
միշտ
լացող
Գէթ
շատըրուան
մը
ունիք: