Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՒԱԶԱՆԻՆ ՁՈՒԿԵՐՈՒՆ

Մըտածողի մը նըման
Ջուրին միջեւ կը շըրջիք:
Ա՛լ գըծուած է ձեր սահման,
Ո՛վ լողակներ խատուտիկ:
Հոս պիտի ա՛լ չը գըտնաք
Անհուն, կապոյտ այն աշխարհ,
Որուն յորձանքն ու վըտանգ
Կը կըտրէիք հեգնաբար:
Ձերին ճարպիկ թեւերով`
Ազատութիւն, զուարթութիւն
Կը գըրկէիք անվըրդով,
Անգէ՜տ նենգող խայծերուն…
Արհեստն արդ ձեզ կը պատէ.
Աւազան մ’հին, ձեզի նեղ,
Շատըրուան մ’ալ կրանիտէ,
Եւ փոքրիկ ժայռ մը մէջտեղ`
Որ գործ մըն է ձեռքերու:
Այս է ահա ձեր աշխարհ.
Ամբողջ այս է, ո՛վ աղու
Բանտարկեալներըս թըշուառ:
Երբ կը կայտռէք ջուրին վրայ`
Կը զուարճանայ անխըռով
Անձնասէր մարդն` արծաթեայ
Պըղպըջակներն դիտելով:
Ո՜հ, ի բընէ չար է ան.
Իր հաճոյքին, իր փառքին
Կ’ուզէ զոհել ամէն բան.
Բըռնաւորն է աշխարհքին:
…Այս սեւ ժայռին խոռոչներ
Ձեր շիրիմներ պիտ’ ըլլան,
Ուր կ’երկարին բողբոջներ`
Բաղեղներու ցիրուցան:
Ուր ջըրերուն թըրթըռմունք
Կու գան բախիլ մեղմօրէն,
Ցընցըղկելով արտասուք`
Ողբ ու հանգիստ կ’եղերգեն:
Ո՜վ իմ դըժբախտ անմեղներ,
Ճիշտ նըման է աշխարհս ալ
Ձեր այդ տեղին: Դէպի վե՜ր
Կը ջանայ միտքս իմ ելլալ:
Կ’ուզէ ուրիշ մէկ աշխարհ
Ան գըտնելու, ուր անհուն
Ազատութիւնն իշխէ յար`
Եւ անխարդախ բարութիւն:
Սակայն ի զուր: Լոկ բանտող
Գըծուծ նիւթեր կան չորս դիս`
Որ թըռիչներս աղամող
Կը ջախջախեն եւ հոգիս:
Առկայծ յոյսով մ’ո՞ւր կ’երթամ,
Կ’երթամ նոյն տեղըս գացած.
Հոս, կեանքն ու սեւ գերեզման
Իրարու ձեռք են տըւած:
Օր մը ձեզի պէս ե՛ս ալ
Պիտի իյնամ ցուրտ, անշունչ,
Մոռացօնքի մէջ մըռայլ.
Հոս ամէն բան է անուրջ:
Պիտ’ լոռ ըլլաք դուք, ես` հող.
Բայց ինծմէն էք երջանի՜կ,
Զի վըրանիդ միշտ լացող
Գէթ շատըրուան մը ունիք: