Սարսուռներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՐԻՒՆՈՏ ՃԻՒՂԸ

«Հոն, ի՞նչ է ան` որ շուրթին վրայ ջըրերուն
Ինկած կու գայ, օրօրտկումով մը կու գայ.
Մըխըրճելով մերթ ծըփանքի մէջ գնայուն`
Կարծես բոցերն իր կը մարէ` ճակտին վրայ
Վառուած կարմիր արեւմուտէն…
«Այսպէս հեւքոտ, դանդաղօրէն,
Ո՜վ մեծ գետին ջուրերն, արդեօք ձեր շըրթունք
Ի՞նչ կը բերեն` որք լեռներու ապալեր
Քըղանցքներուն միշտ սըփռելով արտասուք`
Կարծես ցաւէ մ’ կը խածխըծեն եզերքներ:
«Ո՛հ, լըռութի՜ւն, ձեր լեզուէն չե՛մ հասկընար.
Մի՛ մըրմընջէք ինծի բաներ հոգեյոյզ,
Այլ, կըրկնակի վազքով, հասէք սըրավար`
Նըման իմ կոյս կարօտակէզ օրերուս`
Որոնք անձայն կ’անցնին կ’երթան…
«…Կանաչ ճի՜ւղ մ’է ուղեւորն այն`
Որ կը ծըփայ անդաստական, մոլորուն,
Ցըցուած մէջտեղ փըրփուրներուն ըսպիտակ,
Ինչպէս լանջքիս վրայ կը ճօճի սուր դաշոյնն,
Որ բաժանումը մըխեց խոր, դըժընդակ:
«Ո՜վ արմաւի թափառական ճիւղն, ըսէ՛,
Մէջն ալեյոյզ ճամբորդութեանդ ի՞նչ տեսար.
Կամ թէ սըրտիս` որ միշտ յոյսէն կը խուսէ,
Եւ պաշտումի մը բացական կու լայ յար,
Արդեօք դու ի՞նչ լուր կը բերես…
«Մարտի փառքին աւետի՞սն ես,
Մարտին` որ միշտ դաշտերէ դաշտ, լեռնէ լեռ
Կատղած կ’ոռնայ` ինչպէս որոտն երկնի վրան.
Հորիզոնին, ուր հազիւ իմ նայուածքներ
Կը թափառին, ան կը ձըգէ քօղ մ’արեան:
Քաջամարտիկս արդեօք ինչպէ՞ս կ’ընէ
Ըսպառնանքին մէջ սուրերու փայլակին,
Կամ վրիժառու նիզակներէ, տէգերէ
Եւ լախտերէ ձեւակերպուած` մահածին
Անտառներուն դէմ յանդիման…
…Ո՛հ, ի՞նչ մտածում է այս դաժան,
Ըրի՞ն այնպէս, որ իր վեհ կուծքն ինձ համար
Այլեւս երբեք չը բաբախէ, չը յուսայ,
Որուն վըրայ հանգիստ կ’առնէր գըլուխս յար.
Լոկ այտերո՜ւս տակ ապրած էր անիկա:
Թէ, իր ձեռքէ՞ն կու գաս, բանբեր ալեխռով.
Ի՞նչ, պարզեցի՞ն սահմանէն ներս թըշնամւոյն
Դրօշակը սուրբ` զոր շինեցի իմ ձեռքով.
Կամ յաղթութեան ըրի՞ն հանդէսը ցընծուն.
Խըմե՞ց ան իր եւ իմ կենաց:
Ան պաշտպանե՞ց` ըսպաննըւած
Ծընողքներու հէգ մանուկներն անտէրունջ,
Կամ դիւցազներ` ինկած միայն սեւ բախտէն.
Անոնց աչքին, թուրին փայլով թաթաւուչ,
Իր գըթութեան փայլն ալ ցըցո՞ւց վեհօրէն:
Եթէ իր խրոխտ կորդակին հետ միասին
Յոխորտացի՞ր, կամ պըճնեցի՞ր յաղթական
Լանջապանակն. եթէ խիզախ ճակատին
Դու ծըփացիր, եկուր, եկուր սըրտիս վրա՜ն
Աճեցընեմ համբոյրով քեզ»:
Ըսաւ: Եւ բոց արեւուն պէս,
Որ մերթ կ’իջնէ ալիքներուն ծովին լուրթ,
Կոյսն հակեցաւ, մեղմիկ, ջուրին վրայ պայծառ,
(Անդրադարձած թովիչ դէմքին իր` անփո՜յթ)
Եւ վեր հանեց խուսափուկ ճիւղը դալար:
Ու վեհերոտ, ինչպէս եղնիկ մը սիրուն,
Սուր ճիչով մ’ետ ընկըրկեցաւ ան յանկարծ,
Մէկդի նետեց ձեռքերէն ճիւղը` որուն
Ցից ծայրին վրայ, աւա՜ղ, էին չորացած
Կարմիր արեան մը նետուածքներ…
Անոր համար գետը բօթբեր
Լըռեց կարծես, չը ժըպտեցաւ արեգակ.
Խաշնահաւն ա՛լ չերգեց երգն իր խընդութեան.
Կարծես դըրին կարմիր դագաղ մ’աչքին տակ.
Յատակը` տէգ` եւ կափարիչը` վահան: