ԵՐԱԶ
ԵՒ
ԽՈՀ
Պառկած
էի.
խոր
լըռութի՜ւն.
գիշեր
էր…
Ճըրագս
իւղէ
պատերն
արիւն
կը
ներկէր:
Ծանրացաւ
մրափ
մ’աչքերուս.
Մըտածումնե՛րըս
երազի
մէջ
սուզան,
Եւ
բիբերէս
ամէն
ճաճանչ
լուսական
Կոպերուս
վրա՛յ`
տըւին
խոյս:
Սեւ
դէմքի
մ’հետ
ձեռք
մը
տեսայ
մահճիս
քով.
Կուրծքիս
դըրաւ
մատերը
բոց
եղունգով,
Սընդիկի
պէս
խորամուխ:
Փայտ
կըտրեցաւ
լեզուս,
վախցա՛յ
շէկ
աչքէն:
Ես
ճանչցայ
զայն.
սատաններուն
ամէնէն
Կատաղին
էր
մ’է՛ն
թուխ:
Բացաւ
բերանն`
որուն
մէջ
լինդ
միայն
կար.
Իր
ակռաները
խորտակուած
էին
վար
Իյնալու
օրն
երկընքէն…
Ըսաւ.
-
«Սըրտէ՜դ,
սըրտէդ
քարշել
ես
եկայ
Զայն`
որուն
տեղն
իմ
տեղըս
պէտք
է
ըլլայ.
Տո՛ւր ,
ինծի՛
տուր
սէրդ
իրեն»:
Անկողնիս
մէջ
թալթըլեցայ,
ու
երկու
Ձեռքով`
սարսռուն
բըռնեցի
թեւն
ահարկու`
Ինծմէ
անդին
մըղելով:
Մաքառեցայ
Անոր
համար,
անկրօննե՛ր.
Խածեցի
ձեռքն`
որ
Զինքն
ինծմէ
կ’անջատէր.
Իր
ոսոխին
արիւնով`
Ներկեցի
շուրթս,
եւ
անցուցի
ծարաւս
հուր:
Դեւն
երեսիս
կատղած
պոռաց.
«Տեղի՛
տուր`
Թէ
չէ
ըզքեզ
կը
խեղդեմ.
Թոքերուդ
տակ
կը
ճըմլեմ
սիրտդ
անխընայ.
Ճերմակ
սաւանդ
վաղը
կարմիր
կը
դառնայ.
Մա՛հը
կ’հանեմ
քեզի
դէմ:
Ագռաւներու
կեր
կու
տամ
այդ
սեւ
աչքերդ.
Քաղցած
օձի
բերաններու
երակներդ
Կը
յանձնեմ
ես.
տեղի՛
տուր:
Կը
գողնամ
քարն
գերեզմանիդ
վըրայէ,
Որպէսզի
մա՛րդ
ըզքեզ
բընաւ
չարտասուէ,
Անգութ
եմ,
տե՛ս.
տեղի
տուր»:
Պիտի
չըտա՜մ:
Կըսմըթեցի,
կըռփեցի
Թեւն`
որ
ոսկրերս
կը
խորտակէր
զերդ
խեցի,
Եւ
մատներովս
անխընայ,
Բըզիկ
բըզիկ
ճանկըռթեցի
դէմքն
անոր,
Դողդըղացի,
տառապեցայ
քըրտնաթոր,
Եւ
սուր
ճիչով
մ’արթընցայ…
Ա՜հ,
արթընցայ:
Եւ
միտքըս
շուտ
մ’ըշտապեց
Սըրտիս
վըհին.
դեռ
Ան
հոն
տեղ
էր,
անեղծ,
Եօթն
արեւի
նըման
ջերմ:
Դեւն
եղունգով
լանջքըս
շերտած
էր
տեղ
տեղ.
Ուրախ
էի`
որ
եղայ
զրահ
մ’արիւնհեղ
Անոր
համար,
Անոր
դէմ:
Ո՞վ
պիտ’
կըրնար
փետել
հանել
Զայն
սըրտէս`
Ուր
(ինչպէս
ա՛ստղը
կապոյտին
ծոցէն
ներս)
Ագուցուած
է
ա՛յնքան
խոր:
Իր
խարիսխներն
ալի՛ք
մ’ըն
ալ
չի
շարժեր,
Զի
անհունին
եւ
բընութեան
են
կառչեր
Անոնց
ճանկե՛րը
հըզօր:
Վասընզի
իր
սուրբ
Էութեանն
հաստատման`
Բիւր
բիւր
աստղեր
մէյմէկ
հրաշէկ
գամ
եղան,
Եւ
իր
հետն
ենք
մէ՛կ
խըմոր.
Վասընզի
սուրբ
Աւետարանն
իր
ամէն
Մէկ
էջով`
միշտ
ծորեց
Անոր
երակէն
Արի՜ւն
մ’արեանս
մեղաւոր:
…
Անդունդ
մ’է
Ան
զոյգ
որկորով
անսահման`
Որոնց
մէկէն
դուրս
կը
պոռթկայ
Ապագան
Անցեալ
եղած
միւսին
մէջ,
Եւ,
կեդրոնն,
ինքը
ներկան
է,
որուն
շուրջ
Ժամանակն
իր
ճիշտ
ոլորտովն,
անմըռունչ,
Կ’ընէ
անդուլ
ելեւէջ:
Եւ
այսպէս,
մեր
աչքէն,
մըտքէն
իսկ
անդին,
Ան`
իրեն
չափ,
իրեն
միջեւ,
իւրովին,
Է
յաւիտեան
եւ
անհուն.
Ան`
Ամբողջն
է,
որուն
անունն
պարծանքով
Կը
յանձնեն
այս
մաքուր
թուղթին
սըրտիս
ծով`
Որ
իր
հայլին
է
տրոփուն:
Թող
գըրաշարը
դողդոջէ`
երբ
Անոր
Անուան
տառերն
իյնան
ձեռքին
տակ
անզօր.
Չը
շարէ՜
ծուռ
կամ
անտած…
Եւ
մամուլն
ալ`
այդ
անուան
վրայ
բըրտօրէն
Թող
չը
ճընշէ`
թէ
չէ
կ’հերձի
սեւ
կուրծքէն,
Վասընզի
Ա՛ն
է.
-
Աստուած: