Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐԵՄԻՆ ՇԻՐԻՄՆԵՐԸ
(Միրզան՝ այցելուին)

Հո՛ս, սիրոյ այգիէն դեռ տհա՜ս ողկոյզներ քաղուեցան Ալլահին սեղանին համար: Հոս, Արեւելքի մարգարիտներ, բերուած հաճոյքի ու երանութեան ծովէն. կանխահասօրէն նետուեցան մռայլ ծոցը դագաղին, Կո՜նք յաւէրժութեան:

Ժամանակին եւ մոռացումին քօղը ծածկեց զանոնք. անոնց վերեւ, պարտէզին մէջտեղ, կը շողայ ապարօշը, ցո՜ւրտն, իբրեւ դրօշն ուրուներու բանակին. եւ վարը՝ հազիւ թէ կը կարդացուին անոնց անունները՝ փորագրուած կեաւուրին ձեռքով:

Ո՜վ դուք, դրախտի՛ վարդեր, լուսակարկաչ աղբիւրի՛ն քով ձեր օրերը ծաղկեցան, պարկեշտութեան տերեւներուն տակ, յաւէրժօրէ՜ն ծածկուած Անհաւատին աչքէն:

Այժմ, օտարականի մը նայուածքը կը պղծէ՜ ձեր շիրիմը: Արտօնեցի իրեն: Պիտի ներե՞ս, մե՛ծ Մարգարէ: Ասիկա՛ միայն, օտարականներուն մէջէն, կը նայէր արցունքներով: