ԳԵՂԻ
ՆԱՄԱԿՆԵՐ
*
Ընկոյզ
կոտրելու
չափ
քար
չես
գտներ,
կ’ըսեն,
Ուլօվայի
կեդրոնական
մասերուն
վրայ
բնակող
գիւղացիները։
Իրաւ
որ
քարը
հազուագիւտ
է
այդ
հատուածներուն
վրայ.
շէնքեր
որ
ամբողջովին
քարով
են
աւարտեր,
եկեղեցիներն
են,
տեղ
տեղ
թէեւ
անոնց
համար
ալ
հում
աղիւսը
ու
շաղախը
գործածուած։
Ուլօվայի
կից
դէպի
հիւսիսային
կողմ՝
Խուզօվա՝
դաշտին
պզտիկ
կէսը
սեպուած
է
կրաւազային
եւ
խճոտ
հողերով.
թռչունի
աչքով
այդ
երկու
մասերուն
միացման
կէտը
կարելի
է
գտնել
Մէզիրէի
արեւմտեան
թումբերուն
վրայ։
Մեծի
ու
փոքրի
այդ
միացած
ձեւը
կը
թելադրէ
հիւանդ
ձեռքէ
մը
գծուած
բռնազբօսիկ
ստորակէտի
մը
պատկերը։
Կոր
կողմն
է
Խուզօվան,
իսկ
վարի
երկնկէն
տունը
դէպի
արեւելք
իջած
ու
ցածցած
մինչեւ
Եփրատի
ափունքը,
Ուլօվայի
բաժինն
է
աւելի
շէն
ու
խիտ
ամփոփոյքներով։
Թէ
այս
վերջինին
հողը
գէշ
ճախին
մը
եղած
է
ատենօք,
բաւական
ստոյգ
նշաններ
կան
այլեւայլ
գեղերու
մօտ
երեւցած
շամբուտներուն
վրայ,
ուր
հիմակ
գիւղացին
համակերպեր
է
բրինձ
մշակել։
—
Բայց
խօսքերնին
այժմէութեան
վրայ
ըլլալով,
Ուլօվա,
կ’ըսենք,
երկրագործին
համար
պահած
նպաստաւոր
տարրերով,
դաշտին
ոսկիածին
համբաւին
ինքն
եղած
է
հեղինակ
ու
կը
մնայ։
Ասկէ
ճիշդ
կը
սկսէր
ըսելիքս
թէ
դաշտին
այս
կակուղ
մկաններուն
վրայ
բոյն
պահող
գիւղացին
իր
շինութեանց
համար
աղիւսը
կը
գործածէ,
զոր
կը
գտնէ՝
իր
տնտեսագիտութեամբը
աւելի
աժան
ու
աւելի
դիւրին
ձեռք
բերուելու
առատ
ու
պատրաստ
հանգամանքներով։
Գիւղացին
ու
կարծեմ
բոլոր
աշխարհք
այնպէս,
աժանի
գաղափարին
հետ
անանջատ
կը
պահէ
եւ
այն
սկզբունքը
ինչ
որ
կը
հասկցնէք
դուք
աշխատութիւն
և
ժամանակ
բառերը
տնտեսագիտապէս
իրարու
կցելով։
Մինչեւ
հոս
համաձայնեցէք
մեզի
հետ
թէ
լաւ
է
անոր
պատմութիւնը.
բայց
նա
կը
շփոթէ
տեսութիւններու
այն
մէկ
ուրիշ
կիսադէմքովը,
ուր
ճաշակի
ցոլացումներէ
անազդակ
մնացեր
է
ջիղը.
գիւղացիին
հոգին
այդ
կողմէն
աւելի
վճիտ
ըմբռնուած՝
քեզ
այն
գաղափարին
ընտանի
կը
պահէ
թէ
առողջ
ու
աշխարհիկ
կեանքի
համար
անոր
ունեցածը
բանի
մը
նմանցնելու
մտքով
շատ
շատ
անսիրտ
գուրգուրանք
մը
պիտի
ըսես.
կեանքը
կրիայի
տաշտին
տգեղութեամբ
ու
ծանրութեամբ
կը
մնայ
անոր
կռնակին
վրայ։