Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Է.

Յակո՛բ, սիրելի՛ս, լեռէ լեռ, թուփէ թուփ, գացիր, ա՛լ չի հայեցար ետիդ: Յուշք մը հինէն, խօսք մը, բարեւ մը ինկած տեղէդ, թուղթ եթէ չկար, թռչունին յանձնէիր, թռչուն չիկար, հովերուն ըսէիր:

Խեղճ մայրիկդ դռան էտին օղիկ-օղիկ քու կարօտովդ կ՚էրի, գնաց, չի գրեց կ՚ըսէ, ո՞ւր մնաց, ո՞ւր կ՚ապրի, որո՞ւ հետ կ՚ապրի, ո՞ր ճամբաներէ անցաւ, ի՞նչ տեսաւ ու անցաւ ճամբան: Ու ծովը, ատ մեծ ջուրը առաջին տեսնելուն, որքանի՞ արդեօք վախ անցուց, կ՚աւելցնէ, ինքը որ գիւղին ճլուըլտուն առուակին ու վտակին հոսանքէն կը սոսկար:

Մայրիկդ քեզմէ, քու շուքէդ, քու յիշատակէդ ալ բան մը չի գտնելով որ գգուէ կուրծքին սեղմած, շատ հեղ այգին կ՚երթայ, ու հոն վերի պատին տակը քու տնկած ծիրանիիդ բունը կը գրկէ, տերեւները կը շփէ, ծիրանիին տերեւները աչքին, երեսին վրայ կը շփտէ, ու՝ շաբաթն անգամ մըն ալ մոռցած թէ՝ անոր քովը ուրիշ ծառեր ալ կան, ինքը միայն ան ծիրանին կը ջրէ, ջուր չի գտնայ, արցունքովը կը ջրէ:

Իրիկուն մը, չեմ յիշեր ո՛ր իրիկուն, մանգաղ, մատնոց մէջքս, դաշտէն կը դառնայի, յոգներ էի հլլկելու աստիճան, աչքս գետինը չէր տեսներ, մայրդ դրան վրայ՝ նոր դարձեր էր աղբիւրէն, ու տեսայ որ լեցուկ կարմիր կուժ մը կար առջեւը: Բարեւ մը հազիւ կրցայ հանել բերնէս. «Բարին արեւդ» ըսաւ, խուրպան, ջո՛ւր ահա, ծարուեր ես, խմէ՛ կուշտ կուշտ ու պուտ մըն ալ Յակոբիս տեղը խմէ: Իրաւ, ա՜յնպէս ալ ծարուած էի որ կոկորդս կ՚այրէր, խմեցի քու տեղդ ալ ու մօրս անուշ կաթը յիշեցի:

Մայրդ դրան վրայ նստած, քանի մը իր տարեկիցներուն ու վիճակակիցներուն հետ, իրար զիրար կը հովարէին: Մայրեր, որոնց գիտէիք թէ՝ շատն է որ լեռնէն անդին ղարիպ տղոց կարօտով կ՚աղնծին, շատերն են որ ճանբուն ճանբորդին կը հարցնեն, փախող թռչունին կը ձէնեն, հողերուն երեսը ոտքի հետք կը փնտռտեն, ու հովերուն բերնէն ղարիպին շունչը կը հոտուըտան:

Յոգներ էի, երկար չէի կրնար սպասել, դրացի կնկան մէկը ատ ատեն, զիս դէպի մեր տունը ճամբու կը դնէր միամիտ հարցումով մը, որ դեռ չեմ մոռցեր ու ան ատենէն ի վեր կսկծցնող բան մը կը մնայ հոգիիս վրայ: «Մեր տղաքն ալ կը տեսնե՞ն հիմա ան լուսնկան, որ հոն է ու այսչափ մօտը մեր երդիքներուն»: Ես բերանս չի բացած՝ անդիէն մօրդ ըսածները լսեցի: «Այդչափ մխիթարութիւն կայ արդէն, Կուլիկ, արեւն ալ լուսունկան ալ ամէն օր, ինչպէս մենք, անանկ ալ մեր տղաքը կը տեսնեն: Աստծու լոս երեսին մեռնիմ, որ այնչափ մը բան ալ մեզի տուեր է»:

Ու յետոյ քովինները ըսին, որ մայրիկդ շատ օր տանիքը ելած, ան ատեն, որ լուսնակը ձեր տանիքին վրայ կը կախուի, հոն առանձին մենախօսութեան պէս բան մը կը մրմնջէ, բան մը կը խրկէ լուսնակին, ինչ որ իրենք բոլորն ալ կրնային ըսել ու իմ ալ յիշողութեանս մէջ մնաց.

Լուսնկաե՜կ, ուսկա՞յ կուգաս,

Հայր Աբրամու ծովուն վըրէն.

Դուն դեղին, ձինդ դեղին,

Մօրուքդ եկեր, գօտիդ դեղին,

Մատ մը հաց տամ տեղը տար,

Պուտ մը ջրիկ, ղարիպիս,

Եբոր տեսնես դուն ըզինք,

Թղ անգամ մը կաթս իշէ,

Վերջը չի լայ գերեզմանս:

Մեզի, գիւղացւոցս վիճակին գալով, եթէ կը հետաքրքրուէիր, ամառն անցաւ, սիրելիս, հունձքը վերջացաւ, ալ վաղը ու միւս օրը, չենք գիտեր թէ՝ ի՞նչն է որ գեղին մարդուն համար աղուոր յոյս մը պիտի ծիրանաւորէ, գեղի մարդուն՝ մեզի, որ ետ, ետ հրուելով, մրջնառին պէս հողը մեզի գերեզման կը փնտռենք:

Եթէ կը հետաքրքրուէիր իրօք, ասկէ վերջը խօսք պիտի տայի քեզի, որ գեղը, գեղի մարդերը ու անոնց ապրած աւուր մթնոլորտը օրը օրին գրչի նիւթ պահէի: Վստահ ըլլայիր որ գրելու փորձիս մէջ, ուրիշներուն պէս չափազանցութիւններ պիտի չընէի: Ես արդէն չեմ սիրեր պերճ շաղակրատութիւնները: Այդ խենթութիւնը գուցէ ան ատեն յարմար ըլլար, երբ մենք հոս հարսնիքի ցնծուն աղմուկներուն մէջ՝ զուարթ վայրկեաններ ըմբոշխնէինք ու ձեզ ալ հոս հրաւիրելու կերպ մը չի գտնելով, ելլէինք կաչաղակներուն լեզուն գործածէինք: Կարելի է բան մը չպիտի հասկնայիր աս առաջին նամակէս, որ յուզումի մէկ ժամիս կը հանդիպի գրել: Օդը մշուշ, ձմեռը ցուրտ, աղբիւրները ցամքած, ձմեռը արջառներու հիւանդութիւններով սկսաւ ու գարնան ցանքը ընելու համար, կ՚երեւի, տարեխին, օձերուն ու կրիաներուն պիտի դիմենք: Մօրդ բարեւին հետ, ընդունէ իմ ալ տաք տաք համբոյրներս: Մտերիմդ՝ ԹԼԿԱՏԻՆՑԻՆ:

«Բիւրակն», 1901