Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Թ.

Հիմա այնքան քիչ կը գրեմ, որ գրելս եմ մոռցեր, սիրելիդ իմ Արտաշէս:

Թանաքամանը բաց ձգուած, հոն, սարդերուն կը մնայ բոյն ամիսներէ ի վեր, գրիչն ալ մեր պզտիկներուն ձեռքը չէլիկ-չէլիկ-փէտ կը գործածուի:

Լսեր էի, թէ տէրտէրին դէն նետած շուրջառը օր մըն ալ իրիցկինին սրունքները ծածկելու ձեւին մէջ դրուած է գեղը գայթակղութիւն մը խեղդելով, բայց ամենեւին միտքէս չէր անցներ տեսնել, որ գրիչ մը լքուած կամ մեկուսացած որեւէ պատճառով, անհարկի խլէզներ իրենց խաղին ու խեղկտուկներուն պիտի ծառայեցնեն:

Օ՜հ, ատ խենդ տղաքը, գիտնայիր թէ՝ շատ հեղ ի՛նչ ալ գէշ կը գործածեն ձեռք անցուցածնին, որչափ յաւակնոտ ու վտանգաւոր քմայքներով, չուզելով անգամ նայիլ, թէ ի՛նչ կայ ծայրը ան փոքրիկ ճիպոտին, կամ ան ի՛նչ կրնայ ընել ինկած տեղը: Ես ցաւէի՞ աս եղածներուն, դրացնիս տէ՞րտ-գանգտէի. չէ՛, հոգիս, երբե՛ք, քանի որ քիչ մըն ալ ես գիտեմ թէ՝ չհագուած կօշիկին մէջ մկներն ալ բոյն կը դնեն ու տէր կը մնան անոր:

Չեմ ցաւիր, միայն թէ ատեն ատեն, երբ համը կը տանին, երբ շատ աղմուկ, շատ գզուըռտուքներ կը շինեն շուրջս, այդ խաղցողներուն մէկ մէկ անունները տալով, կ՚ըսեմ, ինչպէս միշտ ըսեր եմ իրենց աղաչող շեշտով մը, որ կամ խաղը փոխեն կամ գրիչը ձգեն ձեռքերնէն:

Այսչափ, միայն այսչափ: Անոնց հետ այլապէս կարելի չէր վարուիլ, ի՛նչ ընել, մե՛րն են, նորէն մեր սիրածները, ամէն օր, ու՝ մանաւանդ թէ՝ պզտիկի իրենց տկարութիւններովը սիսեռի հարուածի մըն ալ չպիտի կրնան դիմանալ: Ահա թէ՝ ես ինչպէս ի՛նչ փափկանկատ վերապահութիւններով հոգ անգամ չեմ ըներ երբ պատահի որ մէկը անոնցմէ ուղղակի իմ աչքերուս շիտկէ չէլիկը, ինչպէս անցածները կը պատահէր ու ես նոյն ատեն յարդի թեթեւ շիւղ մը կը նետէի թարթիչներուս վրայէն անտարբերօրէն:

***

Դուն սակայն մոռցիր ասոնք, ու պահ մը հարցնելու եղիր, եթէ կ՚ուզես, ի՛նչ վիճակ ունի տուն ընտանիք, ի՛նչ ձեւ առին ու կ՚առնեն դպրոցի գործերս, կամ ի՞նչ ունէի, որ հիմա շատ շատ շինականի մը խեղճ տկզար մը կրնամ լսցնել հոս հոն, ուր տարեցոյց մը կայ սիրուն ու կ՚ուզեն որ հոն վանկ մըն ալ, միամիտ վանգիւն մըն ալ գաւառի ծղրիդը խրկէ իր կարգին, եթէ ասոնք էին հարցնելիքներդ:

Ցաւերով լեցուն տարի մը անցուցինք, սիրելի՛ս, տուն ընտանիք տարիին երկայնքին դժուար շունչ մը քաշեցին յաճախ, դժուար ա՛յնպէս, ու այն տեսակ անհամութիւններու մէջ, որ է՛ն անուշ խնձորը ձեռքերնիս, սոխի մը կծուութիւնովը տարին բերուընին: Մէկը գլուխէն կանչեց, ուրիշ մը իր կուրծքն ու կողքը լացաւ: Ես ստիպուած՝ բժիշկն ու տէրտէրը մէկտեղ կը կանչէի, որ մէկտեղ հնարաւորէին դարմանը: Վերջինին փէշերուն կառչողը մայրս էր շատ աւելի, մայրս երկիւղած անկեղծ դաւանող մը, թէ՝ քահանան ինչ որ ալ ըլլայ, աշխարհք ի՛նչ որ ալ ըսէ, սուրբ մըն է, նուիրական դէմք մըն է ան, որ հրեշտակի իր երկու թեւերը երկինքը մոռցած ըլլայ անկէ շտապ շարժումով երկիր եկած ըլլալուն համար՝ ու վրայի սեւերն ալ մութ ծածքերու տակ վայող թշուառներու՝ անմխիթար սգաւորներու սիրովը ընտրած ըլլայ հագնիլ երկնաքաղաքացիի մը չնաշխարհիկ առաքինութեամբ:

Մայրս իր այնչափ անկեղծ ու միամիտ հաւատքը ու իրեն այլեւս հաւատք դարձած նախապաշարումներու սիրուն պէսպիսութիւն մը իր գլուխին բարձ ու հոգիին համար ալ ճրագ պահելով միասին, չի կրցաւ դիմանալ ցաւին, որ սրտէն բռնած էր ու շատ անողոք գելանքով մը սեղմած: Ամբողջ վեց ամիս քաշեց, ու մենք տունով տեղով մոռցած թէ ցաւեր մըն ալ մենք ունինք, վեց ամիսներու գիշերները ու ցորեկն ալ իր սնարին քովերը առինք, նստեցանք, խնամարկեցինք, քահանային հետ մենք ալ աղօթելու ելանք, օգուտ չի տեսանք բնաւ, ու է՛ն վերջը, աղէտալի վերջ մը, Նոր Տարիին սառ շէմքը եղաւ գերեզմանը հէք մօրս, հո՛ն, լերան կողքին, ուսկէ իր սիրական գեղին մուխը կ՚երեւնայ ամէն առաւօտ, եւ որը շատ անգամ տունին պատուհանէն ալ տեսնելուն, ա՜խ, հոն ըլլէի կ՚ըսէր, հոն ապրէի, մուխ ծուխ մըն ալ իմ թոնիրս հանէր, քաղաք եկայ, քաւարան մը եկայ ըսել պիտի ուզէր:

Հին տարին հնհնուքներով անցած արդէն, բարեկա՛մ, երբ այս նորին առաւօտն ալ մահի զանգակով մը կը լուսնար, պէտք կա՞ր երեւակայել թէ թափուած արցունքն ի՞նչ կ՚ըլլար, կամ միայն արցո՞ւնք պիտի ըլլար աչքերէն քմուածը:

Մայրս վաթսունն անցուկ տարիքին մէջ, որքան ալ իր գլուխը կրակ ու կարկուտ տեսած էր, խանձոտած ու խարանուած գլուխը, իր սեփ սեւ մազերը սակայն մեզի օրըստօրէաբար աղուոր յոյս մը կը ներշնչէին թէ՝ հարիւրամեայ մը պիտի ըլլայ անտարակոյս, ողջ պիտի մնայ զինք ամէն օր մեռցնող խշխշանքներուն մէջ ալ, ու օր մը ես ալ կենդանի մումիայի մը խնկաբոյր ձեռքերը համբուրելու ծնրադիր ակնածանքովը պիտի երեւնամ իր առջեւը: Վերջը, անակնկալ վերջը սակայն:

«Այն գարունը, որ ագռաւը կը բերէ, չի գա բարով, կ՚ըսէր, ան օրը որ ամպերով կ՚սկսի, չի լուսնա խէրով» իր ըսածները, որ միտքս ալ են:

Անոր մտածելու կերպն ու նախապաշարումի տեսակները իմս ալ եղած էին, ինչպէս շատ անգամներ իր ըսածին, արտայայտածին բովանդակ ամբողջութիւնը իմ գրականութիւնս կը մնար: Գիւղացի անուս կինը իմ վարժապետս, գրագիտութեանս ուսուցիչը, որու անհետացումովը կը վախնամ որ քանդուած, անհետացած խորանի մը մութ յիշատակն ու պարապը լամ մէջս, ինչպէս իր թոռնիկները ան օրէն ի վեր բազմոցին ամայութիւնը կուլան, ուր ծալուած՝ ամէն օր, երբ անոնք պիծակի կիժերով ալ թառէին իր գլխուն, ինք միշտ ներողամիտ միանձնուհիի մը անուշ ու սրբենի ժպիտը կը բաշխէր, էն շատ անզուսպին անգամ մեծ մօր մը ժպիտը կամ շաքրոտ յանդիմանութիւն մը շատ շատ: Խե՜ղճ մայրս, պաշտելի մայրս, ամբողջ կեանքը ցաւերով կոծկոծուած չարչարանք մը եղաւ: Կ՚ուզէր, անհուն փափաք մը կը յայտնէր շատ հեղ, կիսկռտել ինքզինքը ու նոյն ատեն երթալ երկու երեք տեղերու վրայ երեւնալ ոգիի մը թեւերով, կամ «չըլլի՞ր, հէչ չըլլի՞ր կ՚ըսէր, որ քանի մը տարի գերեզման երթամ, Կարապետիս ու թոռնիկներուս քով ապրիմ, անկէ ալ, լեռներէն էնդին, Ամերիկա ըսել կ՚ուզէր, Յակոբիս, եղբայրներս երեսը տեսնամ ու քեզի դառնամ նորէն, հէչ չըլլի՞ր, հէչ էս չէշիտ բան չէ՞ եղած, տղա՛ս, դուն պազի շատ չէշիտ չէշիտ բաներ կը կարդաս»: Խե՜ղճ մայրս, ով տար որ աչքերս արեւի՛ն խբելէ առաջ, օր մը առաջ գոնէ, իր ցաւերուն տեսակները պատմէի այս գրիչով, ցաւերը, երազները, սպասանքները, որոնց ամբողջութիւնը անգիր գիրք մըն էր, որ կը սեղմէր իր կուրծքին վրայ, այդ գիրքը ինծի հետ ինք միայն գիտէր թերթատել, Սիբիլիան մը, նուիրական մատեան մը, որուն լեզուէն ես ու ինք կը հասկնայինք: Վերջին շունչէն [1], երբ գլուխը Սաթենիկիս թեւերուն կռթնցուցած, մեզի իր օրհնութիւնն ու հրաժեշտը կը հծծէր, այն նոյն գիրքէն անգամ մըն ալ մրմնջեց բառեր մը ախ վախով, իր իսկ ըսելու կերպովը, Երնէկ ձեր աչքերուն, երնէկ ձեր արեւին: Մա՜յր, մա՜յր… խօսք տուր, որ էնդի դէմն ալ քու փէշերուդ տակ գամ, կծկուիմ, ապահովուիմ, բարի էիր, որ ինծմէ առաջ գացիր ան ստուերներու աշխարհքն, ուր երթալու համար, ա՛լ ես բնաւ չպիտի վախնամ, ա՛լ մահէն չպիտի վախնամ: Հոն եթէ սարսափ կայ, սոսկանքներ կան, հոն մայրս ալ կայ ու ապահովաբար ասդինէն աւելի խաղաղիկ վիճակ մը կայ ինծի համար:

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1906



[1]            Ահա նոյն ատեն իր մէկ ուրիշ թելադրութիւնը. «Տունէն բաժնուողը էտին յիշատակ մը, սէլամէթ մը կը թողու, ըսաւ, տղա՛ս, ես ի՞նչ ձգեմ քեզի որ սրտիդ դոր գայ։ Յակոբիս անունով ուշիմ տղայ մը պահես, դպրոցիդ մէջ, ուշիմ, աղքատ տղայ մը, ծախքը տաս, խնամք տանիս, երկու աչքով նայիս, վերջն ալ ձեռքովդ վարժապետ խրկես։ Դպրոցին նուէր մը, ինծի ալ յիշատակ մը»։