Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
**

Չեմ գիտեր ի՛նչպէս բուն ըսելիքէս կը վրիպիմ, գոնէ սա փակագիծներուս մէկ բերանն ալ գոցելու ճարպիկութիւնն ունենայի։ Աղիւսին պատմութիւնը պիտի ընէի, անով հետզհետէ գիւղական տունը գծել էր միտքս, բայց աղիւսին հնչմամբ կը յուսամ իմ ալ գլխուս վրայ կղմինտրի կտորներ չէք թափեր։

Դաշտեցիներու աղիւսը թրծուած կղմինտրներէն վար չի մնար եթէ նախահոգ խնամքով թափուած ըլլայ այն հողերէն, որ կաւի, կիրի ու աւազի բաղադրութիւնն ունին։ Եւ դիտուած է միշտ թէ դաշտին կեդրոնական շերտերուն հողը այդ նշանակուած յատկութեամբ՝ գիւղացիին համար շատ հեշտ միջոցներ կ’ընձեռէ. փայտէ կաղապարով մը չորս հոգի օրական կրնան հազար կաղապարէն աւելի աղիւս կտրել, երկու-երեք օրէն կը չորնայ, երկու երեք օրէն կը վերցուի իրարու վրայ դիզուած, շաբաթէ մը երբ օդերն արեւով կ’երթան սկսուած է արդէն հիմնարկութիւնը։

Աղիւսին բացատրութեամբ անմիջապէս, պատերու ամրութեան վրայ այն գաղափարը կ’ունենանք թէ հեշտով փլչելիք բաներ չեն իրօք, եթէ նախապէս անոնց համար վարպետ որմնադիրը փնտռուած է. ձիւն ու անձրեւ աւելի կը պնդացնեն պատերը, տանիքներուն վրայ լող քարը չի գործածուիր, ինչպէս քաղաքացիք կ’ընեն։ Չմոռնայի սակայն ըսել որ չոր ցուրտը կը փխրեցնէ պատերը շատ անգամ մինչեւ փլելու աստիճան։ Տան մը դուրսի որմերուն մէջտեղուանքը՝ հիմէն սկսած՝ ամէն երկու-երեք կանգուն բարձրանալու ատեն փայտէ գօտի մը (խաթըլ) տեղաւորել անհրաժեշտ է, բայց ատկէ առաջ պէտք եղածն է հիմը գետնին մէջ ու գետնէն դուրս երեք-չորս կանգուն քարով անպատճառ շինելը, չափ մը որ տանտիրոջ նիւթականէն կախում ունի։ Այդ հիմերուն վրայ կը շարուին ապա աղիւսները կանգունէն քիչ պակաս լայնքով ու տեղին տարածին չափ բարձրութեամբ։

Քարաշար հիմնարկութեան մը համար գործածուած քարին ծախքը շատ անգամ հաւասար կ’ըլլայ 9-10 կանգուն աղիւսահիւս պատին համար եղած վատնումին։

Միջնորմներու տկտիքը քարի պէտք չի տեսնուիր կամ շատ շատ միախաւ յատակ մը քարով կը բաւականանան։ Այլապէս կ’երեւի հնար չէր ծրագրել. 5-6 ժամ հեռու տեղերէ, մինչեւ լեռներուն ստորոտներէն երթալ քար բերել իշուն, եզան կռնակով, չէր տարուիր։ Գործածուած քարին տեսակներն են չեչաքար, կրաքար ու շատ աւելի գետերու կապոյտ ու ողորկ որձաքարը։ Սա մանրամասնութենէն կը հետեւցուի թէ հարիւր տնուոր գիւղացիներու քարաշէն ժամը աւելի սուղ նստած է վրանին քան իրենց հողակերտ պատսպարանները հաւաքաբար։

* * *

Միայարկ տուներու թիւը բնականաբար շատ պէտք էր ըլլար։ Գիւղի մը վերի ծայրը կամ մէջտեղուանքը կարելի է համրել 15-20 երկյարկ շէնքեր, վրայէ վրայ բաց բերան պատուհաններով, բայց ատոնք այլ մասնաւորապէս սեպհականութիւններ՝ ու բացառութիւն են։ Վերջին տարիներու մէջ վերի յարկերը շատցնելու բաւական ընդհանրացած փափաքներ տեսնուեցան, իրաւ է ասիկա, բայց քրիստոնեայ տնուորը տան վերի մասին մէջ դեռ շատ չի սիրեր նիստ ու կաց ընել ինչպէս իրենց թուրք դրացին։ Մերայինք տան առողջարար բաժինը կարգ մը ամընուածքներու կը պահեն, ուր հաւն ու ծիծեռնիկն ալ իրենց տեղերը ունին։ Միւս տնուըները գետնէն ցուիք 7-8 կանգուն բարձրութեամբ՝ հին մարդուն այն ճարտարապետական հովերը կը ներկայացնեն, որ՝ լեռնէն ու խոռոչներէն զատուելէ յետոյ տափաստանի մը վրայ չորս պատերու միացումը բամբ Էւրէքայի մը խնծիղը թելադրած ըլլայ հաւանականաբար։

* * *

Թէ գեղ տեղը ի՛նչ բան աւելի բարեշրջումի պայմաններուն քիչ թէ շատ մէկ աղօտ կրկներեւոյթը ցոյց կուտայ, բնակարաններու մասին վերի ակնարկնիս բացատրութիւն մըն էր, ու եթէ քիչ մը աւելի լայն կ’ուզէիք, Ամերիկայէն դարձող մեր շիք տղաքն են որ փոփոխութիւն մը բերելու, տուները իրենց նիքթային ու քօթին յարմարցնելու ձեռքով ոտքով շարժումներ կը նետեն օդին մէջ, հպարտ քթերով շատ գէշ կը գտնեն հին բրշակները, մեծերուն հետ ահագին վէճեր կը յարուցանեն, տղան հօրմէն բաժնուելու սպառնալիքները կ’ընէ, հարսն ալ կը տեսնես էրկանը բերած ամերիկեան խատուտիկ տրէսներովը երես ելած է, կեսուրին դէմ ժայթքումներ կ’ընէ։ Դէպի նորն ու գեղեցիկը տարտամ ըղձանքներ առաջին թափի մը մէջ այսչափ շփոթութեանց պատճառ երեւնալով մէկտեղ, փափաք թէ ըղձանք մարած կ’ըլլան ինքնին երբ արդէն չորս հինգ ամիսներ անցեր, կարգ մը աննպատակ մսխումներով ձեռուընին քսակնուն քուրջ յատակը կը յածի։ Վերջին տասնեակ տարիներու ընթացքով բնակարաններէ աւելի գիւղական զգեստի տարազն էր որ փոփոխութիւն կրեց կանանց վրայ շատ աւելի զգալի գոյներով ու ձեւերով, զոր ուրիշ առթիւ մը թերեւս յատկապէս նիւթ պահեմ գրելու, հիմա տուները վերջացնենք։