Գեղի նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԵՂԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Ը.

Սիրելիդ իմ Վահան,

Ձմեռն անցեր է, արագիլն ու ծիծեռնակը աղուոր գարուն մը բերին: Մարտը, հակառակ իր խենթ հովերուն, շէնշող արեւով մը անցաւ: Ապրիլն ան անաղմուկ ու շատ կանոնավոր անձրեւներով սկսաւ: Այս երեւոյթը ինքնին նշան մըն է թէ բարեբեր տարի մը պիտի դիմաւորենք:

«Թուղթ հայող» մեր քահանայ հայրերն ալ տարբեր չէին վկայեր արդէն. տարիին գիրը բարի է, ցորենի ու գինիի շատ առատ տարի մը կը ցուցնէ, միայն թէ՝ աւելցուցած էր ծանօթ շնորհունակներէն էն հեղինակ մասնագէտը, աշունին վերջերը կարելի է քիթ բերան ծռմռկողներ մը ըլլան, ագահ որկորով խաղող եւայլն շատ ուտելու հետեւանքներով: Օրրանին ծծկաններուն հետ զառամ ծերերն ալ պիտի կրնան, կը յուսացուի, զուարթ տարի մը բոլորել։

Դաշտեցի երկրագործը վստա՛հ ուրեմն այս բնական նպաստաւոր երեւոյթներուն, շատոնց է արդէն որ դուրս եկած է ընտանիքի ամբողջութեամբը թոնիրի ու տախտի մգլոտ անկիւններէն, եւ կազդուրուած ջիղերով իր սովորական ու սիրական աշխատութեան գլուխը կը գտնուի:

Անոնք որ ցանկ, չթիլ ունեն տնկելիք, անանկներ որ աղբ պիտի կրեն հեռաւոր արտերու ծայրերը, այգի յօտող ու մշարա կորատողները [1], առու բացող ու նոր պեղուածքներ ընողները, ամէնքն ալ իրենց գործերուն գացած են: Ծոյլ մը՝ քաղաքին մէջ, արդարանայ թերեւս, բայց ծոյլ գիւղացին վաղը հազար լեզու ալ թափէ, հա՛ ըսող չըլլար իրեն:

Գեղին մէջ մեռելներուն անգամ չի ներուիր, որ անշարժ մեկուսացումով հոն կակուղ հողը գրկեն ու ծոյլ քուն մը քնանան: Գեղացին աշխատութեան ընդունակ ժիր ոտքեր ունի, ասոր ինքն ալ համոզուեր է, ու գիտէ մանաւանդ թէ՝ այս ձեռքերը ատենին գործածողին համար քարը ոսկի կը դառնայ ու ոտքերուն տակ ալ երաշտ անապատը ծառով ծաղիկով կը շէննայ: Երէկ իրիկուն, մեր աւագերէցին քարոզն ալ այս տեսակ ճշմարտութիւն մը կը հաստատէր, որուն կարեւոր գիծերը դեռ մտքէս ալ չեմ հաներ:

«Բարին Աստուած աշխարհքը ստեղծելու իր մեծ գործին մէջ, երբ վերջը վերջը մարդը կը ծրագրէր, անոր քունքերուն վրայ զոյգ մը ականջ ու դէմքին ալ աչք, բերան մը յարմարցնելով, մէյ մը իր ձեռագործին պօյին պօսին նայեցաւ, լա՛ւ է, ըսաւ, բայց… այդ բայցը ան ըսել կ՚ըլլայ եղեր որ մարդուն ականջին համար շատ անուշ, շատ ախորժ ձայներ կային լսելիք, աչքին համար սքանչելի պատկեր ու տեսարաններ պատրաստուեր էին. միայն բերանն էր, որ ճար-ճարակ չունենալով անգործ ձգուած էր ու պարապը դարձող երկանաքարերու պէս ակռաները իրար զիրար կը կոտրտէին. հացն էր, հացահատն էր մոռցուածը այդ բերանին համար, ստեղծողը անգամ մըն ալ աչք պտտցուց իր ձեռագործին վրայ, քիչ մըն ալ իր մօտը քաշեց ու կուշտին թունդ թխմուածք մը ընելով, գնա՛, ըսաւ, շուտ դէ՛ն գնա, ու ատ բերանին համար ալ պէտք եղած հացն ալ դո՛ւն հնարաւորէ, քանի որ քեզի ամէն բանի հետ այնքան ալ շէնք շնորհք ձեռք ոտք տուի, այդ ձեռքը ամուր դաստակի մը կռթնցուցի, ոտքերն ալ նոյնքան ամուր ու հաստատուն ջիղերու մէջ ապահովցուցի, հետեւաբար ալ ոչինչ մի՛ սպասեր ինձմէ, գնա՛, դուն քեզի օգնէ, դուն քու քրտինքովդ ջրէ ցանածդ, մնացած պակասին համար ալ՝ շատ վերջը ինծի դիմէ, ան ատեն ես չպիտի ուշանամ քեզի հասնելու, հրամայելով ամպերուն որ արեւ անձրեւ խրկեն երկիրը, ձայն տալով երկրին որ մէկին տեղը տասը, մէկին փոխարէն հարիւր տալու հեշտ արգանդ մը բանայ, ու դեռ ապսպրեմ չորս հովերուն որ ի դէպ ժամու շնչելու բարերար ազդեցութեան մը մէջ երեւնան»:

Մեր փոքրիկ աղջիկներն ու տղաքը չնայելով որ դեռ քիչ մը սառ գետին պիտի գտնան իրենց մերկ ու մանրիկ ոտքերուն տակ, շաբաթ մըն է, որ կոճղեզ ժողվելու կ՚ելլան ու պարապ ալ չեն դառնար: Դէպի դաշտը առաջին գնացքը պզտիկներուն կողմէ կոճղեզին կամ հողխնձորին հրապոյրովը կը սկսի, անկէ վերջ անոնք վայրի ծաղիկներուն հետամուտ՝ չամչուկին ու կակաչին փնտռտուքովը պիտի ցատկեն: Գեղի մանուկները, անանկները, որ քիչ մըն ալ դպրոցի երես կը տեսնան, Զատիկէն սկսած մինչեւ աշունին վերջին շաբաթները՝ լայն արձակուրդ մը կ՚ունենան: Բնապատմութեան ու աշխարհագրութեան դասերը դուրսը կը սորվին ու ճշմարիտ է, որ երջանիկ դպրոցականներն են անոնք:

Երէկ, կէս օրին, տես թէ՝ քանի ծերունիներ կռնակնին պատին տուած ի՛նչ դիտողութիւններ կ՚ընէին նորեկ արագիլներու զոյգի մը վրայ։

Եկեր են մարդիկը (արագիլները) Կարուշ, բայց հալ չունին գիտես քի:

Հէլպէթ, ճամբու եկեր են, խօլա՞յ է:

Հերուան ձագտի՞քն են աճապ թէ անոնց մէ՛րերը:

Ձագտիքը պիտի ըլլին, միամի՛տ, մէ՛ր, պապ կը ծերանան, կը մեռնին կ՚երթան:

Ես օր գիտեմ նը էնչափ թեզ չեն մեռնիր, տէտէս կ՚ըսէր քի, ժամուն լէկլէկը հինգ-վեց տարի ապրեր է, թել կապեր է եղեր ճռուընին:

Է՛, պէլքի, Թորոս, քիչ մը իմ ալ խելքիս կը պառկի, միայն զարմանալի որ էսքան տարին շատ շատցեր են:

Շատցեր են, հրամեր ես, լէկլըկնին ըլ, պայխուշնին ըլ շատ շատցեր են. գիշերը պայխուշ, ցորեկն ըլ լէկլէկ, երկու թռչուններն ըլ դաշտը կը սիրեն, կ՚ըսէր մեր օղորմած հոգին, մի՞տքդ է, տէրտրանց տախտը կը պատմէր. էս գեղն ըլ արթըխ էրթալով թեւաւորները պիտի լեցնեն, ո՞ր բրշակ ու բաճա շուք կը ձգէ քովիկը, հէ՛լպէթ, Զաքար, հէ՛լպէթ:

Վարամ, է՛ս անգամ շատ հալ չունի էն մէկը, մէրին պիտի ըլլի գիտես քի, կտնուցը ուսերուն մէջ առեր՝ խորունկ մտմտուք կը ցուցնէ, ի՛նչ ունենայ կ՚ըսես, Պօղոս, խելք մըլ դուն թափէ:

Էկէր մէ՛րին է տիւշիմիշ եկողը, էրկանը ըխտիարութեան վրայ կը խորհի, էկէր պապին (արուն) կը մտմտայ… բայց շիտակը պիտի ըսե՞մ…

Ըսէ՛, ըսէ՛, կը պնդեն անդիէն ուրիշները:

Պապին կը մտմտայ քի ես մեռնիմ նը կնիկս ո՛ր ձեռք պիտի մնայ, գիտես ա, Ակոբ Էմի, գէշ բան է, ախըրը, ես շատ մը էրիկ մարդերու հոգի տալը տեսեր եմ, որ վերջին շունչով մը խորունկէն ախ վախ մը կ՚երկընցնեն. էտի գիտէ՞ք ի՛նչ ըսել է, քի, ա՜խ, Աստուր, ես իմ կնկանս խայմախը չի կերած, դուն էնոր կարագը պիտի ուտես, շուն… շան… որդի: (Այս վերջին խօսքն անոր կ՚ուղղէ, որը 60 տարեկանին մէջ կէնճ հարսնուկ մը առած ըլլալով, փողոցին հաւերն անգամ իրեն դէմ դատախազ կը պահէ)։

Ոչ աս, ոչ ան, բան մըլ ինձմէ լսեցէք, (խօսքին յատակը միշտ արագիլները) գիտէ՞ք ինչու կը մտմտան, մարդ ըսուածն ըլ, լէկլէկ ըսուածն ըլ մէկ բանի համար կը մտմտան, եա՛ աղերնին կը պակսի, եա՛ եղերնին, ճշմարիտ օր աս ասանկ է. լէկլէկները եկան տեսան օր աս տարի գեղին ջրերը, ճախիճները ցամքեր են, բերուընին բան չպիտի դիպնայ, աս տարի իրենք ալ քիչուոր չեն երեւնար, ցուիքներն ու բաճաները բռնելէ յետոյ, հիմա դոր տանիքին վրայ կը հաստատուին, այսչափ արագիլ ինչո՞վ ապրէին, ո՛ւր երթային:

Ի՛նչ որ ալ ըսեն, խօսին մեր սա ծերուկները, որոնք մրջիւններուն կացքին ու գնացքին վրայ ալ գիտեն գուշակներ ըլլալ, մեզի համար ան եղաւ ուրախառիթը որ արագիլին ու ծիծեռնիկին թեւերով աղուոր գարուն մը դիմաւորեցինք, ցորենի ու գինիի առատ տարի մը պիտի բոլորի, երնէ՜կ անոր որ ուտելու խմելու նասիպ, խսմէթ պիտի ունենայ, երնէ՜կ ան էրկան, ան կնկան, որ մէկ պսակով, մէկ բարձով ու մէկ օրով պիտի մեռնին, ու սակայն, վա՜յը անոնց որ իրենց գերեզմանին վրայ, սա տէր Յակոբը պիտի մրթմրթայ:

 

«Մասիս», 1905։



[1]            Ակօսողները։