ԳԵՂԻ
ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Դ
Այս
տարի
գէշ
անցաւ:
Այսպէս
գուշակողները
շատ
են:
Գարնան
դրուըկները
բացուեցան
թէ
չէ՝
ժէժերն
սկսան,
ամէն
բան
գէշ
ու
սրտի
խշխշանք:
Մեր
մեծ
տիրացուին
խօսքով
աղիտաբեր
տարի
մը
կը
գուշակուի
եղեր,
պտուղը
քիչ,
գինին
առատ,
ի
տեղիս
տեղիս
ալ
հիւանդութիւնք:
Ես
այս
ցուիք
նստող
ու
հայողներուն
ըսածէն
բան
մը
չեմ
հասկնար.
սա
չափն
իրաւ
է,
որ
այս
գարնան
ամպերը
գլխընուս
վրայ
որձ
քար
դարձան,
հաւերուն
պէս
ամէնուն
աչքն
երկինք
մնաց
ու
վերջապէս
պուտ
մը
բան
չինկաւ
գետինը:
Աստուած
կուտար,
որ
Յուլիսը
զով
կ՚անցնէր.
շատ
տեղերու
համար
անձրեւի
բարիքը
բերին
հիւսիսի
հովերը,
այդ
ալ
հարկաւ
անոր
համար
որ
գեղ
մը
գեղով
հսկումի
կ՚երթային.
արդրի
մը
ձէնիկն
էր
որ
լսուեցաւ,
թէ
ոչ
հիմա
հող
ու
մոխիր
կը
ցանուէր
գլխընուն:
Այսչափն
իրաւ
է:
Գինին
գոնէ
առատ
ըլլէր,
գաւաթը
պռկունքին
սեւ
ջուր
կը
ծամէինք,
զուարթ
ձմեռ
մը
կը
փախէր,
մինչ
կը
վախցուի
նոյն
իսկ
թէ՝
կարասները
դատարկ
մնան
այս
տարի
ու
ծղրիդն
երգէ
անոնց
յատակը:
Գետին
չինկող
խօսք
է,
սիրելիս,
Աստուած
մարդս
երկու
երեսէն
չի
խնդացներ.
հիւսիսի
դէմ
հարաւի
հովերը
դրած
է
որ՝
այն
կողմէն
ալ
մեր
էգէստանն
հիւանդացնող
կրակ
հովերը
թափին:
Գիւղական
ցաւերը
ո՛չ
մէկ
են,
ոչ
ալ
երկուք.
եթէ
կը
տանին
ու
կը
դիմանան
կ՚ըսէք,
ալ
հեղ
մի
այսպէս
են
վարժուեր,
հոս
միսը
ոսկոր
եղած՝
ոսկորն
ալ
երկաթի
պնդութիւն
առած
է:
Եկու
տես
որ՝
կարկուտին
ծեծածը
անձրեւն
ալ
կը
ծեծէ,
խօսքը
խօսք
կը
բանայ,
եղբա՛յր,
չեմ
գիտեր
թէ՝
քեզի
համար
ի՛նչչափ
շահեկանութիւն
ունէր
ներքին
ընտանեկան
դէպք
մը,
զոր
շատերուն
պարզեր
եմ,
քեզի
ալ
հիմա
անկարելի
է,
որ
չի
պատմեմ:
Ազգականներէս
Մկրտիչ՝
հերու
չէ
առջի
տարին
գեղի
վերի
կողմերը
էգի
մը
զարկած
[1]
էր,
ամէն
տեսնելուն
հարսի
պէս
երեսին
կը
խնդար,
ոսկորներէն
իւղ
կը
պզկար
[2],
ա՛յնպէս
աղուոր
մուղալի
եկած
էր
որ
կամաց
կամաց
ա՛լ
աչուընին
դրացիներուն
ձեռքը
չպիտի
մնայ՝
կ՚ըսէինք:
Գիւղային
հասարակ
տան
մը
միակ
ապաւէնը:
Պետիկ
Քէհեային
տղան
ալ
ատանկ
կը
խորհի
եղեր,
մինչեւ
լոյս
վառ
չի
թողուր
ճրագը,
քանի
մը
իրեն
պէս
գայլենիներու
մզէզը
մտնելով
[3]
աւեր
աւերակ
կ՚ընէ
էգին,
ինչ
որ
աչքին
դիպեր,
մեծ
ու
մանր
սիրուն
թփերը,
որ
արիւն-քրտինքովը
ժմընցուցած
էր,
առուոյտի
պէս
քաղեր,
յարդի
պէս
փսորտեր,
ու
կէծկլտուքի
հետքով
դուրս
ելեր
է:
Պետիկին
տղան,
օռնալէ՜ն
տայ
հոգին,
ասանկ
ու
այսչափ
յայտնի
չարութեան
հեղինակ
ճանչցինք.
շան
ցկնածը,
դեռ
փոխարէն
մըն
ալ
չկրցինք
ընել,
խօսք
մը
գոնէ
երեսին
զարնելու
համարձակութիւնն
ըլլէ՜ր:
Հարուստի
բուտ
է,
բոլորն
ալ
բարեկամ
կը
մնան,
ժամուն
տէրտէրն
ըսես,
սուրբ
կը
ճանչնայ
այն,
անոր
համար
որ՝
քէհեային
տղան
է
եղեր,
ամէն
տօնի
ու
տաղաւարի
ժամ
առնողը,
ժըմուց
ու
խաչահամբուր
տուողը,
ի՛նչ
ըսես:
Բայց
որո՞ւ
ըսես
ու
ցաւերդ
բանաս,
տասը
քու
շլլիքդ
կը
կախեն.
հապա
սա
աղբիւրին
հարսներուն
դրդրո՞ւքը:
Ամէն
անգամ
որ
այդ
իրենց
սիրելի
գութիկին
[4]
վրայ
պռկունք
շարժես,
պիծակի
պէս
գլխուդ
կը
թափին,
ու
հարիւր
տեղէ
կիժ
կը
մխեն
սրտիդ:
Աղբիւրին
հարսները,
կը
հասկնայի՞ր
թէ
մարդս
ուզած
ատեն
փինչը
վարդերու
վրայ
ալ
կը
պտտցնէ:
Ի՞նչ
կրնայ
ընել
եղբօրորդիս,
ձեռքն
ալ,
խելքն
ալ
բան
մը
չի
գար,
գեղի
հասարակութեան
խեղճերէն
կը
սեպուի,
թէեւ
հացը
չի
մուրայ
դռնէն.
անոր
վիճակն
ունեցողները
շատ
շատ
տուն
մը
ու
այգի
մը
կ՚ունենան,
ախոռը
կով
մը,
կրակտունն
ալ
կնկուկ
մը,
շատ
չէ՞ր,
դուք
ասոնց
վրայ
արհեստ
մըն
ալ
աւելցուցէք,
այդչափը
հերիք
էր,
անօթի
չի
մեռնիր,
թող
ցորենին
տեղը
ափ
մը
գարի
ու
կորեկ
կրէ
աղօրիքը,
կ՚ապրի.
վերջին
խօսքն
է,
Պետիկին
տղուն
պէս
գայլերը
հեռու
ըլլէին
իրմէն:
Գեղի
մարդը,
եղբայր,
դրացնին
յաճախ
վատասիրտ
թշնամութենէն
կը
փլի:
Եւ
որովհետեւ
հոս
իմ
ու
անոր
հարստութիւնը
դուրսը՝
դաշտը՝
նետուած
են,
մինչ
քաղաք
ըսուած
տեղերը
նոյն
բանը
հարիւր
ծակ
ու
հարիւր
բալլիքներով
կը
փակուի,
քովինին
թշնամութիւնը
կրնայ
քեզ
հողի
ու
մոխրի
վրայ
նստեցնել
գիշերուան
ու
ցերեկուան
մը
մէջ,
երկար
ժամանակներու
պէտք
չի
կար:
Ըսէ
թէ
ի՞նչպէս
այդ
անօրէնը
աչքը
մեր
վրայ
դարձուց:
Մկրտիչին
աղջիկը
Ս.
Յակոբ
ելուն
13
տարեկան
կ՚ըլլի,
գեղի
աղջկան
մը
նշանուելու
տարիքն
է,
ձեռք
ոտքը
մեծցեր
է.
շատ
ուզեցին
վարի
գեղերէն,
հայր
մայր
հաւանութիւն
չեն
տար,
տարիքը
13,
բայց
դեռ
պզտիկ
է
ըսեր
են,
բանի
գործի
չի
դիմանար,
մարդ
ես
ու
կը
խորհիս,
մեծ
աղջիկը
այդ
տարիքին
մէջ
կարգեց
հողատէր
տան
մը.
տարին
չանցած
տեփրուկի
[5]
պէս
չորցաւ:
Ծնողք
մը
ինքը
պէտք
չէ՞ր
գիտնալ
ընելիքը:
Գիւղին
մէջէն
անցած
գարունն
էր,
օրը
չեմ
յիշեր,
Պետիկ
Քէհեան
ալ
այն
մտքով
խօսք
կ՚ապսպրէ,
անոր
ալ
միեւնոյն
պատասխանը
«չենք
տար»
ըսած
են.
վա՜յ,
կեցիր,
որ
հասկնաս
ու
համոզուիս
թէ՝
կատուն
ի՛նչ
կրնայ
ընել
պզտիկ
մուկի
մը
գլխուն:
Մերժումին
շարժառիթը
բոլոր
անկեղծութեամբ
այն
եղած
կը
լինի
թէ՝
«մեծ
տունէ
աղջիկ
բերես,
մեծ
տան
աղջիկ
չի
տաս»,
ըսուած
է.
վերջին
տեղը
կեսարէն
ու
կեսուրէն
զատ
ժամու
ժողովուրդի
չափ
ալ
տագր
ու
տագրորդիներ
կան,
ատոնց
առջեւ
սեւն
երեսին՝
տարիներով
հարսնութիւն
լեզուն
սողուն
[6]
ծակը
պահել,
ունքերը
վեր
չի
հայիլ
ու
միայն
գամ
գունտ
հրամաններ
լսել,
օրուան
բանտեղէն
[7]
զատ
մինչեւ
կէս
գիշեր
ալ
այս
տանը
ամռած
[8]
հոտած
կնտոց
դրդրանքները
ուտել։
Կեսարը
անկողին
մտնելու
պահուն
հարսը
զայն
տղու
մը
պէս
պիտի
շահի,
գօտին
քակէ,
գուլպան
քաշէ,
վերմակը
վրան
տայ,
ոտքերը
շփտէ,
ու
կայնի
արձանի
մը
պէս
գլխուն
վերեւ
մինչեւ
որ
տեսնի
թէ
ծերուկին
աչուընին
բոլորովին
խփուեցան,
քուն
կ՚ըլլի՞
ճշմարիտ
կերպով,
կարելի
է
պիտի
կայնի
ու
սպասէ
տակաւին
հասկնալու
թէ՝
կեսարը
անուշիկ
երազ
մըն
ալ
պիտի
տեսնէ՞:
Բայց
հարսը
կրնա՞յ
շուտով
քնացնել
թոռմած
ծերուկը,
ո՞րչափ
անտանելի
էր
այս,
ձէն
ձգել
ու
մեղրի
բառերով
նէննի
ըսելն
ալ
չի
ներուելիք
մեղք
էր
հարսին
համար:
Րէնճպոր
տան
մէջ
հարս
ըսուածը
գերի
մըն
է,
նոյն
իսկ
իր
գլխաւորին
հետ
սեղան
չպիտի
նստի
եղեր,
քթին
ծէրը
չի
պիտի
երեւնայ.
բայց
աքաղաղին
հետ
թառէն
իջնող,
գիշերը
կէս
անցած
չանցած՝
խմոր
շաղողը,
աղբ
թափողը,
քաղհան
գացողը
միշտ
հարսն
է:
Ու
այս
բոլորը
անոր
համար
որ՝
խեղճ
աղջիկը
մատ
մը
ցորեն
հա՞ց
դնէ
փորիկը.
բանդ
հայիր,
աղբար,
մէկ
արգելքն
ալ
մենք
էինք,
«ցըւքին
ճնճղուկը
կտնամպարէն
[9]
չէ
սատկած»,
թող
տունը
պզտիկ
ըլլի,
անկողինը
քիչ
մը
կարճ
ու
նօսր,
բրշակին
մէջ
համ
ու
հանգստութիւն
գտնուի:
Չտուինք,
չտուինք,
մեծաւորին
փափաքը
փորը
մնաց,
շատ
մարդու
ու
միջնորդի
յանձնարարեց,
արդիւնք
չունեցաւ,
մենք
որեւէ
դէմ
ելլողի
առջեւ
բուրդ
դրինք
ականջնիս:
Ահա
թէ
ի՛նչպէս
էշը
փախաւ
ու
թամբը
ծռաւ.
այն
օրէն
ի
վեր
Պետիկին
տղան,
Պետիկն
ինքն
ալ
թշնամի
մնաց
մեր
տանը
ու
մերիններուն.
թող
նա
սակայն
ընէ
ուզածը,
կ՚ըսեմ.
մեզի
համար
զաւակ
մը
ակներեւ
կորուստէ
մը
ազատել,
ամէն
բան
էր.
խղճի
անդորրութիւնը
ինչի՞
հետ
կը
փոխուէր:
«Հայրենիք»,
1894։
[6]
Կղպակը
մխուելիք
ծակը։
[9]
Հաւուն
ստամոքսը,
որուն
քարաճիկ
ալ
կ՚ըսեն։